Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2024-Յունուար 2025
Նախորդ սիւնակով, փորձեցինք լուսարձակի տակ բերել Արցախի հարցին վերաբերեալ կարգ մը «անհասկնալի» թուացող իրականութիւններ, իբրեւ հետեւանք՝ սուտ տեղեկութիւններու եւ խեղաթիւրող քարոզչութեան: Բնականաբար կարելի էր բազում այլ իրականութիւններ, ՊԱՏՄԱԿԱՆ եւ փաստագրուած իրականութիւններ յիշատակել, սակայն բաւականացանք այդքանով եւ ըսել՝ «հասկցողին՝ շատ բարեւ»:
Հիմա, մեզ նոր տարի փոխադրող շոգեկառքին հետ հասնինք Հայաստան, եւ մի՛շտ նոյն հայելիին դիմաց առանձին նստելով, առանց իշխանաւորներու եւ այլոց միջամտութիւններուն՝ փորձենք քանի մը էական հարցում դնել մայր հայրենիքին պատահածներուն եւ անոր սպառնացող վտանգներուն մասին, մի՛շտ կրկնելով հարցումը. այս իրականութիւնները տեսնելն ու հետեւութիւններ հանելը արդեօք իսկապէս դժուա՞ր է ոեւէ խելամիտ հայու, մինչեւ իսկ իշխանաւորներէն շահ ունեցողներու-ակնկալողներու համար, եթէ նմաններու մէջ կայ ազգ ու հայրենիքի տէր ըլլալու կաթիլ մը գիտակցութիւն:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ կալուածը առաջնայինն է, ունի իր բաղադրիչները՝ բանակ, սահմաններու ապահովութիւն, ծայրամասերու պահպանում, ներքին կայունութիւն եւ այլն: Կանգ առնենք մէկ քանիին առջեւ:
44-օրեայ պատերազմը, դժուար չէ հասկնալ՝ որ ահաւոր հարուած տուաւ մեր բանակին (զոհ, վիրաւոր, զինապահեստի կորուստ…), սակայն անկէ ասդին, ո՛չ բանակի ֆիզիքական վերականգնումը (համալրում, զինուորական ծառայութեան պահանջուած դրութիւն, վերազինում եւ այլն), ո՛չ ալ զայն ամրապնդող՝ քաղաքական ենթահողը լաւ ընթացքի մէջ են: Այս տողերը չենք արձանագրե՝ որոշ դրական քայլեր անտեսելու կամ արհամարհելու մօտեցումով (նոյնը՝ այլ գետիններու վրայ), սակայն պէտք չէ դժուարութիւն ունենալ, տեսնելու՝ որ մեր բանակը եւ ընդհանրապէս հայրենիքի պաշտպանութեան բազուկը չեն այն, որ էին Արցախեան Ազատամարտի առաջին փուրլերէն սկսեալ եւ յաջորդող տասնամեակներուն, մինչեւ Ապրիլեան Պատերազմ, մինչե՛ւ իսկ Տաւուշի ճակատումները (44-օրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ): Բանակի զինումը դարձած է քարոզչութեան նիւթ, սահմանային դիրքերու ամրացումը՝ խնդրական եւ առաւելաբար նահանջողական, իսկ հոս-հոն արձանագրուած ցաւալի դէպքերը (զօրակայանի մը մէջ հրդեհը եւ քննութիւններուն ձգձգումը, անձնասպանութիւններ…), երիտասարդը բանակ ներգրաւելու դաստիարակիչ գործի բացակայութիւնը, բանակի դերին արժեզրկումը («Մեր տղաքը անիմաստ կերպով զոհուեցան»-ներ, հետեւաբար՝ «մեր տղան ինչո՞ւ պէտք է բանակ երթայ եւ անիմաստ կերպով զոհ երթայ»ի հոգեվիճակի տարածում, բանակային ծառայութենէ խուսափելու հնարքներու տարածում…) եւ նման իրականութիւններ ինքնաբերաբար բանակը կը դնեն այն ուղիին մէջ, որ… թրքահաճոյ է: Այս իրականութիւնները տեսնելով, դժուա՞ր է հասկնալ, թէ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ինչո՛ւ Հայաստանէն կը պահանջեն զինաթափուիլ (երէկ պահանջեցին Արցախի զինաթափումը եւ իրենց նպատակին հասան Երեւանի իշխանաւոր հայանուններու ձեռքերով):
Դժուա՞ր է տեսնել, որ սահմաններու պաշտպանութիւնը բանակէն՝ սահմանապահներու փոխանցումով, հայրենքի հզօր բազուկին կը զլացուի իր ամէնէն էական պարտականութիւնը: Դժուա՞ր է տեսնել, որ սահմանամերձ այս կամ այն հողամասը բազկի ուժով չպաշտպանելու «քաղաքականութիւն»ը ինչպէ՜ս կը յարմարի թշնամիի՛ն պահանջներուն եւ ծրագիրներուն:
Եւ սա արդէն մեզ կը հասցնէ յարակից նիւթի մը՝ իշխանութեան ղեկին նստածներուն կողմէ հողերու մաս առ մաս զիջումին, Ատրպէյճանի նուիրելուն, այդ գետնի վրայ եւս ազերիական (եւ թրքական) ծրագիրներու գործակատարը դառնալու «հերոսութեան»: Փաստ է, որ եթէ Արցախի կորուստը (կամ Ատրպէյճանին նուէր տալը) այս իշխանաւորներուն «ծառայասիրութեան» ցարդ ամէնէն ցնցիչ արարքն էր, նոյն այս իշխանաւորներուն «սխրանքներուն» արտայայտութիւնները եղան Սեւ լիճի, Սիւնիքի (Գորիս-Կապան ճամբուն մէկ հատուածն ու սակմանային հողեր), Ջերմուկի բարձունքներուն եւ Տաւուշի ԱՆՎԻՃԵԼԻՕՐԷՆ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ տարածքներուն իրական եւ իրողական զիջումը (Հայելին պէտք է յիշեցնէ՝ «Կ’արժէ՞ անոնց համար պատերազմի մտնել…» յոխորտանքը):
Տաւուշի մէջ, հրապարակ նետուեցաւ նոր այլանդակութիւն մը՝ սահմանազատում եւ սահմանագծում անունով. եթէ միւս շրջաններուն մէջ կէս-բերան կ’ըսեն, որ ազերիական բանակները գրաւած են Հայաստանի պատկանող հողեր, Տաւուշը «նոր դարաշրջան» մը բացաւ՝ զիջողականութեան վրայ պաշտօնական մը կնիք աւելցնելով: Սահմանազատման համաձայնագիրով է որ Հայաստանի պատկանող հողեր յանձնուեցան Ազրպէյճանի: Եւ հիմա, դժուա՞ր է տեսնել եւ հասկնալ, որ Ազրպէյճան նոյնինքն Հայաստանէն արդէն խլած է շուրջ 250 քառ. քլմ. տարածութիւն (լաւ հաշիւ գիտցողը թող ստուգէ, թէ սա քանի՞-պատիկն է Ապրիլեան պատերազմին՝ Արցախէն կորսուած շուրջ 400 հեքթար հողաշերտին), իսկ ռազմագէտներու եւ աշխարհագրագէտներու դատումով, ազերիական վերահսկողութիւն հաստատուած է Հայաստանի սահմանային աւելի քան հազար քառ. քլմ. տարածութեամբ հողերու վրայ, ըստ էութեան՝ ռազմագիտական-պաշտպանական նշանակութիւն ունեցող բարձունքներ:
Այնպէս կ’երեւի, որ այս բոլորը միայն սկիզբն են Հայաստանի երկունքներուն: Փասատօրէն, դժուա՞ր է տեսնել ու վերծանել յառաջիկայ ծրագիրները (մի՛շտ թուրք-ազերիական, եւ մի՛շտ Երեւանի իշխանաւորներու կամակատարութեամբ), սկսելով Տիգրանաշէնէն ու սահմանային այլ գիւղերէ (որոնց ազերիական անունները արդէն իսկ որդեգրած է իշխանապետը), մինչեւ ամբողջ Սիւնիքը: Դժուա՞ր է լսել ամէն օր Անգարայէն ու Պաքուէն – նաեւ անոնց շահակիցներէն – հնչող՝ «Զանգեզուրի Միջանցք» եւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» բառերը: Պահ մը մտծենք, որ Երեւանի իշխանաւորները ոգի ի բռին կը փորձեն լաւ ծրագիր մը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» մը մատուցել աշխարհին: Իրական գետնի վրայ, աղաղակող են աննպաստ բացագանչութիւնները. Ատրպէյճան «Արեւմտեան»ով ի մտի չունի լոկ Սիւնիքը, այլ աչքերը սեւեռած է Հայաստանի ամբողջ (գէթ մեծագոյն) տարածքին: Եւ ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել եւ հասկնալ՝ մտացածին թիւով՝ 300 հազար ազերիներու Հայաստան «վերադարձ»-ի պահանջին նպատակը: Այդ պահանջին յետին նպատակը հասկնալը այնքան դժուար չէ, որքան այն կրաւորականութիւնն ու անտարբերութիւնը (թերեւս նաեւ լուռ հրճուանքը), որ կը ցուցաբերուի Երեւանի իշխանաւորներուն մօտ: Հակադարձութիւնները՝ բացարձակ մերժում եւ յերիւրանքներու հերքում չեն, այլ կ’արտայայտեն «Չեմ ուզեր, բայց գրպանս դիր»-ի տրամադրութիւն: Ո՛չ մէկ ազդու խօսք՝ արցախցիներու իրենց տունն ու պատմական հայրենիքը վերադառնալու, ինքնորոշման եւ նման իրաւունքներու մասին, մոռցուած են ատրպէյճանական այլ շրջաններէ բռնագաղթուած հայերը (Պաքու, Սումկայիթ, Գանձակ եւ այլն):
Եթէ այս ու նման հարցումներով ինքզինք յուզող, մտածող եւ կշռադատող հայը սկսի ստոյգ պատասխաններ գտնել, արդէն ինքզինք լծած կ’ըլլայ, առանց ոեւէ մէկուն միջամտութեան կամ ազդեցութեան՝ ճշմարտութիւներուն ծալքերը անձա՛մբ բանալու առաքելութեան, այսինքն՝ կը բարելաւէ այս իշխանախումբին կործանարար քայլերը դժուարութեամբ տեսնելու կարողութիւնը: Երբեմն հայելիին դիմաց առանձին նստիլն ու իրականութիւնները տեսնելու ճիգ ընելը որքա՜ն օգտակար է…
Քանի կը խօսինք ապահովութեան դաշտին մասին, անաչառ դիտողը պէտք չէ դժուարութիւն ունենայ տեսնելու, որ ներքին ապահովութեան ուժերը ինչպիսի՛ դերակատարութեան բերուած են վերջին տարիներուն, միյան իշխանաւորներու իրողական թիկնապահը ըլլալլու դերին կողքին, դարձած են ցուցարարներ հետապնդող, ծեծող եւ անոնց վրայ ռումբ նետող ձեռքեր: Հապա նահատակներու ծնողներուն հանդէպ խժդուժ արարքնե՞րը.. Այս բոլորը տեսնելը եւ հասկնալը ի՞սկապէս դժուար է:
ԱՅԼ ԾԱԼՔԵՐ
Բանանք նաեւ քանի մը այլ ծալք եւ անոնց վրայէն անցնինք շատ աւելի հպանցիկ ակնարկով:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆը, որուն անունով երդում կու տան իշխանաւորները, ամէն օր որ հազար ձեւով կը խողխողուի մեր հայրենիքին մէջ: Թուենք քանի մը աղաղակող փաստ:
- Ոստիկանութիւնը, նշեցինք արդէն, դարձած է ընդդիմադիր եւ այլախոհ իրատեսներուն գլխուն «շողշողացող սուր»: Բողոքի ցոյցերու մասնակիցներ, մինչեւ իսկ նահատակներու ընտանիքները յաճախ կը կրեն այդ սուրին վէրքերը:
- Տեղական ընտրութիւնները դարձած են ծաղր ու ծանակ: Եթէ ընդդիմադիր մը տեղ մը ընտրութիւն շահի, ասելի ու նորահնար խաղերով՝ իշխանախումբը չեղեալ կը հռչակէ արդիւնքը, ընտրեալը կրնայ մինչեւ իսկ երկար ատեն բանտ տարուիլ (նման «հոգածութիւն» կը վայելեն նաեւ ընդդիմադիր դէմքեր), յետոյ կը փաստուի, որ անոնք յանցանք չեն գործած, կրնան ազատ արձակուիլ կամ տնային կալանքի տակ առնուիլ, կը սարքուին ընտրութիւնները խեղաթիւրող (իբրեւ թէ արեւմուտքէն ներածուած) նոր ձեւեր, ու քաղաքապետ կը դառնայ իշխանախումբին համակիր-անդամ մը, որ շուտով կը ստանայ կուսակցական տոմս (ոմանք երանի՜ կու տան… համայնավարներու օրերուն):
- «ՔՊ-ական ժողովրդավարութեան» օրինակներ են – եւ դժուար պէտք չէ ըլլալ սա տեսնել – խորհրդարանական (եւ յանձնաժողովներու) նիստերը, դատական համակարգի գործունէութիւնը (երբ դատաւոր մը իշխանաւորին աչքին անբաղձալի վճիռ արձակէ, կրնայ հեռացուիլ աթոռէն): Այս «ժողովրդավարութեան» պտուղները կը համտեսեն մինչեւ իսկ ՔՊ-ապետին հետ քալողները (շատեր արդէն հեռացած են եւ կոկորդ կը պատռեն, որպէսզի հասկնալու դժուարութիւն ունեցողները իրենց ուղեղները դուրս բերեն ՔՊ-ի լուացքի մեքենայէն), կուսակիցներ: Մոռցուած է, թէ ժողովրդավարութեան մէջ կայ իշխանութեան երեք թեւերու անջատման եւ փող-հակակշռումի հասկացութիւն մը. Հայաստանի իշխանութիւնը վերածուած է իրողական մենատիրութեան (բռնատիրութիւնը ծա՞նր որակում է…):
- Նոյն «ժողովրդավարութեան» անունով, եւ իշխանախումբին ուղղակի հովանաւորութեամբ, հրապարակ կը բերուին շինծու ընդդիմադիր խմբակներ, որոնք ըստ էութեան՝ կը լծուին իշխանախումբին ի նպաստ քարոզչութեան, յուսալով, որ ապագային, իրենց ալ ուսապարկային դերեր բաշխուին խորհրդարանին մէջ կամ այլուր:
- Ժողովրդավարութիւնը նոր դիմագիծ կը զգենու՝ դէպի Արեւմուտք վազելու եւ արեւմտեան ամէնէն այլանդակ «բարեկարգումներ»ը որդեգրելու քայլերուն ճամբով: Առանց երկար մանրամասնելու, հոս արձանագրենք, որ (եւ սա ժողովրդավարութեան հասկացութեան հետ ուղղակի կապ չունի, այլ դիւանագիտական կալուած կը մտնենք արդէն) այդ «արեւելումները» կը կատարուին ի վնաս բարեկամներու եւ դաշնակիցներու հետ կապերու ու գործակցութեան: (չմտնենք այս անունով «Եւրոպա պիտի մտնենք»ի կամ նման առաջադրանքներու մանրամասնութիւններուն մէջ: Միայն հարց տանք. ո՞վ դէմ է նման ընթացքի, եթէ բանականութիւնն ու հիմնաւորեալ ձեւերը ըլլան գերիշխող):
- Այս ծիրին մէջ, պէտք չէ անտեսել չարաշահութեան եւ նման աճպարարութիւններու այլ փաստ մը, որ աղաղակող է: Իշխանութիւնը ինքզինք հռչակած է անառարկելի, միակ ճշմարիտը, «ընտրեալ մանտաթաւոր»ը, խումբ՝ որ ուզածը կ’ընէ, իրաւունք ունի ամէն բան ընելու, մինչեւ իսկ Արցախ եւ հայրենիք ծախելու, եւ իր քարոզչութեան թակարդին մէջ պատանդ առած է համակիրներ, չէզոքներ ու մինչեւ իսկ սփիւռքցի դժուար հասկցողներ: Մինչդեռ եթէ մեր աչքերը ուղղենք դէպի ժամանակակից աշխարհի մօտակայ ու հեռաւոր շրջաններ, դժուար չէ տեսնել, որ երէկ ընտրուած եւ ժողովուրդին վստահութիւնը շահած վարչախումբ մը, սխալ ու ձախաւեր կիրարկումներու հետեւանքով (Ֆրանսա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Քորէա, Պանկլատէշ, ափրիկեան եւ հարաւ-ամերիկեան երկիրներ…) վստահութիւն կը կորսնցնէ, կը տապալի, իշխանութենէ կը հեռացուի, իշխանաւորներու դէմ մինչեւ իսկ մահապատիժ կը պահանջուի: Իսկ մեր միտքը խճողող օրինակներուն մէջ չկայ մէկը, որ հայրենիքէն հող նուիրած է թշնամիին…
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ըսուածն ալ «նորարարութիւններու» խաղալիք կը դառնայ, եւ ոեւէ մէկը պէտք չէ դժուարութիւն ունենայ տեսնելու՝ որ Հայաստանի յարաբերութիւններն ու կապերը նոյնքան քանդուած են բարեկամին ու չէզոքին հետ, որքան միւս կալուածները: Իսկ եթէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճաի հետ բարեկամութիւն խաղալը դիւանագիտական նուաճում կը սեպուի, մնացեալը շա՜տ աւելի դիւրին հասկնալի պէտք է ըլլայ: Փաստօրէն, Հայաստան վանած է Մինսքի խումբը (որուն մօտալուտ լուծարքը «կ’աւետեն» աջէն ու ձախէն), իր իսկ հրաւէրով Հայաստան եկած եւրոպացի դէտերը (որոնց զբօսաշրջիկ եւ այլոց գործակատարը ըլլալը փաստուած է) եւս կրնան շուտով գահազուրկ ըլլալ եւ փոխարինուիլ… թուրք-ազերիներով, իբրեւ նախաքայլ՝ այլ թափանցումներու (ազերիներու Հայաստան «վերադարձի» ծրագիրներուն անդրադարձանք արդէն): Իսկ թէ ինչո՞վ կը «լեցուի» իրերայաջորդ խզումներով ստեղծուած պարապութիւնը՝ տեսանելի չէ, իշխանաւորները հաւանաբար ի մտի ունին… օդը, որ տեսանելի չէ: Իսկապէ՛ս, դժուա՞ր է տեսնել, որ Արցախի նշացողը իջեցնել-իջեցնելէ ետք, զայն այրել-փոշիացնելէ ետք («մենք զերռոյական կէտէ կը սկսինք բանակցութիւնները…»), հիմա արդէն կարգը հասած է Հայաստանի նշացողին, նշացողերո՛ւն, որոնք պտոյտի ելած են սահմանագիծերէն մինչեւ ներքին տարածքներ, Երեւանի նշացողն իսկ կրնայ մտնել կիսատ-պռատ նորոգուող ճամբաներու կուպրին տակ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ եւ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ եղծանումը առանձին կալուած է, եւ հոն ալ, ամէ՛ն բանէ աւելի՝ բարձր կը հնչեն Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն եկած ազդարարութիւններուն արձագանգները: Բաւականանանք արագ թւումով: Պատմութեան նենգափոխումը կը կատարուի հայանուններու ձեռքով, նմանապէս՝ ազգային աւանդներուն ու հետեւաբար՝ գլխագիր Մշակոյթին աղաւաղումը, արմատախլումը յառաջ կ’ընթանայ օր ցերեկով: Արարատը՝ Արագածին, Հայոց Պատմութիւնը՝ Հայաստանի պատմութեան շինծու «մրցակից» հանելը, Սահմանադրութեան ու Ազգային Քայլերգի (օրհներգ) վերախմբագրումի փորձերը մաս կը կազմեն թրքահաճոյ, այսինքն՝ Թուրքիոյ պարտադրած նահանջներուն: Անոնք մաս կը կազմեն Ալիեւի ցանկագրած պահանջներուն եւ նախապայմաններուն. Եթէ ասիկա չհասկցող կայ, Ալիեւը յանցաւոր չէ: Իսկ այդ պահանջներուն հրապարակումին զուգահեռ՝ ՔՊ-ականներու եւ անոնց պետին նոյնիմաստ ծրագիրներու հռչակումը՝ նմանապէս չի կարօտիր խոր իմացութեան. Հասկնալը շա՜տ դիւրին է: Այլանդակ դասագիրքերու որդեգրումը, ուսումնական ծրագիրներու մէջ հայագիտական նիւթերու իբրեւ թէ արդիականացոմը եւ մասամբ նորին՝ Հայաստանն ու Հայը կ’առաջնորդեն դէպի «նոր հ-ա-յ-ու» տիպարի մը, որմէ կարճ ատեն ետք կրնայ մնալ միայն… ա՜ բացագանչութիւնը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱ՞Կ եւ յարակից հարցե՞ր: Արդէն հասանք ամէնէն հասկնալի եւ ԶԳԱԼԻ կալուած, որովհետեւ պարզ քաղաքացին (բացի իշխանութեան հոգատարութիւնը վայելող եւ չարաշահութիւնը, փտածութիւնը նոր բարձունքներու հասցնող ընտրանիէ մը) ամէն օր կը տեսնէ, կը զգայ եւ կ’ապրի տագնապին ահագնութիւնը: Երկրագործութեան եւ պտղամշակութեան կալուածները տարբեր տեսակի հարուածներ կրած են եւ «ձերբազատած»՝ պետական հոգածութենէ: Ապրուստի սղութիւնը դարձեալ լուսարձակի տակ եկաւ ամանորի շրջանին, փոխադրամիջոցներու սակագիներուն բարձրացումը, Երեւանի մէջ կանգառներու «առեղծուած»ն ու ճամբաներու խճողումները եւ նման «պայթումներ» խլացուցին աւելի հին ու յարակից տագնապներ: Այսօր ո՞վ կը յիշէ առեւտրական կեդրոնի մը պայթումն ու զոհերը, քննութիւններուն անհետեւանք մնալը: Ո՞վ կը խօսի բնական աղէտի հետեւանքով վնասուածներուն մասին: Որո՞ւ հոգը, թէ զանգուածներ ապրուստի տարրական կարիքներու ճնշումին տակ են, իսկ անդին, իշխանախումբը եւ հովանաւորները բազմապիսի պերճանքներ կը վայելեն: Այս բոլորը բաց աչքերով տեսնողին՝ դժուա՞ր է հասկնալ, թէ այս խումբը… կը գերակատարէ համայնավար իշխանութիւններու տարիներու մենաշնորհներն ու պաշտօնական կողոպուտը, քաղաքացիէն բան մը աւելի՛ փրցնելու տենդը, պետական պարտքերը ուռճացնելու եւ անկէ մաս մը պարգեւավճարներու գանձնակը նետելու «տնտեսագիտութիւնը» (պետական պարքը անցած է 12 միլիառ տոլարի սահմանը, նոր պարտքեր պիտի կուտակուին շուտով): Ալ ի՜նչ խօսք՝ երկրի արտադրողականութեան, այլոց հետ առեւտուրի հսկայական նահանջին եւ ստեղծուած բացները «հարկ վճարող հերոս ժողովուրդ»ին գրպանէն հանելու մրցավազքին մասին: Կարել ի շարունակել «Զո՞րն ասեմ, զո՞րն խոստովանիմ»ով եւ օգտագործել իշխանապետին մէկ սիրած բառը. այս բոլորը… աննախընթաց են:
Մեր մատնանշած իրականութիւնները, երկիրը վնասներու եւ կորուստէ-կորուստ տանող վարչախումբին համբակութիւնները տեսնելը դժուա՞ր է. կը կարծենք թէ ո՛չ, այլ կը բաւէ, որ մէկը անկեղծ ըլլայ նա՛խ ինքն իրեն հետ, ինքզինք ազատագրէ սուտերու եւ կեղծիքներու ազդեցութիւններէն, առանց անպայման ընդդիմադիրերուն ըսածը լսելու՝ միայն ու միայն իր դատողութեան ու գիտելիքներուն վստահի եւ հայելիին դիմաց նստած՝ մտածէ, ապա գործի անցնի եւ տեսնէ ու հասկնայ շատ կարեւոր բան մը՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է կասեցնել անկումը, լծուիլ բարեշրջման ԳՈՐԾԻՆ, մանաւանդ տեսնել, որ տօնածառի լոյսերէն անդին, ինչպիսի՜ մթագնած բաւիղներ լուսաւորութեան կը սպասեն:
Այդ մասին ալ՝ յաջորդիւ: