ՆՇՄԱՐ.- ՇԵՂՈՂ ԽԵՂԿԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԴԱՌՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 8 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

21 Նոյեմբեր 2024

Օր չ’անցնիր, որ աշխարհի այս կամ այն ծագէն խեղկատակ բեմադրութիւններու ականատես-ականջալուր չըլլանք, խաղեր՝ որոնց հիմնական նպատակն է մարդոց ուշադրութիւնը հեռացնել իրական տագնապներէ՝ իրենց ապրուստի պայմանները աւելի՛ դաժան դարձնող իրադարձութիւններէ:

Թուենք քանի մը օրինակ (աւելին՝ մեզ պիտի հասցնէ հատորի մը):

Ա. Տոնըլտ Թրամփի նախագահ վերընտրութեան փոթորիկը ցունամիի միայնակ ալիք չէր, անոր յաջորդեցին ու կը յաջորդեն ամենօրեայ ցունամիներ, որոնք մոռացութեան գիրկը կը նետեն նախորդները: Նորագոյն ալիքնե՞րը. նոր կառավարութեան կազմի անդամներուն շուրջ ստեղծուած փոթորիկներէն կը ծագին: Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, պատկերասփիւռի խեղկատակ յայտագիրէ մը «ծնած» Թրամփ հիմա սկսած է իր շուրջը հաւաքել նման պատկերասփիւռային խեղկատակներ, վատահամբաւ, իրենց վստահուելիք գործերէն շատ բան չհասկցող կամ նոյնինքն տուեալ առաքելութեան չհաւատացողներու փաղանգ մը, որոնց շարքին են, իրեն պէս՝ գայթակղութիւններու մէջ դերակատար «հերոսներ»: Սա մամուլին եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ բարձրացուցած է բողոքի, ընդվզումի եւ քննադատութիւններու ալիքներ, որոնք տեղ մը իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան: Օրինակի համար, արդարութեան նախարարութեան թեկնածու Մէթ Կէյթց, որ մեղադրուած է իբրեւ անբարոյական, քննադատութիւններուն դիմաց տեղի տուաւ եւ իր թեկնածութիւնը քաշեց Հինգշաբթի օր (21 Նոյեմբերին): Մարդուն մէջ բարոյականութեան հիւլէ մը կա՞յ եղեր…: Անոր քայլին պիտի հետեւի՞ն միւս համբակները, թէ՞ ամերիկեան քաղաքական բեմը պիտի ցուցահանէ կատարեալ սնանկութեան իր դիմագիծը, որուն մէկ այլ «միջնարարն» ալ կը հիւսուի Ճօ Պայտընի խռֆածութեան նորագոյն փատսերով…: Ողբերգութիւնը հոն է, որ ինչպէս որեւէ երկիր՝ Միացեալ Նահանգներն ալ զուրկ չեն կարող մարդոցմէ, սակայն պաշտօնի կը կոչուին կամակատար հտպիտներ, ինչպէս պատահեցաւ Ուքրայինայի մէջ կամ այլուր:

Անդին, իրական կեանքի մէջ, նոյնքան ուշադրութիւն չեն գրաւեր իրական տագնապներ, սկսելով յի Ուքրայինայի պատերազմը աւելի՛ եւս սաստկացնող ամերիկեան եւ այլ «նախաձեռնութիւնները», գեր-հզօրներու միջեւ անբարեխիղճ մրցակցութիւնները (չենք ուզեր մարզերը թուել հոս), երկրի տնտեսական անկումը եւ անկէ ծնած ընկերային հարցերը, կեսոլորտի մարդակերտ այլափոխման հետեւանքները եւ անոնց դիմաց աչք փակելները եւ այլն:

(Կատակ մը շրջան կ’ընէ, թէ՝ զէնքի կարգ մը ընկերութիւններ գանգատած են, որ որոշ ընկերութիւններ բաւական զէնք ծախած ու հարստացած են, պէտք է առիթ տալ նաեւ ուրիշներու՝ հրթիռներ եւ ականներ արտադրողներու: Ուրիշներ ալ կարգի կանգնած են):

Բ. Ի՜նչ զու-գա-դի-պու-թի՜ւն: Հայաստանի վարչապետի աթոռին բազմած ՔՊ-ապետն ալ քանի մը օր առաջ փոթորիկ ստեղծեց նախ՝ մօրուքը ածիլելով, յետոյ, կառավարութեան նիստին, ջղագառ խեղկատակութեամբ մը՝ սպառնալիքներ տեղացուց «անբարեխիղճ» եւ «զինք ստախօս հանող» նախարարներու եւ պաշտօնատարներու գլխուն. յաջորդ արարը եղաւ առաջին կարգի (օտարը պիտի ըսէր՝ փրիմօ) նիկոլակա՛ն դրածոյ նախարարներու, մինչեւ իսկ արդարադատութեան մարզի, ազգային ժողովի նոյնքան դրածոներու պաշտօնազրկումը եւ նորերու նշանակման էջի բացումը: Եւ, ի՜նչ զարմանք, նշանակեալ «երիտասարդ եւ փորձառու» դրածոյ նախարար մը, կառավարութեան նիստի առաջին իսկ մասնակցութեան, «դնող»ին կողմէ խայտառակուեցաւ իբրեւ գլխագիր թերացած (բայց, ըսէ՛ք, ո՞վ է չթերացողը): Մարդը կ’անդրադառնա՞յ արդեօք, որ գլխաւոր թերացողը ինք է, իր թերացումներուն եւ յանցանքներուն, մեղքերուն կոյտը՝ իր սիրած Արագածի չորս գագաթներուն բարձրութեան գումարը գլած-անցած են: Հիմա հարց է, թէ նոր դրածոները բարոյական ուժը պիտի ցուցաբերե՞ն ու խոստովանի՞ն, թէ ատակ չեն: Հարց ծագած է նաեւ, թէ արդեօք… հեծի՞կն ալ զոհ գացեր է մօրուքին հետ, իսկ «նախկիններ»ուն հասցէին հնչած մեղադրանքները այնքան հինցած են, որ նորերը լիարժէքօրէն նոր մրցանիշներ կը հաստատեն…:

Անդին, իրական բերմին վրայ, տնտեսութեան անկումն ու ընկերային տագնապները, ներառեալ՝ արցախցի բռնագաղթուածներու հանդէպ հոգածութեան նահանջը, ու տակաւին՝ թուրքեւազերիական ծրագիրներու ընթացք տալը նետուած են լուսանցք, ժողովուրդին – եւ մամուլին ու քաղաքական շրջանակներու – ուշադրութիւնը շեղելու՝ յիշեալ շինծու (ո՛չ աննախընթաց) խաղերը ողողած են մարդոց կեանքը:

(Կատակ մը շրջան կ’ընէ. կ’ըսեն, թէ պաշտօնազրկումներուն իսկական պատճառը այն է, որ կարգ մը ՔՊ-ականներ գանգատած են, թէ պաշտօնավարողները բաւական հարստացած են իրենց դիրքը «տակից» շահագործելով եւ վրան-բաց պարգեւավճարներով, պէտք է առիթ տալ ուրիշներու):

Գ. Միջազգային ոճրային դատարանը վճիռ արձակեց Իսրայէլի վարչապետին, անոր նախկին նախարարին եւ «Համաս»-ի կարգ մը պաշտօնեաներուն դէմ, զանոնք ամբաստանեց իբրեւ ոճրագործ եւ ձերբակալման հրաման արձակեց անոնց դէմ: (Զոհն ու ոճրագործը հաւասարապէս մեղադրելով՝ կ’ըսեն կատակասէրները, Ատեանը փորձեր է «հաւասարակշռութիւն» պահել եւ խուսափիլ իբրեւ կողմնակալ մեղադրանքէ): Եւ յանկարծ, փոթորիկ մըն ալ պայթեցաւ միջազգային բեմին վրայ, շատեր փութացին պաշտպանելու Իսրայէլի ոճրագործները, իբրեւ թէ անոնք իրաւունք ունին իրենց երկիրը պաշտպանելու: Հարց. եթէ պաղեստինցիները բազմատասնեակ հազարներով կը ջարդուին, ամբողջ քաղաքներ եւ գիւղեր հողին կը հաւասարեցուին, անոնք իրաւունք չունի՞ն ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Բարեբխատաբար եղան երկիրներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործադրելու Նեթանիահուն ձերբակալելու վճիռը եւ… մեղադրուեցան ոճրագործին ու պաշտպաններուն կողմէ:

Եթէ այս վճիռը արդարութիւն կ’ընէ եւ լուսարձակի տակ կը բերէ կազացիներու (ինչո՞ւ չէ նաեւ անուղղակիօրէն լիբանանցիներու) ողբերգութիւնը, հարցական կը մնայ, թէ այս ու նման վճիռներ գործնական ի՞նչ արտայայտութիւն պիտի ունենան: Իսրայէլի այս ու նախկին ոճրագործները՝ պետական պատասխանատուները առաջին անգամը չէ, որ կ’ամբաստանուին իբրեւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾ, անցեալին, այլ ատեաններ ալ նման մեղադրանք փակցուցած են Իսրայէլի ճակատին: Իբրեւ պետական ոճրագործ՝ ամբաստանուած են Թուրքիան ու Ատրպէյճանը՝ Արցախի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլուր իրագործած ոճիրներուն, ցեղասպանական արարքներու համար, եւ համապատասխան պահանջներ դրուած են անոնց դիմաց: Այս առումով, Էրտողան, Ալիեւ եւ Նեթանիահու (եւ նմաններ) նոյն խրամատին մէջ են, կը մնան-կը պահուին անխոցելի, ունին ջե՜րմ պաշտպաններ, որոնք պատրաստ են իրենց դաւանած ամէնէն բարձր արժէքներն անգամ ցեխը ձգելու, ի խնրիր… շահերու պաշտպանութեան:

***

…Մարդկութիւնը այլապէս կը պահուի լուռ ու կրաւորական հանդիսատեսի աթոռներուն վրայ, անոնցմէ խլուած է իրականութիւնները, իրենց իսկ կրած անմիջական (ուղղակի եւ անուղղակի) վնասները տեսնելու-զգալու զգայարանքը: Իսկ թէ նման վիճակ որքա՞ն կրնայ տեւել՝ կախեալ է ԶԱՐԹՆՈՒՄի կարողութենէն, զարթնումի պահը մօտեցնողներէ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles