ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՁՄՐԱՆ ՕՐԵՐՈՒ…ՏԱՔ ՃԱԿԱՏՈՒՄՆԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 36 Second

Տասն­եակ մը օրե­րու մէջ, աւե­լի քան հա­զար հինգ հա­րիւր կրա­կոց եւ երեք հա­րիւր զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում բա­ւա­րար է հաս­տա­տելն ու եզ­րա­կաց­նե­լը թէ, բնա­կան չէ Ար­ցախ­եան հիմ­նա­հար­ցի ներ­կայ իրա­վի­ճա­կը: Նոյ­նիսկ յա­տուկ ար­դի կազ­մած­նե­րով օժտ­ուած դէ­տե­րու հա­մար, դժուար է քայլ պա­հե­լը, վե­րո­յիշ­եալ խախ­տում­նե­րու թուա­կան պատ­կե­րը յստա­կաց­նե­լը:

Յատ­կա­պէս Կով­կաս­եան բարձ­րա­ւան­դա­կէն ներս, ար­դէն իսկ ազ­դան­շա­նը տրուած է խիստ ձմրան եւ հա­կա­ռակ ասոր, սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րէն ներս, հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով զի­նա­դա­դա­րի եւ ան­դոր­րու­թեան խախ­տումն ու հետզ­հե­տէ վատ­թա­րա­ցու­մը դուռ կը բա­նայ որոշ հար­ցադ­րում­նե­րու եւ են­թադ­րու­թիւն­նե­րու:

Պաք­ուի կող­մէ շղթա­յա­զերծ­ուած այս սադ­րանք­նե­րը բնա­կա­նա­բար կա­տար­ուած են դիտ­մամբ, շրջան այ­ցե­լող Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Քէթ­րին Էշ­թը­նի այ­ցե­լու­թեան օրե­րուն, որ մա­տը ճիշդ վէր­քին վրայ դնե­լով, առա­ջին հեր­թին իր մտա­հո­գու­թիւնը յայտ­նած էր եւ ապա հար­ցադ­րած էր թէ Եւ­րո­միու­թիւնը կ՛ու­զէ իմա­նալ, թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է քայ­լե­րու դի­մել‘ նպաս­տե­լու հա­մար տագ­նա­պին խա­ղաղ լուծ­ման, շա­րու­նակ շեշ­տե­լով թէ Մինս­քի խմբա­կը կը մնայ Ար­ցախ­եան տագ­նա­պը լու­ծե­լու գլխա­ւոր միջ­նորդն ու մի­ջո­ցը:

Աւե­լին, Ատր­պէյ­ճա­նի հրահ­րած, պայ­թու­ցիկ կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը նա­եւ պա­տա­հած է այն օրե­րուն երբ, Եւ­րո­պա­յի Խորհր­դա­րա­նա­կան Ապա­հո­վու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեան վե­հա­ժո­ղո­վի նախ­կին նա­խա­գահ Կո­րան Լէն­մար­քըր ազե­րի լրատ­ուա­կան մի­ջոց­նե­րու հետ, հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին շեշ­տած էր թէ Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման հար­ցը պէտք է հա­սա­րա­կա­կան քննար­կում­նե­րու նիւթ դարձ­նել, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ, որ­պէս­զի առն­ուե­լիք վերջ­նա­կան որո­շու­մը ըն­դու­նե­լի ըլ­լայ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար: Ան ան­գամ մը եւս շեշ­տած էր թէ ստեղծ­ուած գո­յա­վի­ճա­կին վերջ մը պէտք է դրուի եւ… հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման ժա­մա­նա­կը եկած է:

Ան­մի­ջա­կան գետ­նի վրայ, նա­խա­յար­ձակ Ատր­պէյ­ճան, յան­ձին իր վար­չա­մե­քե­նա­յին այս ոտնձ­գու­թիւն­նե­րով կը խա­փա­նէ ստեղծ­ուած հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղղ­ուած մի­ջազ­գա­յին ջան­քե­րը, նա­եւ ընդվ­զե­ցու­ցիչ եւ անըն­դու­նե­լի նպա­տա­կա­յին քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կէ` սահ­մա­նի լար­ուա­ծու­թիւնը խո­րաց­նե­լու գծով: Այլ մատ­նան­շե­լի խո­րա­ման­կու­թիւն մըն ալ այն է թէ Պա­քու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու չեր­թար, ներ­քին հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, յա­ւել­եալ բար­դու­թիւն­ներ եւ խո­չըն­դոտ­ներ չստեղ­ծե­լու հա­մար:

Այս­պի­սի “խայ­թոց­ներ“ու եւ դրդում­նե­րու դի­մաց, ձմրան պաղ եւ մի­ա­պա­ղաղ օրե­րու սե­մին, Ար­ցախ­եան կող­մին կը մնայ հա­մար­ժէք եւ կա­տա­րե­լա­գործ­ուած մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով ու… տաք ճա­կա­տում­նե­րով պա­տաս­խա­նել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles