ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ուր որ ընկերային անարդարութիւն կայ` հոն ժողովրդավարութիւնը անվիճելիօրէն վիրաւոր է:
Արդ, աշխարհի զանազան տարածաշրջաններու մէջ 2011ը յատկանշական եղաւ ընկերա-տնտեսական տագնապներու արտասովոր զարգացումներով: Տարի մը, որ պատմութեան կ՛անցնի իբրեւ կորսուած ժողովրդավարութիւններու պահանջատիրութեան սկզբնական հանգրուան: Արդարեւ, Արաբական գարունը, որ պայթեցաւ հիւսիսային Ափրիկէի երեք երկիրներուն մէջ (Թունուզ, Եգիպտոս եւ Լիպիա), յաջորդաբար վար առաւ բռնակալներ, որոնք քանի մը տասնեակ տարիներ կառչած կը մնային իրենց աթոռներուն: Այնուհետեւ, փոխանցիկ կրակը թռիչք առաւ դէպի Միջին Արեւելք, ուրկէ մօտիկ ապագային կրնայ հասնիլ մինչեւ, Թուրքիա (քրտական հարցին յաւելեալ բորբոքումով) ու կովկասեան եւ սահմանամերձ այլ երկիրներ:
Նոյն տարուան ընթացքին, Մահաթմա Կանտին յիշեցնող 74 տարեկան Աննա Հազարը շարունակեց ղեկավարել Հնդկաստանի ընկերային անարդարութեան` յատկապէս ներքին փտածութեան դէմ անտեղիտալի պայքար մը, որուն ճամբով Կանտիական դպրոցի քաղաքացիական անհանդուրժողութեան ոգին խաղաղ միջոցներով թափանցած է արդէն հազարաւոր հնդիկներու, յատկապէս երիտասարդութեան, գիտակցութեան մէջ: Աւելին, Ա. Հազարը իր հացադուլով եւ տխրահռչակ Թիհատ բանտէն բաժնուելու իր մերժումներով ծանրօրէն անկիւնած է հնդկական կառավարութիւնը: Արդէն նախարար մը, մեծ ընկերութիւններու կարգ մը պարագլուխներ եւ իշխող Քոնկրէս Կուսակցութեան երէց անդամներ, բանտերու մէջ կը սպասեն իրենց դատավարութեան: Կ՛արժէ յիշել, որ Հնդկաստան իր 1947ի անկախութենէն ի վեր կը կառավարուի Քոնկրէս Կուսակցութեամբ, որ այսօր (փոխանակ 2014ին) ընտրութեան մը պարագային` կրնայ պարտութեան մատնուիլ ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան կողմէ: Միւս կողմէ, շատ մը քաղաքագէտներ չեն ակնկալեր, որ Հնդկաստան կրնայ հետեւիլ Հիւսիսային Ափրիկէի օրինակին, բայց ակնյայտ իրականութիւնը այն է, որ ժողովուրդին մէկ հինգերորդը կը քալէ անօթութեան ճամբուն վրայ եւ աղքատութիւնը կը կրծէ շուրջ հինգ հարիւր միլիոն հնդիկներ, որոնց բնական ապաւէնն է Ա. Հազարի ընկերային ըմբոստութիւնը:
Նոյն տարուան Սեպտեմբերին, Ամերիկայի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հարիւրաւոր ցուցարարներ “Մենք ենք 99 առ հարիւրը“ կարգախօսով յայտնեցին իրենց ընդվզումը հարուստին եւ աղքատին միջեւ քառասմբակ արագութեամբ աճող խրամատին դէմ: Նմանօրինակ բողոքներ բազմապատկուած թիւերով կը շարունակեն բարձրանալ այլ նահանգներու մէջ: Արդարեւ, Ամերիկայի շահագործող թեւը, ժողովուրդէն մէկ առ հարիւրը, անհամեմատ դրամագլուխերու կուտակումով մինչեւ այսօր ազդեցութիւն ունի քաղաքական դէմքերու, օրէնքներու եւ հանրային կարծիքին վրայ: 2009ին, ըստ ամերիկեան ներքին մուտքերու պետական գրասենեակին 1400 միլիոնատէրեր բնաւ շահատուրք չեն վճարած: Իսկ այսօր, ամէն գիշեր 16 միլիոն ամերիկացի մանուկներ անօթի փորով անկողին կը մտնեն, իսկ 45 միլիոն ամերիկացիներ կ՛ապրին ճաշի կտրօններով (food stamps): Եւ պատմական ծիծաղը այն է, որ աշխարհի դրամատիրութեան դրօշակակիր Ա.Մ.Ն.ը` այսօր ակնյայտօրէն դասակարգային պայքարի մատնուած` է եւ աւելին` այդ մէկ առ հարիւրին վրայ յաւելեալ շահատուրքեր պարտադրել փորձող Օպաման իր ընդիմադիրներուն կողմէ ստացած է “ընկերվարական“ մակդիրը:
Միւս կողմէ, դրամատիրական այլ ցամաքամասի մը մէջ, Եւրոպական միութեան կարգ մը անդամ-պետութիւններ կքած են ահազանգային պարտքերու բեռին տակ եւ տնտեսականօրէն կը պարզեն Եւրոպական Միութիւնը կործանումի սպառնալիքին հետզհետէ մօտեցնող ինքնակրծումի վիճակ մը, ուր ժողովրդային ցասումը կը շարունակէ տեղ-տեղ իր աղաղակը բարձրացնել:
Վերոյիշեալ ընկերա-տնտեսական վերլուծումները կու գան հաստատելու, որ գրեթէ ամէնուրէք եւ տարբեր դիմակներով` կը վխտան ընկերային ցեցեր, որովհետեւ իրաւ ժողովրդավարութիւնը կը բացակայի գրեթէ ամէն տեղ: Եւ այդ մահացու բացակայութեան դէմ պայքարող ժողովրդային զանգուածները, եկան փաստելու, որ իրենց շարժումը վարակիչ է, անխուսափելի եւ համամարդկային: Այս պատգամը սկսած է մինչեւ իսկ ճեղքեր բանալ Պուրմայի եւ Հիւսիսային Քորէայի ընկերային ամօթները քօղարկող խորհրդաւոր պատերուն մէջ եւ թակել սովետական մտայնութենէն մասնակիօրէն թօթափուած Հայաստանամերձ շրջաններու դռները:
Հայաստանի 20ամեայ պետականութեան ղեկը ստանձնած այսօրուան վարչակարգը ցարդ չէ յաջողած (աւելի ճիշդ` չէ կամեցած) վերջ դնել հայրենալքման, ժողովուրդի աղքատութեան, ընտրական զեղծարարութիւններու, դատական անարդարութիւններու եւ ստուերային տնտեսութեան ազգավնաս երեւոյթներուն, որոնք այսօր անմիջական սպառնալիք են հայրենիքի անվտանգութեան եւ ուշ կամ կանուխ կրնան վերածուիլ գոյութենական վտանգի:
Այսօրուան թշուառ կացութեամբ, հայրենի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը “Ամերիկեան Երազ“ին մէջ կը տեսնէ իր միակ փրկութիւնը, իսկ հարկադրաբար մնացողները` “հաց ու փոր“ի հոգեբանութեամբ եւ առանց “Հայկական Երազ“ի` կը քաշքրտեն իրենց գոյութիւնը:
Այս հարցով, յատուկ յիշատակութեամբ մէջբերելու արժանի է Յ. Պալեանի այն հաստատումը, որ վերջերս ազգային-քննադատական իր մտրակումներէն մէկուն (Ամրապնդում` կախարդական Բառը) մէջ արդարացիօրէն կ՛ըսէ.- “Զարմանալի է, որ հայրենի իշխանութիւնները եւս, նեռարեալ ընդդիմութիւնը իր բոլոր երանգներով, հայրենալքման ահաւոր երեւոյթին նկատմամբ ազգային գաղափարախօսութենէ թելադրուած վերաբերում չունին, դիրքորոշում չունին“:
Ժամանակն է այլեւս, որ Հայաստանի Անարդարութեան ցեցերը անդրադառնան կամ անդրադարձուին, որ իրենց դաժան դանակը հասած է հայրենի մշակ-բանուորի ոսկորին:
Հայաստանի իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան կողքին կայ նաեւ ուրիշ ազգային կառոյց մը, որ չարձագանգեր հայրենի ժողովուրդին կամքը ջլատող ընկերային անարդարութիւններուն: Այդ կառոյցը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն է: Փաստօրէն, Ս. Էջմիածինը ոչ միայն լուռ է Ջաւախքահայութեան ազգային ու ընկերային ցաւերուն դիմաց, այլ նաեւ` անհրաժեշտ ճիգը չէ թափած Վրաստանի իշխանութիւններուն մօտ իրաւական կարգավիճակ ստանալու` իբրեւ Հայ Առաքելական եկեղեցի:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը փոխանակ Սփիւռքի մէջ իր կարգ մը կղերականներու ճամբով հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը խաչաձեւելու` պարտի իր Հայրական Ձայնը բարձրացնել հայրենի մշակ-բանուորի ցած աշխատավարձին կապակցութեամբ եւ կամ` գլուխ ցցել հայկական բանակի ծառայութենէն խուսափելու եւ ուսանողական վկայականներու առեւտուրի ընթացքին տեղի ունեցող կաշառակերութեանց դէմ:
Օրուան հրամայականն է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը վերադառնայ իր Խրիմեանական պատասխանատութիւններուն, այլապէս պիտի շարունակէ մնալ սոսկ ծիսակատարութիւն եւ գիրի` անցնող ու եկող “քաղաքական մաֆիա“ներու:
***
2011ի Յունիսին, Երեւանի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. 31րդ Ընդհանուր Ժողովը “Դէպի Ժողովուրդ“ կարգախօսով` “Մեր դերակատարութիւնը Հայաստանի ազգային ու հասարակական կեաքին մէջ“ գլուխին տակ` առաւ հիմնական որոշումներ, որոնցմէ հոս կ՛արժէ յիշել հետեւեալ երեքը.-
1.- Հասարակական գիտակցութեան մէջ ընդգծել եւ ամրագրել մեր խօսքի եւ քայլերու լիարժէք համապատասխանութիւնը:
2.- Յատուկ ուշադրութիւն դարձնել գիւղա-տնտեսութեան խնդիրներու եւ գիւղացիութեան հոգսերուն: Աշխատանքներ տանիլ տեղերու մէջ գիւղացիութեան շահերու պաշտպանութեան, միութիւններու ձեւաւորման ու քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակներու ստեղծման ուղղութեամբ:
3.- Անհաշտ պայքար ծաւալել ստուերային տնտեսութեան, մենաշնորհներու եւ ազգային հարստութիւնը կողոպտող ուժերուն դէմ քարոզչական, քաղաքական եւ դատական միջոցներով:
Հայաստանի մէջ այսօր, որեւէ ատենէ աւելի, Հ.Յ.Դ. ընկերվարական սկզբունքները իրենց առջեւ ունին այն պարարտ հողը, որուն մէջ այժմէն իսկ անհրաժեշտ է ցանել ժողովրդանպաստ հատիկներ, տնտեսական նո՛ր ռազմավարութեամբ եւ համասփիւռքեան մեր բոլոր ուժերու ամբողջական լարումով:
Նախագահական ընտրութիւններու մեր մասնակցութենէ աւելի առաջնահերթ է հայրենի ժողովուրդին արմատներուն մէջ ներթափանցելու հրամայականը:
121 տարիներ առաջ, հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար ծնած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը` իբրեւ ընկերվարական կազմակերպութիւն` Մայիս 28ով կերտուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի ընթացքին սկսած իր ընկերային արդարութեան պայքարը որոշած է իր լրումին հասցնել:
Եւ վերջապէս, Դաշնակցութեան քայլերգով նուիրականացած այդ պայքարի թոհուբոհին մէջ, հայ ժողովուրդը շահագործող ցեցերը դատապարտուած են անխուսափելի պարտութեան:
Թորոնթօ