Կիրակի, Նոյեմբեր 24-ին, Ազգային Առաջնորդարանի արդէն աւանդական դարձած Գոհաբանական տօնախմբութիւնը նուիրուած պիտի ըլլայ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի, Թեմէն ներս 40-ամեայ ծառայութեան։
Առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի պատարագէ Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ մէջ, որուն պիտի հետեւի ճաշկերոյթը Terrace on the Park սրահին մէջ։ Երկու ձեռնարկները գոհաբանանական մատուցման դրսեւորումներ են ի նշան Անուշաւան Արքեպիկոպոսի մնայուն նուիրումին մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 12-ամեայ ծառայութենէ ետք, Անուշաւան Վրդ. Դանիէլեան ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ 1984-ին, այնուհետեւ ծառայելով Արեւելեան Թեմին իբրեւ քարոզիչ, հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ եւ հուսկ՝ Առաջնորդ, 2018-էն ետք։ Եկեղեցական իր տարբեր պաշտօններուն կողքին, ան եղած է կազմակերպիչ, դաստիարակ ու դասախօս, նաեւ իր բաժինը բերելով մեր համայնքի ազգային, մշակութային ու ընկերային գործունէութեան։ Ան իր հօտին յարգանքին ու համակրանքին արժանացած է շնորհիւ իր նկարագրին ու տքնաջան աշխատանքին։
Թեմի զանազան շրջաններէ հիւրեր պիտի մասնակցին Կիրակի օրուան պատարագին ու տօնախմբութեան, գնահատելու համար Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի 40-ամեայ նուիրեալ ծառայութիւնը։ Շատեր ալ, որոնք անձամբ մասնակցելու կարելիութիւնը չունին, իրենց թանկագին նուիրատուութեամբ յայտնած են իրենց զօրակցութիւնը։