Յօդուածներ
ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶԸ
Շուրջ վաթսուն տարուայ պատմութիւն ունեցող Երեւանի կենդանաբանական այգին չնայած իր անմխիթար վիճակին, կը մնայ փոքրիկներու ամենասիրելի վայրերէն մէկը:
Այժմ 210 տարբեր տեսակի 2200 անասուն կը բնակի այս կենդանաբանական պարտէզէն ներս:
Տեսարանը բաւական տխուր է:Ծառերը անխնամ են, ճանապարհները քանդուած եւ տհաճ ու քարշելի հոտ: Այս տարի երկու միլիոն տոլարի դրամ յատկացուեցաւ, վերանորոգման աշխատանքներ կատարելու համար:
Երեք տարի ետք, հաւանաբար, բաւական մը նորոգուի այս գրեթէ կիսաքանդ պարտէզը: