Read Time:3 Minute, 24 Second
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Բեթլեհէմի դաշտերուն մէջ գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն ընող հովիւներուն՝ Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ եւ յայտարարեց. «Ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղուկ. 2.10):
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը աւետիս մըն էր որ տիեզերական տարողութիւն ունէր, եւ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէր համայն մարդկութեան: Ինչո՞ւ: Քանի որ Բեթլեհէմի, Դաւիթի քաղաքին, մէջ ծնող Մանկիկը՝ «Փրկիչ եւ Օծեալ Տէր», յոյս եւ լոյս, սէր եւ խաղաղութիւն բերող Մեսիան պիտի ըլլար: Անոր համար է, որ Ծնունդի հոգին յոյսի, խաղաղութեան եւ սիրոյ հոգին է, որ Յիսուս բերաւ մարդոց:
Նախ, Ծնունդի հոգին յոյսի հոգին է: Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդէն դարեր առաջ, Եբրայեցի անուանի մարգարէները յայտարարեցին Մեսիային գալուստը: Եսայի Մարգարէն նախքան Քրիստոս ութերորդ դարուն այսպէս կը մարգարէանար. «Խաւարի մէջ քալող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան շուքի երկիրը բնակողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» (Եսայի 9.2): Իրեն ժամանակակից Միքիա մարգարէն կը գրէր. «Իսկ դո՛ւն Բեթլեհէմ Եփրաթա, թէպէտ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ փոքր ես, Քեզմէ՛ պիտի ելլէ ինծի համար Ա՛ն, որ Իսրայէլի վրայ կառավարիչ պիտի ըլլայ» (Միքիա 5.2):
Բայց յոյսի եւ ակնկալութեան այդ հոգին վերապահուած չէր միայն հրեայ ժողովուրդին: Դարեր ետք, իմաստուն Մոգերը նոյնպէս այդ յոյսով տոգորուեցան երբ արեւելքի մէջ տեսան անոր աստղը եւ հետեւեցան անոր մինչեւ գտան նորածին Արքան, որ պիտի դառնար մադկութեան լոյսն ու յոյսը:
Lոյսը խաւարը լուսաւորելու համար է: Խաւարին մէջ մահ կը տիրէ, իսկ լոյսին մէջ՝ կեանք: Այդ պատճառով էր որ Աւետարանիչը կը վկայէր. «Կեանքը Անով էր եւ կեանքը մարդոց լոյսն էր»: Իսկ լոյսով լուսաւորուած մադոց, իր ճշմարիտ հետեւորդներուն, Յիսուս ըսաւ. «Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը … ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքի մէջ է» (Մատթ. 5. 13, 16):
Ծնունդի հոգին կը մղէ մեզ Քրիստոսի վկաներն ու դեսպանները ըլլալու եւ յոյս ներշնչելու հո՛ն ուր յուսահատութիւն կը տիրէ, լոյս ըլլալու կեանքի մութ բաւիղներու մէջ խարխափողներուն՝ առաջնորդելով զանոնք դէպի Lուսոյ Աղբիւրին:
Երկրորդ, Ծնունդի հոգին խաղաղութեան հոգին է: Քրիստոսի Ծնունդը մարգարէացող տեսանողները դարեր առաջ գալիք Մեսիան անուանեցին «Խաղաղութեան Իշխան» (Եսայի 9.6), «Խաղաղութիւն բերող Առաջնորդ» (Միք. 5.5): Իսկ իր Ծնունդը աւետող հրեշտակներու խումբը այսպէս կ’օրհնաբանէր զԱստուած— «Երկինքի բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց մէջ բարեացակամութիւն» (Ղուկաս 2.14):
Հարց կրնայ տրուիլ սակայն թէ ո՞ւր է Անոր բերած խաղաղութիւնը կամ մարդոց մէջ եղած բարեացակամութիւնը: Խաղաղութիւնն ու բարեացակամութիւնը արտաքուստ պարտադրուած իրականութիւններ չեն, բռնի կերպով չեն տրուիր: Անոնք աստուածային պարգեւներ են, որ սիրով կ’ընդունուին: Երբ մարդիկ «խաղաղութեան Իշխան»ին գերիշխանութիւնը կ’ընդունին, Աստուծոյ արքայութեան հպատակ կը դառնան, եւ զԱյն իրենց կեանքին Տէր ու Առաջնորդ կը դաւանին, այն ատեն իրենց սրտին ու կեանքին մէջ կը գտնեն ճշմարիտ խաղաղութիւն եւ միանգամայն իրենց նմաններուն հանդէպ կը տածեն իրական բարեացակամութիւն:
Արդ, աստուածատուր խաղաղութիւնը կախեալ չէ կեանքի պայմաններէն, մարդոց շրջապատէն, կամ աշխարհի վիճակէն: Հեղ մը որ Խաղաղութեան Իշխանը կը գահակալէ մարդոց կեանքերուն մէջ, այլեւս մարդիկ կը ճանչնան զԱստուած իբրեւ իրենց Երկնաւոր Հայրը եւ Անոր միւս զաւակները իբրեւ եղբայրներ ու քոյրեր, յայնժամ կը տիրէ «յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն»:
Երրորդ, Ծնունդի հոգին սիրոյ հոգին է: Բեթլեհէմ աւանի մէջ ծնող Մանուկն է «Մարմնացած Բանը», որ այնչափ սիրեց մարդիկ, որ յօժարեցաւ իր երկնային փառքն ու արքայական գահը ձգել եւ աշխարհ գալ մեղքի տիղմին մէջ թաղուած մարդկութիւնը փրկելու. անոնց մեղաց կապերը քակելու, ինկածները վերցնելու, հիւանդները բժշկելու. մարդիկ երկնային շնորհներով օժտելու եւ զանոնք իր փառքին մասնակից դարձնելու:
«Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ» կ’ըսէ Աւետարանիչը, որպէս զի մեղաւոր մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ, երկինքի եւ երկրի միջեւ հաղորդակցութեան կտրուած կապը վերահաստատէ:
Այս ամէնուն ետին կեցող մղիչ ոյժը աստուածային սէրն էր—անշահախնդիր, անձնուրաց, անսասան սէրը: Աստուած՝ Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսի միջոցով Իր ամբողջութիւնը տուաւ մարդոց: Ան որ հարուստ էր Ինքզինք աղքատացուց՝ մեզ հարստացնելու համար:
Իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ, մեր կոչումն է պատգամելու Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը ամէնուն: Իբրեւ քրիստոնեաներ մեր կոչումն է Քրիստոսի յուսոյ, սիրոյ, փրկութեան եւ խաղաղութեան աւետիսը շեփորելու, եւ Ծնունդի հոգին ապրելու եւ տարածելու:
Վսեմ իմաստով մը Յիսուս Քրիստոսի առաքելութիւնը նաեւ մե՛ր առաքելութիւնն է: Մեր կոչումն է քաջալերել մարդիկ որ ընդունին Աստուծոյ շնորհած ձրի փրկութիւնը, պաշտպանելու արդարութիւնը, կարեկցելու զրկուածներուն, հոգատարելու որբերը, կերակրելու անօթիները, վերցնելու ինկածները. բանիւ, գործով եւ կեանքի եւ կենցաղի վկայութեամբ աւետաբերներն ու բանբերները դառնալու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի:
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս»: