Իսկական ժամացոյցի դէմ մրցում մըն է որ կը կատարուի Փարիզի մէջ:…Եւ այդ ալ ի՜նչ վայրկեաններ ու ժամեր, կամ առաւելագոյնը` երեսուն օր, գրեթէ մէկ ամիս, որմէ ետք վերջնականապէս յայտնի պիտի ըլլայ, թէ Ֆրանսայի նախագահը պիտի ստորագրէ՞ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, թէ մետասաներորդ պահուն…“ոչ“ով մը, վերստին փոշիներու արխիւներուն` մոռացութեան ենթաբաժանումին մէջ տեղադրէ այս ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը:
Արդարեւ, Յունուար 23, 2012-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ 127 թեր եւ 86 դէմ քուէներով որդեգրուած էր Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ, կրնար հեզասահօրէն չընթանար եթէ կարելի ըլլար ապահովել 60 երեսփոխանի եւ 60 ծերակուտականի ստորագրութիւնը, հարցը յատուկ սահմանադրական դատարան փոխադրելու եւ աւելի սեղմ մասնագէտ անձերու մասնակցութեամբ, քննելու եւ վերջնական որոշում առնելու: Եւ այդ գծով, Անգարայի հակաքարոզչական մեքենան գործի լծուած էր մինչեւ Երեքշաբթի Յունուար 31, 2012: Արդիւնք…նուազագոյն թիւէն աւելի ստորագրութիւն կարելի եղած էր հաւաքել:
Ընդամէնը 76 ծերակուտականներ եւ 65 երեսփոխաններ, հարցը սահմանադրական դատարան փոխադրելու համար դրական ստորագրած էին:
Ուրեմն նախագահ Սարքոզին եւ իր ետին կանգնող այդ յաչս արդարութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան համար գործող կառոյցն ու մեքենան, իրենց առջեւ ունին այլ “չալէյնճ“ մը:
Ինը անդամներէ բաղկացած սահմանադրական դատարանի պարտականութիւնն է մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրել եւ ճշդել, թէ վերոյիշեալ որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կը համապատասխանէ՞ երկրին սահմանադրութեան, նաեւ անոր վճիռները վիճարկելի չե՞ն, այլ` պարտադիր են բոլոր իշխանութիւններուն համար:
Եթէ այդ վաթսուն ստորագրութիւնները կարելի չըլլար ապահովել, նախագահ Սարքոզի առանց որեւէ խոչընդոտի կրնար ստորագրել այս օրինագիծը:
Սակայն, ներկայ դրութեամբ, Սարքոզի սոյն օրինագիծը ստորագրելու համար ստիպուած պիտի ըլլայ սպասել Սահմանադրական դատարանին կատարելիք քննարկումի աւարտին եւ անկէ արձագանգուած դրական վճիռին, որ պիտի արձակուի առաւելագոյնը մինչեւ մէկ ամիս:
Ֆրանսացի երեսփոխաններն ու ծերակուտականները սահմանադրական խորհուրդ դիմելով, հարցականի տակ պիտի չառնուի Աշխարհի առաջին Ցեղասպանութիւնը: Ընդհակառակը, խորհուրդը շատ աւելի մանրամասնութեամբ, վերլուծումներով ու փաստերով կրնայ բացայայտել պատահածը…եւ այդպէս ալ պիտի կատարէ, անշուշտ եթէ նախագահական ընտրականն մութ հաշիւներ չշրջանցեն կացութիւնը:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ