Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անպատիժ Մնալուն Պատճառով Մարդկութեան Դէմ Կրկնուող Զանգուածային Ոճիրները, Արցախի Նման՝  «Սովորական» Եղելութեան Վերածուեցան – «ՊԱՔՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԻ ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԵՐԵՒԱՆԻ 1990-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՍԽԱԼԻՆ ԿՐԿՆՈՒԹԵՆԷՆ, ՈՒՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԿՐՑԱՒ ՈՒԺԵՂ ԴԻՐՔԵՐԷ, ԻՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱՐՏԱԴՐԵԼ» (1) – Բ.

2 0
Read Time:6 Minute, 21 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

5 Յունուար 2025

Շար. 2/3

haroutchekijian.wordpress.com

Մեթոտաբանութիւն

          «Այս յօդուածը կ՚ուսումնասիրէ ակադեմական չէզոքութեան գաղափարը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան բնաբանին մէջ: Կ՚ուսումնասիրէ համալսարանական դասաւանդման հնարաւոր ազդեցութիւնը ուսանողներուն վրայ: Քննադատները կը վիճին, որ ակադեմական չէզոքութիւնը մակերեսային է, եւ թէ՝ կողմնակալը մարդի՛կն են։ Յօդուածը նաեւ կ՚ուսումնասիրէ առեւտրականացման ազդեցութիւնը ընկերային գիտութիւններուն վրայ՝ դրամաշնորհներուն grants եւ նուիրատուներուն՝ ակադեմական ազատութիւնները սահմանելու գաղափարական ճնշումներուն հետ: Յօդուածին նպատակն է ապահովել՝ ակադեմական չէզոքութեան եւ անոր հետեւանքներուն համապարփակ վերլուծումը:

«Պաղեստինի եւ Իսրայէլի գիտնականները կ՚առարկեն ակադեմական չէզոքութեան դէմ՝ վիճելով, որ հակամարտութիւնը իբրեւ երկու հակամարտութիւն նկատելը կը քօղարկէ ուժերու տարբերութիւնները եւ կը խոչընդոտէ քննական հարցադրումը, ինչպէս ցոյց կու տայ Անն Տէ Եոնկը (2).

«Իսրայէլը եւ գրաւուած պաղեստինեան տարածքները իբրեւ խաղաղութիւն պահանջող զոյգ (իրարմէ անջատ*) հակամարտութիւն դիտելու ակադեմական մօտելը կողմնակալ է, կը խեղաթիւրէ ուժի կիրարկումը եւ կ՚արդարացնէ բռնութեան փորձը»: Այսինքն՝ նպատակը ո՛չ թէ մի՛այն խաղաղութիւն է, այլ արդարութիւնով, իրաւունքներու վերականգնումո՛վ խաղաղութիւն*:

«Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան վերաբերեալ հետազօտութիւնները յաճախ կ՚ընկալուին իբրեւ չէզոք՝ կեդրոնանալով կացութեան վրայ, այլ ոչ թէ մասնայատուկ տեսակէտի կամ փորձառութեան վրայ: Այս մօտեցումը, որ արմատացած է հակամարտութիւններու մօտելին մէջ, յաջողութեամբ խուսափած է յայտնել իշխանութեան բռնութեան ճնշումները եւ իսրայէլեան հասարակութեան եւ քաղաքականութեան բնոյթի հարցերը:

«Լիզա Թարաքին կը քննադատէ հակամարտութեան Պաղեստին-Իսրայէլ յարաբերութիւնները վերլուծելու օրինակը՝ վիճելով, որ ան կը քօղարկէ ուժերու անհաւասարութիւնը եւ կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը՝ նմանեցնելով զայն խտրականութեան դարաշրջանի հարաւ ափրիկեան հակամարտութեան»: Այսինքն՝ շրջափակուած ու պաշարուած պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ հրասայլերով ու օդանաւերով յարձակումը հաւասար նկատել պաղեստինցիին պարսատիկով քար նետելուն հետ…*

«Բնագիրի վերլուծումը կը բացայայտէ նմանութիւններ Պաղեստին-Իսրայէլ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան ակադեմական չէզոքութեան քննարկումներուն միջեւ, սակայն նաեւ կ՚ընդգծէ հետազօտութիւններուն միտքը, ուր անաչառութեան ձգտումը բարոյականութենէ զուրկ կը դառնայ:

Ատրպէյճանի կողմէ 1992-ի Շահումեանի հայաթափումը ցեղային զտման իրական օրինակ մըն է: Ղարաբաղի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանի 20 հազարէ աւելի հայկական բնակչութիւնը ազերի հալածանքէն փախչելով՝ ստիպողաբար հետիոտն լքեց իր բնակավայրերը՝ կորսնցնելով ամեն ինչ (3): Նոյնպէս՝ Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ այլ շրջաններէն շուրջ 500 հազար հայերու իրենց բնակավայրերէն վտարումը եւ հազարաւոր հայերու սպանդը (4):

«Ռապըրթ Լ. Սայմըն կը վիճի, որ ակադեմական խստութիւնը եւ քննադատական հետաքննութիւնը վճռորոշ են միջազգային հակամարտութիւններուն մէջ նուազագոյն չէզոքութիւն պահելու համար: Մեկնաբանները, յաճախ իրենց ոլորտի մասնագէտներ, հաւասարակշռուած, անաչառ պատկերացումներ կու տան լրատուամիջոցներուն կամ որոշում կայացնողներուն, երբ հանրային շահին կը վերաբերի:

«Չէզոքութիւնը՝ անկողմնակալութիւնը, կ՚առանձնացնէ չէզոք դիտորդները կուսակցական մեկնաբաններէն: Անոնք կը նկատուին իբրեւ անաչառ, առարկայական եւ ազդեցիկ միջազգային կարծիքներու եւ քաղաքականութեան կազմողներ:

«Այս յօդուածը, որ մշակուած է 2021 Յունուարին, աւարտած է 2023-ի սկիզբը եւ ներկայացուած Քոլումպիա համալսարանի ASN գիտաժողովին՝ 2023 մայիսին: Հետազօտութեան օգտագործած հիմնական նիւթը 2020 հոկտեմբերէն մինչեւ 2022 դեկտեմբեր է: Քննադատներ կը վիճին, որ լուսաբանումը լրիւ ընդգրկուն չըլլար առանց ներառնելու հայերուն վտարումը 2023 նոյեմբերին: Սակայն, յօդուածին բնոյթը կը մնայ անփոփոխ, քանի որ բնագիրներուն քննութիւնը պարտադիր չէ, որ հիմնական թէզին վրայ նոր գիտելիքներ աւելցնէ:

«Այս հետազօտութիւնը վերլուծումի համար կ՚օգտագործէ փորձագիտական չէզոք կարծիքներ՝ շնորհիւ անոնց բացայայտող տեսութեանց եւ վաւերականութեան, մերկացնելով գրողին կողմնակալութիւնը, ա՛լ աւելի, քան՝ ակադեմական հրապարակումները, որոնք կրնան մեղմացուած ու «կլորցուած» ըլլալ գործընկերներու կարծիքներուն տեղի տալով:

«Խորհրդատու խմբակները կարծիքներ կը հրապարակեն աւելի լայն ընթերցողներու, յաճախ նիւթը տարածելով հանրութեան՝ առանց հակամարտութեան մասին խոր իմացութեան, եւ նշանակալից կերպով կ՚ազդեն Արեւմտեան քաղաքական ղեկավարութեա՛ն ուղղուած տեղեկութիւններուն վրայ:

«Հոկտեմբեր 2020-էն մինչեւ դեկտեմբեր 2022, eurasia.net, chathamhouse.org, foreignaffairs.com and carnegieeurope. վերլուծական կեդրոններուն կայքերը հետազօտուեցան տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն իրենց ընկալուող չէզոքութեան եւ երկարաժամկէտ ակադեմական մասնագիտացման համար: Զանց առնուեցան այն աշխատանքները, որոնք կը թուէին սատարել մէկ կամ միւս կողմին։

«Աւելի քան 100 յօդուածներէն 22-ը, կը համապատասխանէին վերլուծումի մեր չափանիշներուն: Քիչ բնագիրներ օգտագործուեցան՝ աւելի լայն միտումներ ներկայացնելու համար, քանի որ մանրամասն վերլուծումը կ՚երկարէ գրութիւնը:

«Այս հետազօտութիւնը կ՚օգտագործէ որակական եւ բովանդակային վերլուծումի մեթոտ՝ աշխատանքներու նմոյշները վերլուծելու համար: Կ՚ուսումնասիրէ պատումին կողմնակալութիւնը եւ չէզոքութիւնը, ինչպէս նաեւ բնագիրին լռութիւնները՝ քննելով այս զանցառումներուն պատճառները եւ անոնց ազդեցութիւնը բնագիրին վրայ:

«Բնագիրներուն ի՛նչը ներառուած է:

          «Բրիտանական պահպանողական Chatham House վերլուծական կեդրոնի բնագիրը՝ «Աւելցուած Ատրպէյճա՞ն Ատրպէյճանական հողին վերադարձը», կը ներկայացնէ անհասկնալի տարածաշրջանին ռազմաքաղաքական իրավիճակին հաւասարակշռուած փորձագիտական վերլուծումը։ Բնագիրը կը բացայայտէ «երկուկողմութեան» կաղապար մը, ուր երկու կողմերն ալ կը համադրեն նմանատիպ գործողութիւններ՝ չէզոքութեան հասնելու համար, օրինակ.

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յետպատերազմեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն բեւեռացած մնալ այնպիսի խնդիրներու պատճառով, ինչպիսիք են հայ գերիներու շարունակուող կալանաւորումը ու դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ ականներու պատճառով ատրպէյճանցիներու մշտական զոհերը»:

            «Երկու հեղինակներ նոյնպիսի համեմատութիւն կատարած են, առանց պատշաճ յղումի, եւ գրեթէ բառացի այս համեմատութեան ծագումը կը մնայ առեղծուած. «Ըստ համաձայնութեան Հայաստանը կը պահանջէ ազատ արձակել կալանքի տակ գտնուող 38 ռազմագերի համարուողները, իսկ Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Հայաստանի կորսնցուցած տարածքներուն մէջ ականապատ դիրքերուն մասին տեղեկութիւնը քօղարկելու մէջ» (5)։

            «Հեղինակները կը համեմատեն Ատրպէյճանի  եւ Հայաստանի միջեւ տիրող իրավիճակը՝ կեդրոնանալով Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցի ռազմագերիներու բացակայութեան վրայ։ Անոնք կը վիճին, որ Ատրպէյճանը իրաւունք ունի հայ ռազմագերիները պահելու, մինչ Հայաստանը իրաւունք չունի ականներու քարտէս չտալու։ Այս օրինակը կ՚ընդգծէ դժգոհութիւնները հաւասարակշռելու փորձը, նոյնիսկ եթէ բարոյապէս կասկածելի համեմատութիւն է»: Այսինքն՝ Հայաստանցի գերիները միջոց չունին ազատուելու, մինչ՝ Ազերիները կրնան չերթալ սահմանային շրջաններ, ուր ականներ կրնան ըլլալ: Երկուքը երբե՛ք համեմատելի չեն, անկախ անկէ, որ արդէն համաձայնած էին գերիները փոխանակել, որ Հայաստանը կատարեց եւ նոյնիսկ՝ ոճրագործներ յանձնեց, մինչ Ատրպէյճանը՝ ոչ*:

            «Ժամանակին հողի կորուստի զոհ դարձած Ատրպէյճանը, կարծես, կը կրկնէ նոյն քաղաքականութիւնը 2020-ի իր յաղթանակէն ետք»:

«Հայկական եւ ատրպէյճանական հողի վերատիրանալու գաղափարախօսութիւններու համեմատութիւնը մոլորեցնող է, քանի որ երկու գաղափարախօսութիւններն ալ արտայայտած են հողային պահանջքներ։ Հայկական պահանջը կը կեդրոնանայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վրայ, ներառեալ Շահումեանի շրջանը, մինչդեռ ատրպէյճանական պահանջը կը ձգտի բնաջնջել Հայաստանը իբրեւ պետութիւն կամ զայն վերածել արգելոց բնակեցման վայրի, նման՝ Պաղեստինի Կազա շրջանին:

«ՊԱՔՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԻ ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԵՐԵՒԱՆԻ 1990-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՍԽԱԼԻՆ ԿՐԿՆՈՒԹԵՆԷՆ, ՈՒՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԿՐՑԱՒ ՈՒԺԵՂ ԴԻՐՔԵՐԷ, ԻՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱՐՏԱԴՐԵԼ» (1) կը գրէ Լորընս Պրօէր:

«Հեղինակը ցոյց կու տայ երկու կողմերուն հաւասարակշռող գործողութիւնները՝ նշելով, որ երբ կողմերէն մէկը յաղթէր, կ՚ամրապնդէր իր յաղթանակները։ Այս նման է հայկական տարածքի նկատմամբ ատրպէյճանական ոտնձգութեան, որ Հայաստանը երկու մասի կրնայ բաժնել։ Այսինքն, այնպէս ինչպէս Հայաստանը եօթը շրջանները գրաւած էր (իբրեւ ապահովութեան թափարգել գօտի*), այժմ, Ատրպէյճանը՝  Հայաստանէն շուրջ 215 քառ. քմ. գրաւած է (6): Սակայն տարբերութիւնը ա՛յն է, որ հայկական յաղթանակը Ատրպէյճանի գոյութեան սպառնալիք չէր, մինչ՝ Ատրպէյճանի յաղթանակը Հայաստանի գոյութեան իրական սպառնալիք է: Այս իրավիճակը բացայայտուած չէ, քօղարկուած է եւ ընթերցողին կը մոլորեցնէ:

«Հեղինակը, Լեռնային Ղարաբաղը, ուր հայկական անվիճելի մեծամասնութիւնը կը պահանջէր անջատուիլ Ատրպէյճանէն, կը համեմատէ Զանգեզուր կոչուող անյայտ միաւորի մը հետ: «Զանգեզուրը 19-րդ դարուն ունէր մահմետական մեծամասնութիւն, որ վերածուեցաւ ժողովրդագրական առումով կենսունակ ատրպէյճանական համայնքի»: Կենսունակ բառին գործածութիւնը կը խեղաթիւրէ ժողովրդագրական իրականութիւնը՝ յատուկ բառերու ընտրութեան միջոցով: Ա. Մասին մէջ նշուած վիճակագրական տախտակը ցոյց կու տայ, որ նո՛յնիսկ 1886-ին հայերը 74 տոկոսով մեծամասնութիւն էին նշեալ շրջանին՝ Սիւնիքի մէջ: Հետագային, Խորհրդային վարչակարգը արդէն մահմետական գիւղերուն մեծ մասը Ատրպէյճանին կցած էր:

«Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ փորձագիտական հրապարակումներու վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ չէզոքութիւն կը գործածուի երկու կողմերուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար (ոչ թէ իրականութիւնը բացայայտելու*)՝ մանրակրկիտ կերպով ընտրուած բառերով տեղեկատուութեան միջոցով: Եթէ նոյնանման արարքներ չգտնեն, կրնան  օգտագործել տարբեր գործողութիւններ, կամ բառամթերք՝ քօղարկելով փաստերուն անհամապատասխան ըլլալը, դառնալով չէզոք փորձագէտի բնագիրներու յատկանիշ:

Բնագիրներուն քննութիւնը երեւան կը հանէ, որ հաւասարակշռութեան պահպանումն է գլխաւոր յատկանիշը, որ յաճախ կարելի կը դառնայ, զանց առնելով ընդհանուր բնաբանը: Յաջորդիւ պիտի կեդրոնանանք զանց առնելու հմտութեան վրայ:

 

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

  1. Broers, L. 2021b. Phoney peace fails to break Armenia-Azerbaijan deadlock. Chatham House.

https://www.chathamhouse.org/2021/12/phoney-peace-fails-break-armenia-azerbaijan-deadlock

  1. https://www.tandfonline.com/doi/abs/10.1080/14742837.2012.664901
  2. https://nt.am/am/news/302273/
  3. https://horizonweekly.ca/fr/գանատայի-խորհրդարանին-մէջ-պաքուի-եւ-ս/
  4. de Waal, T. 2021. In the South Caucasus, can new trade routes help overcome a history of conflict?

http://web.archive.org/web/20240911173441/https://carnegieendowment.org/research/2021/12/in-the-south-caucasus-can-new-trade-routes-help-overcome-a-history-of-conflict?lang=en&center=europe

  1. https://en.wikipedia.org/wiki/Armenia%E2%80%93Azerbaijan_border_crisis_(2021%E2%80%93present)

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles