ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 40-ԱՄԵԱԿԸ

1 0
Read Time:7 Minute, 23 Second

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16-ին «Hyatt Regency – Cambridge» պանդոկին մէջ նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս Ամէնօրեայ վարժարանի 40-ամեակը։ Աւելի քան հինգ հարիւր հայորդիներ ներկայ էին այս հանդիսութեան։

Ազգ մը կը պահպանուի, եւ անոր դիմագիծը անաղարտ կը մնայ իր մայրենի լեզուով, իր մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով, արժէքներով եւ անշուշտ կրթօճախով։

Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը սկսին տունէն՝ մանուկին փոքր տարիքէն։ Հոն՝ մօր մը վարուելակերպը եւ խօսակցութիւնը անմիջական ազդեցութիւն կ’ունենան մանուկին վրայ։ Մայրը կը դառնայ երեխային առաջին ուսուցիչ-դաստիարակը, սակայն պէտք չէ մոռնալ հօրը կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը առաջին դպրոցին մէջ, որ տունն է, եւ ընտանեկան միջավայրը։

Այս նպատակին հասնելու առաջնահերթ ազդակներէն կարեւորագոյնը ազգային դաստիարակութիւնն է։ Հայ Ժողովուրդն ալ կ’ապրի իբրեւ ուրոյն ազգ իր լեզուով եւ մշակոյթով՝ շնորհիւ հայ դպրոցին, հայ գրքին եւ հայեցի դաստիարակութեան։ Հայ դպրոցին մէջ կը կազմաւորուին հայ աշակերտին միտքն ու նկարագիրը. հոն կը հետապնդուի, կը մշակուի եւ կ’իւրացուի հայ ոգին եւ մշակոյթը։ Ասիկա կը պահանջէ զօրաւոր կամք եւ անսահման զոհողութիւն։

Այս պայմաններուն տակ, նշուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գտնուող միակ ամէնօրեայ դպրոց` Սուրբ Ստեփանոս Ամէնօրեայ վարժարանի 40-ամեակը։

Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի 2008-ի շրջանաւարտ եւ 2023-ին «Ֆորպզ» հանդէսի 30 տարեկանէն վար 30 յաջողագոյն անձերու ցուցակին գտնուող՝ Քրիսթինա Այանեանը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։

Ան բեմ հրաւիրեց շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հրանդ ծ. վարդապետ Թահանեանը, որ կատարեց բացման աղօթքը։ Իր խօսքին մէջ, վարդապետ Թահանեան յայտնեց, թէ հայ եկեղեցին իր հոգին ու էութիւնն է, իսկ հայ դպրոցը՝ միտքն ու խելքը։ «Հոն է, որ կը սորվինք հայերէն, հայոց պատմութիւն, այբուբէն, ազգային ու տոհմիկ պարեր ու երգեր։ Այո՛․․․հոն է, որ կը խօսինք հայերէն, կը զգանք հայ։ Այսպէս Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարանը պիտի թրծէ երիտասարդ հայ պատանին ու պարմանուհին», ըսաւ ան։

Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ Անժելինա Նազարեանը, որ տպաւորեց իր եզակի ձայնով։ Ապա, խօսք առաւ ներկայ տնօրինուհի Կարին Փալանճեանը, որ յայտնեց, թէ հայ դպրոցը ունի յատուկ առաքելութիւն եւ հիմնական նպատակ։

Ան շեշտեց, թէ առաջնահերթութիւն է նոր սերունդին ապահովել հայեցի մթնոլորտ եւ շունչ, նաեւ  աւանդել համապարփակ եւ ամբողջական ուսում, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել կեանքի հրամայականները։

«Ապագայ սերունդին համար կարեւոր է որդեգրել կրթական-ուսումնական եւ դաստիարակչական հիմնաւորուած նորութիւններ, ուղեգիծեր եւ ծրագիրներ։ Նոյնքան կարեւոր է, նաեւ փոխանցել մարդկային բարոյական արժէքներու կարեւորութիւնը եւ սորվեցնել անոր համամարդկային կենցաղավարութիւն։ Այսպէս, նմանօրինակ նպատակներու իրականացումով հայ դպրոցը կը դառնայ իսկական հայկական օճախ՝ նախանձելի մակարդակով, որակաւոր եւ ներգրաւող, ինչպէս նաեւ կրնայ մրցիլ յաջող կոչուած օտար վարժարաններու հետ ու ինքզինք կը պարտադրէ իր շրջապատին ու ժողովուրդին», ըսաւ ան։

Օրուան բանախօսն էր Մէրի Փափազեանը, որ համալսարաններու ղեկավարող յանձնախումբերու ընկերակցութեան փոխնախագահն է։ Ան շեշտեց, որ դպրոցին բաբախող սիրտն ու արթուն միտքը տնօրէնն է։ Ան տիպար ուսուցիչի մը բոլոր յատկութիւններով օժտուած դպրոցին ղեկավարն ու օրէնքի մարդն է։ «Տնօրէնը ուսուցիչներու գործակիցն է, խորհրդատուն է եւ ուղեցոյցը։ Ան առողջ կապն է՝ ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք-խնամակալ քառեակին»։

Փափազեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց պատմութիւն կերտած մտաւորական, հասարակական ու ազգային գործիչ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի (ծնած՝ 1930-ին Քեսապ եւ մահացած 2019-ին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մասին։

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Քեսապէն դուրս գալով, իր ուսումը շարունակած էր Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին։ Այդ օրերուն, ի զարմանս բոլորին, ան հաստատած էր չափահասներու համար գիշերային դասընթացքներ, որպէսզի ուսանելու առիթէն զրկուած երիտասարդներ կարենան զարգանալ։

1953-ին բարձրագոյն ուսումը շարունակելու միտումով կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ կը յաճախէ Տիթրոյթի «Ուէյն» համալսարանը, ուր կը հետեւի ընկերաբանութեան, մանկավարժութեան եւ դպրոցական տնօրէնութեան ճիւղերուն եւ կը ստանայ պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի տիտղոսները»: Այդ շրջանին ալ կը դասաւանդէ թէ տեղական վարժարանի մը մէջ, թէ՛ ալ Հ․Օ․Մ․-ի գիշերային վարժարանին։

«Սեպտեմբեր 1964-ին, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Լոս Անճելըսի մէջ կ՛իրականացնէ իր երազը եւ բացումը կը կաըտարէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանին։ Ինճէճիկեան լաւապէս տեղեակ էր, թէ կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը կ’ընթանան զուգահեռաբար ուսման հետ՝ կրթական օճախներու մէջ, եւ, իբրեւ ամբողջութիւն, կը կատարելագործուի դպրոցական տարիներու ընթացքին։ Եւ այսպէս, երեխան իր առաջին քայլերը կը նետէ դպրոցին մէջ, կը քալէ հանգրուանէ հանգրուան եւ կը բարձրանայ մակարդակէ մակարդակ։ Դպրոցը կը բանայ աշակերտին մտքի շտեմարանը, կը լուսաւորէ անոր հոգին, կ’ազնուացնէ անոր ճաշակը եւ գեղեցիկի ըմբռնումը։ Այսպէս, Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարանը պիտի դաստիարակէ, կը կրթէ աշակերտ-ուսանողը, կը ջամբէ անոր հիմնական եւ ժամանակակից գիտութիւն, բարոյականութիւն, կենցաղավարութիւն, իմացական բարձր ոգի եւ ազգային գիտակցութիւն», ըսաւ Փափազեան, եզրակացնելով, թէ «Հայ դպրոցը կանգուն կը մնայ, կը գոյատեւէ, կը յառաջդիմէ, երբ գիտակից ծնողներ իրենց նիւթաբարոյական պարտաւորութիւնները լիովին եւ ճիշդ ժամանակին կը կատարեն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեն հայ դպրոցի բոլոր պէտքերուն։ Ծնողները անմիջական եւ կարեւորագոյն դերակատարներն են հայ դպրոցի կեանքի աշխուժութեան, կենսաւորումին եւ սահուն յառաջընթացին, եւ թէ անոնք հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան լծակիցներն են եւ դպրոցին գոյատեւման կարեւորագոյն սիւները»։

Աւագ քհնյ․ Անդրանիկ Պալճեան ներկայացուց 35 տարի շարունակ ծառայած եւ վերջերս հանգստեան կոչուած տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեանը։

«Այսօր՝ ինծի քաղձր պարտականաութիւնը տրուած է ներկայացնելու Սուրբ Ստեփանոա Ազկային վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհին՝ Տիկին Հուրի Պոյամեան, զոր այսօր կը պատուենք իր 35 տարիներու  նուիրեալ, կարող եւ բեղուն ծառայութեան համար։ 35 տարիներ առաջ, Տիկին Հուրին — հազիւ 4 տարուան կեանքի կոչուած — սա մատղաշ դպրոցին տնօրինութեան պաշտօնը ստանձնելով՝ խանդավառութեամբ  եւ ամբողջական նուիրումով,  նետուեցաւ դաստիարակչական ու հայապահպանման բարձր առաքելութեան. հետեւելով  իր հօր՝ հանրածանօթ դաստիարակ եւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երկար տարիներու ուսուցիչ եւ փոխ-տեսուչ՝ Պր. Գառնիկ Բանեանի օրինակին։

Այս վերջին 35 տարիներուն ընթացքին, Տիկին Հուրիին կարող եւ վարպետ ղեկավարութեամբ` Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը ո՛չ միայն աճեցաւ. ո՛չ միայն աշխուժացաւ. ո՛չ միայն ընթարձակուեցաւ, այլ ուղղակիօրէն ծաղկեցաւ ու դարձաւ՝ մեր Մեծագոյն Պոսթընի շրջանին հպարտութիւն պատճառող նոր սերունդներու հայապահպանման ամրոցը՝ ցանկալի դարբնոցը, ուր կը կատարուի գաղութիս մէջ ապագայի ծառայող եւ գործող մարդոյժի պատրաստութիւնը», ըսաւ աւագ քհնյ․ Անդրանիկ Պալճեան։

Ապա Պոյամեան բեմ բարձրանալով, ըսաւ․- «Խորապէս զգացուած եմ ինծի շնորհուած այս պատիւին համար: Այն ինչ որ կատարած եմ անցնող 35 տարիներուն, Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանէն ներս, ծառայութիւն մըն էր առաքելութեան մը, որուն  խորապէս կը հաւատամ: Այստեղ տարած աշխատանքս կատարած եմ, իբրեւ ազգային պարտականութիւն, որովհետեւ ամբողջական համոզումով հաւատացած եմ Հայ Դպրոցի կենսական դերին, Սփիւռքի հայապահպանման աշխատանքին մէջ: Այս համոզումը մէջս աւելի կ՛ամրապնդուի ամէն անգամ, երբ մեր Հայրենիքը անցկալի օրեր կ՛ապրի:

Այս առիթով  ձեզի կ՛ուզեմ պատմել դէպք մը, որ պատահեցաւ 1986-ին, երբ ընտանիքով վերջնականպէս պիտի փոխադրուէինք Ամերիկա, 10 տարի ապրելէ յետոյ Լիբանանի պատերազմը: Հայրս որ տարիներու ընթացքին իր խնայողութիւնները յատկացուցած էր Հայերէն գրքերու, բաւական հարուստ գրադարան մը ունէր: Մենք ալ, ծնողքս ալ կը տառապէինք երբ բաժանումը կը մօտենար, բայց աւելի տառապալի բանը որ պատահեցաւ այն օրն էր, երբ հայրս զիս ցաւով յայտնեց, թէ իր գրքերը, որ իր համար ամէնէ արժէքաւոր գանձերն էին, վստահ չէ եթէ ինծի պիտի տայ, որովհետեւ մտահոգ էր, որ Ամերիկայի մէջ զաւակներս  կամաց-կամաց պիտի կորսնցնեն իրենց լեզուն,  ինքնութիւնը եւ պիտի կորսուին: Այս արտայայտութիւնը զիս խորապէս ցնցեց:

Այստեղ փոխադրուելէ ետք, ասպարէզով դեղագործ ըլլալով, տարի մը պաշտօնական քննութիւններու պատրաստուեցայ, որ կարենամ մասնագիտութիւնս կիրառել: Հազիւ Երեք ամիս իբրեւ դեղագործ աշխատած, Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի Խնամակալութենէն Պրն. Երուանդ Գրաֆեան, մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց, եթէ պատրաստակամութիւն ունիմ դպրոցի տնօրէնութիւնը ստանձնելու, որովհետեւ դպրոցի հիմնադրութեան ատեն եւ  յաջորդող չորս տարիներուն կրցածր էին ուսուցիչներ գտնել, բայց ոչ տնօրէն: Այս կացութեան առջեւ, երկար չմտածեցի: Մէկ կողմ դրի դեղագործի վկայականս եւ ետ համալսարան գացի ստանալու համար Մանկավարժութեան Մագիստրոսի Տիտղոսը, միեւնոյն ժամանակ վարելով դպրոցը եւ մեծցնելով երեք զաւակներս:

Այս անցնող 35 տարիներուն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, երբեք չեմ զղչացած առած այս որոշումիս համար, ընդհակառակը այս տարիները եղան կեանքիս ամէնէ իմաստալից, արդիւնաւէտ եւ հոգեկան գոհունակութիւն պատճառող տարիները»:

Նշենք, թէ բեմադրութեամբ Պարէտ Մարոնեանի տպաւորիչ տեսերիզ մըն ալ պատրաստուած էր, ներկայացնելով մեծարեալ տիկին Հուրի Պոյամեանը, իր 35-ամեայ ծառայութեան ընդմէջէն։

Ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի եւ Մասաչուսէցի կառավարիչ Մօրա Հիլի շնորհաւորագրեր յղած էին, իսկ Միտըլսէքսի շէրիֆ Փիթըր Գութուճեան, իր կարգին բեմ բարձրանալով շնորհաւորագիր մը յանձնեց տիկին Պոյամեանին։

Կրթական խորհուրդի նախագահ Մայքըլ Կիւզելեան խօսք առաւ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց, կառուցուելիք նոր կրթօճախին մասին։ Ան յայտնեց, թէ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ հայկական կրթական հաստատութիւն մը պահելը շատ զոհողութիւններ կ’ենթադրէ։ Այս զոհողութիւններով կ’երաշխաւորուի հայ դպրոցի գոյատեւումը։

«Հայ դպրոցը կը պատկանի իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին, հայ ծնողքին. հետեւաբար ծնողք տէր կանգնելու են իրենց պաշտելի հայ դպրոցին եւ յանձնարութեամբ կատարելու են իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները։ Ճիշդ է, որ ազգային մարմիններ, բարեսիրական հաստատութիւններ, հոգաբարձութիւն-խնամակալութիւն-կրթական մարմին եւ այլ ազգային բարերարներ նեցուկ կը կանգնին հայ դպրոցին, այսուհանդերձ հայ դպրոցը միշտ գտնուած է տնտեսական ծանր եւ մտահոգիչ կացութեան մէջ, որ մեզ բոլորս կը դնէ լուրջ պատասխանատուութեան մը դէմ յանդիման», ըսաւ ան եւ գոհունակութեամբ տեղեկացուց, թէ կարելի եղած է այս հանդիսութեան, հաւաքել հինգ հարիւր հազար տոլար։

Փակման իր խօսքին մէջ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան էական դերը մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ ապագայ ղեկավարներու կազմաւորման մէջ։ Ան դրուատեց տիկ. Պոյամեանի բացառիկ վաստակը Եղեռնէն ճողոպրած ողբացեալ հօր՝ Գառնիկ Բանեանի նման, որ ո՛չ միայն եղած էր դաստիարակ, այլ աւելին՝ հայրական գուրգուրանք ցոյց տուած իր աշակերտներուն հանդէպ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բարձրօրէն գնահատելով գաղութէն ներս տիրող համագործակցութիւնը բոլոր յարանուանութեանց եւ կազմակերպութեանց, կոչ ըրաւ, իրենց երազներու կարկինը լայն բանալով, որ ծրագրեն եւ գործադրեն նախակրթարանէն աւելի բարձր մակարդակով կրթական օճախի մը շինութիւնը։ Ան աւելցուց, թէ հայ դպրոցի առաքելութիւնը կ’իրականանայ, եւ նպատակն ալ կ’իմաստաւորուի յստակ ծրագրումով, հետեւողական աշխատանքով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ զանազան մակարդակներու վրայ, եւ ի մասնաւորի՝ աշակերտութիւն-ուսանողութիւն, ծնողք, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ հոգաբարձութիւն։

Աւարտին, հանդիսութիւնը կազմակերպող Նիքոլ Պապիկեան-Հաժժարը, որ միշտ ալ հետեւողական ձեւով եւ բծախնդրութեամբ իր ներդրումն ու նուիրումը ունեցած է, շարունակ կազմակերպելով նմանօրինակ ձեռնարկներ, շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս ձեռնարկի յաջողութեան։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles