Եթէ Կենշիրօ Քաուամոթօ (Genshiro Kawamoto) անունը արձանագրէք կայքէջներ խուզարկող մեքենայի մը մէջ (ինչպէս Google-ը), ձեր դիմաց պիտի գտնէք շարք մը յօդուածներ ու գրութիւններ, որոնք հետաքրքրական տեղեկութիւններ պիտի հաղորդեն ճափոնցի մեծահարուստ անձի մը մասին, որ կը կոչուի… Կենշիրօ Քաուամոթօ:
Ընթերցողիս առաջին հարցումը հաւանաբար պիտի ըլլայ. “Ո՞վ է սա Քաուամոթոն, ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք անծանօթ ճափոնցիով մը…“:
Եթէ շարունակէք ձեր ընթերցումը, պիտի ստանաք հետեւեալ տեղեկութիւնները (եւ աւելին).-
Քաուամոթօ 75 տարիքը գլած-անցած առանձնակի գործատէր մըն է, ընտանիք չունի, կը կարծէ, թէ կիներու հետ գլուխ ելլելը դիւրին բան չէ (չէ ամուսնացած), մեծ հարստութիւն կուտակած է իր երկրին մէջ, հիմնականին մէջ` կալուածային առեւտուրի ճամբով: Հարստութիւնը հասած է միլիառներու: Այս դիրքը նուաճելու համար, ան յայտնապէս միջոցներու միջեւ խտիր չէ դրած (գոնէ այդպիսի ակնարկութիւններ կան իր մասին): Յետոյ, մօտաւորպէս տասը տարի առաջ, …Սուրբ Հոգին այցելած է անոր (չեմ գիտեր, թէ ճափոնցիներու կրօնքին մէջ Սուրբ Հոգիին ի՞նչ անուն կու տան. կարեւոր ալ չէ):
Յետո՞յ…
Ան նկատած է, որ Խաղաղականի կեդրոնական գօտիին մէջ սփռուած Հավայեան կղզիներուն մէջ տագնապ մը կայ: Իմացած է, որ բազմաթիւ բնիկներ` հավայիցիներ, տնտեսական-ընկերային տագնապի մատնուած են, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, հռչակաւոր կղզիները բարգաւաճած են նոր աշխարհի “բարիքներուն“ շնորհիւ. արշիպեղագոսը դարձած է զբօսաշրջութեան փնտռուած շրջան, աշխարհի չորս ծագերէն (զբօսաշրջիկներէն առաջ, ու անոնց հետ զուգահեռաբար) գործատէրներ` պանդոկի ճարտարարուեստի ընկերութիւններ խուժած են կղզիները, շատ արագ վերիվայրում արձանագրուած է ժողովուրդի կենսամակարդակին մէջ. ապրուստը սղած է, բնակարաններու վարձքերն ու սակերը անհամեմատօրէն բարձրացած են ու անմատչելի դարձած` բնիկներուն, որոնք սկսած են մեծ գունդերով… արտագաղթել. փոխադրուած են մայր ցամաքամասի նահանգները, մեծ մասամբ` վերադարձի յոյս չունենալով:
Քաուամոթօ քիչ մը “խենթ“ է, քիչ մըն ալ կը յիշեցնէ անգլիացիներուն նշանաւոր Ռոպին Հուտը: Ան տեսած է, որ արշիպեղագոսին Ու՛ահու կղզիին վրայ, Հոնոլուլուէն ու Ուայքիքիէն քիչ մը արեւելք, կը գտնուի ընդարձակ թաղամաս մը, որ կը նմանի Լոս Անճելըսի Պեւըրլի Հիլզին: Այսինքն, հոն կան տարածուն ու պերճաշուք դղեակներ, ուր երբեմն բնակելու կ՛երթան դերասաններ կամ անոնց նման մեծահարուստներ: Նայած` բնակարանի դիրքին ու տարածքին (մեծ մասամբ` ծովահայեաց), այդ դղեակները կ՛արժեն բազմամիլիոն տոլար, 10-12 միլիոնէն մինչեւ 40 միլիոն կամ աւելի…: Անոնցմէ մաս մը կը մնայ անբնակ, որովհետեւ տէրերը մշտական բնակութիւն հաստատած են այլ երկրամասերու մէջ:
Եւ ահա “խենթ“ ճափոնցին հնարք մը մտածած է. ան սկսած է մէկը միւսին ետեւէ գնել այդ լայնատարած բնակարանները, դղեակները, զանոնք որոշ վերադասաւորումի ենթարկելէ ետք, սկսած է շատ մատչելի սակերով վարձու տալ բնիկներու, ծայրը ծայրին բերելու անկարող ընտանիքներու, անոնցմէ պահանջելով ամսական 150-200 տոլար միայն: Ան յայտարարած է, որ դրամը իրեն համար մեծ կարեւորութիւն չի ներկայացներ, կը թելադրէ, որ բնիկները չլքեն տունն ու հայրենիքը, իրենց զաւակներուն ապագան կերտեն այն հողին վրայ, ուր իրենց նախնիները ապրած են դարեր ու ժառանգ թողած յետնորդներուն: Ան ձեռնարկած է նաեւ կալուածներէն մէկուն վրայ թանգարանի մը կառուցման…
Գիտէ՞ք ի՛նչ եղած է “բնական հետեւանքը“: Թաղամասի կալուածատէրերը աղմկալի պայքար բացած են “խենթ ճափոնցի միլիառատէր“ին դէմ, որովհետեւ անոր այս արարքին ետին կը տեսնեն այդ թաղամասի կալուածներուն գիները վար բերելու դաւ մը. անոնք Քաուամոթոն կ՛ամբաստանեն ըսելով, որ ան կը ծրագրէ այլափոխել պերճաշուք թաղամասին դիմագիծը, բնիկներով ողողել այդ շրջանը, համեմատաբար փոքր գումարներով տիրանալ իրենց սուղ կալուածներուն, ու որոշ ժամանակ մը ետք, վերստին բարձրացնել գիները, դուրս նետել վարձուորները ու մեծ շահեր ապահովել (հաւանաբար ոմանք կը հաւատան, թէ ճափոնցի միլիառատէրը կրնայ տասնամեակներ եւս ապրիլ): Անոնք, պետական լծակներու դիմելով, կ՛աշխատին ձախողութեան մատնել բարեգործին ծրագիրները, կամ, ըստ կարելւոյն դանդաղեցնել ընթացքը:
2006էն ի վեր, “խենթ“ը բարեփոխած է կարգ մը կալուածներ, ներքին բաժանումներ ստեղծած է տարածուն բնակարաններու մէջ ու զանոնք յանձնած` համեստ եկամուտով բնիկներու (տեսնել լուսանկարը, ուր ալեհեր ճափոնցին շրջապատուած է իր բարերարութիւնը վայլող ընտանիքի մը անդամներուն կողմէ):
Ո՞վ է արդարը. բարերա՞րը, թէ զինք յետին նպատակներ հետապնդելու մեղադրանքին ենթարկող դրացիները, անոնց գործակից մամուլի շրջանակներն ու այլ գործարարներ:
Ընթերցողս վստահաբար դարձեալ պիտի հարցնէ. “Մեզի ի՛նչ, թէ Քաուամոթօ մը ինչպիսի խենթութիւններ կ՛ընէ, արդարը ի՞նք է, թէ զինք մեղադրողները: Ինչո՞ւ պէտք է նման պատմութիւն լսենք-կարդանք…“:
Ես ալ կրնամ ըսել` “մեզի ի՛նչ“: Բայց մտածում մը պահ մը ետ կը կեցնէ զիս, որովհետեւ կը մտածեմ.
Մեր Հայաստանն ալ կը գտնուի նման տագնապի մէջ: Հայրենի ժողովուրդն ալ, զանգուածաբար (ստուերային համակարգի փոքրամասնութեան “ընտրեալներէն“ անդին) կը դիմագրաւէ բնիկ հավայիցիներուն վիճակը: Հայաստանն ալ, քանի մը ճակատագրակիցներու պէս, համայնավարական սնանկ դրութենէն` ոստում կատարեց դէպի անխնայ դրամատիրութեան վայրագ մթնոլորտը: Ժողովուրդի զանգուածին ընկերային բարելաւման ընթացքը երբեք չկրցաւ մրցիլ ապրուստի սղութեան (իմանալ` անխնայ չարաշահութեան) խօլ արշաւին հետ: Բնակարաններու գիները մէկ օրէն միւսը սլացան դէպի վեր, մարդիկ հրապուրուեցան գրաւիչ գումարներով ու ծախեցին, շուտով իրենք զիրենք գտնելով անտուն, նաեւ անգործ, որովհետեւ գործի ասպարէզներն ալ դարձան մենաշնորհ. գիւղացին իր արտադրութիւններուն համար ներքին ու արտաքին շուկաներ գտնելու դժուարութեան մատնուեցաւ, որովհետեւ “մեծ առեւտրականները“ ստեղծեցին մենաշնորհներու վիճակ: Ընկերվարութեան հասկացութիւնը, իր կարգին, նահատակուեցաւ, որովհետեւ դիտումնաւոր ու ծրագրեալ կերպով շփոթ ստեղծուեցաւ Ընկերվարութեան ու Համայնավարութեան շուրջ, անոնց միջեւ դրուեցաւ հաւասարութեան նշան, մինչդեռ, առաջինը ընկերային արդարութեան ու հաւասարակշռութեան տանող “գործիք“ է, իսկ երկրորդը` չարաշահութեան տարբեր դիմակ մը պարզապէս: Ուղեղներու արտահոսքն ու աշխատող ձեռքերու փախուստը յառաջատուական թափով զարգացաւ, արտագաղթը օր աւուր, տարուէ տարի նոր նուաճումներ արձանագրեց, յետոյ… վէճ ծագեցաւ, թէ արտագաղթողներուն թիւը մէ՞կ միլիոն է, 1.1՞, թէ 1.3:
Եւ այս բոլորը կատարուեցան “ազատ շուկայ“ի անունով, ազատութեան անունով, մինչեւ իսկ ժողովրդավարութիւն հասկացութիւնը դարձաւ նոխազ:
…Արդեօք մե՞նք ալ, հավայիցիներուն պէս, պէտք է դիմենք Քաուամոթոյին կամ անոր պէս “խենթերու“, որպէսզի սահմանափակ եկամուտով հայաստանաբնակ հայուն համար ստեղծեն տանելի դրութիւն:
Կամ արդեօք իրաւունք չունի՞նք մտածելու, որ նման “խենթեր“ պէտք է ծնին մեր ժողովուրդին ծոցէն, որովհետեւ ծածուկ չէ, որ պետական համակարգը մենաշնորհի վերածողներ ինչպիսի հարստութիւններ կը դիզեն Հայաստանի մէջ. պէ՞տք է աղօթենք, որ Քուամոթոյին այցելող Սուրբ Հոգին իր ճամբան անցընէ նմաններու երկնակամարէն:
Պիտի ըսուի, որ մենք ունի՛նք հայ բարերարներ: Շատ բարի, սակայն չմոռնանք նաեւ, որ անոնցմէ ոմանք բարերարութիւն կ՛ընեն` քաղաքական նպատակներ հետապնդելւո համար, բարերարութիւնը դարձուցած են “ժողովրդավարութեան“ նորաձեւ կիրարկման (այսինքն չարաշահութեան) գործիքի: Վաղը, ընտրութիւններու հանգրուանին, նման բարերարներ պիտի գրաւեն հրապարակները:
Կ՛արժէ՛ նման երեւակայական ու բարեմիտ բաներու մասին մտածել, պահ մը մեր ոտքերը երկրէն կտրել` “Քաուամոթօ՞… Մեզի ի՛նչ“ ըսելէ առաջ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ