ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՀՈՂԻՆ ԵՒ ՀՈՂԱՏԻՐՈՋ ՁԱՅՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 5 Second

Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատի եւ առ հասարակ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րութեան գործընթացը, շարունակ քայլ կը պահէ ներկայ կացութեան հետ, եւ հետեւողական դրութեամբ կը  թե­ւա­կո­խէ նոր հանգր­ուաններու շարքէն ներս: Բնականաբար, քաղաքական գործօններու արդիւնք, ՀԱՐՑը դուրս եկած է, տարիներ շարունակ սեղմուած հայ եւ թուրք աւան­դա­կան միջավայրէն եւ քայլ պահելով համաշխարհայնացման հետ, ստացած է աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան միջազգային բնոյթ, որուն մէկ ցայտուն օրինակն է, քանի մը ամիս առաջ, Ֆրանսայի մէջ արծարծուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի որդեգրման ոդիսականը, իր դրական եւ ժխտական ընթացքով, գործնական մօտեցումով, աղաւաղուած ենթադրութիւններով, հոգեպարար եզրակացութիւններով եւ անշուշտ յուսախաբութիւններով լի` աւարտով:

97 տարիներ առաջ…այս օրերուն կը սփռուէին այդ հայրենի բանաստեղծին նկարագրած կարմիր լուրերը: Տարագրուած, ջարդուած ու կոտորուած էր հայութիւնը, արմատախիլ եղած էին կառոյցներ եւ անշուշտ ամենէն աւելի տարրականն ու կարեւորը` հողն ալ խլուած էր:

Ոճիր մը գործուած էր, այնպիսի ոճիր մը` որուն համար քաղաքագէտներ, ընկերաբաններ ու մասնագէտներ, յատուկ ուսումնասիրութիւններ կատարեցին

եւ այն եզրակացութեան եկան թէ պատահածը շատ աւելի սարսափելի էր, եւ որ կարելի էր բացատրել ու բնութագրել` “Ցեղասպանութիւն“ բացատրութեամբ:

Ապրիլեան պահանջատիրութեան հանգրուանը` ազ­գա­յին, յա­րան­ուա­նա­կան, կու­սակ­ցա­կան եւ միու­թե­նա­կան մարզերէ ներս, շնորհիւ տարիներ շարունակ կատարուած ժրաջան  աշխատանքի արդիւնք, ստացած է մասսայական բնոյթ եւ տարածուն բնագաւառ, ուր կարեւորագոյն բանալի` քաղաքական անցուդարձերուն կողքին, նաեւ տնտեսական, դաստիարակչական, գրական, գեղարուեստի, մշակոյթի եւ այլ ոճերով կը մղուի պայքար:

Միա՛յն հրապարակային ձեռնարկներ, հան­դի­սու­թիւն­ներ, հսկում­ներ, հա­ւաք­ներ, եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թիւն­ներ, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւններ չեն կատարուիր: Այլ նաեւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, պատկերասփռուած քարոզչական պատրաստութիւններ, վաւերագրական ժապաւէններ:

Քաղաքական բնագաւառէն բոլորովին հեռու գործող հայ արուեստագէտն անգամ ցնցուած է այդ Ցեղասպանութենէն: Բառ մը, կացութիւն մը որ զինք հալածած ու մուտք գործած է իր արուեստագէտի աշխարհէն ներս: Այս գծով, շատ են ցայտուն օրինակները, սկսելով մեծ հռչակ սփռած եւ բազմիցս ուսումնասիրութիւններու դուռ բացած Արշիլ Կորքիէն մինչեւ “մահասփիւռ“ բժիշկ Ճէք Գէորգեան, որ բազմաթիւ գեղանկարչական գործեր ալ արտադրած է իր բժշկական գործունէութեան կողքին: Կորքիի անուան ետին թաքնուած Ոստանիկ Աթոյեան, որք՜ան տառապած է իր մօր գուրգուրացող ձեռքերը վրձնահարելու, իսկ Գէորգեան` կարմիր գոյները պատրաստած է…օգտագործելով շօշափելի քանակ մը` իր արիւնէն:

Հայ լուսանկարիչն ալ Ցեղասպանութեան հալածախտէն տառապած կը նկարէ …մինչեւ իսկ բռնագրաւուած հողերու մէկ կորսուած շերտին վրայ գտնուող ամենաթոյզն հայրենի երանգը: Պարագան նոյնն է եօթներորդ արուեստին,

ուր կը պատրաստուին ներկային վրայ ազդած ամէն մէկ անցեալի բիծ, դէպք եւ դաջուածք:

Ցեղասպանութեան զոհ` հայորդին պահանջատէր է՛:

Ի վերջոյ ո՛չ թէ միայն հողին ձայնն է…այլ նաեւ հողատիրոջ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles