ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ԻՆՉՔԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁ ՄԸ` 1920-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

0 0
Read Time:10 Minute, 56 Second

Վահէ Թաշճեան

 

          Սոյն գրութիւնը դասախօսութիւն մըն է որ ներկայացուած է Փետրուար 25, 2012ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին, որուն խորագիրն էր` “The Armenian Genocide from Recognition to Reparation“: Ստորեւ, թարգմանաբար կը ներկայացնենք անգլերէնով ներկայացուած դասախօսութիւնը:

Ընդունի՞լ փոխհատուցում կամ վերատիրանալ խլուած սեփականութեան:

Երբ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայապատկան ինչքերու հարցը կը նայինք այսօրուայ դիտանկիւնէն, թերեւս այս երկու ընտրանքներուն միջեւ հակադրութիւն չտեսնենք, կամ նոյնիսկ հակուած ըլլանք ընդունելու առաջինը` փոխյատուցումը:

Հայ Պատսպարեալներու գրասենեակի վարիչ Լեւոն Բաշալեան

Բայց պահ մը խորասուզուինք պատմութեան մէջ, երթանք մօտ 90 տարի առաջ, եւ պիտի տեսնենք որ մեր առջեւ կը պարզուի այլ պատկեր մը: 1927 թուականին, Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսը հաստատուած էր Հալէպի մէջ (այն ժամանակ Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնը տակաւին չկար): Միայն քանի մը տարի անցած էր հայերուն Կիլիկիայէն հեռացումէն: Բնական է մտածել, որ Սահակ կաթողիկոս կրնար տակաւին փայփայել Կիլիկիա վերադարձի մը հեռանկարը եւ պիտի չփափաքէր այս գծով բոլոր կամուրջները քանդել:

Ահա այսպիսի կացութեան մը մէջ Սուրիա ու Լիբանան գտնուած հայերուն առջեւ կը դրուի Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց ինչքերուն փոխ-յատուցման խնդիրը: Այն տպաւորութիւնը ունինք որ Սահակ Բ.ի համար ասիկա existentialist խնդիր մըն էր, ճակատագրական ընտրութիւն մը, որուն հետ կապուած էր նաեւ Սիս վերադառնալու, կամ աւելի ճիշդը վերադառնալու յոյս մը տակաւին պահելու հիմնահարցը:

Բայց Սահակ Բ.ին կապուած այս երկմտանքին կ`անդրադառնանք քիչ ետք:

Այժմ փորձենք հասկնալ այն արտասովոր խանդավառութիւնը, որ կը նկատուի 1926-1927 թուականներուն Լիբանան ու Սուրիա հաստատուած հայ բազմահազար գաղթականներու շրջանակներուն մէջ: Այն ժամանակուայ հայկական մամուլը (Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող թերթեր), զանազան հայ անձաւորութիւններու միջեւ թղթակցութիւնը արտայայտիչը կը հանդիսանան այս ոգեւորութեան:

Բոլորս գիտենք որ 1921-1922 թուականներուն հայերը ֆրանսական բանակներուն հետ միասին կը լքեն Կիլիկիան ու մեծամասնութեամբ կը հաստատուին Սուրիա ու Լիբանան: Ինչ որ աւելի նուազ ծանօթ է այն փաստն է, որ նոյն թուականներէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ կը հրապարակուին պետական օրէնքներ, որոնց միտք բանին այս կամ այն ձեւով Թուրքիայէն հեռացած հայերու ինչքերուն գրաւումն է: Այս օրէնքներուն ճամբով սոյն ինչքերը լքեալ կը հռչակուին եւ պետութիւնը ձեռք կը դնէ անոնց վրայ:

Պէտք է ըսել որ օրէնքները կը հակադրուէին Թուրքիոյ կողմէ կնքուած միջազգային համաձայնութիւններու, որոնցմէ մանաւանդ Լօզանի դաշնագիրին (1923) եւ Սուրիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած բարի դրացնութեան Անգարայի համաձայնագիրին (1926):

Այս խախտումներուն դէմ, այո՛, հայերու կողմէ բողոքներ կ`ըլլային: Անոնք ընդհանրապէս կը ներկայացուէին այդ տարիներուն նոր հիմնուած Ազգերու Լիկային, որուն կեդրոնն էր Ժընեւ: Այսպիսի բողոքներ ընդհանրապէս կը ներկայացուէին Փարիզի մէջ գտնուող Office des refugies armenienի (Հայ Պատսպարեալներու գրասենեակ) կողմէ: Անոր վարիչն էր Լեւոն Բաշալեան եւ սոյն գրասնեակը կը հովանաւորուէր Հայկական Ազգային Պատուիրակութեան կողմէ:

Բայց այս բողոքները խորքին մէջ մնացած են անարձագանգ: Այն ինչ որ բացակայ էր` մեծ պետութիւններու կամքն էր` հայերու այս բողոքներուն զօրավիգ կանգնելու եւ հայերու օգտին ալ Թուրքիոյ մօտ միջամտելու: Յատկանշական է օրինակ Ֆրանսայի պարագան: Այն ժամանակ Ֆրանսան Սուրիոյ ու Լիբանանի հոգատար պետութիւնն էր, այս երկու երկիրներուն մէջ կը գտնուէին ամէնէն մեծ թիւով նախկին օսմանեան քաղաքացի գաղթական հայեր: Բնական է մտածել որ հոգատար պետութիւնը կրնար պաշտպան կանգնիլ գաղթական այս հայութեան ոտնակոխուող իրաւունքներուն: Բայց իրականութիւնը այլ էր: Ֆրանսան կը փափաքէր սերտ կապեր հաստատել Թուրքիոյ նորաստեղծ պետութեան հետ եւ այս ուղիով ալ կը շարունակէր:

Ահաւասիկ այս էր կացութիւնը երբ 1920ականներու կէսերուն շրջադարձ մը կը կատարուի ֆրանսական կառավարութեան կեցուածքին մէջ: Ի՞նչ պատահած էր:

Իրականութեան մէջ կատարուած փոփոխութեան մէջ հայկական գործօնը լուրջ դեր մը չէ խաղցած: Բացատրեմ:

Կիլիկիոյ մէջ 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ կը հաստատուին ծագումով լիբանանցի ընտանիքներ: Անոնք մեծամասնութեամբ յոյն-օրթոտոքս (կամ ինչպէս աւելի յայտնի է ռում-օրթոտոքս) համայնքին մաս կը կազմեն: Արաբախօս են եւ մաս կը կազմեն Անտիոքի ռում-օրթոտոքս եկեղեցիին: Իսկ գիտենք նաեւ որ Անտիոքի այս եկեղեցին իր յատուկ նկարագիրը ունի եւ անկախ է Պոլսոյ ռում-օրթոտոքս Պատրիարքէն, կամ ինչպէս աւելի յայտնի է Ecumenical Patriarchէն: Ուրեմն, Կիլիկիոյ լիբանանցի ռում-օրթոտոքսները հաստատուած էին մեծ քաղաքներու մէջ, ինչպէս Ատանա եւ Մերսին: Ընդհանրապէս մեծ կալուածատէր ընտանիքներ էին, կը տիրէին շարժուն եւ անշարժ հսկայական հարստութիւններու: Ասոնցմէ են օրինակ Նագգաշ, Պարպուր, Նատեր, Սըրսոք, Պութրոս ընտանիքները: Իսկ ով ծանօթ է լիբանանեան պատմութեան, գիտէ նաեւ որ սոյն ընտանիքները երկար ժամանակէ ի վեր տնտեսական ու քաղաքական մեծ կշիռ ունին Լիբանանի մէջ:

Այստեղ ժամանակին սահմանափակման պատճառով չեմ ուզեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել: Միայն յայտնեմ, որ 1923ի վերջաւորութեան թրքական իշխանութիւնները կը սկսին նոյնպէս լուրջ դժուարութիւններ յարուցանել տակաւին Ատանա կամ Մերսին ապրող ռում-օրթոտոքս ընտանիքներու: Զանազան օրէնքներու հիման վրայ տեղական իշխանութիւնները կը սկսին առգրաւել այս ընտանիքներուն կալուածները, հսկայական հարստութիւնները:

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարար` Արիսթիտ Պրիան

Շատ կարճ ժամանակի մը մէջ Լիբանանի մէջ բողոքի ձայներ կը բարձրացուին ռում-օրթոտոքս համայնքային ներկայացուցիչներու ու քաղաքական գործիչներու կողմէ: Այսպէս, 1924էն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ ծագումով լիբանանցի ռում-օրթոտոքսներու ինչքերուն առգրաւման հարցը կը սկսի արծարծուիլ Լիբանանի եւ Սուրիոյ խորհրդարաններուն մէջ: Ֆրանսայէն կը պահանջուէր այս խնդրով միջամտել Անգարայի մօտ: Խորքին մէջ հարցը կը վերաբերէր հսկայական հարստութիւններու կորուստին: Այնպէս որ խնդրոյ առարկայ ընտանիքներն ու իրենց բարեկամները զօրաշարժի կ`ենթարկեն Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ իրենց ամբողջ քաղաքական ցանցը` ֆրանսական կառավարութեան աջակցութիւնը շահելու համար:

Ֆրանսան նախ դիւանագիտական մակարդակի վրայ լուսաբանութիւններ կը պահանջէ Թուրքիայէն: Այսպէս կը շարունակուի մինչեւ Մարտ 1927ը: Անգարա կեցուածքի փոփոխութիւն չէր կատարած եւ ռում-օրթոտոքս ընտանիքներ հետզհետէ կը կորսնցնէին Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց ինչքերը:

Ահաւասիկ այսպիսի պայմաններու մէջ Սուրիոյ ու Լիբանանի ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները – անշուշտ Ֆրանսայի կառավարութեան համաձայնութեամբ – կ`առնեն արմատական քայլ մը: Այսպէս, սուրիական ու լիբանանեան տարածքներէն ներս թուրք քաղաքացիներու պատկանող բոլոր կալուածներուն վրայ տեղական իշխանութիւնները արգելքներ կը հաստատեն: Այս միջոցառումները ի վերջոյ Անգարան կը ստիպեն ինչքերու հարցով բանակցութեան նստիլ Ֆրանսայի հետ: Բանակցութիւնները ծայր կ`առնեն 1929ին: Ֆրանսայի կողմէ ներկայացուած թղթածրարը նկատի կ`առնէր բոլոր լիբանանցիներն ու սուրիացիները, որոնց Թուրքիոյ մէջ գտնուող ինչքերը առգրաւուած կամ առգրաւման վտանգին ենթակայ էին: Այս կը նշանակէր որ Լիբանանի ու Սուրիոյ քաղաքացիութիւն ստացած բոլոր նախկին օսմանցի հայերը նոյնպէս նկատի առնուած էին այս բանակցութիւններուն մէջ:

Հիմա կը կարծեմ կարելի է աւելի լաւ հասկնալ թէ ինչու այս խանդավառութիւնը համակած էր նաեւ Սուրիոյ ու Լիբանանի հայերը: Այս ընդհանուր մթնոլորտը խտացուած կը գտնենք նաեւ նոյն ժամանակներուն Սահակ Բ. կաթողիկոսին եւ Զարեհ Պզտիկեանի միջեւ կայացած թղթակցութեան մէջ: Այս նիւթերը կը գտնուին Անթիլիասի կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ: Ինչպէս արդէն յայտնեցի, Սահակ Բ. այդ ժամանակ կը գտնուէր Հալէպ: Իսկ Զարեհ Պզտիկեան ատանացի հայ երեւելի ընտանիքի մը կը պատկանէր: Հօրեղբայրը Եսայի Պզտիկեանն էր, որ 1909ին զոհ գացած էր Ատանայի ջարդերուն: Զարեհ փաստաբան էր, հաստատուած` Պէյրութ, իր մասնագիտութեան բերումով լաւ կապեր ունէր լիբանանեան երեւելի շրջանակներու հետ: Այդ տարիներուն Սահակ Բ. կաթողիկոսի մօտ իրաւական հարցերով խորհրդականի դեր կը խաղար: Մեր տրամադրութեան տակ կայ ուրեմն Պզտիկեանի ուղղարկած նամակները Սահակ կաթողիկոսին 1926էն 1928 թուականներուն:

Ֆրանսացի բարձրաստիճան յանձնակատար Հանրի Փոնսօ

Յունուար 22, 1927 թուակիր նամակէն կ`իմանանք որ Զարեհ Պզտիկեանն ու Տոքթ. Պաղտասար Մելքոնեանը Պէյրութի մէջ հանդիպում մը կ`ունենան Բարձր-Քոմիսար Հանրի Փոնսոյի հետ: Պզտիկեան կը գրէ. “Բարձր Քոմիսարը սիրալիր ընդունելութիւն մը ըրաւ մեր ներկայացուցած հարցին հանդէպ [ինչքերու] եւ մեզի անուղղակի կերպով թելադրեց որ հետապնդենք այս խնդիրը եւ անտարբեր չմնանք: [Ան աւելցուց] որ խնդրի լուծումը կախում ունի Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութենէն: Իրենք բոլոր թուղթերը պատրաստած ու Փարիզ ղրկած են արդէն եւ [կ`ուզեն] Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ գտնուող թրքական հպատակ արձանագրուած անձերուն կալուածները իբր փոխարինութիւն գրաւել, բայց կը վարանին“[1]:

Պարզապէս յիշեցնեմ որ այս նամակը գրուած է միայն մէկ կամ երկու ամիս առաջ` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ թուրքերու պատկանող կալուածներուն վրայ արգելքներու հաստատումէն:

Քանի մը օր ետք Պզտիկեանն ու Մելքոնեանը կրկին կը տեսակցին ֆրանսացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու: Փոնսօ արդէն Փարիզ մեկնած է: Ֆրանսական կողմը հայերուն կը յանձնարարէ քարոզչական արշաւի ձեռնարկել այս գործին ի նպաստ: Պզտիկեան կը գրէ. “(…) յանձնարարեց որ դիմումներ անպակաս ընենք եւ կարգ մը թելադրութիւններ ալ ըրաւ, ըստ որում իւրաքանչիւր անհատի համար առանձին տոսիէ մը կազմենք, թափուները թարգմանենք, կալուածական թուղթերուն թիւերն ու թուականները ճշդել: Այնպէս որ հիմնական գործ մը կայ կատարելիք: (…) Ես այս գործը պիտի վարեմ“: Ապա Պզտիկեան նոյն նամակին մէջ կը շարունակէ. “Բնականաբար վանքին [այս անշուշտ կը նշանակէ Սիսի կաթողիկոսութեան] եւ ազգային կալուածներուն թղթածրարն ալ կը պատրաստեմ“[2]:

Պզտիկեանին նամակներուն արդիւնքը այն կ`ըլլայ որ Սահակ Բ. հայկական ինչքերուն հարցով պաշտօնական նամակներ կը գրէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Բարձր-Քոմիսարութեան ուղղուած: Խանդավառութիւնը մեծ է: Պզտիկեան կը գրէ. “Աստուծմով այս հարցը մեզի ի նպաստ պիտի լուծուի եւ 99% յոյս ունիմ եւ լաւատես եմ այս մասին“[3]:

Մարտ 1928 թուակիր Հալէպի մէջ լոյս տեսնող Եփրատ թերթէն կ`իմանանք նաեւ որ հայեր տեղւոյն ոստիկանութեան տնօրէնութեան մօտ սկսած են արձանագրել տալ Թուրքիոյ մէջ իրենց ինչքերը: Պարզ է որ հայերը կը յուսային ստանալ փոխ-յատուցում մը եւ ոչ` Թուրքիա մնացած իրենց կալուածներուն վերադարձը[4]:

Կը վերադառնանք ուրեմն դասախօսութեանս սկզբնական նիւթին. փոխ-յատուցո՞ւմ թէ վերադարձ: Նոյն այս նիւթին ալ կը վերաբերի Զարեհ Պզտիկեանի 26 Յուլիս 1927 թուակիր նամակը` Սահակ կաթողիկոսին: Ան կը գրէ. “Գալով լքեալ կալուածներուն, Ձեր մտահոգութիւնը իրաւացի չեմ գտած: Եթէ օր մը Կիլիկիոյ դռներն բացուելու ըլլան, մեզի հոն տանող կառավարութիւնը օդի մէջ նոր կալուածներ կը ստեղծէ եւ զանոնք մեզի կու տայ – եթէ երբեք մերիններուն վերարձուիլը անկարելի դառնայ-: (…) Մի՛ կարծէք թէ մենք այս կէտերը մտածած չենք: Ասոնց մասին խօսուեցաւ եւ ըստ այնմ շարժուեցանք, մանաւանդ որ մեր պահանջածը Սուրիոյ եւ Լիբանանի թուրք կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը չէ, այլ ատոնք վայելելու իրաւունքը` մինչեւ որ մեր կալուածները մեզի վերադարձուին“[5]:

Ինչպէ՞ս մեկնաբանել Պզտիկեանի կեցուածքը: Քաղաքական միամտութի՞ւն: Անկասկած: Բայց նկատի առնենք նաեւ այդ օրերու պայմանները: Գաղթականական քէմփերու մէջ ապրող, բոլորովին նոր եւ օտար միջավայրի մը մէջ հաստատուած, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայերը կարծեմ որեւէ առիթ կը փնտռէին խանդավառուելու եւ իրենց դժուար վիճակէն դուրս գալու նոր յոյսեր ունենալու:

Այսքան հայկական խանդավառութեան մասին: Այժմ տեսնենք թէ իսկապէս ի՞նչ կը կատարուէր բանակցութիւններու սեղանին վրայ եւ դիւանագիտական քուլիսներուն մէջ: Այս անգամ աղբիւրներս ֆրանսական արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներն են:

Թուրքիոյ մօտ Ֆրանսայի դեսպան` Շարլ տը Շամպրէօն

Իսկապէս, բանակցութիւններու նախափուլին ֆրանսական կողմը թուրքերուն յստակ կը դարձնէ թէ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Լիբանան եւ Սուրիա հաստատուած հայերը եւս պէտք է նկատի առնուին գոյանալիք համաձայնութեան մէջ: Թրքական կողմը, սկիզբէն իսկ անհանդուրժելի կը դարձնէ այս մէկը եւ յստակ կը դարձնէ որ ամէն բանակցութիւն ձախողութեան դատապարտուած է, եթէ Ֆրանսան հաստատ մնար իր պնդումին վրայ: Կարճ ժամանակ ետք կը պարզուի որ Շարլ տը Շամպրէօն, որ այդ ժամանակ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանն էր, ինք եւս կողմնակից է թրքական տեսակէտին: Փարիզ` արտաքին նախարարութեան ուղղուած նամակի մը մէջ, Շամպրէօն դիտել կու տայ, որ հայկական պահանջներուն պաշտպանութիւնը կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք, կ`աւելցնէ ան, տակաւին նոր սկսած են բարելաւուիլ: Շամպրէօն նոյնիսկ աւելի հեռու կ`երթայ իր վերլուծումին մէջ: Ան կը գրէ թէ թուրքերու հետ մեր յարաբերութիւններուն բարելաւումը պէտք է օգտագործենք նաեւ ի նպաստ օսմանեան նախկին քաղաքացիներուն, որոնք ժամանակին եղած են մեր protegeները եւ այսօր դարձած են մեր քաղաքացիները: Եւ ասոնք, Շամպրէօնի կարծիքով Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդներն են, որոնցմէ կը բացառէ անշուշտ միայն 1920ականներուն լիբանանցի կամ սուրիացի դարձած հայերը[6]:

Հայերու պահանջներուն հարցով Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան երկմտանքը երկար չի տեւեր: Հաւանաբար 1929ի աշնան է, որ ֆրանսական կողմը որոշում կ`առնէ հայերու պարագան ամբողջութեամբ դուրս թողել ֆրանսեւթրքական բանակցութիւններէն: Հոկտեմբեր 1929 թուակիր պաշտօնական նամակի մը մէջ այս մասին յստակօրէն գրուած է. “Նպատակայարմարութիւններէ ելլելով, հայկական պահանջները պէտք է դուրս մնան բանակցութիւններէն“: Գրեթէ մէկ տարի ետք այս կեցուածքը կը հաստատուի Արտաքին Գործոց նախարար Արիսթիտ Պրիանի պաշտօնական մէկ նամակին մէջ: Ան կը գրէ. “Մեր պարտաւորութիւնները նուազ առաջնահերթ են հայերու, քան ծագումով սուրիացիներու ու լիբանանցիներու նպատմամբ“: Նոյն սառնասրտութեամբ ֆրանսացի դիւանագէտը կ`աւելցնէ. “Սուրիա եւ Լիբանան հայերու ժամանումէն ի վեր, մենք լի ու լի կատարած ենք իրենց հանդէպ օգնութեան մեր պարտաւորութիւնը“[7]:

Հետաքրքրական է որ մինչ Փարիզի համար ամէն ինչ արդէն յստակ էր, Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը նամակներ կը ստանար հայկական կազմակերպութիւններէ, ինչպէս նաեւ Ֆրիթեօֆ Նանսէնէն, որոնք շնորհակալութիւն կը յայտնէին որ ֆրանսական կողմը սկսած է պաշտպանել հայերուն պատկանող ինչքերուն հարցը` Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն ընթացքին:

Բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ ի վերջոյ կը յանգին Հոկտեմբեր 27, 1932ի համաձայնագիրին (convention): Անիկա կը ստորագրուի Անգարայի մէջ: Անշուշտ հետաքրքրական է գիտնալ թէ ինչպէս երկու կողմերը կը յաջողին իրաւականօրէն դուրս թողել հայերը այս համաձայնութենէն: Պէտք է նկատել որ համաձայնագիրը կը վերաբերի Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքացիներուն, որոնց շարքին են նաեւ հայերը:

Ահաւասիկ հնարքը: Համաձայնագիրին 5րդ յօդուածը կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ ինչքեր ունեցող անձերուն: Որո՞նք են այս անձերը: Կը մէջբերեմ. “բոլոր թուրք [հասկնալ օսմանցի] քաղաքացիները, որոնք Լոզանի դաշնագրին գործադրութեան դրուելու ժամանակ` նուազագոյնը մէկ տարիէ ի վեր բնակութիւն հաստատած էին Սուրիա եւ Լիբանան“: Այստեղ հայերը տակաւին ներգրաւուած են համաձայնագիրին մէջ, քանի որ մեծամասնութեամբ Լիբանան եւ Սուրիա կը հաստատուին 1922ի սկիզբը: Բայց նոյն 5րդ յօդուածը նոր պայման մըն ալ կը դնէր: Նշուած է թէ համաձայնագիրէն կրնան օգտուիլ բոլոր այն անձերը, որոնք ծնած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, կամ այն անձերը, որոնց հայրերը ծնած են այս երկիրներուն մէջ[8]: Ահաւասիկ քանի մը բառեր, որոնք համաձայնագիրէն դուրս կը նետեն տասնեակ հազարաւոր հայեր:

Հայերուն համար այստեղ ալ կը փակուի ֆրանսեւթրքական բանակցութիւններու փակագիծը: Կարճ ժամանակի մը համար անիկա խանդավառած էր հողազուրկ ու ընչազուրկ տասնեակ հազարաւոր գաղթական հայեր:

 

 



[1] Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներ (ԿԿԱ), թիւ 5/3, Պէյրութ, Պուրճ Համուտ (1918-1940), նամակ Զաքարիա Պզտիկեանէն Սահակ Բ. կաթողիկոսին, 22 Յունուար 1927, Պէյրութ։

[2] ԿԿԱ, թիւ 5/3, Պէյրութ, Պուրճ Համուտ (1918-1940), նամակ Զաքարիա Պզտիկեանէն Սահակ Բ. կաթողիկոսին, 5 Փետրուար 1927, Պէյրութ։

[3] ԿԿԱ, թիւ 5/3, Պէյրութ, Պուրճ Համուտ (1918-1940), նամակ Զաքարիա Պզտիկեանէն Սահակ Բ. կաթողիկոսին, 22 Յունուար 1927, Պէյրութ։

[4] «Հայոց լքուած կալուածներու արձանագրութեան հարցը», Եփրատ, Ա. տարի, Շաբաթ 10 Մարտ 1928, թիւ 70, Հալէպ։

[5] ԿԿԱ, թիւ 5/3, Պէյրութ, Պուրճ Համուտ (1918-1940), նամակ Զաքարիա Պզտիկեանէն Սահակ Բ. կաթողիկոսին, 26 Յուլիս 1927, Պէյրութ։

[6] Vahé Tachjian, La France en Cilicie et en Haute-Mésopotamie : Aux confins de la Turquie, de la Syrie et de l’Irak, Karthala Editions, Paris, 2004, pp. 211-212.

[7] Ibid., p. 212.

[8] Ibid., pp. 238-240.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles