Read Time:6 Minute, 9 Second
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
29 Հոկտեմբեր 2024
haroutchekijian.wordpress.com
Այս է խորագիրը Ճէօֆօրի (GEOFOR)՝ ռուսական աշխարհաքաղաքական նախատեսութեան կեդրոնի 16 Հոկտեմբեր 2024-ի խմբագրականին (1): Ստորեւ՝ անգլերէնէ կը թարգմանեմ լրիւ յօդուածը.
«Նախաբան. Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ճակատումը, անկասկած, գլխաւոր գործօնն է ամբողջ տարածաշրջանին ապագայի վիճակը որոշելու: Սակայն, կարեւոր է իրավիճակը չսահմանափակել միայն այս երկու դերակատարներուն՝ Թեհրանի եւ Թել Աւիւի միջեւ: Նոյնքան կարեւոր է նաեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ փոխյարաբերութիւնը։
«… Շարունակենք վերլուծել տարածաշրջանային իրավիճակը՝ մեկնելով ուժի եւ ազդեցութեան «երեքուկէս» բեւեռներու (Իսրայէլ, Իրան, Թուրքիա եւ արաբական աշխարհ) գոյութեան մեր վարկածին հիման վրայ։ Այս բնաբանին մէջ կը տեսնենք, որ Իսրայէլ կը գտնուի խոր մեկուսացման մէջ։ Մինչ ան կը շարունակէ հաստատել իր իշխանութիւնը եւ հասած է «հակամարտութեան կարողականութեան» աննախընթաց աճի, սակայն՝ «համագործակցութեան ներուժի» գրեթէ ամբողջական կորուստի գինով։
«Իսրայէլ այժմ տարածաշրջանային դաշնակիցներ չունի: «Աբրահամի համաձայնագիրը» (Ամերիկեան հովանաւորութեամբ, Պէյրութը փոխարինող բեռնատար ուղիներ Հայֆայի նաւահանգիստէն դէպի Ռիատ, Պահրէյն, Տուպայ եւ Օման՝ մայրուղիի եւ երկաթուղիի ծրագիր*) կարծես թէ սառեցուած է, եթէ ոչ ամբողջովին մեռած: «Նոր Մերձաւոր Արեւելքի» հիմք հանդիսացող հակա Իրան արաբ-իսրայէլեան խմբաւորումի մը գաղափարը գրեթէ աներեւակայելի դարձաւ։ Սա կը նշանակէ, որ, եթէ նոյնիսկ Իսրայէլ յաղթէ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ (որ շատերու կողմէ անխուսափելի կը համարուի), ան ամբողջովին պիտի մեկուսանայ՝ շրջապատուած թշնամիներով:
«Այստեղ կարեւոր հարցումն է, արաբական աշխարհը որո՞ւն կը միանայ՝ Թուրքիո՞յ, թէ՞ Իրանի: Իսկապէս, հոս է տարածաշրջանին ապագայի բանալին: Կարելի է առարկել, որ այս ամենէն որոշիչ հարցն է։ Այս տեսանկիւնէն Թեհրանի եւ Անգարայի մրցակցութիւնը արաբական աշխարհի վրայ ազդեցութեան համար նոյնքան կարեւոր է, որքան Իրանի, անոր դաշնակիցներուն եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական ճակատումները:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Կազայի պատերազմը սկսելէն անմիջապէս ետք, առաջարկեց տարածաշրջանային ապահովութեան կառոյց ստեղծել։ Ան նաեւ նախաձեռնեց Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի միատեղ գագաթնաժողովին։ Ըստ էութեան, այս մէկը քայլ մըն էր տարածաշրջանի ղեկավարութեան համար: Հակառակ անոր (կամ թերեւս այդ պատճառով), այս առաջարկին ձախողութեան պատճառով, Էրտողանը կը շարունակէ Թուրքիան ներկայացնել իբրեւ համաշխարհային առաջնորդ՝ Իսրայէլի յարձակողական քաղաքականութեան դէմ:
«Յատկանշական է, որ Էրտողանը կը խուսափի իր հակաիսրայէլեան հռետորաբանութեան մէջ Իրանի մասին նշում կատարել: Այս մէկը աչքառու կը դառնայ, յատկապէս հաշուի առնելով, որ այժմ աշխարհը հակամարտութիւնը կը ճանչնայ իբրեւ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ։ Անգարայի համար, սակայն, կը թուի, որ Իրանի դերը գոյութիւն չունի:
«Թուրքիան դիտումնաւոր կերպով կ՚անտեսէ Իսլամական Հանրապետութիւնը եւ անոր մասնակցութիւնը ստեղծուած իրավիճակին մէջ: Փոխարէնը, Էրտողանը կը փորձէ ուշադրութիւնը շեղել Թուրքիոյ վրայ: Իր վերջին ամբաստանութիւնը այն է, որ Իսրայէլը կը թիրախաւորէ Անատոլիան՝ թրքական հողերը (1 Հոկտեմբեր 2024-ի թուրք խորհրդարանի նիստին*): Այս յայտարարութիւնը կատարեց այն ժամանակ, երբ Իրանը լայնածաւալ հրթիռային յարձակում գործեց Իսրայէլի վրայ՝ թողելով աշխարհը կռահել, թէ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ Իսրայէլի պատասխանը:
« Այս մօտեցումը, հաւանաբար, պատահական չէ։ Թուրքիան չուզեր արաբական աշխարհին վրայ ազդեցութիւնը զիջիլ Իրանին: Այստեղ ձգտում մը կայ՝ ի տարբերութիւն թուրքերուն, իրանցիները աշխուժօրէն կը կռուին իսրայէլեան բանակին դէմ։ Իրանը մեծ յարգանք եւ հեղինակութիւն կը վայելէ արաբական աշխարհին մէջ՝ իբրեւ Պաղեստինի դատին, իսկ այժմ՝ Լիբանանի գերիշխանութեան միակ պաշտպանը: Իբրեւ հակապատկեր, Թուրքիոյ ներդրումը մի՛այն կը սահմանափակուի ուժեղ հռետորութեամբ եւ տարածաշրջանի միակ երկիրը, որ խզած է (թէեւ վիճելի) բոլոր տնտեսական կապերը Թել Աւիւի հետ»: Սակայն տակաւին ատրպէյճանական քարիւղը կը շարունակէ մատակարարել Իսրայէլի պահանջին 40 տոկոսը, թուրքիոյ վրայով Ճէյհանի նաւահանգիստէն, տես՝ «Խողովակաշար դէպի ցեղասպանութիւն – Պրիթիշ Փեթրոլիումի քարիւղի ուղին դէպի Իսրայէլ» Pipeline to genocide BP’s oil route to Israel (2):
«Ի սկզբանէ, Իրանի նոր նախագահը՝ Մասուտ Փեզեշքիան յստակ հասկցուց, որ իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ դրացիներուն, որոնց մէջ՝ Արաբական ծոցի երկրներուն եւ Իրաքի հետ կապերու հաստատումն ու ամրապնդումը: Անոր առաջին պաշտօնական այցը եղաւ Իրաք, ուր ան այցելեց Պաղտատ, հիւսիսը՝ Իրպիլ եւ հարաւը՝ Պասրա: Նիւ Եորք կատարած այցելութենէն ետք, այցելեց Քաթար, ուր հետեւողականօրէն հանդէս եկաւ ծոցի շրջանի համագործակցութեան եւ անվտանգութեան նոր համակարգի մը ստեղծումին համար:
«Իսրայէլի վրայ հրթիռային հարուածները, հաւանաբար, համոզիչ «հաւելում» էին Փեզեշքիանի հռետորաբանութեան՝ ցոյց տալով Իրանի հզօրութիւնն ու վճռականութիւնը Ծոցին մէջ: Պահը օգտագործելու համար, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Արաղչին արագօրէն տարածաշրջան այցելեց։ Օրուայ սկիզբը այցելեց Պէյրութ եւ Դամասկոս, որուն յաջորդեց Ռիատ եւ Տոհա: Հետագային Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քաթարը, Քուէյթը եւ Պահրէյնը յայտարարեցին, որ Իսրայէլին չեն արտօներ օգտագործել իրենց օդային տարածքը Իրանի վրայ յարձակելու համար, կը յայտնէ Ռոյթըրզ։ Յատկանշական է, որ Իրանի բանագնացները Անգարա չայցելեցին։
«Այս հեռանկարին վրայ, Իրանի խորհրդարանը առաջարկեց կազմել «անվտանգութեան դաշինք՝ դիմադրութեան շարժումներուն եւ անոնց աջակցող երկիրներուն միջեւ» գաղափարը։ Անհրաժեշտութեան պարագային, «դիմադրութեան առանցքին» վրայ շեշտադրումը կրնայ մեղմացնել՝ նախագիծին աւելի լայն ընդունելութիւն ստանալու համար: Ըստ էութեան, առաջարկը կոչ մըն է ստեղծելու տարածաշրջանային անվտանգութեան կառոյց մը՝ Իրանի ղեկավարութեամբ, որ կը ներկայանայ իբրեւ այլընտրանք՝ Սեպտեմբերի սկիզբին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ առաջարկուած «Իսլամական պետութիւններու դաշինք՝ ընդդէմ Իսրայէլի ծաւալապաշտութեան դէմ»-ին:
«Կարելի է տպաւորութիւն ստեղծուի, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի շահերը համահունչ են: Երկուքն ալ կը ցանկան տարածաշրջանային անվտանգութեան կառոյց ստեղծել, որ կը ներառէ արաբական երկիրները եւ ի սկզբանէ դուրս կը ձգէ Իսրայէլը (թէեւ Իսրայէլը կրնայ հետագային միանալ): Ուրեմն ինչո՞ւ Անգարան եւ Թեհրանը չեն միացներ իրենց ջանքերը եւ միասնաբար նախաձեռնութիւն մը չեն ներկայացներ։
«Տեսականօրէն կարելի է։ Սակայն այդ կը պահանջէ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւն, որ այժմ գոյութիւն չունի։ Իրանի եւ Թուրքիոյ շահերը կը խաչաձեւեն բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ, որոնք տակաւին պէտք է ներդաշնակութեան հասնին։ Աւելին, արաբական աշխարհը դժուար թէ վերջնական ընտրութիւն կատարէ անոնց միջեւ, փոխարէնը՝ նախընտրելով խաղալ իր գործընկերներուն հակասութիւններուն վրայ։
«Այստեղ առանցքային հարցը այն է, որ արդեօք Թուրքիան եւ Իրանը պատրա՞ստ են երկխօսութեան։ Քննարկումներ, անշուշտ, տեղի կ՚ունենան, սակայն անոնք այժմ կը գտնուին ոչ թէ քաղաքական, այլ «թեքնիք» մակարդակի վրայ, ոչ թէ ամենաբարձր ղեկավարութեան մակարդակով: Փեզեշքիանը եւ Էրտողանը հանդիպեցան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովին, եւ կը սպասուի, որ անոնք կրկին կը հանդիպին Քազանի մէջ կայանալիք ՊՐԻՔՍ-ի գագաթնաժողովին։ Շատ բան կախուած է, թէ, արդեօք անոնք կը համաձայնի՞ն երկկողմանի պաշտօնական հանդիպումի։ Եթէ նման հանդիպում կայանայ, կարելի է լոյս կը սփռէ Մերձաւոր Արեւելքի ապագային վրայ՝ տարածաշրջանային իրավիճակին այժմու «տաք» փուլի աւարտէն ետք։
«Իրանեան համաձայնագրին նպատակն է ստեղծել միասնական պաշտպանական կառոյց՝ արտաքին սպառնալիքներու դէմ պայքարելու եւ ճգնաժամի ժամանակ իրարու աջակցելու համար։ Համաձայնագիրին համաձայն՝ «Դիմադրութեան դաշինքին» մասնակցող բոլոր երկիրները կամ շարժումները պարտաւոր են իրարու համապարփակ տնտեսական, ռազմական եւ քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերել՝ Սիոնական ռեժիմին կամ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ դաշինքին որեւէ անդամի տարածքին վրայ յարձակումի պարագային»: Վերջ:
Ընդհանուր առմամբ տրամաբանական այս վերլուծումին մէջ, քանի մը շատ կարեւոր ազդակներ նշուած չեն:
Առաջինը՝ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է եւ դժուար թէ այնպիսի դաշինքի մը մասնակցի, որ Միացեալ Նահանգներու դէմ կրնայ «պատերազմիլ»:
Երկրորդը՝ Չինաստանն էր, որ Փետրուար 2023-ին Իրան Սէուտական Արաբիա եւ ծոցի երկիրներուն միջեւ հաշտութեան կնքահայրը եղաւ, եւ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորեց, ուրեմն, լռելեան որոշ դեր վերցուցած է Չինաստանը Միջին Արեւելքի նաեւ, արաբական ծոց-Իրան մերձեցման մէջ, որուն շնորհիւ է ասպիսի դաշինքի մը կազմութեան ենթահողը:
Վերջապէս՝ կրօնական ենթահողը: Սիւննի-շիի շինծու, արեւմուտքին կողմէ դաւադրաբար պարտադրուած հակամարտութիւնը՝ Կազայի պատերազմին առիթով գործնականօրէն չքացաւ:
Արդարեւ, աշխարհի բոլոր իսլամ համայնքները եւ իսլամ աշխարհը ի վերջոյ հասկցան, ականատես եղան, որ շիի Հըզպալլան իսկապէ՛ս հայրենասէր, արդարութեան եւ ազատութեան՝ ստրկութեան ու գրաւման դէմ պայքարող դիմադրութիւնն է: «Սիւննի» Կազային համար շուրջ տարի մըն է նեցուկ կը կանգնի՝ հարիւրաւոր նահատակներ տալով եւ Լիբանանի մէջ իր հազարաւոր բնակավայրերը զոհելով, ցեղասպան Իսրայէլի հիւսիսը զբաղած պահելու համար, որպէսզի բոլոր ուժերը չկեդրոնացնէ Կազայի վրայ, եւ Արցախի նման չկարենայ բնաջնջել, կամ՝ տեղահան ընել Կազայի ժողովուրդը, բռնագրաւելու համար Կազայի ժողովուրդին հազարամեայ հողը: Նոյնն է պարագան նաեւ շիի Իրանին:
Ա՛յս է արաբական աշխարհին եւ Իրանին մերձեցման բո՛ւն ենթահողը, երբ արաբներէն աւելի՝ գործնապէս զէնքով կը պաշտպանէ պաղեստինցիներուն իրաւունքը: Այս առումով, կեղծաւոր Թուրքիան բաւական հեռու է Իրանի գործնապէս բացայայտ, հզօր, որոշիչ եւ ազդու կեցուածքէն:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:
1. https://medium.com/@geofor/iran-or-turkey-to-whom-will-the-arab-world-turn-0cfc61c1f9cc
2. https://www.tni.org/en/article/pipeline-to-genocide