Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անպատիժ Մնալուն Պատճառով Մարդկութեան Դէմ Կրկնուող Զանգուածային Ոճիրները, Արցախի Նման՝  «Սովորական» Եղելութեան Վերածուեցան, Վերջինը՝ Իսրայէլի Կողմէ Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ, Աշխարհին Առջեւ Շարունակուող Ցեղասպանութիւններն Են – Ա.

2 0
Read Time:6 Minute, 14 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

30 Դեկտեմբեր 2024

Շար. 1

haroutchekijian.wordpress.com

Կեղծ հաւասարակշռութիւնը, որ «երկուկողմութիւն» bothsidesism կը կոչենք, իրականութեան մէջ լրատուական կողմնակալութիւն է, երբ լրագրողները խնդիրը կը ներկայացնեն իբրեւ թէ հակադիր տեսակէտներու միջեւ «հաւասարակշռութիւն» (1), որ համատարած աղէտ է:

Արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւն՝ Ցեղասպանութիւն: Ընտանիքի մայր մը իր փոքրերուն հետ հետիոտն կը փախչի իր հազարաւոր տարիներու բնակավայրէն՝ դէպի անորոշութիւն:

 

«Հակամարտութիւնը բնական նկատելը – ծածկե՞լ Ցեղասպանութիւնը: Փորձագիտական չէզոքութիւնը Հայ Ատրպէյճանական հակամարտութեան մէջ» Normalizing conflict – concealing genocide? Expert neutrality in the Armenian Azerbaijani conflict (2): Այս է հայազգի դոկտ. Արսէն Սափարովի Arsene Saparov 18 Սեպտեմբեր 2023-ի յօդուածը, որ 19 Յուլիս 2024-ին լոյս տեսաւ բրիտանական Ռութլէճի՝ Routledge «Հարաւարեւելեան Եւրոպայի եւ Սեւ ծովու ուսումնասիրութիւններ» քառամսեային մէջ, Southeast European and Black Sea Studies:

Ան հեղինակն է 16 այլ ուսումնասիրութիւններու (3): Տես նաեւ «Հորիզոն»-ի մէջ Սափարովի «Վերաբանակցիլ թոյլատրելիին սահմաններուն շուրջ. ազգայնական զարթօնքը խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ Մոսկուայի պատասխանը» (4): Յօդուածը ներկայացուած է Քոլումպիա համալսարանի Մայիս 2023-ի հռչակաւոր ASN գիտաժողովին: Այս յօդուածը գրուած է արցախահայութեան 24 Սեպտեմբերէն 3 Հոկտեմբեր 2023, բռնի տեղահանութենէն՝ ցեղասպանութենէն առաջ, սակայն Սափարով կը նշէ, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ յօդուածին միտք բանին նոյնը կը մնայ:

Ստորեւ պիտի փորձեմ երեք, կամ՝ չորս մասով, անգլերէնէ ամփոփել 22 էջ յօդուածը, ակամայ զանց առնելով կարեւոր մանրամասնութիւններ, որուն բնագիրը կ՚արժէ լրիւ ընթերցել.

«Հրատարակիչին կողմէ ամփոփումը

«Յօդուածը կ՚ուսումնասիրէ փորձագէտներուն չէզոքութեան ըմբռնումը, օրինակ ունենալով Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Մասնագիտական հրատարակութիւնները հետեւեալ մեթոտով կ՚ուսումնասիրուին. առաջին, նախ՝ կը քննուի բնագիրին մէջի տեղեկութիւնը՝ ըսուածները. երկրորդ՝ նկատի կ՚առնուին բնագիրին մէջի լռութիւնները՝ չըսուածները։ Շատ պարագաներու, մասնագէտները կ՚ապաւինին երկու կողմերուն միջեւ բաղդատականներուն, որոնք կը թուին հաւասարակշռած պատկեր ներկայացնել:
«Երկու տեսակ լռութիւններ բացայայտուեցան. փորձագէտները
սովորաբար միշտ կ՚անտեսեն բնագիրին ընդհանուր պատկերը, քանի որ կրնայ խանգարել իրենց վերլուծումին հաւասարակշռութիւնը: Երկրորդ՝ փորձագիտական վերլուծումը կը խուսափի նկատի առնել այն փաստերը, որոնք չեն համապատասխաներ «երկուկողմութիւն» մօտելին (այսինքն՝ ոճրագործն ու զոհը հաւասար կը դասեն): Յօդուածը կը բաստէ, որ այս մօտեցումը՝ պատահար մը բնակա՛ն համարելը, հակամարտութեան կարգաւորման միջազգային լսարանին համա՛ր կաղապարուած է, որ վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ, քանի որ յաջողութեամբ կը քօղարկէ հնարաւոր ցեղասպանութիւն մը միջազգային քննութենէ:

«Նախաբան

«Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը սկսաւ 1987-ին՝ ԽՍՀՄ առաջնորդ Միխայիլ Կորպաչովի ժողովրդավարացման քաղաքականութեան շնորհիւ: Ղարաբաղի Հայկական մեծամասնութիւնը խտրականութեան պատճառով պահանջեց անջատուիլ Ատրպէյճանէն։ Հակամարտութիւնը անմիջապէս վերածուեցաւ բռնութիւններու եւ Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին եւ այլ վայրերու մէջ հայ բնակչութեան դէմ ջարդերու: Հարցը պատերազմի վերածուեցաւ եւ Հայաստանը ազատագրեց ԼՂԻՄ-ի մեծ մասը եւ յարակից եօթը շրջանները: Պատերազմին պատճառով տեղի ունեցաւ «թշնամի» (անհամեմատ՝ աւելի՛ մեծ թիւով հայ*) բնակչութեան լայնածաւալ վտարում։ 1994-էն ի վեր հակամարտութիւնը քունի մէջ էր, բռնութեան յաճախակի բռնկումներով:

«2020 սեպտեմբերին, Ատրպէյճանը նոր պատերազմ սկսաւ, ուր հայկական ուժերը ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին եւ կորսնցուցին ԼՂԻՄ-ի եօթ շրջանները եւ քանի մը հատուածներ։

«Այս յօդուածը կը քննէ ակադեմական չէզոքութեան հնարաւոր չարաշուք հետեւանքները, հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ սովորութիւն դարձած դիրքորոշում մը, որ կրնայ նոյնիսկ չզգացուիլ կիրարկողներուն կողմէ:

«Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը քիչ անգամ կը յայտնուի միջազգային լուրերուն եւ մեկնաբանութիւններուն մէջ, եւ անոր կարեւորութիւնը յաճախ կը ծածկուի հանրութենէն: Մեկնաբանները վճռորոշ դեր կը խաղան՝ հասարակական եւ քաղաքական կարծիքներուն վրայ ազդելով, քանի որ անոնք աւելի հասանելի եւ արդիական են, քան՝ համալսարանական փորձով հետազօտողները:

«Զանգուածային լրատուամիջոցները զանոնք կը հրաւիրեն, քաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ պարբերաբար մեկնաբանելու համար, եւ անոնց չէզոքութիւնը վճռական է լրատուամիջոցներէն ընդունելի ըլլալու համար: Իբրեւ կարծիքի առաջնորդներ՝ չէզոք մեկնաբանները պէտք է պահպանեն ակադեմական ուղղամտութիւնը՝ կարծեցեալ չէզոք կարծիքի մենաշնորհի իրենց դիրքը պահպանելու համար»: Օրինակ՝ Ֆոքս կամ Սի Էն Էն-ի քաղաքական հիւր փորձագէտները իւրաքանչիւր ելոյթի՝ միջին հաշուով, 500-էն հազար տոլար կը գանձեն, առաւել ճամբորդութեան ծախսերը*:

«Այս հետազօտութիւնը կ՚ուսումնասիրէ 2020-ի Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք հրապարակումներ, քանի որ պատերազմը էապէս փոխեց աշխարհաքաղաքական շարժիչ ուժը եւ նոր սպառնալիքներ մտցուց, որոնք չկային  հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան սկզբնական երեք տասնամեակներուն:

«Նախ, պարտութեան պատճառով անորոշ է ղարաբաղցի հայերուն ճակատագիրը: Այն Հայերը, որոնք վտարուած են Ատրպէյճանի գրաւած բնակավայրերէն, առաւել, մնացեալ հայ բնակչութիւնը՝ կախեալ էր Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհէն: Ատրպէյճանը փակեց այս ճամբան հոկտեմբեր 2022-ին՝ Ղարաբաղի հայերը ամբողջութեամբ պաշարելով։
Այս զարգացումներուն հետեւանքը այն է, որ ղարաբաղցի հայերը Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ իրենց հայրենիքէն հաւանական արտաքսումի եւ ցեղային զտումի պիտի ենթարկուէին:

«Երկրորդ՝ Հայաստանը կը դիմագրաւէ իր անկախութեան սպառնացող լուրջ մարտահրաւէր՝ Սիւնիքի մարզին մէջ, որ դէպի Իրան 44 քմ. սահման կ՚ապահովէ։ Ատրպէյճանը կը պահանջէ արտերկրեայ մուտք դէպի Նախիջեւան՝ որ կրնայ կտրել Հայաստանի մուտքը դէպի Իրան։ Միջազգայնօրէն ճանչցուած հայկական սահմաններուն դէմ այս ոտնձգութիւնները կրնան մասնատել Հայաստանը:

«Երրորդ՝ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը Ատրպէյճանին հետ: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք առաջին անգամն է, որ Թուրքիան կը գտնուի աննախընթաց մակարդակի վրայ՝ թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ ալ ռազմական առումներով։ Նախապէս՝ Թուրքիոյ ռազմական մասնակցութիւնը եղած է սահմանափակ եւ ոչ պաշտօնական։ 1992-ին Հայաստանի հետ փակած սահմանը ցարդ փակ կը մնայ՝ հակառակ 2020-ի Ատրպէյճանի յաղթանակին։

Զանգեզուրի մեծամասնութիւնը՝ հայ, ցեղային բաշխումը 1866-ի մարդահամարին:          

«2020-ի յետպատերազմեան շրջանը վճռորոշ է աշխարհաքաղաքական տեղաշարժներու եւ ուժերու անհաւասարութեան պատճառով, որ  հակամարտութեան վերաբերեալ աւելի ճշգրիտ տեղեկագրութիւն կը պահանջէ:

«Յօդուածը կ՚ուսումնասիրէ չէզոքութեան կիրարկումը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մասին հաղորդումներու ժամանակ, կեդրոնանալով, թէ ինչպէ՛ս կ՚ընկալուի հակամարտող կողմերուն եւ անոր առնչութիւնը ժամանակակից քաղաքականութեան մէջ: Այս բաժինը հակամարտութեան մասնակից կողմերուն դրդապատճառները հասկնալու համար հիմք կը ստեղծէ: Նաեւ կ՚ընդգծէ Հայոց ցեղասպանութեան առնչութիւնը այժմու քաղաքականութեան հետ, ուղղութիւն մը, որ յաճախ կ՚անտեսուի հակամարտութեան ժամանակակից ուսումնասիրութիւններուն մէջ: Կը քննէ չէզոքութեան տարբեր մօտեցումներ, համեմատելով այլ հակամարտութիւններու հետ, հաշուի առնելով աղբիւրի ընտրութիւնը եւ հետազօտութեան պայմանաժամը: Կը վերլուծէ սկզբնաղբիւր բնագրերը՝ պարզելով, որ չէզոքութեան կիրարկումը կը քօղարկէ իրավիճակին ծանրութիւնը միջազգային հանրութենէն:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալումը:

          «1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, էականօրէն կ՚ազդէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ժամանակակից հակամարտութեան մասնակից բոլոր կողմերու ընկալումներուն եւ որոշումներուն վրայ։ Աւելի քան մէկ դար առաջ այս իրադարձութիւնը անխօս ներկայութիւն է բոլոր  կողմերուն ենթագիտակցութեան մէջ՝ զայն անհրաժեշտ տարր դարձնելով հայ-ատրպէյճանական արդի հակամարտութիւնը հասկանալու համար։

«Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ պատմական իրողութիւն է, հայերուն համար վառ յիշեցում է, որ իրենց մշակոյթն ու գոյութիւնը կրնան ջնջուիլ: Թուրքիան՝ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը, իսկ Ատրպէյճանը կ՚աջակցի Թուրքիոյ։ Հայերը Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը իրենց անկախութեան ու գոյութեան սպառնացող պետութիւններ կը նկատեն:      «Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մէջ, ժխտումը կը համարուի ցեղասպանութեան վերջին փուլը: Այս տեսակէտը կրնայ ծանօթ չըլլալ Եւրոկեդրոն դիտորդին, քանի որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի իրադարձութիւնները տեսանելի ազդեցութիւն չունին այժմու աշխարհի քաղաքականութեան վրայ:

«Ատրպէյճանի եւ թուրք պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընկալումը տարբեր է, երկու երկրներն ալ կը ժխտեն ցեղասպանութիւնը: Մինչ Թուրքիան, եւ Ատրպէյճանը զգալի աշխատանք կատարած են ցեղասպանութիւնը ժխտող ջանքերով, միեւնոյն ատեն գիտնալով, որ կարելի է իրենց հայ
հակառակորդները բնաջնջել առանց հետքի՝ թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ ալ մշակոյթով: Քանի որ անոնք նախապէս (եւ տակաւին*) կատարած են առանց պատիժի, ուրեմն սա կը նշանակէ, որ հնարաւոր է մարդկային ու մշակութային սպանդը կրկնել:      «Ջէյլան Թոքլուօղլուն ատրպէյճանցիի ինքնութեան մասին իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նկատէ. «Ատրպէյճանցիները հայերուն կը վերագրեն «եզակի ճակատագիր»՝ արտաքսել բոլոր երկիրներէն: Մինչ Թուրքիան յաջողութեամբ կը լռեցնէ ցեղասպանութեան մասին խօսողներն ու գրաւոր բաստագրումները, սակայն չէ կրցած լռեցնել ոճրագործներուն, ականատեսներուն եւ զոհերու համայնքներուն ընկերային եւ մշակութային յիշողութիւնը՝ նո՛յնիսկ այժմու խորհրդարանին մէջ:

«Խորհրդարանականները իբրեւ թրքական վրէժխնդրութիւն՝ հիմնաւորում, կը նշեն հայ արմատականները, որոնք կ՚ապստամբէին Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ կը փորձէին մասնատել Թուրքիան օտարներու օգնութեամբ:

«Մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը յաճախ կ՚անտեսուի ժամանակակից խօսոյթին մէջ, սակայն կը շարունակէ մնալ հակամարտութեան կարեւոր երեւոյթ: Հակառակ անոր, որ «հինաւուրց ատելութիւն» մըն է այս, սակայն կը շարունակէ այժմէական մնալ կողմերուն համար եւ կ՚ազդէ անոնց քաղաքական հաշիւներուն վրայ: Արտաքին դիտորդներուն կողմէ այս գաղափարը անտեսելը արգելք կը հանդիսանայ, որ գիտակցին, թէ՝ հակամարտութիւնը հայերուն համար գոյութենական խնդիր է:

 

 

 

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին

  1. https://en.wikipedia.org/wiki/False_balance
  2. https://www.tandfonline.com/doi/full/10.1080/14683857.2024.2384138#d1e136
  3. https://scholar.google.com/citations?user=9jqftOYAAAAJ
  4. https://horizonweekly.ca/fr/88641-2/
  5. Svod statisticheskikh dannykh o naselenii Zakavkazskogo Kraia, izvlechennykh iz posemeinykh spiskov 1886 g. 1893. Tiflis: Zakavkazskii Statisticheskii Komitet.
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles