ՍԱՀԱԿ Բ. ԽԱՊԱՅԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՕՐԵՐԷՆ

0 0
Read Time:18 Minute, 42 Second


ՎԱՐԴԱՆ
ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

 

Սահակ Կաթողիկոս համոզուած է այլեւս թէԱղէտին առաջքը առնել անկարելի է. դիմում, աղաչանք, լաց ու ողբ ո՛չ միայն անզօր են, այլ նաեւ ծաղր ու ծիծաղ կը պատճառեն“ անողոք թուրք պետական մարդոց: Ընելիք միակ կարելի գործը` ողջ մնացածները ապրեցնելու աշխատանքն է: Հազարաւոր մերկ ու բոպիկ խլեակներ կան ներքին գաւառներէն մինչեւ Հալէպ հասած: Փափկասուն կանանց ոտնամաններն անգամ կողոպտուած են, զգեստները նօսրացած, մաշած: Ամէնքն ալ վիրաւոր, ուռած աչքերով: Բոլորին կը սպառնան սովն ու համաճարակը: Հացէն զատ անհրաժեշտ պէտք է նաեւ դեղ ու դարման հասցնել:

Ու Հայոց Կաթողիկոսը անգամ մը եւս Ատանայէն կը փութայ Հալէպ, ուղղակի իր ժողովուրդի բեկորներու փրկութեան ու պահպանման առաքելութեան: Հոն, անըմբռնելի թշուառութիւնը տեսնելով, իր առաջին գործը կ՛ըլլայ բնիկ ու եկուոր հայերէ Գաղթականաց Օգնութեան Յանձնախումբ մը կազմել: Ու երկրորդ գործը կ՛ըլլայ նպաստի եւ օգնութեան խնդրանք ուղղել Պոլիս եւ արտասահման: Ամէնուն տեղեկագրածը նոյն սրտամորմոք կոչն էԱնսահման պէտք կայ հացի, զգեստի, դեղի, բժիշկի եւ այցելու հովիւներու… Եթէ ձեռքի տակ պահեստի գումարներ ունիք` ի՛նչ անունով ալ կտակուած ըլլան` պէտք է անմիջական Ազգի բեկորներու գոյութեան պահպանման այս նպատակին յատկացնել…: Հալէպի մէջ թշուառութեան տեսարանը աւեիլ սրտակեղէք է. եկեղեցիներու բակը, դպրոցները, մարդկային խլեակներով լեցուած են. հարուստ, աղքատ, վարժապետ, աշակերտ, ամէնքն ալ նոյն վիճակն ունին: Օրական մահերու թիւը քսանէ աւելի է միայն Հալէպի մէջ: Հայ ժողովուրդը եղբայրացած է թշուառութեան մէջ[1]:

Բիւզանդ Եղիայեանի այս տողերը կը նկարագրեն պահ մը 1915ի տարագրութեան օրերէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս (1910-1939) ու Սսոյ մէջ վերջին գահակալ Սահակ Բ. Խապայեանի (1849-1939) ապրած անձնական տառապանքն ու իր ժողովուրդին ցաւերը ամոքելու ուղղուած քայլերը: Ընդգծուած տողերը քաղուած են կաթողիկոսին այդ օրերուն գրած տեղեկագիրներէն ու նամակներէն, որոնք հաստափոր թղթակալներու մէջ պահպանուած են Անթիլիասի արխիւներուն մէջ ու որոնց հում ու անմիջական տեղեկութիւններու ու յոյզերու բնագրային թաւալումը դեռ կը մնայ մասամբ անտիպ: Եղիայեանի տողերուն մէկ մասը, ինչպէս պիտի նկատէ ընթերցողը, կը բխի Կաթողիկոսի խօսքերուն վերաշարադրանքէն:

Մենք առիթը չենք ունեցած տեսնելու արեան եւ սարսափի օրերու այդ վկայութիւնները: Սակայն, վերջերս քննելով Ամերիկայի Արեւելեան թեմին կից “Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ“ տեղեկատուական կեդրոնի արխիւները (Նիւ Եորք) պահպանուած շարք մը ձեռագիր նիւթեր, հանդիպեցանք Սահակ Կաթողիկոսի այդ նամակ-տեղեկագիրներէն երկուքին, գրուած` Յուլիս 19 եւ Յուլիս 28, 1915ին: Այդ գրութիւնները այլ անձի մը ձեռքով կատարուած ընդօրինակութիւններ են Սահակ Բ.ի հարազատ ձեռագրէն: Ընդօրինակութեան ենթադրութիւնը կը հիմնաւորուի այն նշումով, զոր կը գտնենք երկրորդ նամակին յետգրութենէն ետք. “(Ծանօթ.- Այս Յ.Գ.ը գրած է կաթողիկոսի քարտուղարը.-)“: 1905-1919ին Սահակ Կաթողիկոսի անձնական քարտուղարը եղած է Գիւտ եպս. Մխիթարեանը (Պոլիս, 1878- Սան Փաւլօ, 1940, կարգաթող` 1923ին), որ 1915ին անոր հետ աքսորուած էր Հալէպ[2]:

Դժբախտաբար, ո՛չ մէկ տեղեկութիւն ունինք արտագրողին ինքնութեան կամ արտագրումին պարագաներուն մասին: Նամակները արտագրուած են “պարսկահայ“ (կամ նախախորհրդային արեւելահայ) ուղղագրութեամբ. սահմանական եղանակի ապաթարցները ջնջուած են եւ օգտագործուած է “հիւնագրութիւն“ը: Հրապարակումին մէջ վերականգնած ենք արեւմտահայերէնի ուղղագրական կանոնները:

Հետաքրքրական է դիտել տալ, որ առաջին նամակին օրը` Յուլիս 19ին, Սահակ Կաթողիկոս նամակ մըն ալ յղած է Պոլսոյ Պատրիարք Զաւէն արք. Տէր Եղիայեանին, որ կրճատումներով լոյս տեսած էր 1927ին[3]: Մեր հրապարակած նամակին որոշ հատուածներ կրկնուած են կամ արձագանգով երեւցած` Պատրիարքին ուղղուած նամակին մէջ:

Նամակները հրատարակութեան պատրաստելէ ետք, պարզեցինք, որ առաջին նամակէն ընդարձակ քաղուածք մը երեւցած էր Սոֆիայի “Հայաստան“ եռօրեայի Օգոստոս 29, 1915ի թիւին մէջ (թէեւ որեւէ մանրամասնութիւն չկայ, այս թուագրումը հին տոմարին կը համապատասխանէ. նոր տոմարով` Սեպտեմբեր 11): Հ. Յ. Դաշնակցութեան այս կարճատեւ պաշտօնաթերթին (խմբագիր` Լիպարիտ Նազարեանց) հազուագիւտ հաւաքածոն` Ժիրայր Դանիէլեանի խմբագրութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի յառաջաբանով, լուսանկարչական հրատարակութեամբ վերատպուած է Անթիլիասի մէջ, 2005ին:

“Հայաստան“ի խմբագրութիւնը շատ թեթեւ հպումներով վերարտադրած էր գրութեան հիմնական կէտերը` առանց որեւէ ձեւով մատնելու նամակագրին ինքնութիւնը: Լրատուութեան մէջ, հետաքրքրական է նշմարել մանր, բայց բնորոշ փոփոխութիւն մը` տեղական մտահոգութիւններով կատարուած: Սահակ Կաթողիկոս գրած էր. “Թողունք Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մարդասէրները: Ի՞նչ կ՛ընեն տարաբնակ, եգիպտաբնակ եւ ամերիկաբնակ հայերը“: Լրատուութիւնը կ՛ըսէր. “Թողունք օտար մարդասէրները“ ի՞նչ կ՛ընեն օտարաբնակ հայերը` Ամերիկայի, Եգիպտոսի կամ Բալկանի մէջ“ (ընդգծումը մերն է. Վ.Մ.)[4]:

Միեւնոյն սկզբունքով, թէեւ առանց որեւէ նշանակալից փոփոխութեան, երկրորդ նամակին բովանդակութիւնն ալ, ընդարձակ քաղուածքի ձեւով, տեղ գտած էր “Հայաստան“ի յաջորդ թիւին մէջ (Սեպտեմբեր 2/15)[5]:

Նամակներուն վերարտադրութիւնը ենթադրել կու տար, որ անոնք Պուլկարիա հասած էին Պոլսոյ խողովակով, ուր կուսակցական մարմինները ընդյատակեայ գործունէութեան անցած էին Ապրիլ 23-24ի գիշերուան զանգուածային ձերբակալութիւններէն ետք: Ինչպէս յայտնի է, օրինակ, Շաւարշ Միսաքեանը “Վարազ“ ստորագրութեամբ կանոնաւոր կերպով թղթակցութիւններ յղած է թերթին` Պոլսոյ իր թաքստոցէն:

Մեր ենթադրութիւնը իր անսպասելի հիմնաւորումը ստացաւ, երբ ո՛չ միայն պարզեցինք անոր հիմքը, այլեւ յայտնաբերեցինք խնդրոյ առարկայ նամակներուն նախընթաց հրապարակումը: 1965-1966ին բժ. Երուանդ Խաթանասեան, որ կուսակցական արխիւներուն պատասխանատուն էր այդ ժամանակ, “Հայրենիք“ ամսագրի 12 թիւերու մէջ հրապարակած է “Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան“ շարքը` “1915-ի Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի առթիւ“, որպէս շարունակութիւն նոյն անունով 1930ական թուականներուն երկու հատորով լոյս տեսած Սիմոն Վրացեանի նախաձեռնութեան: Ըստ Խաթանասեանի նախաբանին, “Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ սկսում ենք հրատարակութեան տալ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր այն նամակները, գրութիւններն ու վաւերաթուղթերը, որոնք պահւում եւ պահպանւում են Արխիւների Դիւանում“[6]: Այս հրապարակումին վերաբերող բնագրագիտական աշխատանքին մասին այլ տեղեկութիւններ ծանօթ չեն մեզի: Լման 1915 թուականը ընդգրկող այս շարքը, եթէ ամբողջական է (հակառակը փաստող որեւէ խմբագրական նշում կամ յաւելեալ ապացոյց չունինք), զերծ է այն ցնցիչ նորութենէն զոր թրքական քարոզչամեքենայի երբեմնի “ակադեմական“ բանբեր Եուսուֆ Հալաճօղլու քանի մը տարի առաջ վերագրած էր կուսակցութեան արխիւներուն` “այն մասին, թէ ինչեր պատահեցան 1915ի տեղահանութեանց մասին“, իբրեւ թէ 20 միլիոն տոլար առաջարկած ըլլալով դասաւորումին համար, յուսալով որ “այս արխիւները պատասխան պիտի բերեն շատերու հետաքրքրութեան արժանացած հարցումներու մասին“[7]: Ըստ երեւոյթին, հայ ուսումնասիրողներու ուշադրութենէն ալ վրիպած Խաթանասեանի հրապարակումը պարզապէս թրքական պատմաշինարարութեան հերթական յուսախաբութեան պատճառ կրնայ ըլլալ եւ ուրիշ ոչինչ:

Այս հրապարակումէն ի յայտ կու գայ, որ հասցէատէր չունեցող այս նամակները հաւանաբար ուղղուած էին կուսակցութեան Պոլսոյ մարմնին: Անոնց առաջին անդրադարձը կը գտնենք Վիշապի (Պոլսոյ) Առժամեայ Մարմնի` Պալքանի Կեդր. Կոմիտէին ուղղուած Օգոստոս 15/28, 1915 նամակին մէջ, ուր տրուած է սեղմ ամփոփում մը: Խնդրոյ առարկայ պարբերութիւնը կը հաստատէ. “Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կը նկարագրէ այնտեղ հասած գաղթականներուն վիճակը: Անհուն կարօտութիւն եւ ոչ մէկ օգնութիւն: Կարինի շրջաններէն հոն հասեր են քանի մը հազար հոգի, որոնց մէջ 11 տարեկանէն վեր արու չկայ: Եդեսիոյ, Ուրֆայի մէջ կախած են 42 հոգի, որոնց մէջ է բողոքական պատուելին եւ ուսուցիչներ եւայլն: Տիգրանակերտը սպանդանոց է: Ներփակ ղրկած է նաեւ Վարդգէսի եւ Զօհրապի վերջին կտակ նամակները` ուղղուած իրենց ընտանիքներուն: Կուսակալը յայտարարեր է, թէ Կիլիկիոյ մէջ անդամալոյծ հայ մը անգամ պիտի չմնայ: Դեռ չպարպուած տեղերն ալ կը պարպեն մեծ փութով: Կաթողիկոսը ինքն ալ մեծ վախի մէջ է, որ Հալէպն ալ պիտի պարպեն“[8]:

Ամփոփումին յաջորդած է նամակներուն առաքումը Սոֆիա` Վիշապի Առժամեայ Մարմնի Օգոստոս 20/ Սեպտեմբեր 2, 1915 թուակիր գրութեան կից, ուր նշուած էր. “Ստորեւ կ՛արտագրենք Կիլիկիոյ կաթողիկոսի վերջին երկու նամակները, որոնցմէ կրնաք քաղուածքներ ընել, անշուշտ զանց ընելով կաթողիկոսի անունը“[9]:

Ինչպէս կը տեսնուի, Դաշնակցութեան դիւաններուն մէջ պահպանուածը նոյնպէս արտագրում մըն է, որմէ կատարուած է հրապարակումը: Արդ, մեր ձեռքը գտնուած արտագրումին եւ Խաթանասեանի հրապարակումին բաղդատութիւնը կէտադրական, բառային եւ ոճական որոշ տարբերութիւններ կը մատնէ, որոնք ենթադրել կու տան, թէ կա՛մ Պոլիսէն Պուլկարիա ուղարկուած արտագրումին եւ կա՛մ հրապարակումին մէջ կատարուած է լեզուական լռելեայն սրբագրութիւն մը, քանի որ տարբերութիւնները կարելի չէ սոսկական տարընթերցումներու վերագրել: (Խիստ անհաւանական կը նկատենք, որ մեր գտած ընդօրինակութիւնը “խմբագրած“ ըլլայ բնագիրը):

Տողատակի ծանօթագրութիւններուն մէջ միայն նշած ենք ամենէն ակներեւ ու կարեւոր տարբերութիւնները, չխճողելու համար զանոնք: Այստեղ, բադղատութեան համար, կը գոհանանք երկու օրինակներով.

Ա) Տպագիր.

“Թերթերուն մէջ կարդացինք Պոլիս հասնիլը [sic], բայց խոստումը յիշեց եւ խօսեցա՞ւ: Քիլիսցիներէն բաւական թիւով ընտանիքներ տեղական կառավարութեան առաջարկ ներկայացուցած են իսլամութիւն ընդունելու“:

Ձեռագիր.

“Թերթերուն մէջ կարդացինք Պոլիս գալը. բայց թէ յիշե՞ց ու խօսեցա՞ւ: Քիլիսցիներէն բաւական ընտանիք իսլամութիւն ընդունելու առաջարկ ըրած են տեղական կառավարութեան“:

Բ) Տպագիր.

“Ամբողջ ազգը բնաջնջուելու վրայ է, մենք որբանոցներու մասին կը խօսինք: Որբանոց չմնաց: Տէօրթ Եոլինը կառավարութիւնը գրաւեց, որբերը քշեց, իսկ շէնքը յատկացուցած է կառավարական պէտքերուն:“

Ձեռագիր.

“Ամբողջ ազգը բնաջնջուելու վրայ է: Որբանոցներու մասին կը խօսինք, որբանոց չմնաց. Տէօրթ-եօլը կառավարական պէտքերուն յատկացուած է եւ որբերը ցրուած . . .“:

Կ՛իմանանք, որ Սահակ Կաթողիկոսի դիւանը հրատարակելու կարեւոր ծրագիր մը յառաջ կը տարուի Անթիլիասի մէջ, ուր հաւանաբար պիտի ընդգրկուին այս կարեւոր նամակներուն ինքնագրերը[10]:

Այս երկու գրութիւնները մանրամասն ու վաւերական տեղեկութիւններ կու տան Կիլիկիոյ եւ շրջակայքի տեղահանութեան գործընթացին մասին: Բայց նաեւ մարդկային վաւերաթուղթ մըն են, տառապանքի հարազատ արտայայտութիւն մը, որ այսօր իսկ վկայագրական իր խտացեալ ուժով կը շարունակէ ցնցել:

Նիւ Ճըրզի

 

 

Ա.

Հալէպ[,] 19 Յուլիս

 

Տիգրանակերտ գնացողներէն լուր չկայ, դժոխք գնացողներու պէս. Պ. Զօհրապի[11] ինքնագիր կտակը կը ներփակենք[12], Աստուած ըլլայ մխիթարութիւն բովանդակ ազգին ու Տիգրանակերտի յուղարկաւորաց պարագայից:

Այնթապի ու Քիլիսի գաղթն ալ ազդարարուեցաւ այս գիշեր. 51[13] ընտանիք Այնթապէն հասան: Այս կրկին քաղաքաց հայ բնակչութիւնը Դամասկոսի Հաւրան (կամ Հօրան) գաւառը կը տեղափոխուի: Ուրֆայէն ալ, թերեւս Տիգրանակերտէն 800 հոգի հասնելու վրայ են: Քղիէն, Խարբերդէն եւն բերուածները ՐասԷլԱյնէն ուղղակի Տէյր-Զօր կը ղրկուին: Հիւանդութիւնը համաճարակ է: Երկիցս դեղ ու նպաստ ղրկուեցաւ, բայց կաթիլ մը ովկիանոսին մէջ: 20.000 եւ աւելի են այդ գաւառի գաղթականք, Հալէպի մէջ համախռնուած են աւելի քան 15.000, եւ օրէ օր հեղեղի նման կը հասնին[14]:

Անօթութիւնը հիւանդութեան չափ կոտորած կ՛ընէ: Պարէն Հալէպի մէջ գրեթէ կանոնաւորապէս կը տրուի, բայց դուրսերը հաց կ՛աղաղակեն: Կամ փրկարար հրաշագործ “զօրութիւնը“ եւ կամ թագաւորական գանձ պէտք [է] որ կէս միլիոն կիլիկեցիք[,] թերեւս այնչափ կամ աւելի Արեւելեան գաւառներէն գալիքները կարենան կերակրել Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Թողունք Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մարդասէրները: Ի՞նչ կ՛ընեն տարաբնակ, եգիպտաբնակ եւ ամերիկաբնակ հայերը: Ժամանակ է որ գաղթականաց հոսանքին պէս նպաստից հոսանքներ կազմուին: Աշխարհ տեսած չէ եւ պիտի չտեսնէ այսքան արհաւիրք, այսքան թշուառութիւն ու կարօտութիւն… Երուսաղէմի աւերը բաղդաւորութիւն է հայութեան աւերակաց բաղդատմամբ[15]: Կոտորած, բռնաբարութիւնք, երկսեռ մանուկներու անհետացում, անհամար առեւանգութիւնք, գեղատես կանանց, հարսներու եւ կոյսերու վաճառում, մինչեւ անգամ երեք մէճիտի[16]: Չի համրուիր ու չի բացատրուիր: Մի առարկէք թէ ճամբայ չկայ, միջոց չկայ օգնութեան հասնելու: Ո՞ւր են Խաչի ընկերութիւնները, խաչին զոհուող ժողովուրդի մը եթէ ձեռք չ՛երկնցնեն, ինչո՞ւ խաչին անունը կ՛արատաւորեն: Վիրաւո՞ր կը փնտռեն: Նիւթապէս, բարոյապէս, կրօնապէս ու մտաւորապէս վիրաւոր մըն է մեր հայ ժողովուրդը: Դրամ հասցուցէք, հինգ հարիւրները ոսկի չեն, այլ ղրուշներ[17]:

Անշունչ բնութիւնը, քարերն ու ապառաժները կուլան, սրտերը թող լան, ըլլան օտար ըլլան ընտանի: Ի՞նչ պիտի ըլլան Աստուծոյ տաճարները, ի՞նչ պիտի ըլլան վանքերն ու մենաստանները, ի՞նչ պիտի ըլլան եկեղեցապատկան կալուածները, սուրբ սպասները, գրքերն ու զգեստեղենք: Խորհուրդ տուէք, մինակ եմ: Խելք չմնաց գլուխս, արտասուք չմնաց աչքերուս մէջ, զգացում չմնաց սրտիս մէջ: Չորս կողմս գիշեր ու ցերեկ, մերկութիւն, անօթութիւն, նուաղում, լաց ու վայնասուն . . . . .[18]

Ի՞նչ կ՛ընէք, ի՞նչ յոյս ունիք, ի՞նչ ապագայ կ՛ընդնշմարէք, ժողովուրդը ամէն օր կը հարցնէ. ի՞նչ կ՛ընէ Պօլիսը, ի՞նչ կ՛ընէ Պատրիարքը[19], ի՞նչ կ՛ընեն ժողովները[20]: Ժողովուրդը խելագարած է, չըմբռներ ցաւին չափն ու տեսակը, կը կարծէ որ անտարբեր են: Կաթողիկոսարան, Պատրիարքարան կը ստիպեն որ անօթիին հացագինը հեռագրի տամ[21]: Բայց գիտեմ որ ամէն դիմում, ամէն աղաչանք պաղատանք անօգուտ են, եւ աւելի նոր[22] խստութիւններու ու չարիքներու պատճառ կրնան ըլլալ: Արտասուքով կը գրեմ, ու կը խնդրեմ որ այս ընդհանուր ցաւին մէջ մոռնանք անձնական աննշան ցաւերը[23]:

Հաճըն պարպուեցաւ, Հաճընի առաջնորդ Պետրոս Եպ[իսկոպոս][24] տառապեցաւ, անգիտակից ժողովուրդին աւելորդ բանուորն ալ ցրուեցին[25], իսկ մնացածները[26] իսկական որբեր են, որ կը տառապին անօթութեամբ, տառապեցնելով[27] Եպիսկոպոսը[28]: Հրահանգ տուինք[29], որ եթէ մնացողները հանգիստ պիտի թողնեն իրենց տեղերուն ու եթէ վանքին գոյութիւնը կ՛ապահովուի, քառասունի չափ բոլորովին անտէր անտիրական որբեր հաւաքէ ու իր պատասխանատուութեան տակ որբանոցը կազմակերպէ իբրեւ ձեւ բանի: Այս հրահանգը որ արդէն տուած էինք, երէկ վալիէն տեղեկացանք որ Կիլիկիոյ շրջանին մէջ ոչ մէկ քաղաք ու գիւղի մէջ մահամերձ հայ մը անգամ չպիտի ձգուի:

Ի՜նչ անսահման պատիժ. . . . .

Ատանա, Տարսօն, Մէրսին ալ պիտի պարպուին եւ արդէն Տարսօնէն քառասունի չափ[30] հասած են Օսմանիյէ: Հալէպի նախորդ վալի Ճէլալ պէյ խոստացած էր Պոլսոյ մէջ աշխատիլ գոնէ մասամբ մեղմացնելու ծովածաւալ թշուառութիւնը[31]: Թերթերուն մէջ կարդացինք Պոլիս գալը. բայց թէ յիշե՞ց ու խօսեցա՞ւ: Քիլիսցիներէն բաւական ընտանիք իսլամութիւն ընդունելու առաջարկ ըրած են տեղական կառավարութեան:

Մնամ աղօթարար

ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Բ.

Հալէպ[,] 28 Յուլիս

Յուլիս 4ին[32] պրն. Զօհրապի ու Վարդգէսի Հալէպէն մեկնելու պահուն իրենց ընտանեաց ուղղեալ նամակներ յանձնեցին, զորս ղրկած ենք[33], նաեւ Զօհրապի ինքնագիր կտակը “Իմ կամքս է“ վերնագրով[34]:

Անցեալ շաբթու հեռագրեցինք դատական նախարարութեան վանական եւ եկեղեցապատկան կահուց, զգեստեղէնաց[35] ու գրեա[ն]ց մասին եւ որեւէ պատասխան չառինք. դուրսէ դուրս կը լսուի թէ հաշուով ու ցուցակով կառավարութիւնը պիտի առնէ իբրեւ աւանդ:

Ամբողջ ազգը բնաջնջուելու վրայ է: Որբանոցներու մասին կը խօսինք, որբանոց չմնաց. Տէօրթ-եօլը կառավարական պէտքերուն յատկացուած է [եւ] որբերը ցրուած, Հաճընը վաղուց փակուած է. Հասան Պէյլինը մասամբ. առայժմ կայ Մարաշինը, բայց ան ալ պիտի փակուի, քանի որ Մարաշի հայերն ալ պիտի ցրուին ու արդէն ազդարարուած է: Այնթապի եւ Քիլիսի գաղթը սկսած է: Այնթապէն ելած առաջին երկու կարաւանները բոլորովին կողոպտած են: Մանաւանդ երկրորդը որ յարձակման ենթարկուած էր, մէկ սպանեալ եւ 12 վիրաւոր ունէր: Տեղական կառավարութեան դիմումներ եղած ու պէտք եղած կարգադրութեանց շնորհիւ Գ. կարաւանը, թէ հանգիստ եւ թէ ապահով հասած էր Հալէպ, սակայն Քիլիսցիներուն պէս դուրս չհանեցին. ուղղակի տարին Դամասկոսի նահանգը, ու այսուհետեւ գալիքներն ալ ըլլան Ատանայէն, Տարսօնէն եւ Մէրսինէն, Հալէպ չպիտի հանուին: Հալէպի մէջ համախմբուած գաղթականաց առաքումն ալ սկսաւ շատ խստութեամբ կատարուիլ: Կ՛ըսուի որ խիստ հրամաններ տրուած են որ 15 օրէն Հալէպի մէջ գաղթական չմնայ: Իսքէնտէրուն եւ Պէյլան հանուեցան: Սուէտիոյ ու Քէսապի համար անախորժ լուրեր կը հասնին, որպէս թէ լեռը քաշուած են[36]. այսքան աղէտներու մէջ տակաւին չխրատուեցանք ու միշտ առիթները անպակաս կ՛ընենք, որ կառավարութիւնը իրաւունք ունենայ գթութեամբ չվարուելու:

Եթէ միայն կիլիկեցւոց գաղթումը ըլլար, չորս հարիւր հազարէն աւելի պիտի ըլլային թշուառութեան մատնուած հայերու թիւը, բացի Արեւելեան նահանգներու հազարաւոր այրիներէ ու երկսեռ մանուկներէ զատ: Եօզկատի Նէն-վերէն գիւղէն 52 այր մարդիկ, ու Թօմարզայէն[37] (Կեսարիա) 200 հոգի եկան Հալէպ: Ճամբան ամէնքն ալ կողոպտուած են: Հետեւաբար ամէնքն ալ անօթի են: Ու կառավարութիւնը այս կարգի տարագրելոց, իբրեւ վնասակար անձինք թային չի տար: Հալէպի ազգային յանձնաժողովը օրական 5-6 խանթար հաց կը բաշխէ: Բայց ընդհ[անուր] անօթութիւնը չի կրնար փոքր ի շատէ մեղմացնել:

Ինչպէս նախորդներով, այնպէս ներկայիս կը կրկնեմ. աղէտին առաջքն առնել անկարելի է. դիմում-աղաչանք, լաց ու ողբ, ոչ միայն անզօր են, այլեւ ծաղր ու ծիծաղ կը պատճառեն: Միայն աշխատելու ենք ողջ մնացողները ապրեցնելու: Հազարաւոր մերկեր ու բոպիկներ կան: Ներսերէն եկած այրիներու ոտնամաններն անգամ կողոպտուած են. ամէնքն ալ մաշած, վիրաւորուած ու ուռած ոտքերով հասած: Դեղ ու դարման տարուեցաւ: Համաճարակ ալ կայ[,] Րաս-էլ-Այնէն Տէյր-Զօր փոխադրուողներու մէջ օրական մահերու թիւը 20-էն աւելի է: Անսահման գումարներու պէտք կայ հացի, զգեստի, դեղի, բժշկի ու այցելու հովիւներու: Եթէ պահեստի գումարներ կան, ինչ անունով ալ ըլլան, պէտք է այս նպատակին յատկացնել:

Երէկ Տ[ոքթ[որ] Շէփըրտը[38] Պոլիս մեկնեցաւ: Կենդանի պատմութիւնն է բազմակերպ աղէտներու ու թշուառութեանց: Նպատակ ունի աշխատելու չարիքը մեղմացնելու համար. եթէ յաջողի Ամերիկա պիտի անցնի, մարդասէրներու գթութեան դուռները ափ առնելու համար ու դրամ[,] մեծաքանակ դրամ ձեռք բերելու: Ամեն յարգանքի ու մեծարանքի արժանի է. անոր ցարդ մատուցած ծառայութիւնները անգնահատելի են[39]:

Ուրֆայի համար ալ արիւնոտ լուրեր սկսան հասնիլ: Այս անգամ քառասուն երկու[40] երեւելիներ, որոնց մէջ պատուելիներ ու քարոզիչներ, նաեւ առաջնորդը[41] նահատակուած են: Երանի սուտ ըլլային բոլոր դժոխային լուրերը: Անկէ վերջը 17 հոգիի համար ալ լսուեցան: Տիարպեքիրի սպանդանոցը սկսաւ ծաւալիլ եւ կը մօտենայ Հալէպի սահմաններուն[42]. աղօթքները սպառեցան, որբերը հալեցան, շրթունքները երիթացան. լսող, կարեկցող չկայ ո՛չ յ՛երկրի եւ ոչ յերկինս:

Հոովմէականաց համար կ՛ըսուի թէ անոնց գաղթը չէ մնացած բարձրագոյն հրամանաւ. իցիւ թէ ստոյգ ըլլար. գոնէ անոնք թող ապրին, շատերը ձեռնարկներ կ՛ընեն կաթոլիկ արձանագրուելու, եթէ կառավարութիւնը թոյլատրէ. չեմ կարծեր թէ յաջողին, քանի որ իսլամութեան դիմողներն անգամ իբր թէ չեն ընդունուիր: Դրամ հասցուցէք, Տէյր-Զօրի տասնեակ հազարաւոր հայերը անօթութենէ ու հիւանդութենէ կը ջարդուին[43]:

Երանի՜ եկեղեցական անօթները փրկուէին, ու ծախելու միջոցներ ըլլային, որպէս զի կենդանի անօթները փրկուէին տառապալի մահէ ու կորուստէ:

Մնամ աղօթարար

ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Յ.Գ.- Այս րոպէիս լուր առինք որ Մարաշէն 15-45 տարեկան բոլոր այրերը Այնթապ ղրկուած են. դէպի Տէյր-Զօր փոխադրուած են. կը վախցուի որ անոնց կեանքը վտանգուի: Երէկ երեկոյ ալ Սըվազի եւ Կարնոյ շրջակայ գիւղերէն երկու հազարի չափ այրի կիներ ու որբեր հասան Հալէպ: Տղոց տարիքը 11ը չանցնիր: Ճամբան առեւանգուած աղջիկներ ու տղաքներ ալ կան: Ասոնց ապրելու հնարաւորութիւն եւ յոյս չկայ: Անհրաժեշտ[44] դարմանի կը կարօտին. ամենքը դէպի Արաբիոյ անապատները պիտի ղրկուին: Մեր ալ մահու “դատաստանը“[45] կարդացուած է. օր աւուր մահուան կը սպասենք, վիճակնիս անտանելի է, յուսահատութիւնը վերջին ծայրը հասած է:

 

[1]Բիւզանդ Եղիայեան, Ժամանակակից պատմութիւն Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ 1914-1972, Անթիլիաս, 1975, էջ 46:

[2]Եզնիկ քհնյ. Վարդանեան, Պրազիլիոյ հայ գաղութը, Պուէնոս Այրէս, 1948, էջ 124:

[3]Կիլիկեան կսկիծներ. վաւերագրեր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական դիւանէն 1903-1915, Պէյրութ, 1927, էջ 197-199: Կրճատումները կատարուած են նամակին սկիզբն ու վերջը, հաւանաբար` Կաթողիկոսին չափէն աւելի բուռն արտայայտութիւններ զանց ընելու համար:

[4]“Հայկական հալածանքը“, Հայաստան, Օգոստոս 29, 1915:

[5]“Հայկական հալածանքը“, Հայաստան, Սեպտեմբեր 2, 1915:

[6]“Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան. 1915-ի Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակի առթիւ“, Հայրենիք ամսագիր, Ապրիլ 1965, էջ 65:

[7]“Եուսուֆ Հալաճօղլու կ՛արտայայտուի Թուրքիոյ մէջ ապրող 500 հազար հայերու մասին“, Ասպարէզ, Մայիս 20, 2008:

[8]“Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան. 1915-ի Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակի առթիւ“, Հայրենիք ամսագիր, Դեկտեմբեր 1965, էջ 61:

[9]Անդ, էջ 63:

[10]Նամակները լոյս տեսած չեն 1997ին Սանդրօ Բեհբուդեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած ու Սահակ Կաթողիկոսին նուիրուած “Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան“ շարքի հերթական հատորին մէջ, պարզ այն պատճառով, որ գիրքը ընդգրկած է միայն Հայաստանի դիւանատուներուն մէջ պահպանուած փաստաթուղթեր:

[11]Օսմանեան Խորհրդարանի երկու անդամները` գրագէտ Գրիգոր Զօհրապը (1861-1915) եւ դաշնակցական գործիչ Վարդգէս Սէրէնկիւլեանը (1871-1915) ղրկուած էին Տիարպէքիր` Հալէպի ճամբով, իբրեւ թէ ռազմական ատեանի առջեւ դատուելու, բայց ստուգապէս սպաննուելու:

[12]Կտակին առաջին հրատարակութիւնը տե՛ս Ալբերտ Շարուրեան, Գրիգոր Զօհրապի կեանքի եւ գրական ժառանգութեան էջերից, Պէյրութ, [2002], էջ 90-92: Կտակը գրուած է 2/15 Յուլիսին, երկու օրինակով. մէկը ի պահ դրուած է Հալէպի Առաջնորդարանին մէջ, երկրորդը յանձնուած է Օննիկ Մազլումեանին, որ տասը օր անց զայն ուղարկած է Զօհրապի ընտանիքին` ըստ տարաբախտ գրագէտի պատուէրին: Ուղարկուածը հաւանաբար այս վերջինն էր:

[13]Տպագրին մէջ` “21“: Տպագրուած թիւին սխալ ըլլալը կը հաստատէ նամակին լրագրական քաղուածքը, ուր Այնթապէն տարագրեալ ընտանիքներուն թիւը 51 գրուած է (“Հայկական հալածանքը“, Հայաստան, Օգոստոս 29, 1915):

[14]Ըստ Հալէպի ամերիկեան հիւպատոս Ճ. Պ. Ճէքսընի` Օգոստոս 3, 1915ին ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթոյի կատարած հաղորդումին, առ Յուլիս 30 Հալէպ ժամանածներու թիւը 13.255 էր, որոնցմէ 3.270 հոգի ուղարկուած էր այլուր, իսկ յաջորդ երեք օրերուն 2.100 հոգի եւս հասած էր: Տէր¬Զօրի կառավարիչին տուեալներով, հոն 15.000 գաղթականներ կային (Armen Hairapetian, ‘“Race Problems’ and the Armenian Genocide: The State Department File”, Armenian Review, Spring 1984, p. 109):

[15]Կ՛ակնարկէ Երուսաղէմի քանդումին հռոմէացիներու կողմէ` Ք.Ե. 70 թուականին:

[16]Տպագրին մէջ աւելցուած է “(3 տոլարի)“:

[17]“Մի առարկէք . . . այլ ղրուշներ“ հատուածը գրեթէ նոյնութեամբ երեւցած է նոյն օրը Պոլսոյ Պատրիարքին ուղղուած նամակին մէջ. “Սրբազա՛ն Եղբա՛յր, մի առարկէք, թէ ճանապարհ չկայ, յարաբերութիւն չկայ օգնութիւն ուզելու (…): Ո՞ւր են Խաչի ընկերութիւնները, Խաչին զոհուող ցեղի մը եթէ ձեռք չ՛երկնցնեն. ինչո՞ւ Խաչին անունը կ՛արատաւորեն. վիրաւո՞ր կը փնտռեն, նիւթապէս, բարոյապէս, կրծնապէս եւ մտաւորապէս վիրաւոր մ[ը]ն է հայ ժողովուրդը. դրամ հասցուցէք. 500 ոսկիները չեն բաւեր“ (Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 198):

[18]“Անշունչ բնութիւնը . . . լաց ու վայնասուն. . . . .“ հատուածն ալ գրեթէ նոյնութեամբ երեւցած է Պատրիարքին ուղղուած նամակին մէջ. “Անշունչ բնութիւնը, քարերն ու ապառաժները կուլան, սրտերը թող լան, ըլլան օտար, ըլլան ընտանի: Ի՞նչ պիտի ըլլան Աստուծոյ Տաճարները, ի՞նչ պիտի ըլլան վանքերն ու մենաստանները, ի՞նչ պիտի ըլլան եկեղեցապատկան կալուածները, Ս. Սպասները, գրքերն ու զգեստեղէնք: Խորհուրդ տուէք, մինակ եմ, խելք չմնաց գլուխս, արտասուք չմնաց աչքերուս մէջ, զգացում չմնաց սրտիս մէջ. չորս կողմս, գիշեր եւ ցորեկ, մերկութիւն, անօթութիւն նուաղում, լաց ու վայնասուն“ (անդ):

[19]Զաւէն արք. Եղիայեան (1868-1947), Պոլսոյ Պատրիարք 1913-1922ին: Պատրիարքարանի ջնջումէն ետք, 1916ին աքսորուած է Պաղտատ:

[20]Տպագրին մէջ` “ազգային ժողովները“: Պատրիարքին ուղղուած նամակին մէջ, այս նախադասութիւնը հետեւեալ տեսքը ունի. “Պատառ մը թուղթ հաս[ց]ուցէք. ըսէք թէ, ի՞նչ կ՛ընէք, ի՞նչ յոյս ունիք, ի՞նչ ապագայ կ՛ընդնշմարէք: Ժողովուրդը ամէն օր կը հարցնէ, ի՞նչ կ՛ընէ Պոլիսը, ի՞նչ կ՛ընէ Ս. Պատրիարքը, ի՞նչ կ՛ընեն ժողովները“ (Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 198):

[21]Տպագրին մէջ` “Բոլորը կը ստիպեն որ դիմումներ ընեմ Կեդրոնը, կայսեր եւ աւա[գ]անիին, կը ստիպեն որ անօթիին հացագինը հեռագրին տամ“:

[22]Տպագրին մէջ` “եւ աւելին կը վախնամ, որ“

[23]“Ժողովուրդը…“էն մինչեւ “ցաւերը“ երկարող պարբերութիւնը հետեւեալ ձեւով տեղ գտած է Պատրիարքին ուղղուած նամակին մէջ. “Ժողովուրդը խելագարած է. չըմբռներ ցաւին չափն ու տեսակը, կը կարծէ, որ անտարբեր են Կաթողիկոսարան ու Պատրիարքարան. կը ստիպեն, որ դիմումներ ընեմ, Կայսեր եւ Աւագանիին, կը ստիպեն, որ անօթիին հացագինը հեռագրի տամ. բայց գիտեմ թէ ամէն դիմում, ամէն աղաչանք ու պաղատանք անօգուտ են, եւ աւելի նոր խստութեան ու չարիքներու դուռ կը բանան: / Արտասուք կը գրեմ. բաւական է. միայն կը խնդրեմ, որ այս ընդհանուր ցաւին մէջ մոռնանք անձնական աննշան ցաւերը“ (Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 198):

[24]Պետրոս եպս. Սարաճեան (1878-1940), հետագային` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պետրոս Ա. (1940):

[25]Տպագրին մէջ` “աւելորդ (երկու բառ անընթեռնելի)“:

[26]Տպագրին մէջ` “մնացեալ այրիները“:

[27]Տպագրին մէջ` “եւ կը տառապեցնեն“:

[28]Այս պարբերութիւնը Պատրիարքին ուղղուած նամակին մէջ մասամբ մէջբերուած է. “Հաճընի Առաջնորդը Պետրոս Եպիսկ. տառապեցաւ. մխիթարութեան եւ քաջալերանքի պէտք ունի (. . .) մինչդեռ, մնացած այրիները իսկական որբեր են եւ անօթութեամբ կը տառապին եւ կը տառապեցնեն անբաղդ Եպիսկոպոսը . . .“ (Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 198-199):

[29]Տպագրին մէջ` “հրահանգ տուէք“:

[30]Տպագրին մէջ` “քառասուն տունի չափ“:

[31]Ճէլալ պէյ “բոլոր հոգւով հակառակ էր տարագրական քաղաքականութեան“, գրած է Սահակ Կաթողիկոս (Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 190): Ան օսմանեան կառավարութեան կողմէ հրամայուած էր պաշտօն փոխանակել Անգարայի կուսակալին հետ, ըստ քաղաքի գերմանացի հիւպատոս Ռէօսլէրի Յունիս 21, 1915ի նամակին Պոլսոյ գերմանական դեսպանատան (Hilmar Kaiser, At the Crossroads of Der Zor: Death, Survival, and Humanitarian Resistance in Aleppo, 1915-1917, Princeton and London, 2002, p. 15): Ան Հալէպէն մեկնած էր Յունիս 22ին:

[32]Կաթողիկոսը նախօրօք Պոլսոյ Պատրիարքին գրած էր, թէ “Յուլիս 3-ին մեկնեցան Զօհրապ եւ Վարդգէս. Աստուած հետերնին ըլլայ. ողջամբ երթան եւ ողջամբ վերադառնան“ (Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 191):

[33]Յուլիս 2/15 թուակիր Զօհրապի երեք նամակներուն եւ Վարդգէսի մէկ նամակին հրապարակումը տե՛ս Շարուրեան, Գրիգոր Զօհրապի, էջ 86-89 եւ 92-95:

[34]Ըստ Շարուրեանի հրապարակումին, վերնագիրն է “Ասիկա իմ կամքս է“:

[35]Տպուած` “սպասոց“:

[36]Կ՛ակնարկէ Մուսա Տաղի գիւղերու հռչակաւոր ինքնապաշտպանութեան, որ սկսած էր այդ օրերուն:

[37]Ձեռագիրը ունի “Թիմար-Պապէն“ ձեւը: Նկատի ունենալով, որ տպագիրն ու “Հայաստան“ի քաղուածքը “Թօմարզա“ կարդացած են, սրբագրած ենք ըստ այնմ:

[38]Ամերիկացի բժիշկ եւ միսիոնար Ֆրետըրիք Շէփըրտ (1855-1915) 1882ին հաստատուած էր Այնթապ իր կնոջ հետ, ուր քաղաքի ամերիկեան գոլէճին մէջ բժշկութեան դասախօս էր եւ աչքառու գործունէութիւն տարած է մինչեւ վերջին շունչը: 1915ին բծաւոր տիֆով վարակուած է` գաղթականներ բուժելու ընթացքին, եւ մահացած է նոյն տարուան Դեկտեմբերին (“Dr. F. D. Shepard Dies in Turkey”, The New York Times, January 11, 1916): Իր մասին, տե՛ս Alice Shepard Riggs, Shepard of Aintab, Princeton, 2001:

[39]Տպագրին մէջ հետեւեալ նախադասութիւնը աւելցած է. “Մասնաւոր վերաբերումի արժանի է“:

[40]Տպագրին մէջ` “40“:

[41]Խօսքը կը վերաբերի Արտաւազդ Ծ. վրդ. Գալէնտէրեանին (1875-1915):

[42]Հմմտ. Ճէքսընի հետեւեալ հաղորդումը` ԱՄՆ Արտաքին Գործոց նախարարութեան յղուած Յունիս 5ի տեղեկագրին մէջ. “Արժանահաւատ անձեր կը զեկուցեն, թէ ներքին գաւառներուն մէջ կատարեալ սարսափի թագաւորութիւն մը կը տիրէ, յատկապէս Տիարպեքիրի մէջ“ (Hairapetian, ‘“Race Problems’ and the Armenian Genocide”, p. 84):

[43]Ըստ Ռէօսլէրի տեղեկագրին, Յուլիսի վերջաւորութեան 15.328 գաղթականներ հասած էին Տէր¬Զօր, որոնցմէ 10.000 տեղաւորուած էին քաղաքին մէջ, իսկ մնացեալը` շրջակայքը (Kaiser, At the Crossroads of Der Zor, p. 16):

[44]Տպագրին մէջ` “անհրաժեշտ եւ անմիջական“:

[45]Տպագրին մէջ` ““դատեա”ն“:

 

 

 

 



 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles