Հայաստանի Պետական «Սիմֆոնիք» Նուագախումբին Տպաւորիչ Ելոյթները

0 0
Read Time:51 Second

Յունիս ամսուան աւարտին, Հայաստանի պետական «սիմֆոնիք» նուագախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի, երեք ելոյթներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Չորեքշաբթի, Յունիս 26-ին, Պոսթընի «Սիմֆընի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին ելոյթը, ապա օր մը ետք, Նիւ Եորքի մէջ հանրահռչակ «Քարնըկի» սրահին մէջ ելոյթ մը։ Իսկ երրորդ եւ վերջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Յունիս 29-ին, Լոս Անճելըսի «Ուոլթ Տիզնի» համալիրին մէջ։

Այս ելոյթներուն յայտագիրը կ՛ընդգրկէր գործեր՝ Արամ Խաչատուրեանէն, որոնց կարգին «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէներէն կտորներ եւ յատկապէս ջութակի «քոնչերթօ»-ն (Violin Concerto in D minor, Op. 46), մասնակցութեամբ երիտասարդ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանի։

Իւրայատուկ տեղ պէտք է յատկացնել եւ մելան հոսեցնել այս «քոնչերթօ»-ին մասին, որ ամենայն հմտութեամբ կատարեց երիտասարդ ջութակահարը։  Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած ելոյթի աւարտին, ընդառաջելով ծափողջոյններուն, Սերգէյ Խաչատրեան վերադարձաւ բեմ եւ կառչած ջութակին, ճշգրիտ լարային շարժումներով եւ հպումներով նուագեց Կոմիտաս Վարդապետի «Ծիրանի Ծառ»-ը, որ գերտպաւորեց ունկնդիրները։

Մաէսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի նուագախումբը ցնցեց սրահը, Խաչատուրեանի կովկասեան բարձրաւանդակը բնորոշող կշռոյթներով եւ երանգներով՝ պալէներէն ծանօթ գործեր ներկայացնելով։ Աւարտին, երեք «անքոր»-ներով՝ «Մասքըրէյտ», «Սուրերու Պար» եւ «Լեզկինքա» մեծ տպաւորութիւն ձգեց Սմբատեանի ղեկավարած նուագախումբը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles