ԳՈՐԾԵԼ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ՎԱՏ ՉԷ, ՀԻՄՆԱԿԱՆԸ ԵՒ ԳԱԼԻՔԸ ԱՆՏԵՍԵԼ՝ ԱՊԻԿԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յ. Պալեան
Հայկական «Սփիւռք»-ը, տեւաբար կը տարածուի, ինքզինք կը բազմապատկէ, կը վերարտադրէ նոր անուններով, որոնց ցանկագրումը չեմ գիտեր թէ եղա՞ծ է, կ’ըսենք համայնք(ներ), աներեւակայելի աշխարհագրական վայրերու անուններով, հետեւանք՝Հայաստանի եւ բազմանդամ գաղութներու բնակչութեան նօսրացման, որ հեռացում է ազգի մէկութենէ:
Ամէն օր որ կ’անցնի, քիչ մը աւելի կը տարտղնուինք, գոհունակութիւն ալ կ’ունենանք, կը կարծենք ներկայութիւն, տոկալու եւ տեւելու երաշխիք ձեռք բերել, ուժ ըլլալ, ազգ պահել:
Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար, թէ կոտորակուելով ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ուժ կրնանք ըլլալ:
Ըսուեցաւ նաեւ որ «համաշխարհային ազգ» ենք, որ ճամարտակութիւն է, դատարկ տեսութիւն:
Ոչ ոք կրնայ ըսել կամ պատկերացնել, թէ որպէս համրանք ի՞նչ կը ներկայացնեն այլազան հայ եւ հայութիւն բնորոշումներու տակ դասուող մարդիկ, Հայաստան եւ մոլորակի վերի ու վարի, լայնքի ու երկայնքի յարաշարժ ճամբորդները:
Նորանուն հայկական համայնքները շարունակութիւն ըլլալու ինքնախաբէութեան տուրք տալով, հետեւելով նախկին կամ արդէն անցեալի համայնքներու ընթացքին, կը յառաջացնեն միութիւններ, որոնք իրենք զիրենք կը հռչակեն կուսակցութեան մը մաս, կը ձեռնարկեն եւ կը կառուցեն կեդրոն-հաւաքավայր, եկեղեցիներ, կարծէք կ’ուզեն գտնել եւ հաստատել մնայուն, ապահով եւ վերջնական հանգրուան, գիտնալով հանդերձ որ այդ բոլոր հասցէները հայրենիք չեն, պիտի չըլլան, անոնք ոչ մէկ ձեւով հայուն եւ անոր իւրայատուկ ինքնութեան շարունակութիւնը պիտի չերաշխաւորեն: Աւելի ճիշդ է ըսել, որ անոնք անորոշութեան մէջ թափահարող դատարակաբանութիւն «համաշխարհային ազգ»ի անհետացման դատապարտուած բեկորներու խարխափող ստուերներ են:
Անկասկած անհատներ պիտի տեւեն, պիտի սերնդագործեն, պիտի ստեղծագործեն, երջանկութիւն պիտի հետապնդեն, հռչակներու ալ կրնան տիրանալ, բայց իրենց ժառանգած ծննդոցի ինքնութեան շարունակութիւն պիտի չըլլան, պիտի այլանան: Ժամանակ մըն ալ ծագման գիտակցութիւն պիտի պահեն: Սփիւռք կոչուող միգամածին մէջ պիտի յայտնուին նոր մեծ համարուող անուններ, որոնք թաղային երեւելիներու ինքնագոհութիւն պիտի պատճառեն: Այս իրարանցումները ԱԶԳի պահպանման, ամրացման, միացման եւ ինքնուրոյնութեամբ պատմութեան բեմին վրայ մնալու համար երաշխիք չեն, նոյնիսկ երբ տեղական դիրքեր գրաւուին կամ տիրացուին հռչակներու, որոնք ժամանակ մը պիտի պատկանին անհատին, բայց ո՛չ իր իւրայատակութեամբ յատկանշուող հայ ազգին: Այս անհատական անմիջականութիւն է, այդքա՛ն:
Այսպէս գործած են եւ կը գործեն հին, նոր, եւ նորանուն Սփիւռք(ները: Կը խանդավառուինք եւ կը ծափահարենք, մենք մեզի շնորհելով խմբային զանազան տիտղոսներ: Ինչ ալ ըլլան մեր ճիգերը եւ յաջողութիւնները, այս աշխատանքերը իր անունը չըսող գաղթականութեան անմիջականի օրակարգ են, ընդհանրացումով կ’ըսենք՝ ազգային, որ ազգի գոյացման եւ պաշտպանութեան չ’առնչուիր, ան լուսանցքային իրարանցում է: Ոչ ոք այնքան պարզամիտ է, չհասկնալու, որ ինչ որ կը ձեռնարկուի առանց հայրենիք-ենթակառոյցի, պատմութեան շարունակութեան մէջ չի մնար, ժամանակաւոր ըլլալու դատապարտուած է, կ’ըլլայ տարբերի եւ նորի սկիզբ, (աւելի կամ նուազ արագ ընթացքով, ո՛չ շարունակութիւն): Պատմութիւնը կը վկայէ, գաղթականութեան հետեւանք գաղութներու մասին, ինչպէս սովորաբար կ’ըսուի, բոլորն ալ, հին թէ նոր, կը նմանին տարաշխարհիկ (exotique) բոյսի կամ ծաղիկի, անոնց աճը եւ զարգացումը կը կարօտին յատուկ արուեստական պայմաններու եւ պաշտպանութեան: Երբ չկայ հաւաքական կեանք սնուցող յիշողութիւն պահած-պահող ՀՈՂը, որ կրողն է աշխատանքի, յիշատակի, նախահայրերու ՀԵՏՔի, համայնք, գաղութ, ինչ որ կը կոչենք ՍՓԻՒՌՔ, հակառակ ճիգերու, զոհողութիւններու, յանձնառութիւններու, հաւատարմութիւններու եւ «հերոսութիւն»ներու, դատապարտուած է ժամանակաւոր ըլլալու, անոր յաջողութիւնները ճիգով եւ մայուն խնամքով պահուող տարաշխարհիկ բոյսի վիճակ են: Հիւրընկալ երկրին ամբոխավարութեամբ տուրք կը կարծենք տալ, երբ կ’ըսենք երկրորդ հայրենիք: Օդանաւին մէջ, Հայաստանէն արտագաղթող մայր մը իր զաւկին կ’ըսէր, որ զինք կը տանէր իր նոր հայրենիքը, կարծէք հայրենիքը փողոցի վաճառատունէն գնուած նոր շապիկ կամ տաբատ ըլլար, զորս կարելի է ժամանակ մը ետք փոխել, նորը առնել: Միթէ՞ այդպէս չեն մէկ նոր հասցէէ միւսը գացող օդանաւեր ելլող-իջնողները, որոնք նոր անուններով նոր համայնքներ կը ստեղծեն:
Միշտ իրատես պէտք է ըլլալ եւ գործել՝ մտածելով անմիջականի, ժամանակաւորի, մնայունի եւ շարունակութեան եւ անոնց տարբերութիններու մասին: Սփիւռք-համայնքները, ինչ ըլլան անոնց համրանքը, կառոյցները, կարողութիւնները, քաղաքական-հայրենասիրական կոչուած նկրտումնրը, պիտի ձեւաւորուին հայ ազգայինէ տարբեր արժէքներով, ըմբռնումներով, գաղափարներով, բարքերով, որոնք տեղականի պատշաճեցումներ պիտի ըլլան, համագումար, պիտի յանգին հեռացումներու, հուսկ՝ շրջապատի հետ նոյնացման: Չկասող ժամանակի հարց է: Մտածել տարաշխարհիկ-էկզոթիք բոյսերու օրինակով: Զանոնք կ’աճեցնենք փակ շրջանակի մէջ, խնամքով: Փորձեցէ՛ք Արմաւենի աճեցնել Նորվեկիա կամ Իսլանտա: Այդ թերեւս կը յաջողին ընել որպէս նմուշ, փակ սրահներու մէջ, ստեղծելով արուեստական կլիմայական պայմանները: Այդպէս են նաեւ ուրոյն մշակոյթ եւ ինքնութիւն ունեցող մարդկային խմբաւորումներու ինքնապաշտապանութեան փորձերը, երբ չկայ արմատ հողը, զոր կը կոչենք հայրենիք:
Ազգը տարշախարհիկ բոյս չէ: Առանց իր հայրենիքին, մշակոյթին, լեզուին, անոնցմէ ստացուած բազմաբնոյթ ժառանգութիւններու, ան չ’աճիր, կ’այլասերի: Հայրենիքէն դուրս բոլոր այն «բաներ»ը զորս կը դասենք ԱԶԳԱՅԻՆի գլխուն տակ, ԱԶԳի տեսանկիւնէ դատապարտուած են ժամանակաւոր ըլլալու: Բիւզանդիոնի մէջ ունեցած ենք մեծ թիւով հայեր, իշխաններ, նաեւ անոր գահին վրայ կայսր եւ կայսրուհի: Յետո՞յ… Մնացած է միայն «հէքիաթ»ը:
Պետութեան եւ բազմանուն Սփիւռքներու բազմապատիկ ղեկավարութիւնները անմիջականէ եւ անհատականէ անդին նայող միացման եւ անով հզօրացման առաջադրանք կարծէք չունին,անոր շուրջ չեն համախմբած, չեն համախմբեր:
Յաճախ գրած եւ խօսած եմ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ մասին: Տարածքները հայրենիք կ’ըլլան ոչ միայն անունով, այլ անոր տէր եւ պաշտպան բնակիչներով:
Միթէ՞ պարզ չէ, որ արտագաղթելով եւ առանց հայրենադարձութեան հայրենիք չի պահուիր: Սփիւռքի կազմակերպումը եւ հզօրացումը ինքնանպատա՞կ են, թէ՞ հանգրուան, այդ կ’ըլլայ անհատներու բարօրութեա՞ն համար, թէ վերադարձի եւ հայրենատիրական բնակեցման համար: Բազմանուն Սփիւռք(ներ)ի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնները, ներսի եւ դուրսի, անհատներու անմիջականին հետեւելէ տարբեր՝ ԱԶԳԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐ ունի՞ն: ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ «իրաւ» օրակա՞րգ է: Ալասքայէն, կամ նման հեռաւոր վայրերէ փչող աղմուկը բաւարար չէ հայրենատիրութիւն կենսագործելու:
Պետութիւնը եւ Սփիւռքը իրապէս ի՞նչ ըրին եւ կ’ընեն, որպէսզի Հայաստանը չդատարկուի, անոր բնկակչութիւնը չփոխարինուի այլանուններով, չըլլայ այլալեզու եւ չդադրի շարունակութիւն ըլլալէ: Ճառով, թեր ու դէմ պայքարներով գինովցող Սփիւռքը, ամէն տարի քանի՞ հոգիի հայրենադարձութիւնը կ’ապահովէ, որպէսզի հողը բնակեցուի, ունենայ տէր ու պաշտպան:
Միշտ պէտք է մտածել Արցախի մասին, որուն ճակատագիրը տարբեր կ’ըլլար եթէ բնակեցում կատարուած ըլլար: Նման բնակեցման ծրագրի իրականացումը երէկ պէտք էր սկսած ըլլար, այսօր պէտք է շարունակուէր: Պետութիւն եւ Սփիւռքի մեծանունները, ըստ այս հարցով իրենց ունեցած նախաձեռնութիւններու իրականացումով պէտք է գնահատել, միշտ հարց տալով, թէ գործնական ի՞նչ ըրած եւ ի՞նչ կ’ընեն, որպէսզի հայրենատիրական բնակեցում կատարուի: Այս ընել քաղաքական տարբեր որակ է, փոխան եւ բաղդատած համացանցային անարիւն անվերջանալի «հերոսական մարտ»-երու, որոնք այսպէս թէ այնպէս թաղայինէ անդին չեն անցնիր:
Եթէ զեկուցումներ տրուէին, Պետութեան եւ Սփիւռքի հպարտութեամբ յիշուող կազմակերպութիւններուն կողմէ, թէ Տեառն այս կամ այն տարին, քանի՞ հայով եւ ընտանիքով աւելցուցին Հայաստանի բնակեցումը, ստեղծելով անհրաժեշտ պայմանները, զիրենք ճիշդ կը գնահատէինք:
Խօսի՛լ թիւերով: Եւ չգոհանալ նոր եւ հին համայնքներու անուններու յիշատակութեամբ. ամերիկահայութիւն, ֆրանսահայութիւն, եթովպիահայութիւն, Սուրիահայութիւն, հիմա նաեւ շուէտահայութիւն, իրլանահայութիւն, նետերլէնտահայութիւն… Ո՞ւր կանգ կ’առնենք:
Եղած է Մատրասի հայութիւն, ուր լոյս տեսած է աաջին հայերէն թերթը: Հիմա՞…
Իմաստասէր մը ըսած է, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան անոնց տրուած պատասխանները:
Այս մտորումները կ’արձանագրէի խփելով համակարգիչիս ստեղները, երբ անոր նամակատուփին մէջ յայտնուեցան ովկիանոսով հեռու, ուրիշ ովկիանոսի մը ափի հին հայկական գաղութի բնակիչ դարձած սրտցաւ եւ համեստ հայու մը, զայրոյթի տողերը: Ան աթոռի յաւակնութիւններ չունի, բեմերու եւ լրատուամիջոցներու աստղ չէ: Կ’արտագրեմ ինչ որ գրած է. առանց սրբագրութիններ ընելու:
Ըսուած են հիմնական ոչ-ամպագոռգոռ միտքեր:
Երբեմն պէտք է լսել համեստներու առանց խօսափողի ըսուած ողջախոհ կարծիքը, տեսնել եւ ազգը զգալ անոնց հետ:
…«Օրերը լաւ չեն մեր Լիբանանի հետ դարձեալ։Կը խորհիմ թէ ատեն մը վերջ ժողովուրդի թիւը կը նուազի եւ բոլոր տեսակի մեր հիմնարկները կը մաշին։….»
…Եւ խօսելով իր բնակավայր քաղաքի եւ համայնքի մասին կ’ըսէ. «Հոս ամայի է դաշտը, նոր ազգ մը կայ հայ, անգլիախօս, որոնք ունին եկեղեցիներ եւ հիմնարկներ, նոյնիսկ համալսարանի ամպիոններ եւ լուսաւորչական կիրակնօրեայ։ Անհաւատալի բայց իրական եւ գործնական»…Արդեօ՞ք կարելի է որ նման ազգ գոյութիւն ունենայ ապագային»։ Պետութեան եւ Սփիւռքի «մեծեր»ը պիտի պատասխանե՞ն այս անտիտղոս հայուն: Այս տագնապող հայը ոչ ոք ժողովներու պիտի հրաւիրէ, անոր ոչ ոք խօսափող պիտի ներկայացնէ, ան երկինքը ակօսող օդանաւերու մէկէն միւսը ցատքող չէ: Միակը չէ: Եթէ միայն գիտնայինք լսել եւ միացնել, ազգ, հայրենիք, լեզու եւ մշակոյթ չդիտելով թեր ու դէմի փուճ էսթէպլիշմընթներու ակնոցով…
Բաղձանք էր…:
Այսօր կրկին յիշեցի Ի դարու մեծ մտաւորական եւ հոգեվերլուծող Էրիք Ֆրոմի հետեւեալը միտքը. «Հարցականի ենթարկելու, քննադատելու եւ չհնազանդելու կարողութինը անկասկած միակ միջոցն է խուսափելու քաղաքակրթութեան վերջէն եւ տէր կանգնիլ մարդկութեան ապագային»:
Մեր պարագային՝ հայ ազգին եւ անոր հայրենիքի ապագային: Այս ընել առանց առանց ճապկումներու եւ տոնքիշոթեան«անկարեւոր կարեւորութեան» համար մղուող նիզակախաղերու: