ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
25 Հոկտեմբեր 2024
Շար 18/19
haroutchekijian.wordpress.com
Հարպորտ կ՚անդրադառնայ հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպողներուն, որոնք անպատիժ փախուստ տուած են, էջ 10-11.
«… Այդ հրամանը (հայերը բնաջնջելու*) կը վերագրուի Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն կոմիտէին, որուն ղեկավարներն էին (Իսմայիլ*) Էնվէր պէյը, (Մեհմետ*) Թալէաթ պէյը եւ (Ահմէտ*) Ճեմալ փաշան։ Զինադադարէն ետք, դատարան մը կը դատէ յանցաւորները, եւ մէկ անկարեւոր ստորադաս անձ մը կախաղան կը հանուի: Թալէաթը, Էնվէրը եւ Ճեմալը փախուստ տուած են եւ խումբ մը մարդիկ, որոնք կը մեղադրուին պատերազմի ոճիրի տարբեր յանցանքներով, կը գտնուին Մալթայի մէջ բրիտանացիներու կալանքին տակ, անպատիժ, բացի արգելափակումէն»:
Թուրք պարագլուխները, որոնք մահուան դատապարտուած են՝ Գերմանիոյ մէջ կը պահուըտին կը գրէ Ուաշինկթըն Թայմզը 16 Յուլիս 1919-ին (1): Նոյն նիւթով՝ Տը Ուաշինկթըն Հերըլտ, 14 Յուլիս 1919-ի լրատւութեան մէջ հաւատք չընծայեր այս դատավարութիւններուն լրջութեան, եւ այս արարքը ճարպիկ «խաղ» մը կը նկատէ, սիրաշահելու համար Ամերիկայի եւ դաշնակիցներուն զօրակցութիւնը, քանի որ բուն պարագլուխները օրէնքէ դուրս կը գտնուին (2): Իսկ Երեւանի «Յառաջ»-ը 19 Օգոստոս 1920-ին կը գրէ, իբրեւ ջարդարարներ՝ Երզնկայի եւ Բաբերդի կուսակալներուն 4 Օգոստոս 1920-ին կախաղան հանուելուն մասին:
Բոլոր թուրք ժխտողականները թող լաւ իմանան, որ մի՛այն վերեւ նշուած ամերիկեան եւ Հայաստանի մամուլը առ նուազն տարիէ մը աւելի՝ 14 յուլիս 1919-էն 4 Օգոստոս 1920, կը հաստատեն, որ թրքական զինուորական ատեանը հայերուն ջարդարար թուրք պատասխանատուները դատած եւ կախաղանով մահապատիժի ենթարկած է: Անշուշտ փախուստ տուած 3 պարագլուխները եւ շարք մը անոնց գործակիցները մահապատիժի ենթարկուեցան ՀՅԴ «Նեմեսիս» ծրագիրով՝ հայ վրիժառու արդարահատոյց մարտիկներուն կողմէ: Թրքական ատեանին կողմէ իբրեւ ոճրագործ, մահուան դատապարտուած Թալէաթ փաշան 2011-ին պատուելով եւ իր անունով փողոց, դպրոցներ եւ մզկիթներ անուանելով, այժմու թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հարպորտ կը հիմնաւորէ դէպի ծով ելքով Հայաստանի մը կարեւորութիւնը, նկարագրելով 1919-ի Արեւելահայաստանի անյարմար աշխարհագրական դիրքը, առանց դէպի ծով ելքի եւ շրջապատուած թշնամի դրացիներով, որոնք խեղդած են զայն՝ ռուսական կայսրութեան տապալումէն ետք էջ 13-17:
«… Հայաստանի Հանրապետութիւնը խաղաղութեան խորհրդաժողովին կը ձգտի միանալ թրքահայերուն հետ եւ ստեղծել (միացեալ *) հայկական պետութիւն մը, որ կը ներառէ ռուսական (արեւելեան*) Հայաստանը եւ վեց թրքական (հայկական*) վիլայէթները (Վան, Պիթլիս՝ Բաղէշ, Տիարպեքիր՝ Տիգրանակերտ, Խարբերդ, Սվազ՝ Սեբաստիա եւ Էրզրում՝ Կարին) եւ Կիլիկիան, որոնք պէտք է հովանաւորուին մեծ պետութիւններուն կողմէ, անցումային շրջանի մը համար՝ քանի մը տարի, մինչեւ որ ցիրուցան հայերը կարենան վերադառնալ իրենց տուները, եւ տեղի ունենայ հիմնադիր համագումար՝ վերջնական կառավարման ձեւը որոշելու համար։
«… Ռուսիոյ օրօք ճամբաները, անշուշտ, մէկ կառավարման տակ էին՝ գործատուներով եւ երկաթուղային պահեստով եւ փոխադրամիջոցներով, ենթակայ՝ մէկ ընդհանուր քաղաքականութեան: Այժմ Վրաստանը կը վերահսկէ գործատուներուն, Ատրպէյճանը՝ քարիւղի վառելանիւթին եւ երեքէն իւրաքանչիւրը, որքան որ կարելի է գնացքներ եւ սայլեր ձեռք բերին (Հայաստանը՝ նուազագոյնը*)։ Երեքէն ոչ ոք կը վստահի միւսներուն: Շարունակական ազատ փոխադրութիւնը՝ երթեւեկութիւնը կարելի չէ առանց արտաքին ուժի մը, որ կ՚երաշխաւորէ երկաթուղիին անխափան աշխատանքը, երբ ան կ՚անցնի մէկ երկրէն միւսը:
Բնակչութիւն եւ տնտեսական աղբիւրներ եւրոպական հատուածին, Փոքր Ասիոյ եւ Կովկասի եւ Հայաստանի, տախտակ թիւ 3
«Վրաստանը չի վարանիր, իր նպաստաւոր դիրքէն՝ արգելք դնել Հայաստանի դէմ բեռնափոխադրումներուն, եւ ուղղակի կը սահմանափակէ դէպի այդ դժբախտ երկրին երկաթուղային երթեւեկութիւնը: Ատրպէյճանը կը վերահսկէ վառելանիւթի մատակարարումին եւ Վրաստանի հետ կը միանայ Հայաստանի դէմ, որ երեքէն միակն է, որ օգտագործելի լծակներ չունի: Երկաթուղին կարելի չէ կեդրոնացնել, ոչ ալ պատշաճ կերպով շահագործել այս երեքէն մէկուն վերահսկողութեան տակ: Օրինակի համար, Վրաստանը չարտօներ Հայաստանին պայթուցիկ նիւթեր եւ զինամթերք ներածել, թէեւ դրացիներուն կողմէ գրեթէ մնայուն սպառնալիքի տակ է: Երկաթուղիներուն գետինը՝ յատակը եւ վայրաշարժներն ու սայլերը (առանց նորոգութեան*) արագօրէն կը քայքայուին:
«… Երեք կառավարութիւնները, արեւմտեան տեսանկիւնէն այժմ լիովին անատակ են, առանց վարկի եւ, անկասկած՝ փտած: Առանձին՝ իւրաքանչիւրը ունի անլուծելի տնտեսական դժուարութիւններ: Կրօնական տարբերութիւնները, որոնք կ՚աւելնան ցեղայինին, կը սպառնան կռիւներու մէջ ներքաշել զանոնք, եթէ ընդհանուր վերահսկողութեան տակ չգտնուին: Երկուքը ելք չունին դէպի Սեւ ծով, բացի երկաթուղիէն՝ Վրաստանի վրայով։ Անոնք, գործող՝ դրամական, թղթատարական կամ մաքսային միութիւն չունին, եւ, ինչպէս նշեցինք, երկաթուղիի ընդհանուր հսկողութեան եւ օգտագործման յստակ համաձայնագիր չունին ու սահմաններու շուրջ շարունակական վէճերու մէջ կը գտնուին: Ատրպէյճանը կրթուած դասակարգ չունի, որ կարենայ պատշաճ կերպով կառավարել երկիրը: Վրաստանին (բոլորին*) կը սպառնայ պոլշեւիզմը: Հայաստանը՝ աւերակներու եւ մասնակի սովի մէջ է: Ամբողջ մեր հետաքննութիւնը համոզեց, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ պիտի ողջունեն վստահելի արտաքին ուժի մը կողմէ հոգատարութիւնը:
«… Առանց նաեւ Կոստանդնուպոլիսի կեդրոնացած վերահսկողութեան, Հայաստանի հովանաւորութիւնը ստանձնած իշխանութիւնը կը կաշկանդուի վարչական գործերու մէջ, կը սահմանափակուի առեւտուրի զարգացումը, կ՚ենթարկուի մենաշնորհներ ունեցողներուն նաեւ, թրքական փտած, վարկաբեկուած դիւանագիտութեան՝ տեղական եւ սահմանային դժգոհութիւնները հարթելու համար, եւ ծայրայեղ պարագային՝ արեւմտեան աշխարհին հետ հաղորդակցութենէն կը կտրուի։
«… Մէկ հովանաւոր երկիր թրքական կայսրութեան եւ Անդրկովկասի համար տնտեսապէս լաւագոյն լուծումը կրնայ ըլլալ: Առանց ընդլայնելու դէպի Անատոլիա՝ Հայաստանի եւ Անդրկովկասի համար երկաթուղիներու զարգացման ոչ մէկ խելացի ծրագիր կարելի է մշակել: Հայաստանի բարձր լեռներով անցնող բնական մայրուղիները քիչ են: Փոխադրութեան զարգացումը, համապատասխան մատակարար սարքերո՛վ իսկ, լաւագոյն պարագային սուղ ու դժուար կ՚ըլլայ եւ առանց Անատոլիա ազատ մուտքի՝ անկարելի։ Շահագործման ծախսերը երկար տարիներ կրնան համարժէք շահ չապահովել։ Այս իրավիճակը կը թեթեւնայ երկու շրջաններուն միատեղ հսկողութեամբ։ Կոստանդնուպոլիսը, Անատոլիան եւ Հայաստանը տարբեր ձեռքերու մէջ ունենալով, Հայաստանի արդիւնաբերողները եւ արտածողները Մերձաւոր Արեւելքի առեւտուրին մէջ հաւասար բաժին ունենալու յոյս չեն ունենար:
«… Վաստակաւոր թուրքերու խումբ մը, որոնց մէջ՝ նախկին նախարար մը եւ
բարձրաստիճան դիւանագէտ մը, որ ութ տարի ներկայացուցած էր իր երկիրը եւրոպական երկրի մը մէջ, հաստատեց, որ եթէ ընտրութիւն պիտի կատարէ 1914-ի անկախ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեան՝ անոնք կը նախընտրեն, վերջինը, հաւատալով որ իրենք կը խօսին ամբողջ Թուրքիոյ զարգացած դասակարգին անունով: ԺԳ. Մասին մէջ նշուած էր, որ Քեմալ Աթաթուրքը թէեւ նոյն կարծիքը յայտնած էր, սակայն՝ միտքին մէջ ա՛յլ ծրագիր ունէր… (4):
«…Հայաստանի մէջ Ամերիկեան ռազմական առաքելութեան եզրակացութիւնը այն է, որ Հայաստանի եւ Անդրկովկասի ներկայ պայմաններուն դարմանը՝ մէկ մեծ պետութեան կողմէ պարտադիր հովանաւորութիւնն է։ Հայկական Հարցին լուծումը մի՛այն Հայաստանի մէջ չէ: Կարելի չէ՛ լուծում գտնել, առանց պատասխանելու երկու հարցումներու.
«Ի՞նչ պիտի պատահի Թուրքիոյ:
«Ի՞նչ պիտի ընէ Ռուսիան:
«Մինչեւ այս հարցերուն վերջնական կարգաւորումը, առաքելութիւնը կ՚եզրակացնէ, որ նշուած պատճառներով, ա՛յն իշխանութիւնը, որ Հայաստանի հոգատարը պիտի դառնայ, պէտք է նաեւ հսկէ Անատոլիոյ, Ռումելիոյ (պալգանեան երկիրներ*), Կոստանդնուպոլսոյ եւ Անդրկովկասի վրայ։ Առ այժմ, Անատոլիոյ հայկական նահանգները եւ Ռուսական Հայաստանի, Վրաստանի ու Ազրպէյճանի ներքին սահմանները պէտք է մնան ինչպէս որ են։ Նման հոգատարութեան վարչական բաժանումներու մանրամասնութիւնները հոգատարին կողմէ կը ճշդուին: Լաւ վարչարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարզերուն եւ մայրաքաղաքին միջեւ պէտք է միջանկեալ իշխանութիւն մը ըլլայ: Բնական ստորաբաժանումը հաւանաբար կ՚ըլլայ՝ Ռումելիան, Կոստանդնուպոլիս քաղաքը (դաշնային շրջան), Անատոլիան, Հայաստանը եւ Անդրկովկասի շրջանը (բացի Ռուսական Հայաստանէն):
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:
- The Washington Times, July 16 1919 p.4:
- The Washington Herald (Washington D.C.), July 14 1919 p. 1:
- «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 177, 19 Օգոստոս 1920, էջ 4:
- https://hairenikweekly.com/?p=61289