Կրկին կարդացի Միացեալ նահանգներու փոխ-նախագահ եւ նախագահութեան պաշտօնի թեկնածու Քամալա Հարիսի յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով: Ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու՝ իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման եւ տարածաշրջանի կայունութեան համար»: Խօսքը ուղղուած է «հայ-ամերիկեան հանրութեան», Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով: Կ’ըսէ. «Մինչ մենք կը տօնենք այս օրը, մենք նաեւ պէտք է երբեք չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ շուրջ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպանուեցան եւ քշուեցան դէպի մահ:Այս ողբերգութիւն է, որ կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։ Հայ–ամերիկեան համայնքի տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչման աղբիւր ամերիկեան մեր հաւաքական պատմութեան մէջ: Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի եւ անոր հարեւաններու միջեւ կայուն խաղաղութենան հասնելու գաղափարին՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի վրայ»: Ըսած է նաեւ. «Ես պիտի շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանի կայունութեան խթանման անոր ջանքերուն»: Հայաստան եւ անոր ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ կ’ոգեշնչէ բոլորս, ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան: Ես հաւատարիմ կը մնամ մեր ժողովուրդներու միջեւ կապերու խորացման եւ գործընկերութեան ամրապնդման, որ կը նպաստէ մեր ընդհանուր արժէքներուն եւ ձգտումներուն: Միասին մենք կրնանք կառուցել աւելի ապահով, արդար եւ ազատ աշխարհ»:
Փոխ-նախագահ Քամալա Հարիս
Ուշադրութեամբ ընթերցեցի: Մեզի հաճոյք պատճառող այլազան առիթներով եղած նման յայտարարութիւններու առաջինը չէ, վերջինն ալ պիտի չըլլայ: Վարժուած ենք: Երբ այս տողերը լոյս տեսած ըլլան, Քամալա Հարիս կամ Տոնալտ Թրամբ Ամերիկայի նախագահ ընտրուած կ’ըլլան:
Վաղը ընտրուած նախագահին ինչպէ՞ս յիշեցնել եւ մանաւանդ լսուիլ, որ եղած է Սեւրի Դաշնագիր, եղած է Ամերիկայի նախագահ մը, որ այդ դաշնագրէն տրուած իրաւունքով, գծած է Հայաստանի սահմանները: Այդ աշխատանքը քարտէսագրութիւն չէր, արդարութեան վճիռ էր, քաղաքական պատասխանատուութիւն, որուն համար յանձնառութիւն պէտք է զգար Ամերիկան, յարգելու համար իր նախագահի ստորագրութիւնը, անոր վճիռը եւ իր սկզբունքները:
Դար անցած է այդ վճիռի կայացումէն, եւ Ամերիկա ոչինչ ըրած է զայն գործադրելու համար: Այդ ընտրութեան մը նախօրեակին արտասանուած պատեհապաշտական հոգեշահ խօսք չէր: Ամերիկան չէ յարգած իր նախագահի յանձառութիւնը եւ վճիռը: Ի՞նչ արժէք եւ կշիռ ունին ներկայի խոստումները եւ արատայայտութիւնները, եթէ զանոնք փորձենք հասկնալ եւ արժեւորել, անցեալի փորձին եւ լոյսին տակ:
Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ «խոստումները յանձնառու կը դարձնեն միայն անոնց հաւատացողները»:
Եթէ պատմութենէն դասեր քաղած ըլլայինք, կը յիշէինք, որ Անգլիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ռամզի ՄաքՏոնըլտ եւ Աւետիս Ահարոնեան, միասին աշխատած են Ընկերվարական Կուսակցութեան Պրիւքսէլի կեդրոնին մէջ: Երբ ՄաքՏոնըլտ ընտրուած է Անգլիոյ վարչապետ, Աւետիս Ահարոնեան դիմած է իր ընկեր Մաք-Տոնալտին, յիշեցնելով անոր իր արտայայտութիւնները՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին: Մաք-Տոնալտ պատասխանած է, որ այն ատեն ուրիշ էի: «Հիմա Նորին Վեհափառութեան վարչապետ եմ»… Այս խօսքը կը խտացնէ քաղաքականութեան ծանօթ իմաստութինը, կրնանք ըսել՝ շնականութիւնը, որ կը կոչուի «RAISON d’ETAT», հասկնալ՝ որ զգացումներէ եւ տեսութիւններէ գերիվեր են ՊԵՏԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ ԵՒ ՇԱՀԸ: Անգլիոյ ուրիշ վարչապետ մը, Լորտ Սեսիլ, Աշխարհամարտի ընթացքին ըսած էր, որ «պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ թրքական իշխանութեան հետք պիտի չմնար»: Պատերազմը յաղթանակով աւարտեցաւ, յետո՞յ… Եղաւ Սեւրի դաշնագիր, զոր ստորագրողները, հետեւած են անգլիացի Մաք-Տոնալտի անշեղ տրամաբանութեան: Մենք կը շարունակենք մենախօսել, յիշել եւ յիշեցնել Սեւրի դաշնագիր եւ Ուիլսոնեան սահմաններ:
Աւելի իմաստուն էր Չարենց: Կրկնե՞լ իր ՊԱՏԳԱՄԸ: Լսող կա՞յ, եթէ ըլլար, հասկցած կ’ըլլայինք, որ «փրկութիւնը». հաւաքական ուժի մէջ է»: Եթէ հասկցած ըլլայինք, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ) բազմագլուխ չէինք ըլլար, բազմանուն հայութիւններ չէինք ըլլար, բազմամիլիոն հայերը ներկայ հայրենատէր կ’ըլլային: Չէինք ըլլար երգիծանկարիչ ՀՈՎԻՒի նկարագրած հայերը, որոնք, «երբ օդանաւը կը հասնի Հայաստանի վրայ, կը հանեն թաշկինակները»: Հայրենասիրական յուզումի թաշկինակով իրաւունք չի վերականգնիր:
Ցեղասպանութեան բազմատասնեակ ճանաչումներով եւ զանազան առիթներու ծափահարուող խօսքերով ո՛չ ոք հայը եւ անոր հայրենիքը կը պաշտպանէ: Ոչինչ կը փոխարինէ ներկայութիւնը: Հազարաւոր մղոններ հեռու, Նետերլենտ, Չեխիա, Տեխաս կամ ագեվազներու երկիրը վրան զարնելով հայրենիք չի պահուիր, չի պաշտպանուիր: Այս իմաստութիւնը առաջնորդող քաղաքական միտք չէ Հայաստան եւ ինքնզինք բազմապատկող Սփիւռք:
Մեսիա չսպասել, մեր մէջ փնտռել ՄԻԱՑՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԱԼՇԻՄԻն, քանդելով քաղքենիացման եւ էսթէպլիշմընթային ամէն բնոյթի պատուարները:
Քամալա Հարիս նախագահ ընտրուի թէ ոչ, պիտի չյիշէ իր յայտարարութիւնները: Մե՛նք պէտք է գտնենք միացման ճանապարհը, որպէսզի հայրենատիրութիւնը մոլորակի հեռուէն համ մօտէն չլսուող փուճ խօսք չըլլայ:
Քանի մը տասնեակ միլիոն հայութիւնը արհամարհելի թիւ չէ, ան նաեւ որակական ուժ է: Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս, որպէսզի այդ միլիոնները ազգը վերականգնելու համար նային նոյն ուղղութեամբ:
Այս ընելու համար, մեծ ու պզտիկ հայրենասիրական խմբաւորումները փոխանակ իրարու դէմ յաղթանակ տանելու պայքար մղելու, եթէ միանային եւ վերականգնումի ճամբով միասին ընթացած ըլլային, մեր այսօրը եւ վաղը տարբեր կ’ըլլային: Նաւուն ղեկը բռնողները երբ բազաթիւ են, ո՞ւր կը կարծէք որ կ’երթայ նաւը: Երբ բազմաթիւ են «նկարեմ-նկարուիմ»ի եւ «շոփփինկ»ի էսթէպլիշմընթները, ինչպէ՞ս կրնանք ճիշդ մտածել, ճիշդ գործել եւ նայիլ նոյն ուղղութեամբ:
Քամալա Հարիս կը խօսի ցեղասպանութեան մասին: Կը խօսի Արցախի տեղահանուածներու իրենց տուները վերադարձի իրաւունքի մասին, արժանապատուութեան մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին համար այդ հարցերը այժմէական չեն, օրակարգ չեն: Ինչպէ՞ս կրնանք յուսալ, որ եթէ Քամալա Հարիս նախագահ ընտրուի, պիտի յիշէ իր ըսածնրը, երբ հայկական պետութեան նախարարին համար անոնք օրակարգ չեն: Օրակարգ չեն Արցախի տեղահանուածները, Ցեղասպանութեան միլիոնները եւ հայրենանուածներու յետնորդ միլիոնները:
Յիշեցի լեհ հայասէր մտաւորական ԲոգդանԿեմպարսկին: Ան ըսած էր, որ «արեւելահայերը եւ արեւմտահայերը, գալով հանդերձ նոյն արմատէն, տարբեր ժողովուրդներ են»: Հետեւաբար բնական է, որ հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանի համար արեւմտահայութեան ցեղասպանութիւնը օրակարգ չըլլայ: Միթէ՞ արցախահայութիւնն ալ, գալով հանդերձ նոյն արմատներէն, տարբեր ժողովուրդ է:
Ի՞նչ եզրակացնել: Ինչո՞ւ կ’աղմկեն յոգնակիացող սփիւռքները, հայրենահանուածներու յետնորդները եւ հայրենիք լքողները:
Հայաստան բնակութիւն հաստատած բանիմաց հայ մը, երկտողի մը մէջ կ’ըսէր, որ եթէ դէպքերու ընթացքը այսպէս շարունակուի, թուրքը եւ ազերին հայերուն պիտի ըսեն, որ «այսօրուան Հայաստանի տարածքը շատ է ձեզի համար, աւելի պզտիկ երկիր մը կը բաւէ ձեզի»:
Այդ կ’ըլլայ վաղուան հորիզոնը, երբ չենք յաջողիր մէկութիւն ստեղծել, կ’ուրանանք, անցեալ, պատմութիւն, իրաւունք եւ կը սպասենք, որ ըսուին հաճոյախօսութիւններ, մենք ալ լսենք եւ ծափահարենք, գոհանալով նախնիներու հայրենիքը որպէս զբօսաշրջիկ երթալ-գալու իրաւունքով, եւ վերադարձին ըսելու, որ «գեղեցիկ է մեր երկիրը», ինչպէս օր մը ըսաւ Արեւմտահայաստան այցելած հայ մը… «il est beau notre pays»…
Պիտի սպասե՞նք որ վաղուան պատմաբանը խօսի ներկայի սխալներուն մասին, թէ մենք, ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսացին, ցուլը պիտի բռնենք իր կոտօշներէն՝ զայն զգետնելու համար: Այդ ընող ախոյեան առաջնորդը կը փնտռուի, որ ո՛չ Երեւան թափառող Սփիւռքէն եկած զբօսաշրջիկն է, ո՛չ ալ աշխարհի մեծ ոստանները հասած հայաստանցի «շոփփինկ» ընող զբօսաշրջիկը:
Ինչե՜ր կ’ըսէ Քամալա Հարիս, ինչե՜ր կ’ըսէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: Կը կարդանք, կը լսենք: Կը փնտռուի Իրաւ Հայրենատէրը, որ իր մատները այրելով ՝շագանակները հանէ կրակէն, փոխանակ մէկ օդանաւէ միւսը ցատքելով զբաղելու, որ դարձած է քաղաքականութիւն խաղալու նոր մարզաձեւ, մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:
Կը խնդրուի անհանգստացնող հարցումներ չուղղել, որպէսզի խանգարող չպիտակուիք: