ԱԿՆԱՐԿ .- «ժԽՏԱԿԱՆ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆ»

0 0
Read Time:1 Minute, 46 Second

 

«Հայրենիք»

Կատարեալ կամ անկատար անցեալի էջերուն անցած են, Լիբանանի երեսփոխանական վերջին ընտրութիւնները…Ընտրութիւններ, որոնք ամիսներ շարունակ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին եւ մղեցին որ լիբանանեան (ներառեալ լիբանանահայ) հսկայ սփիւռք մը գործի լծուի եւ նոյնիսկ մղոններ կտրելով ժամանէ իր երբեմնի հայրենիքը եւ քուէարկէ:
Նախընտրական պատրաստութիւններէն ետք, նոյնիսկ դէպի Պէյրութ ուղղուելու ժամանակ, բեռնէ բերան լեցուն օդանաւներուն մէջ, արդէն իսկ բուռն պայքար սկսած էր ճամբորդ քուէարկողներուն միջեւ, որոնք յատուկ արտայայտութիւններով կը յայտնէին իրենց կարծիքը, դիրքն ու կողմնորոշումը:
Ճամբորդ մը դժգոհ էր իր ութերորդ նստարանի դիրքէն եւ կը փափաքէր 14րդը: Ընդհանրապէս, առջեւի նստարանները աւելի կը պահանջուէին, սակայն ըստ երեւոյթին, այս ճամբորդին մտայնութիւնն ու կիզակէտը ընտրական մթնոլորտն ու միջավայրն էին եւ Մարտ 14-ի շարժումին երկրպագուներէն ըլլալով, կը փափաքէր զիջիլ իր Մարտ 8 բուրող հակադիր կողմի նստարանը…
Մինչ այդ օդանաւային ընկերութեան պաշտօնեաներ երբ բաժնեցին յատուկ Լիբանան մուտքի համար պատրաստուելիք դիմումնագրերը, այլ տիպար մը բարձր ձայնով եւ սրամտութեամբ մըն ալ յայտնեց.- «Հարցում մըն ալ չէ՞ին կրնար աւելցնել թէ ո՞ւր եւ որո՞ւն պիտի քուէարկենք…թէ մեր եւ թէ իրենց գործն ալ պիտի դիւրանար…»
Իսկ մթնոլորտը շատ աւելի ելեկտրականացաւ երբ անմեղ եւրոպացի օդաչուն, Պէյրութ մօտենալու ժամանակ, քանի մը անգամ կրկնեց թէ ճիշտ ո՞ր ժամուն իր վիթխարի «թռչնազգին» էջք պիտի կատարէր «Ռաֆիք Հարիրի» միջազգային օդակայանը…Այս անգամ քանի մը դժգոհ ճամբորդներ բացագանչեցին թէ այս օդակայանը Պէյրութի միջազգային օդակայանն է եւ ոեւէ անձի չի պատկանիր: Այդ Լիբանանեան տեղայնական մտայնութիւնը… այդ իւրայատուկ couleur local-ը, արդէն իսկ սկսած էր միջազգային օդային սահմաններէն ներս եւ պատկերը յար եւ նման էր հռչակաւոր Զիատ Ռահպանիի (Տիվա  Ֆէյրուզի զաւակը) եւ Ժորժ Սաքրի մէկ հանրածանօթ երգին, որուն մէջ անոնք կը նկարագրէին գիւղէ գիւղ յառաջացող փոխադրակառքի մը…կեանքը ինչպէս որ է:
Օդանաւը ի վերջոյ էջք կատարեց եւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ քուէարկութեան համար ժամանած ճամբորդները, մուտք գործեցին…հիւրընկալ Պէյրութ քաղաք:
Քանի մը օր ետք, ժամանեց Յունիս 7-ը՝ ընտրութեան օրը…եւ հակառակ անոր որ հայորդիներ աւելի քան ութսուն առ հարիւր համեմատութեամբ քուէարկեցին Հ.Յ.Դաշննակցութեան առաջադրած «Հայկական Երեսփոխանական Պլոք»ի վերականգման ցանկին, մրցակից կողմի առաջադրած ցանկն Էր, գրեթէ հայազուրկ քուէներով, յաղթական դուրս եկաւ:
Տարիներ թաւալած էին…Շատ բան փոխուած էր: Նոյնիսկ այդ պատմութիւն կերտած Positive Neutrality-ն՝ «Դրական չէզոքութիւն» որդեգրուած աշխատելաձեւը չքացած էր եւ փոխարինուած ահաւոր Negative Mentality-ով՝ «ժխտական մտայնութիւն»…

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles