Սփիւռքի կազմաւորման առջին օրերէն գաղթօճախներու հայեցի դիմագիծի պահպանման գործին մէջ ազգային վարժարանը ունեցած է անարառկելի առաքելութիւն: Այդ առաքելութիւնը ի կատար ածելու հիմնասիւնը հանդիսացած է ազգային ոգին եւ անոր յաջողութեան գրաւականը՝ կրթական մարզին նուիրուած հայորդիներու նուիրումը:
Այսօր, հայ ազգային դպրոցի ղեկավարութեան կոչուած պատասխանատուները չեն կրնար անտեսել հայ ազգային դպրոցին վերապահուած հարիւրամեայ այս կոչումը: Կարելի չէ ազգային դպրոցին մօտենալ բացառապէս իբրեւ ուսումնական հաստատութիւն, որովհետեւ ան ուսումնական հիմնարկ մը ըլլալէն անդին՝ ազգային կրթութեան օճախ է, որուն ողնասիւնը եւ գոյատեւման երաշխաւորը կրթական ասպարէզին նուիրուած հայն է:
Ուստի, զգոյշ վարուեցէք հայ ազգային դպրոցին հետ եւ ամէն ջանք ու եռանդ ի գործ դրէք, որ ան իր առաքելութիւնը անշեղ կատարէ:
1.-Ուսման մակարդակի բարձրացումը միշտ եղած է եւ պէտք է ըլլայ հայ ազգային դպրոցի ձգտումը: Սակայն, զայն պէտք չէ հակադրել հայ ազգային դպրոցի պատմական առաքելութեան, որովհետեւ այս մօտեցումը կը խարխլէ անոր հիմքերը, կ’աղաւաղէ անոր իւրայատուկ դիմագիծը եւ կը տապալէ հայեցի ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու պարտականութիւնը: Աւելին, հակադրելու նման մօտեցումը չի ալ կրնար ապահովել նոյնիսկ ուսումնական մակարդակի բարձրացումը:
2.-Ընդունիլ այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, որ հայ ազգային դպրոցի գոյատեւման խարիսխը կրթական առաքելութեան հաւատացող հայն է, իսկ զուտ ուսումնական մասնագիտական մօտեցումներով առաջնորդուողը երբեք չի կրնար հայ դպրոցի գոյատեւման պահապանը դառնալ:
3.-Մասնաւորաբար մեր ազգային արժէքներու վրայ կատարուած յարձակումներու մեր այս օրերուն, հայ դպրոցը պէտք է պատուարել ու պաշտպանել ապազգային ամէն տեսակի հայեացքներէ ու ներազդեցութենէ, որոնք կրնան աղետալի հետեւանքներ ունենալ մատղաշ սերունդի հայեցի դիմագիծին վրայ:
4.-Գործնապաշտութեան լոզունգներով տուրք պէտք չէ տալ հայ դպրոցի առաքելութեան հետ աղերս չունեցող լուծումներուն, որոնք հայ ազգային դպրոցը կը պարպեն իր բովանդակութենէն:
Այս ակնարկը անտեղի չէ եւ չէ ծնած ոչինչէն: Գործնապաշտութեան, «ուսումնատենչութեան» եւ ազգայինի ստորագնահատման բազմաթիւ մտահոգութիւններ յարուցանող երեւոյթները այսօր բոլորիս ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլան եւ կրթական կեանքի ղեկավարման կոչում ունեցող տարրերը զգոյշ պէտք է վարուին ազգային դպրոցին հետ: