Կիրակի, Նոյեմբեր 17-ին, Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին տօնեց իր 54-ամեակը։ Այս առթիւ, ժամանած էր Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, որ պատարագեց ու քարոզեց։ Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց երեք պատանիներ՝ Նշան Պալճեան, Գաբրիէլ Պլպուլեան եւ Օսթին Աֆարեան, որոնք եկեղեցւոյ խորանի ծառայողներ են։ Խարտաւիլակութիւնը կատարեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց) պատուակալ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան աւանդական տօնախմբութիւնը «Ճաֆարեան» սրահին մէջ, Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ եւ աւելի քան 120 հոգիի մասնակցութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Հէյվըրհիլի (Մասաչուսէց) Սուրբ Միքայէլ եւ Գաբրիէլ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վարդ Քհն. Գէօզալեան։
Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Ճօ Ալմասեան, իր բարի գալուստի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ բոլոր կամաւորներուն ու նուիրատուներուն իրենց աշխատանքին համար եւ շեշտը դրաւ ծուխի վերջին իրագործումներուն, ինչպէս եւ ապագայ ծրագիրներուն վրայ։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, յատուկ նուէրներ յանձնեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ շնորհաւորեց ամբողջ համայնքը եկեղեցւոյ նոր տարեդարձին առիթով։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, որով Վեհափառ Հայրապետը Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով կը պարգեւատրէր կիրակնօրեայ ու հայկական վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Սօսի Ճգնաւորեանը, գնահատելով անոր աւելի քան 40-ամեայ ծառայութիւնը։
Փակման իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց ծուխին եւ մեծարեալ տիկ. Ճգնաւորեանին, բարձրօրէն գնահատելով համայնքի տքնաջան աշխատանքը։ Տօնախմբութեան աւարտէն ետք, Վարդ Քհն. Գէօզալեանի հրաւէրով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այցելեց Ս. Միքայէլ եւ Գաբրիէլ Հրեշտակապետաց եկեղեցին, իր օրհնութիւնը տալով հովիւին ու ծխականներուն։