Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Երեքշաբթի Յունուար 24ի երեկոյեան Առաջնորդարանի համալիրին մէջ նշուեցաւ Հայ Տպագրութեան 500ևամեակը: Ներկայ էր Նիւ Եորքահայ գրասէր հասարակութիւնը:
Այս առթիւ Պոլիսէն յատկապէս հրաւիրուած էր “Ակօս“ շաբաթաթերթի, 2008էն սկսեալ, սիւնակագիր տիար Զաքարիա Միլտանօղլու` ներկայացնելու Օսմանեան տարիներու հայ տպագիր մամուլը իր ամբողջական երեսներով: Տիար Միլտանօղլու հրաւիրուած էր դասախօսելու Հրանդ Տինքի սպաննութեան հինգերորդ տարելիցին առթիւ:
Շրջանի զանազան կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ իրագործուեցաւ այս հանդիսութիւնը: Կոստանդնուպոլսոյ Օգնութեան Ընկերութեան, ԷսայեանևԿեդրոնական Սանուց Միութեան, Առաջնորդարանի Կոմիտաս Երգչախումբին, Հայ Տունի, Դպրեվանքի Սանուց Միութեան, Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ Տեղեկատուութեան Կեդրոնին եւ Թէքէեան ու Համազգային Մշակութային Միութիւններու աջակցութեամբ:
2012 տարուան վրայ երկարող հանդիսութեանց շարքին առաջինն էր այս հանդիսութիւնը:
Յանուն միացեալ յանձնախումբին, բացման խօսքը կատարեց Տիար Արթօ Խրիմեան, որ ներկայացուց օրուան հանդիսավարը` Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Նիւ Եորքի մասնաճիւղի ատենապետ Տիար Յակոբ Վարդիվառեանը:
Տիար Վարդիվառեան ամփոփ գիծերով ներկայացուց հայ տպագրութեան պատմութիւնը` սկսելով 1512 թուականէն` երբ Յակոբ Մեղապարտ Վենետիկի մէջ կը հրատարակէր տպագիր անդրանիկ հայ գիրքը` “Պարզատօմարը“: Առանց օրուան գլխաւոր բանախօսին նիւթին անդրադառնալու, ան ըսաւ թէ Իտալիայէն ետք տպագրութիւնը մուտք գործած էր Պոլիս 1567ին եւ ապա` զանազան երկիրներ ու հասած Շուշի (Հայաստան) 1772ին: Իսկ առաջին հայ պարբերական մամուլի թիւը լոյս տեսած էր Հնդկաստանի մէջ 1794ին, Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ:
Օրուան հանդիսավարը երջանկութիւն յայտնեց որ այս տարի Հայաստանը Եւրոպայի գիրքի մայրաքաղաք հռչակուած է. եւ այնուհետեւ ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօսը` Տիար Զաքարիա Միլտանօղլուն: Հիւր բանախօսը, ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ, Նիւ Եորք ժամանած է մասնաւորաբար այս երկու ձեռնարկներուն առթիւ բանախօսելու համար: Տիար Միլտանօղլու ասպարէզով ճարտարագէտ է եւ Պոլսոյ Պատրիարքարանի կողմէ վերահսկած է Ախթամարի Ս. Խաչ եւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցիներու վերանորոգման աշխատանքներուն:
Երկար տարիներէ ի վեր Տիար Միլտանօղլուն լծուած է լուրջ աշխատանքի մը` ուսումնասիրելով հայ մամուլը ընդհանրապէս եւ Օսմանեան տարիներու մամուլը մասնաւորապէս: Գրեթէ պատրաստ է արդէն “Պատմութիւն Հայ Մամուլի, սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը“ երկասիրութիւնը, որ անկասկած պիտի ըլլայ կոթողային, օգտակար եւ ուսանելի ազգագրական գործ մը, այլապէս հարուստ մեր ժառանգութեան աւելցնելով նոր հարստութիւն մը:
Տիար Միլտանօղլու տեսաերիզով մէկ առ մէկ ներկայացուց մեր մամուլի կողքերը` տալով իւրաքանչիւրին մասին կարճ ու դիպուկ բացատրութիւններ: Զանազան տեսակի մեր թերթերը ան բաժնած էր մասերու, ինչպէս` գրական, քաղաքական, կուսակցական, բժշկական, ուսանողական, երգիծական, հայրենակցական, գաւառական եւ այլ օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր եւ պարբերականներ: Իւրաքանչիւր բնագաւառէն յատկանշական թերթերու ցուցադրութիւնը մեծապէս տպաւորեց ներկաները, մանաւանդ երբ անոնք ծանօթ անուններ էին մեր ազգային կեանքէն ներս, “Մասիս“, “Արեւելք“, “Ժողովուրդի Ձայն“, “Բիւզանդիոն“, “Ապագայ“:
Յարգելի բանախօսը անդրադարձաւ թրքատառ մամուլին մասին եւ որպէս օրինակ ըսաւ որ Տիրան Քելէկեանի խմբագրած թերթի խմբագրականը առանց կարդալու օրուան սուլթանը` Համիտ Բ. գրասենեակ չէր երթար: Ան ներկայացուց հայատառ բայց թրքերէն լեզուով մեր մամուլը, որ կը հասնէր գաւառի եւ Կիլիկիոյ թրքախօս հայութեան: Իւրաքանչիւր մամուլի ներկայացման հետ յիշուեցաւ նաեւ պատկան թերթի խմբագիրներուն անունները: Նաեւ, ի յայտ եկաւ, որ ազգային կուսակցական մամուլը ունեցած է ընդարձակ տարածում թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ գաւառի մէջ: Անոնցմէ առաջինը եղած է ազգային պահանջատիրութեան ի պաշտպանութիւն Խրիմեան Հայրիկի “Արծուի Վասպուրական“ը եւ ապա փորթուգալեանի “Արմենիա“ն:
Իր խօսքի եզրափակումին` օրուան բանախօսը յայտնեց, որ վերջերս թուրք զոհուած լրագրողներու ցանկին վրայ, որպէս յարգանքի արտայայտութիւն, շնորհիւ այսօրուան պոլսահայ մեր մտաւորականներու ճնշումին` աւելցուցած են երկու թրքահայ ուշագրաւ անունները Գրիգոր Զոհրապի եւ Տիրան Քելէկեանի, երկուքն ալ զոհ Ցեղասպանութեան: Աւելի քան 250 թերթերէ` այսօր Թուրքիոյ մէջ մնացած են միայն հինգը` հարիւրամեայ “Ժամանակ“ն ու “Մարմարա“ օրաթերթերը, “Ակօս“ Շաբաթաթերթերը եւ Ս. Փրկիչ ու Ս. Յակոբ հիւանդանոցներու պարբերականները:
Քաղաքիս ծանօթ հնագէտ եւ հնավաճառ ազգայիններէն Տիար Գրիգոր Մարգարեան բերած էր հնատիպ հինգ գիրքեր Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջաններէն հաւաքուած եւ այս առթիւ զանոնք ներկայացուց հանդիսականներուն, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին իւրաքանչիւր գիրքի մասին տրուած տեղեկութիւնները:
Հուսկ. փակման խօսքը ընելու հրաւիրուեցաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց որ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ, մասնակցութեամբ շրջանի պոլսահայ միութիւններու եւ Թէքէեան ու Համազգային Մշակութային Միութիւններու. կը շարունակուի գեղեցիկ աւանդութիւնը գրական ու մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպելու: Անցեալին նոյնիսկ ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր հայ լրագրութեան 300ևամեակին առիթով: Այս չափանիշով ձեռնակները ապացոյցն են մեր գիրին, գրականութեան, մշակոյթին եւ մանաւանդ մեր ազգային ինքնութեան հանդէպ մեր ցուցաբերած մեծ յարգանքին: Մեր պարտականութիւնն է այս զգացումը փոխանցել մեր նոր սերունդին` որպէսզի անխափան կերպով շարունակուի նախաձեռնուած աւանդութիւնը: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմիններուն, բացման խօսք կատարող Տիար Արթօ Խրիմեանին, օրուան հանդիսավար Տիար Յակոբ Վարդիվառեանին եւ գլխաւոր բանախօս Տիար Զաքարիա Միլտանօղլուի, որ նախքան Երուսաղէմի ժառանգաւորաց Վարժարանը մեկնիլը` Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքին մէջ իր դասընկերը եղած է: Ապա, անդրադարձաւ Հայաստանի մեր ժողովուրդի գրքասիրութեան եւ ընթերցասիրութեան մասին, շեշտեց հայ մամուլի կատարած դերը որպէս ցրուած հայութիւնը շաղկապող ամուր օղակ` մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքէն ետք` ներկաները հարցումներ ուղղեցին Տիար Զաքարիա Միլտանօղլուի եւ Տիար Գրիգոր Մարգարեանի:
Տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Ու այսու յարմար կը նկատուի կրկնել օրուան հանդիսավարին հետեւեալ խօսքերը. “Երանի՜ Զաքարիայի ճամբով քալեն պոլսահայ նոր սերունդները, որովհետեւ մեր այս պատմական ու պատուական համայնքը տակաւին երկար տարիներ պիտի բերէ լայն մասնակցութիւն ազգային եւ հայրենական իրաւունքներու հետապնդման սրբազան գործին մէջ“:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Նիւ Եորք Ն.Ե.
Յունուար 26, 2012