Հ.Մ.Ը.Մ. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿ

0 0
Read Time:16 Minute, 37 Second

Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան հա­մա­տա­րած գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւնը՛ 1918-ին, Պո­լի­սէն թեւ առ­նե­լով, անց­նե­լով մայր Հայ­րե­նիք, ապա Մի­ջին Արե­ւելք, Եւ­րո­պա եւ Աւստ­րալ­իա, 1971-ին հա­սաւ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու արե­ւել­եան ափե­րը, եւ հոն, երկ­րի մայ­րա­քա­ղաք` Ուա­շինկ­թը­նի մէջ իջե­ւան հաս­տա­տե­լով, հի­մը դրուե­ցաւ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Շրջա­նի առա­ջին մաս­նա­ճիւ­ղին:

Այս առ­թիւ Հ.Մ.Ը.Մ. Ուա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թիւնը որո­շեց մեծ շու­քով տօ­նել հիմ­նադ­րու­թեան 40-ամ­եա­կը, եւ այս նպա­տա­կով` Մարտ 2011-ին յա­ռա­ջա­ցուց յանձ­նա­խումբ մը: Այս մար­մի­նը առա­ջին օրէն աշ­խա­տան­քի լծուե­լով, պատ­րաս­տեց 40-ամ­եա­կը նշող ձեռ­նարկ­նե­րու շարք մը, որ ըն­թա­ցաւ հե­տեւ­եալ ձե­ւով.֊

Մա­յիս 1, 2011-ին, Մե­րի­լընտ Նա­հան­գի Փո­թո­մաք քա­ղա­քի հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նի մը մէջ, հին ու նոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական­ներ մէկ­տեղ գա­լով փո­խա­նա­կե­ցին յի­շա­տա­կե­լի նկար­ներ, եւ զրու­ցե­ցին անց­եա­լի օրե­րուն եւ ան­դամ­նե­րուն մա­սին: Օր­ուան ըն­թաց­քին քա­նի մը եղ­բայր­ներ խօսք առ­նե­լով, ներ­կա­նե­րուն պատ­մե­ցին Հ.Մ.Ը.­Մ.ա­կա­նի իրենց կեան­քէն հա­ճե­լի յու­շեր: Այս ձեռ­նար­կը առիթ մը եղաւ աշ­խոյ­ժաց­նե­լու գա­ղու­թի Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րը եւ հա­մա­կիր­նե­րը` ի պատ­րաս­տու­թիւն յա­ջորդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն:

Յու­նիս 24-26, 2011-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան տե­ղա­կան բա­նա­կու­մը, որ նուիր­ուե­ցաւ հիմ­նադ­րու­թեան 40-ամ­եա­կին:

Սեպ­տեմ­բեր 11, 2011-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ոտ­նագն­դա­կի մտեր­միկ մրցում մը` մաս­նա­ճիւ­ղի ներ­կայ խում­բին եւ վե­թե­րան Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րու մի­ջեւ: Ծնող­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած այս խա­ղը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց:

Վար­չու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի կող­մէ նկա­տի առն­ուած եզ­րա­փա­կիչ եւ հիմ­նա­կան ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ Սեպ­տեմ­բեր 24 2011-ին շքեղ ճաշ­կե­րոյթ պա­րա­հան­դէ­սով մը` Պա­թես­տա­յի (Մե­րի­լենտ) “Հա­յաթ“ պան­դո­կին մէջ:

Եզ­րա­փա­կիչ այս պա­րա­հան­դէ­սը հո­վա­նա­ւո­րեց Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Թե­մի բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տ. Օշա­կան ար­քե­պիս­կո­պոս Չօ­լոյ­եա­նը: Սրբա­զա­նը ներ­կա­յա­ցուց Առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տ. Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նը: Պատ­ւոյ հիւ­րե­րու շար­քին էին` Ուա­շինկ­թը­նի Սուրբ Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տ. Սար­գիս Քա­հա­նայ Ագ­թա­ւուք­եան, եւ Սուրբ Մար­ի­ամ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տ. Յով­սէփ Քա­հա­նայ Կա­րա­պետ­եան, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Ուա­շինկ­թը­նի գրա­սեն­եա­կին վսե­մա­շուք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պա­րոն Արամ Աւե­տիս­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ քոյր Երան Սի­մոն­եան, տեղ­ւոյն Հ.Յ.Դ. Սե­պուհ Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կեր Յով­սէփ Աւագ­եան, Ուա­շինկ­թը­նի Սուրբ Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան, “Հա­մաս­տեղ“ Դպրո­ցի, Հ.Օ.Մ.֊ի, Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Ե.Դ. Վար­չու­թիւ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Հայր Անուշաւան Դանիէլեան

Ճաշ­կե­րոյթ պա­րա­հան­դէ­սի պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նը բաց­ուե­ցաւ սկաուտ­նե­րու եւ դրօ­շակա­կիր­նե­րու տո­ղանց­քով, որ­մէ ետք յա­ջոր­դա­բար երգ­ուե­ցան Ա.Մ.Ն.-ի, Հա­յաս­տա­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայ­լերգ­նե­րը: Օր­ուայ հան­դի­սա­վար` եղ­բայր Վա­հէ Թա­նաշ­եան բեմ հրա­ւի­րեց Առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տ. Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նը, կա­տա­րե­լու ճա­շի օրհ­նու­թիւնը:

Ուա­շինկ­թը­նի Վար­չու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց եղ­բայր Վա­հէ Թա­նաշ­եան, ան բա­րե­գա­լուս­տի խօս­քէն ետք, շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նադ­րու­թեան 40-ամ­եա­կի պան­ծա­լի առի­թով, ան ըսաւ թէ  40-ամ­եա­կի այս նուա­ճու­մի կը պար­տինք քա­նի մը իրա­կա­նու­թիւ­ննե­րու, որոնց­մէ առա­ջի­նը 1918-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմ­նադ­րու­թիւնն է, երբ Պոլ­սոյ մէջ մեր հիմ­նա­դիր­նե­րը գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փա­րը յղա­ցան մէկ դրօ­շի տակ հա­մախմ­բել մար­զա­կան զա­նա­զան խում­բե­րը: Հա­մա­խում­բի այս գա­ղա­փա­րը շու­տով դար­ձաւ ազ­գա­յին ազ­նիւ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան` մարմ­նա­մար­զի եւ սկաու­տու­թեան մի­ջո­ցաւ պատ­րաս­տել ապա­գայ ազ­գան­ուէր երի­տա­սար­դու­թիւն: Միւս իրա­կա­նու­թիւնը, այս գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նումն էր Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու արե­ւել­եան շրջա­նին մէջ, երբ խումբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ տո­գոր­ուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական­ներ 1971-ին հի­մնե­ցին Ուա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղը յա­ռա­ջաց­նե­լով` նախ մար­զա­կան խում­բեր, ապա սկաու­տա­կան շար­ժում: Մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նա­դիր այդ սե­րուն­դին յա­ջոր­դեց նուիր­եալ սե­րունդ­ներ որոնք բարձր պա­հե­ցին մաս­նա­ճիւ­ղի դրօ­շը: 40-ամ­եա­կի նուաճ­ման այլ իրա­կա­նու­թիւնը` ինք­նին Հ.Մ.Ը. Մ.-ի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւնն է, գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն մը որ 93 տա­րի­ներ շա­րու­նակ, աշ­խար­հաց­րիւ երի­տա­սար­դու­թիւնը հա­մախմ­բեց ազ­գի ծա­ռա­յու­թեան դրօ­շին տակ: Ըստ եղ­բայր Վա­հէ­ին 40-ամ­եա­կի այս նուա­ճու­մին մէջ, հիմ­նա­կան դեր ու­նին մեր հա­մա­կիր­նե­րը, որոնց բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւնը մե­ծա­պէս սա­տա­րեց մաս­նա­ճիւ­ղի աշ­խա­տանք­նե­րուն ուռ­ճաց­ման: Եղ­բայր Վա­հէ իր խօս­քը եզ­րա­փա­կեց ըսե­լով “…Հե­տե­ւա­բար տո­գոր­ուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ, առաջ­նորդ­ուած մեր հիմ­նա­դիր­նե­րու ազ­նիւ օրի­նա­կէն, վստա­հե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան բարձր ոգի­ին եւ վեր­ջա­պէս ապա­ւի­նե­լով հա­մա­կիր­նե­րու օժան­դա­կու­թեան, բո­լորս միս­նա­բար պի­տի նուա­ճենք 40,50 եւ 100-ամ­եակ­ներ“:

եղբ. Համօ Սարտարպէկեան կը պարգեւատրուի

Իր խօս­քի աւար­տէն ետք, եղ­բայր Վա­հէ Թա­նաշ­եան Վար­չու­թեան անու­նով ըրաւ հե­տեւ­եալ յայ­տա­րա­րու­թիւնը.- “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ուա­շինկ­թը­նի Վար­չու­թիւնը մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նադ­րու­թեան 40-ամ­եա­կի առի­թով կ՛ու­զէ պար­գե­ւատ­րել քոյր Երան Սի­մոն­եա­նը` Հ.Մ.Ը.Մ.-ին ու մա­նա­ւանդ այս մաս­նա­ճիւ­ղին մա­տու­ցած իր տա­րի­նե­րու հա­մեստ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար:

“Վարձքդ կա­տար սի­րե­լի քոյր Երան“: Ապա բեմ հրա­ւի­րեց Ուա­շինկ­թը­նի Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղ­բայր Հա­մօ Սար­տար­պէկ­եա­նը` քոյր Երա­նին յանձ­նե­լու պար­գե­ւատր­ման յա­տուկ յու­շա­տախ­տա­կը:

Յա­ջորդ խօս­քը առ­նո­ղը եղաւ Հ.Յ.Դ. Սե­պուհ Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կեր Յով­սէփ Աւագ­եա­նը: Ան տեղ­ւոյն մարմ­նի անու­նով մե­ծա­պէս ող­ջու­նեց Հ.Մ.Ը.Մ. Ուա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նադ­րու­թեան  40-ամ­եա­կի նուիր­ուած այս երե­կոն, երե­կոյ մը որ պէտք է յայ­տա­րա­րել յաղ­թա­նա­կի երե­կոյ, յաղ­թա­նակ մը որուն ամէն մէկ ռազ­մա­ճա­կա­տի վրայ ներ­կա­նե­րէն ամէն մէ­կը իր նիւ­թա­բա­րո­յա­կան օժան­դա­կու­թեամբ, Հայ­րե­նի­քէն հե­ռու …այս երկ­րին մէջ ամուր պա­հեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, ամուր պա­հեց եռա­գոյ­նը, եւ մա­նա­ւանդ ամուր եւ անա­րատ պա­հեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շու­քին տակ հա­սակ նե­տած նո­րա­նոր սե­րունդ­նե­րը: Ան շա­րու­նա­կեց հաս­տա­տե­լով, որ Հ.Մ.Ը.Մ. որ­պէս Հ.Յ.Դ.-ի ու­ղե­կից եւ նոյն նպա­տակ­նե­րը հե­տապն­դող կազ­մա­կեր­պու­թիւն, հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ, իր “Բարձ­րա­ցիր, բաձ­րա­ցուր“ նշա­նա­բա­նով, մեր ժո­ղո­վուր­դին տուած է մէկ եւ եզա­կի ար­ժէք մը, որն է ղե­կա­վա­րու­թեան եր­թը յանձ­նել այն­պի­սի երի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րու, որոնց կա­րե­լի պի­տի ւլլայ ապա­ւի­նիլ: Ան իր խօս­քը փա­կեց յի­շե­լով քոյր Երան Սի­մոն­եա­նի պար­գե­ւատր­ման պատ­ճա­ռը, թէ միայն անոր տա­րի­նե­րու հա­մեստ ծա­ռա­յու­թիւնն էր, առանց նկա­տի առ­նե­լու անոր հան­գա­ման­քը կամ տա­րած պաշ­տօն­նե­րը, այս մէ­կը կու­գայ Քրիս­եան­նե­րու, Յա­կոբ­եան­նե­րու, Վարդ­գէս Կա­րա­պետ­եան­նե­րու եւ Վար­դան Բախշ­եան­նե­րու խոր­հուրդ­նե­րէն, ըստ որուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ մենք ազ­գո­վին սոր­ված ենք, որ պար­գե­ւատր­ման մը հա­մար նկա­տի չեն առն­ուիր են­թա­կա­յին նիւ­թա­կա­նը կամ առար­կա­յա­կան տու­եալ­նե­րը, այլ միայն ու միայն անոնց հա­մեստ ու ազ­նիւ ծա­ռա­յու­թիւնը: Թող Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր բարձ­րա­ցիր Բարձ­րա­ցուր նշա­նա­բա­նով յա­ւերժ ծա­ռա­յէ Հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րել­քին:

...նաեւ Յովսէփ Էրջէնեան

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մէն խօսք առաւ քոյր նոյ­նինքն Երան Սի­մոն­եան, որ շնոր­հա­ւո­րեց մաս­նա­ճիւ­ղի 40-ամ­եա­կը, եւ յի­շեց­նե­լէ ետք Ուա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղի Արե­ւել­եան շրջա­նի առա­ջին մաս­նա­ճիւ­ղը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, ան հաս­տա­տեց թէ այս մաս­նա­ճիւ­ղի շար­քե­րէն ան­ցած են հա­զա­րա­ւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական` որ­պէս մար­զիկ­ներ, սկաուտ­ներ եւ ան­դամ­ներ, մար­զե­լով իրենց մար­մի­նը, միտքն ու հո­գին, ձգտե­լով դէ­պի լա­ւը, բարձ­րը եւ ազնիւը, սի­րե­լով իրենց հայ­րե­նի­քը, ըն­տա­նի­քը եւ շրջա­պա­տը: Քոյր Երան իր խօս­քը շա­րու­նա­կեց ըսե­լով.- “Հ.Մ.Ը.Մ.֊ը մեծ ըն­տա­նիք մըն է, ու­նի հա­րիւ­րէ աւե­լի մաս­նա­ճիւ­ղեր, եւ մօտ 5,000 ան­դամ­ներ, եր­կու շա­բաթ առաջ առի­թը ու­նե­ցայ մաս­նակ­ցե­լու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 40-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, հոն` աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն հա­ւաք­ուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական­ներ, ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, ան­գամ եւս հաս­տա­տե­ցին՛ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ազ­նիւ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ տո­գոր­ուած՛ շա­րու­նա­կե­լու միու­թեանս սրբա­զան եր­թը դէ­պի փայ­լուն նուա­ճում­նե­րու: Սի­րե­լի­ներ, պատիւը կը զգամ որ­պէս ուա­շինկ­թըն­ցի, եւ որ­պէս արե­նոյշ եւ ան­դամ ծա­ռա­յե­լու 40-ամ­եակ նուա­ճող այս մաս­նա­ճիւ­ղին“:

Իր խօս­քի աւար­տին քոյր Երան բարձր գո­հու­նա­կու­թեամբ յայ­տա­րա­րեց՛ թէ Ուա­շինկ­թը­նի Վար­չու­թեան առա­ջար­կով, եւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան որո­շու­մով, 40-ամ­եա­կի առի­թով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ծա­ռա­յու­թեան շքան­շա­նով պի­տի պար­գե­ւատր­ուին  Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­ներ` որոնք եր­կար տա­րի­ներ ծա­ռա­յած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վսեմ նպա­տա­կին, պար­գե­գատր­եալ եղ­բայր­ներն են` Լե­ւոն Պալ­եան, Յով­սէփ Էր­ջեն­եան, եւ Հա­մօ Սար­տար­պէկ­եան:

Յովսէփ Աւագեան կը փոխանցէ ``Սեպուհ`` կոմիտէութեան խօսքը

Քոյր Երան, հա­կիրճ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց պար­գե­ւատր­եալ եղ­բար­նե­րուն կեն­սագ­րա­կան­նե­րը եւ անոնց մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւնը, բեմ հրա­ւի­րեց Գե­րաշ­նորհ Տ. Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նը յանձ­նե­լու շքան­շան­նե­րը: Նշենք որ եղ­բայր Լե­ւոն Պալ­եան Հա­յաս­տան գտնուե­լուն պատ­ճա­ռաւ ներ­կայ չէր հան­դի­սու­թեան:

...եւ Լեւոն Պալեան (ի բացակայութեան)

Օր­ուան վեր­ջին խօսք առ­նո­ղը եղաւ Առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տ. Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նը, ան Սրբա­զան հօր անու­նով ի սրտէ շնոր­հա­ւո­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 40-ամ­եայ կաղնի­էն ըն­ձիւ­ղած` Հ.Մ.Ը.Մ. Ուա­շինկ­թը­նի 40-ամ­եա­կը: “Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղած է այն օճա­խը որ ոչ միայն կը կեր­տէ մար­մնին ու միտ­քը, այլ նա­եւ կեր­տած է, կը կեր­տէ, եւ պի­տի կեր­տէ նկա­րա­գի­րը հայ պա­տանի­ին, հայ երի­տա­սարդին ու հայ մար­դուն: Իր նշա­նաբա­նին մէջ երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ակա­նը կ՛եր­գէ ..ջանք ճիգ թա­փէ դու ամէն օր գոր­ծադ­րե­լու բա­րիք մը նոր… չկայ աւե­լի վեհ պատ­գամ մը, վսեմ նշա­նա­բան մը, քան բա­րու­թեան աղ­բիւր եղող ամէն առա­ւօտ ծա­գող Արե­ւին հետ ամէն մէկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական իր եր­դու­մը նո­րո­գէ, Աս­տու­ծոյ եւ մարդ­կու­թեան հետ, որ բա­րիք պի­տի գոր­ծէ, եւ մա­նա­ւանդ, միշտ նոր տե­սա­կի բա­րիք մը: Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի` ազն­ուա­կան եւ պատ­ուա­կան այն տար­րերն են, որոնք միշտ պատ­րաստ եղած են ծա­ռա­յե­լու, նուիր­ուե­լու եւ զոհ­ուե­լու, իրենց ըն­տա­նի­քին՛ եւ ըն­տա­նի­քէն վեր մեծ ըն­տա­նի­քին` Եկե­ղեցի­ին, ազ­գին եւ ին­չու չէ նա­եւ մարդ­կու­թեան“:

Սրբա­զան հայ­րը իր խօս­քը փա­կեց ըսե­լով .- “Վստահ եմ, ձեզ­մէ շա­տեր կը հե­տեւին պաս­տա­րին վրայ յա­ջոր­դա­բար անց­նող նկար­նե­րուն, որոնք ձե­ւով մը անց­նող 40 տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւն տուին: Իմ մաղ­թանքս է եւ աղօթքս` որ հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ գոր­ծող բո­լոր մար­մին­նե­րը, միու­թիւն­նե­րը, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, բայց մա­նա­ւանդ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, այն­պի­սի կեր­պով, իր նախ­կին­նե­րէն ժա­ռան­գած ոգին իր մէջ իրա­կա­նաց­նէ, եւ զայն փո­խան­ցէ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն: Բայց աւե­լի մեծ մաղ­թանքս եւ աղօթքս այն է, որ այս երի­տա­սարդ­նե­րը, որոնք տա­րի­ներ շա­րու­նակ մար­զա­խա­ղեր եւ բա­նա­կում­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին, գայ այն օրը երբ 93 տա­րի­ներ առաջ Պոլ­սոյ մէջ ծնունդ առած Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րը մար­զա­խա­ղեր եւ բա­նա­կում­ներ կազ­մա­կեր­պեն Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նին մէջ` Արա­րա­տի լան­ջին, եւ հաս­տա­տեն որ իրենք տէրն են այդ հո­ղին“:

Սրբա­զան հօր քա­ջա­լե­րա­կան այս խօս­քե­րով վերջ գտաւ օր­ուան պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նը, եւ բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ տա­րի­նե­րու վաս­տակ ու­նե­ցող, սիր­ուած եր­գիչ` Ատիս Հար­մանտ­եա­նը եւ իր նուա­գա­խում­բը, որոնք փունջ մը եր­գե­րով ճո­խա­ցու­ցին երե­կոն: Նա­եւ, Պոս­թը­նէն ժա­մա­նած DJ Քրիս Հա­պիպ­եան, վառ պա­հեց խան­դա­վա­ռու­թիւնը:

Նշենք թէ սե­ղան­նե­րու վրայ ար­դէն տե­ղադր­ուած էր գե­ղե­ցիկ գրքոյկ մը, որուն մէջ զե­տեղ­ուած էին յա­րա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պատ­գամ­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու շնոր­հա­ւո­րա­կան եւ գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րը:

Ներ­կա­նե­րը ու­րախ տրա­մադ­րու­թեամբ մեկ­նե­ցան,տո­գոր­ուած Հ.Մ.Ը.Մ.֊ի “Բարձ­րա­նա­լու եւ Բարձ­րաց­նե­լու“ նշա­նա­բա­նի ոգի­ով, նոյն եռան­դով ու աւե­լի կո­րո­վով շա­րու­նա­կե­լու հա­մար Հ.Մ.Ը.Մ. Ուա­շինկ­թը­նի 40-ամ­եայ յաղ­թա­կան եւ պան­ծա­լի եր­թը:

 Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles