Սուգի մէջ է ճազ երաժշտութեան եւ յատկապէս հարուածային գործիքներու աշխարհը: Արդարեւ, Նոյեմբեր 22-ին, յետ ոսկրածուծի բարդոյթներու արդիւնք, ութսուն տարեկան հասակին, իր մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ թմբկահար Փօլ Մոթեանը (ծանօթ` Մոշըն հնչումով):
Հայոց Ցեղասպանութէնէն ճողոպրած եւ Քուպայի ճամբով Միացեալ Նահանգներ ժամանած ընտանիքի զաւակ է Ստեփան Պօղոս Մոթեանը: Ծնած Մարտ 25, 1931-ին Ֆիլատելֆիոյ մէջ եւ ապա փոխադրուած` Փրովիտէնս, Մոթեան յիսունականներու սկիզբը բանակին ծառայելէ ետք, մուտք գործեց ճազ երաժշտութեան աշխարհէն ներս:
Նախապէս, փոքր տարիքին, կիթարի լարային աշխարհը զինք կը հետաքրքրէր, սակայն թմբուկն է որ եղաւ իր կեանքի մօտիկ բարեկամը:
Ան հռչակաւոր դաշնակահար Պիլ Էվընզի հետ գործակցեցաւ, ապա բազմիցս ելոյթ ունեցաւ դաշնակահար Քիթ Ճառէթի հետ: Նաեւ, ան բազմիցս ելոյթներ ունեցած է փողահար Ճօ Լովանոյի, կիթարահար Պիլ Ֆրիզէլի, իտալացի դաշնակահար Էնրիքօ Փիեռանունսիի եւ այլ աստղերու հետ:
2004-էն ի վեր, Մոթեան կը մերժէր Նիւ Եորքէն հեռանալ եւ նոյնիսկ կարճ ճամբորդութիւններ կատարել: Մինչեւ վերջերս, ան կը շարունակէր իր ելոյթները, Նիւ Եորքի հանրածանօթ ճազի ակումբներէն` “Պըրտլէնտ“ի եւ “Պլունօթ“ի մէջ: