0 0
Read Time:46 Second
Վեհանոյշ Թեքեան
Յունուար 2, 2025
Ամանորը եկաւ, շռայլ մաղթանքներու պահը հասաւ։ Կը մաղթեմ ձեզի կեանքի բարիքներուն լաւագոյննե՛րը։
Աւելի լա՛ւ քան ձեր ակնկալածը։
Գոնէ այս օրերուն, երբ մեր զաւակներուն, թոռներուն հետ կ՚ուրախանանք որ գնաց հինը, եկաւ նորը, անկարելի է չմտածել երեխաներու մասին որոնք անօթի են, լքուած, որբացած, անօթեւան, բռնաբարուած, սահմռկած, հիւանդկախ։ Կեանքին ինչ եղածը չհասկցած՝ անոր ճզմող թաթերուն ենթարկուած։
Աշխարհի մանուկները կենսատու խաղաղութիւն են, որոշ երկիրներու ղեկավարները՝ պատերազմի ճիւաղներ։
Սիրտս կ՚այրի Կազայի հազար-հազարաւոր մանուկներու վրայ բանեցուած խժդուժ ոճիրներէն։ Այլեւս մեր հրճուանքը միականի է. լսողութիւնը՝ բազմապատկուած։ Թող ճզճզալով սատկին մարմինները անոնց որ անմեղ մանուկներու եւ չափահասներու աչքերուն մէջ արհաւիրք եւ ձայնին մէջ ցաւ կը մխրճեն։ Արդարութեան ուրուականը իսկ չկայ։
Սակայն մեր դիմադրականութիւնը փորձէ ու կը պահանջէ ոչ թէ խեղանդամ, այլ՝ առոյգ Արդարութիւն։ Ոչ թէ մեռեալ, այլ՝ կենսաբեր Խաղաղութիւն։
Գիտենք նաեւ որ բառերը վրայ-վրայի դնելով ամրոց չշինուիր։ Բայց գոնէ վկայութիւն է։ Սրտէդ կաթկթող յոյզ ու յոյս է։
Խաղաղութի՜ւն ամենեցուն։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles