Պայծառ Գարագաշեանի Յիշատակին

0 0
Read Time:2 Minute, 0 Second

Մայիս 24-ին, Պէյրութի մէջ մահացած էր Պայծառ ԳարագաշեանԸ, որ տարիներ շարունակ մաս կազմած էր «Համազգային»-ի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին։

Մանկութեան օրերէն ան յաճախած է Նշան Փալանճեան Ճեմարան, հասակ նետած է հայեցի շունչով ու դաստիարակութեամբ լի ընտանիքի մէջ եւ նուիրուած է հայ մշակոյթին: Ճեմարանը աւարտելէ ետք «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանէն ստացած է մանկավարժութեան վկայական: Եղած է Թորգոմեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի եւ  Լուսին Մալիքեանի հովանիին ներքոյ աշխատած է երկար տարիներ` հայ մշակոյթին հանդէպ իր սէրն ու գուրգուրանքը փոխանցելով հայ մատղաշ սերունդին:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եղած է դպիր, Հ․Մ,Ը,Մ,-ի մէջ` արենուշ: Աւելի ուշ մաս կազմած է Բարսեղ Կանաչեանի խմբավարութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ինչպէս նաեւ եղած է Համազգայինի «Քնար» պարախումբին մենակատարը: Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վաստակաւոր դերասանուհիներէն է, մարմնաւորած է բազմաթիւ դերեր:

Պայծառ Գարագաշեանի կեանքին մէջ Ճեմարանը լոկ դպրոց եւ վարժարան մը չէ եղած: Ան կը հաւատար Ճեմարանի հայեցի դաստիարակութեան ջամբումին եւ ամէն գնով մինչեւ իր վերջին շունչը ջատագովն ու նեցուկն էր Ճեմարանին: Ան 1956-ի շրջանաւարտ էր:

Խառնուածքով ուրախ, աշխուժ եւ լայնասիրտ էր Պայծառը:

1965-էն սկսեալ անդամակցած է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին` ստանձնելով զանազան դերեր, զանազան թատրոններու մէջ իր տաղանդով գրաւելով հանդիսատեսներուն ուշադրութիւնը եւ խումբին անմասն մէկ տարրը դառնալով: Ան խումբին հետ մասնակցած է նաեւ զանազան շրջագայութիւններու` դէպի Թեհրան, Նոր Ջուղա եւ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա եւ այլն:

Բեմին վրայ տիրական, սիրուած եւ տաղանդաշատ ներկայութիւն եղած է Պայծառ Գարագաշեան, որ հայ թէ օտար հեղինակներու տարբեր թատերախաղերու մէջ ստանձնած է կարեւոր ու դժուար դերեր եւ զանոնք մարմնաւորած է ամենայն հմտութեամբ ու բնականութեամբ: Ան սիրուած եւ փնտռուած անձնաւորութիւն էր նաեւ իբրեւ մարդ` հայ գիրին, մշակոյթին, արուեստին, թատրոնին, դպրոցին եւ հայկական արժէքներուն հաւատացող եւ կարելի եղածին չափ անոնց պաշտպանը հանդիսացող:

Լիբանանի պատերազմի օրերուն եւ դեռ վերջերս ալ, ան որոժ ժամանակաշրջան մը կը բնակէր Պոսթըն։

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը յատուկ ցաւակցականով մը, կը տեղեկացնէ, թէ Պայծառ Գարագաշեան յատկապէս մշակութային ու կրթական կեանքին մէջ ունեցած իր ներդրումով, նուիրական աշխատանքով եւ կերտած բեմական կերպարներով, դերեր ստանձնած է հետեւեալ գործերուն մէջ․-

– Լ. Փիրանտելլօ` «Պատուի վայելքը»: 1966-ին ներկայացուած է Պէյրութի եւ աւելի ուշ Թեհրանի մէջ:

– Կրետի եւ Պարիլլէ` «Փշածաղիկ»: 1967-ին` Պէյրութ, ապա` Թեհրան:

– Լեւոն Շանթ` «Եսի մարդը»: 1965-ին` Պէյրութ, 1968-ին` Թեհրան:

– Ռաֆֆի` «Ոսկի աքաղաղը»:

1957-էն մինչեւ 1971` Պէյրութ, Պաղտատ, Թեհրան, Հալէպ, Նիկոսիա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Պուէնոս Այրես, Մոնթէվիտէօ, Սան Փաուլօ, Նոր Ջուղա:

– Լեւոն Շանթ` «Կայսրը»:

1945-ին Պէյրութ, 1969-ին` Լոս Անճելըս, Տիթրոյթ, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Մոնրէալ:

– Քլոտ Մանիէ` «Օսքար»:

– Մուշեղ Իշխան` «Մեռնիլը որքան դժուար է»:

– Ժագ Ս. Յակոբեան` «Կռունկը կը կանչէ»:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles