ՄԻ՛ ԽԵՂԱԹԻՒՐԷՔ ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

       
  
Ցեղասպանական արարքներու հերքումն ու դրժումը քրէականացնող Ֆրանսայի ծանօթ օրէնքին մասին իր մեկնաբանութիւններուն մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն դարձեալ աշխարհին ներկայացաւ չնաշխարհիկ գիւտով մը, յայտարարելով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ խօսքի ազատութիւնը անկաշկանդ է, մարդիկ ազատ են ազատօրէն արտայայտուելու, ոչ ոք արգելք կրնայ ըլլալ ազատ արտայայտութեան: Ան անուղղակիօրէն քննադատեց Ուաշինկթընի վարչակազմինբարեկամ Թուրքիան նեղ կացութեան մատնող ֆրանսական կեցուածքը եւ զայն վերագրեց ամերիկեան ու ֆրանսական մտածողութեանց տարբերութեան: (Չերկարենք` ըսած ուրիշ բաները վերարտադրելով այստեղ):

          Քլինթընի ըսածներէն կարելի է հետեւցնել, որ եթէ խօսքի ազատութիւնը պէտք է ընդունիլ իբրեւ անսահման ու սանձարձակ տարողունակութեամբ, ուրեմն կարելի է նաեւ այդ խորագիրին տակսուտն ու տգիտութիւնը, կեղծիքը տարածել արձակհամարձակ:

          Նոյն տրամաբանութեան հետեւելով (եթէ անշուշտ նախարարին տրամաբանելու կալուածը ճիշդ կը բանի), կարելի է ճիշդ նկատել հետեւեալ օրինակը.-

          Սեղանիս վրայ ունիմ մատիտ մը: Քլինթընի դաւանած ազատ արտայայտութեան միլիոնաւոր համախոհներ ի մի կու գան եւ կը յայտարարեն, թէ սա մատիտ չէ, այլ տետրակ է: Մինչեւ իսկ կրնան նմանճշմարտութիւնմը քուէարկութեամբ հաստատել: Մատիտը մատիտ ըլլալէ կը դադրի՞, իրականութիւնը կ՛այլափոխուի՞

          Այլ խօսքով, Քլինթըն ու նմաններ կը փորձենխօսքի ազատութիւն պաշտպանելուպատճառաբանութեամբ մեզ համոզել, որ Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը հարցականի տակ պէտք է պահել, թէ` հարցը պատմագէտներու հարց է, եւ ո՛չ թէ քաղաքական: (Ի դէպ, նման ազատականութիւն կը փորձուի նաեւ այլուր, հայկական թէ ոչհայկական միջավայրերու մէջ):

          Աւելորդ չ՛ըլլար այսպիսիհանճարներույիշեցնել, որ Ցեղասպանութիւնը, այսինքն` Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած, գործադրուած հայոց Ցեղասպանութիւնն ու մեր հողերուն բռնագրաւումը, ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր` ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ հարց է, մարդկային իրաւունքի, հայութեան կորուստներուն` հողային ու մարդկային կորուստներուն դիմաց պահանջի եւ անսակարկելի՛ իրաւունքի հարց է: Պատմութիւնը գրուած է ու, անգամ մը եւս ըսենք, դժբախտաբար կարելի չէ ժամանակի մէջ դէպի ետ ոստում կատարել ու կանխարգիլել եղածը, արդէն իսկ սեւով ու կարմիրով արձանագրուած ոճիրը:

Համաձայն ենք, որ անիկա պէտք չէ քաղաքական հաշիւներու խաղալիք դառնայ, ինչպէս կը փորձեն ընել Անգարա, Ուաշինկթըն եւ Ընկերութիւն:

          Իսկ ամէնէն կարեւորը` ընդունելի չէ, որ խօսքի ազատութիւն հասկացութիւնը խաղալիք դառնայ անտրամաբանական մեկնաբանութիւններու եւ խեղաթիւրման, ինչպէս կ՛ընեն Քլինթըն ու նմաններ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յունուար 29, 2012

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles