ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԿԸ ՏՕՆԷ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 35-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 51 Second

Սեպ­տեմ­բեր Ամի­սը դպրո­ցա­կան կեան­քի վե­րա­մուտ է Ամե­րի­կա­յի մէջ:

Նիւ ճըրզիի Յով­նան­եան վար­ժա­րա­նը բա­ցաւ իր դռնե­րը 35-րդ ան­գամ ըլ­լա­լով, մուտ­քի դրան մօտ, ար­ուես­տա­գէ­տի ձեռ­քով պատ­րաստ­ուած, Մես­րոպ­եան Այբ ու Բէ­նի “քա­րե­տախ­տա­կին“ կող­քին: Դպրո­ցի պաշ­տօ­նա­կան գոգ­նոց­նե­րը հա­գած, աշա­կերտ աշա­կեր­տու­հի­նե­րը, երամ-երամ, հայ­կա­կան կռուն­կին նման, վե­րա­դար­ձան իրենց մշա­կոյ­թի բոյ­նը, մէկ ձեռ­քով պա­յու­սակ­նե­րը բռնած, միւս ձեռ­քով ամուր սեղ­մած  զի­րենք բե­րող հայ­րե­րուն,մայ­րե­րուն, մեծ հայ­րե­րուն, մեծ մայ­րե­րուն, հա­րա­զա­տ­նե­րուն ձեռ­քե­րը:

Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կո­յթա­յին Միու­թեան Նիւ Ճըրզիի մաս­նա­ճիւ­ղի եւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Շա­բաթ Հոկ­տե­բեր 1-ի երե­կոյ­եան, Պըր­կըն Աքա­տեմիի սրա­հին մէջ, կազ­մա­կերպ­ուե­ցաւ պա­րի եւ երաժշ­տու­թեան փա­ռա­տօն նուիր­ուած Յով­նան­եան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 35րդ տա­րե­դար­ձին մաս­նակ­ցու­թեամբ Մոնթ­րէ­ա­լի Հա­մազ­գա­յի­նի Անի պա­րի ան­սամպ­լին, Հա­մազ­գա­յի­նի Պոս­թը­նի Հայ­կա­կան Ժո­ղովր­դա­կան ան­սամպ­լին եւ Նիւ Ճըրզիի Նա­յի­րի պա­րի ան­սամպ­լին:

Ձեռ­նար­կի յա­ջո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նա­եւ վար­ժա­րա­նի բա­րե­կամ­նե­րու յանձ­նա­խում­բե­րը, Հայ Տու­նը, վար­ժա­րա­նի ծնո­ղա­կան խոր­հուր­դը, Վար­ժա­րա­նի Բա­րե­կամ­նե­րու Տի­կին­նե­րը, վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը  եւ ազ­գա­յին­ներ որոնք միշտ զօ­րա­վիգ կանգ­նած են վար­ժա­րա­նին:

Այս առ­թիւ հրա­տա­րակ­ուած գրքոյ­կի առա­ջին էջին վրայ, վար­ժա­րա­նի վաս­տա­կա­ւոր տնօ­րի­նու­հի Տի­կին Անա­հիտ Կար­միր­եան կը պատ­գա­մէ.

Ար­դէն իսկ 35 տա­րի է: Այո՛:  35 տա­րի առաջ, Նիւ Ճըր­զի նա­հան­գի խումբ մը նա­խան­ձախն­դիր Հա­յոր­դի­ներ քովքո­վի եկած հիմ­նե­ցին Յով­նան­եան Վար­ժա­րա­նը: Զօ­րա­ւոր հա­ւատք պէտք էր այդ արար­քին հա­մար: Նա­եւ մի­աս­նա­կան կամք: Հիմ­նա­դիր­նե­րու սե­րուն­դը այդ իմաս­տով ամէն գնա­հա­տան­քէ վեր է: Կը հա­ւա­տա­յին որ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը հնա­րա­ւոր է Ամե­րի­կա­յի այս ափին վրայ հաս­տատ­ուած ու ձե­ւա­ւոր­ուած գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րուն հա­մար: Բայց կը հա­ւա­տա­յին մա­նա­ւանդ, որ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը կրնար զու­գա­դի­պիլ ար­ժէ­քա­ւոր դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մը հետ: Կը հա­ւա­տա­յին որ իրենց հիմ­նած վար­ժա­րա­նը օր մը նա­հան­գին լա­ւա­գոյն վար­ժա­րան­նե­րուն հետ պի­տի մրցէր իր ու­սում­նա­կան եւ ման­կա­վար­ժա­կան գե­րա­գոյն մա­կար­դա­կով: Կը հա­ւա­տա­յին ու­րեմն, որ երկ­լե­զու դպրոց մը, ոչ միայն հնա­րա­ւոր էր, այլ նա­եւ կրնար ամէն իմաս­տով բա­րիք մը ըլ­լալ ապա­գա­յի սե­րունդ­նե­րուն“:

Յար­գե­լի տնօ­րէ­նուհի­ին պատ­գա­մի առա­ջին հատ­ուա­ծէն ետք, անց­նե­լով գոր­ծադր­ուած յայ­տագ­րին, ան­ուա­նի երգ­չու­հի Անի Զար­գար­եան Փա­ռա­տօ­նի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Քայ­լերգ­նե­րով:

Ապա բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Յով­նան­եան վար­ժա­րա­նի հո­գա­բար­ձու մարմ­նի ատե­նա­պետ Բժիշկ Կրէկ Սի­մոն­եան:

Բժիշկ Սի­մոն­եան մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց Հայ­կա­կան վար­ժարա­նի կա­տա­րած առա­քե­լու­թիւնը մա­նա­ւանդ Յով­նան­եան վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րուն ստա­ցած ու­սու­մը հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ:

Բժիշկ Սի­մոն­եան որ ծնած է Ամեր­կա­յի մէջ յայ­տա­րա­րեց որ Յով­նան­եան վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րը կ՛օժտ­ուին ուս­ման բարձր մա­կար­դա­կով եւ կը պա­հեն իրենց մայ­րե­նի լե­զուն:

Ապա գոր­ծադր­ուե­ցաւ գու­սա­նա­կան եր­գե­րու եւ հայ­կա­կան պա­րե­րու յայ­տա­գիր: Մեծ սրա­հը հա­մար­եայ լե­ցուն էր վար­ժա­րա­նի բա­րե­կամ­նե­րով, ծնող­նե­րով, որոնց­մէ շա­տեր բե­րած էին իրենց փոք­րիկ­նե­րը:

Պոս­թը­նի Հա­մազ­գա­յի­նի Արեւ ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու հա­մոյ­թի յայ­տագ­րին մաս կը կազ­մէ­ին գու­սա­նա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր մաս­նակ­ցու­թեամբ հայ­կա­կան երաժշ­տա­կան նուա­գա­րան­նե­րու եւ եր­գիչ­նե­րու: Անոնք խան­դա­վա­ռե­ցին սրա­հը մեկ­նա­բա­նե­լով Գու­սան Հա­ւասիի “Ի՞նչ  Ասեմ Եա­րիս“, Գու­սան Շա­հէ­նի “Խռո­ված էր“, ժո­ղովր­դա­կան “Գա­ցեր եմ Շու­կէն“, Է. Դուր­եա­նի “Կա­պոյտ Թռչու­նը“, Թա­թուլ Ալ­թուն­եա­նի “Տա­րօ­նի Երգ ու Պա­րը“, Գու­սան Բագ­րա­դի, “Մի Վարդ ես“, Գու­սան Շե­րա­մի “Մի Բա­լա“, Գու­սան Աշո­տի “Աշուղ եմ“  եր­գե­րը: Եր­կու երգ­չու­հի­ներ, Անի Զար­գար­եան եւ Թա­մար Մել­գոն­եան: Խում­բին վա­րիչն էր Մար­թին Յա­րու­թիւն­եան:

Յով­նան­եան Վար­ժա­րա­նի 8րդ դա­սա­րա­նէն  եր­կու աշա­կեր­տու­հի­ներ, Ար­ի­ան­նա Քրիք­շէնք  եւ Ար­ի­անն Մես­րոպ­եան բեմ բարձ­րա­ցան եւ կար­դա­ցին հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն ու­ղերձ­ներ նուիր­ուած վար­ժա­րա­նի 35 ամ­եա­կին: Կա­տար­եալ հա­յե­րէ­նով եւ անգ­լե­րէ­նով ըն­թեր­ցում­նե­րով անոնք ար­ժա­նա­ցան հան­դի­սա­կան­նե­րու գնա­հա­տան­քին եւ ծա­փե­րուն:

Յայ­տագ­րին առա­ջին բա­ժի­նը աւար­տե­ցաւ Նիւ Ճըրզիի Հա­մազ­գա­յի­նի հայ­կա­կան պա­րե­րով եւ եր­գե­րով հան­դի­սա­կան­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով Հայ­կա­կան “Շո­րոր“ը եւ “Մենք ենք մեր սա­րե­րը“, մաս­նակ­ցու­թեամբ Արեւ Ան­սամպ­լին: Նա­յի­րի Պա­րա­խում­բը հիմն­ուած է 2004-ին եւ մաս­նակ­ցած շարք մը հան­դի­սու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեա­նը տակ ան­ուա­նի պա­րու­սոյց Թով­մաս Յա­րու­թիւն­եա­նի:

Քսան վայրկ­եան դա­դա­րէ ետք, յայ­տագ­րի երկ­րորդ մա­սը սկսաւ Հա­մազ­գա­յի­նի Մոնթ­րէ­ա­լի ար­դէն իսկ հռչա­կա­ւոր դար­ձած  Անի պա­րա­խում­բի հա­մոյ­թը:

Օթո­պիւ­սի մէջ, Մոնթ­րէ­ա­լէն եօ­թը ժամ ճամ­բոր­դու­թե­նէ ետք, ֆի­զի­քա­պէս յոգ­նած, սա­կայն բա­րո­յա­պէս խան­դա­վառ, երբ բեմ բարձ­րա­ցան, մեծ եռան­դով  թնդա­ցու­ցին սրա­հը Արեւ նուա­գա­խում­բի փող ու թմբու­կի զար­կե­րուն տակ:

Անոնք կը պա­րէ­ին ներ­դաշ­նակ եւ չափ­ուած փոխն ի փոխ, հայ­կա­կան աւան­դա­կան ռիթ­մով ներ­դաշ­նակ­ուած արեւմտ­եան պա­տե­րազ­մա­կան ուժ­գին ոս­տում­նե­րով: “Անի“ պա­րա­խում­բը շնոր­հիւ վաս­տա­կա­ւոր պա­րու­սոյց Էվա Այ­րա­պետ­եա­նի, նո­րու­թիւն մը մտցու­ցած են հայ­կա­կան պա­րար­ուես­տին մէջ:

Նա­եւ շնոր­հիւ տա­րի­նե­րու վե­թե­րան կրթա­կան մշակ եւ պա­րա­խում­բի տնօ­րէն Յա­կոբ Պուլ­կար­եա­նի:

Անի Պա­րա­խում­բի յայ­տագ­րին մաս կը կազ­մէ­ին  “Բո բու­րի“, “Քո­չա­րի“, “Զան­գե­զու­րի Քո­չա­րի“, “Սե­րե­նատ“, “Խոս­տե­վա­նանք“, “ոգե­կո­չում“, “Տը­լէ Եա­ման“, “Սար­դա­րա­պատ“, “Ար­տա­շա­տի պատ“, “Ու­զուն Տա­րա“, “Հա­յոց Աշ­խարհ“, “Հա­զար Գոյն“, “Ծո­վից Ծով“, պա­րերգ­նե­րը:

60 Վայրկ­եան հան­դի­սա­կան­նե­րը հրա­պու­րե­լէ ետք, Մոնթ­րէ­ա­լի տղա­քը եւ աղ­ջիկ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ներ­կա­նե­րու եր­կար եւ յոտն­կայս ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն:

Որ­պէս հան­դի­սու­թեան փակ­ման ելոյթ, երեք խում­բե­րու մաս­նա­կից­նե­րը իրենց վա­րիչ­նե­րով եւ պա­րու­սոյց­նե­րով բեմ բարձ­րա­ցան մի­աս­նա­բար եր­գե­լով եւ պատ­գա­մե­լով Աշուղ Հայ­կա­զու­նի “ՀԱ­ՅԵՐ ՄԻ­Ա­ՑԷՔ, ՀԱ­ՅԵՐ ՄԻ­Ա­ՑԷՔ“ ը, ար­ժա­նա­նա­լով յոտն­կայս եր­կար ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու եւ ծաղ­կե­փուն­ջե­րու:

Եզ­րա­կաց­նե­լով այս թղթակ­ցու­թիւնը, յայտ­նեմ նա­եւ, թէ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, Յով­նան­եան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ, տօ­նա­կա­տա­րու­թեան աւար­տին, հիւ­րա­սի­րե­ցին յայ­տագ­րին մաս­նակ­ցող խում­բե­րը ճաշ­կե­րոյ­թով եւ խրախ­ճան­քով: Պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը ար­դէն մոռ­ցած էին իրենց յոգ­նու­թիւնը, օթո­պիւս­ներ բարձ­րա­նա­լէ առաջ, մին­չեւ առա­ւօտ­եան կա­նուխ ժա­մե­րը շուրջ­պա­րե­րով եւ եր­գե­րով շա­րու­նա­կե­ցին քէ­ֆը…:

 

ԿԱՐ­ՊԻՍ ԳԱ­ԶԱՆՃ­ԵԱՆ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles