Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ կանուխ առաւօտուն յայտարարեց Երեւանի աւագանիի (քաղաքապետական խորհուրդ. «Ա.ե) ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները:
Ստացած քուէներու տոկոսային համամասնութեամբ Երեւանի աւագանիին մէջ տեղ գրաւելու համար սահմանուած նուազագոյն շէմը (7 առ հարիւր) յաղթահարեցին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (47,39 առ հարիւր), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը (22,71 առ հարիւր) եւ Հայ ազգային քոնկրէսը (17,41 առ հարիւր): Այսպիսով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան համամասնական ընտրացուցակը գլխաւորող Գագիկ Բեգլարեան կը դառնայ Երեւանի քաղաքապետ:
Եօթ կուսակցութիւններ մասնակցեցան այս ընտրութիւններուն.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որուն ցուցակը կը գլխաւորէր Գագիկ Բեգլարեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ( ցուցակը կը գլխաւորէր՝ Յարութիւն Քուշկեան), Ժողովրդական կուսակցութիւնը (Տիգրան Կարապետեան), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ( Արծուիկ Մինասեան), Հայ Ազգային Քոնկրէս (Լեւոն Տէր Պետրոսեան), Հայաստանի աշխատաւորական ընկերվարական կուսակցութիւնը (Մովսէս Շահվերդեան) եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը (Հեղինէ Բիշարեան):
Բոլոր տեղամասերուն մէջ ընտրողներու քուէներու ամփոփումէն ետք պատկերը հետեւեալն է՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն՝ 190 հազար 171« «Բարգաւաճ Հայաստանե կուսակցութիւն՝ 91 հազար 141« Հայ ազգային քոնկրէս նախընտրական դաշինք՝ 69 հազար 871« «Օրինաց երկիրե կուսակցութիւն՝ 20 հազար 959« Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն՝ 18 հազար 648« Ժողովրդական կուսակցութիւն՝ 8 հազար 569« Հայաստանի աշխատաւորական Սոցիալիստական կուսակցութիւն՝ 1, 951 քուէ:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած էր ձայներուն 47,39 առ հարիւրը, Բարգաւաճ Հայաստանը՝ 22,71 առ հարիւրը, Հայաստանի Ազգային Քոնկրէսը՝ 17,41 առ հարիւրը, Օրինաց երկիրը՝ 4,71 առ հարիւրը, Հ.Յ.Դ-ն՝ 4,48 առ հարիւրը, Ժողովրդական կուսակցութիւնը՝ 2,99 առ հարիւրը, Հայաստանի աշխատաւորական ընկերվարական կուսակցութիւնը՝ 0,51 առ հարիւրը: Երեւանի աւագանին կը բաղկանայ 65 անդամներէ:
Օրէնքին համաձայն« եթէ ընտրութիւններու աւարտին կուսակցութիւններէն մէկը ստանայ աւագանիի անդամներու տեղերու 50 տոկոսէն աւելին« ապա այդ կուսակցութեան թեկնածուներու ցուցակի առաջին հորիզոնականին վրայ գտնուող անձը օրէնքի ուժով կը համարուի ընտրուած քաղաքապետ:
Ընտրութիւններուն մասնակցած են քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 771.477 երեւանցիներէն 412,464 քաղաքացիներ:
Բոլոր քուէատուփերու տուեալներուն պատկերը հետեւեալն է. Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած է 190,171 քուէ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը՝ 91,141, Հայ ազգային քոնկրէսը՝ 69,871, Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը՝ 20,959, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ 18,648, Ժողովրդական կուսակցութիւնը՝ 8,569, Հայաստանի աշխատաւորական ընկերվարական կուսակցութիւնը՝ 1,951: Վերջնական արդիւնքներու յայտարարութիւնը պիտի կատարուի Յունիս 7-ին: