Գլխաւոր

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ.- ԱԼԻԵՒԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՑՈՅՑ

Ուրբաթ Մայիս 4-ին, Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կեդրոնի մուտքին, շրջանի հայ գաղութը խաղաղ ցոյց մը կատարեց, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութեան առթիւ:

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Նիւ Եորքի “Ա. Գարօ“ եւ Նիւ Ճըրզիի “Դրօ“ կոմիտէութիւններուն, այս ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին,  աւելի քան յիսուն հայորդիներ, որոնք բռնած էին պաստառներ եւ իրենց մտահոգութիւնն ու դժգոհութիւնը կը փոխանցէին, եւ կը պահանջէին արդարութիւն:

Պաստառներուն վրայ գրուած էին զանազան կարգախօսեր, հաստատումներ եւ բացատրողականներ, որոնց կարգին .- “Ալիեւ` բռնապետ“, “Ընդհատել Նախիջեւանի մշակութային քանդումը“, “Շահումեանը կը պատկանի հայերուն“ եւայլն:

Այս խաղաղ ցոյցին դիմաց խումբ մը թուրքեր եւ ազերիներ միասնաբար կատարեցին հակահայ ցոյց մը` Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կեդրոնի մուտքին միւս կողմը:

Նշենք թէ Մայիս 1ին, Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը մէկ ամիսով ստանձնած էր Ատրպէյճան եւ այս առթիւ, Ալիեւ ժամանած էր Նիւ Եորք: Կը սպասուի որ, նոյնինքն Ալիեւի նախագահութեամբ, յառաջիկայ շաբաթներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ բարձր մակարդակի բաց նիստ մը գումարուի:

Մ.Ա.Կ.ի մօտ Ատրպէյճանի մնայուն ներկայացուցիչ Ակշին Մէհտիեւի յայտնած էր, թէ Պաքուի համար այս աննախընթաց իրադարձութիւնը պատմական մեծ նշանակութիւն ունի:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button