“ՔԷՄՓ ՀԱՅԱՍՏԱՆ“Ի ՄԷՋ.- ԲԱՆԱԿՈՒՄ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ Ա.Մ.Ն. Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ

0 0
Read Time:6 Minute, 19 Second

Ուր­բաթ, Հոկ­տեմ­բեր 7, 2011ին, յետ­մի­ջօ­րէն սկսեալ կա­նուխ ժա­մե­րէն մին­չեւ ուշ գի­շեր, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան շրջա­նի մէջ գոր­ծող Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան 9 կո­մի­տէ­ու­թեանց ընկ. ընկհ. սկսան ժա­մա­նել “Քէմփ Հա­յաս­տան“ բա­նա­կա­վայր:

Յա­ջոր­դա­բար երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով “Քո­լոմ­պո­սի օր“-ուան շա­բա­թա­վեր­ջին, նմա­նօ­րի­նակ մա­կար­դա­կի բա­նա­կում մը կը կազ­մա­կերպ­ուէր, որ կ՛ընդգր­կէր նա­եւ դա­սա­խօ­սա­կան շարք եւ ըն­կե­րա­յին ծրա­գիր:

Դա­սա­խօ­սա­կան նիւ­թերն էին.- “Համ­շէ­նա­հա­յե­րը“ – Յա­կոբ Խա­չիկ­եան,“Տիգ­րա­նա­կեր­տի ­Սուրբ ­Կի­րա­կո­ս Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Վե­րա­նո­րո­գում­ն ու ­Վե­րա­զարթ­նու­մը“  -Րաֆ­ֆի­Պետ­րոս­եան (Գա­նա­տա), “Տեր­սի­մի Հա­յե­րը“ – Վա­հագնԳա­րա­գաշ­եան (Գա­նա­տա), “Պոլ­սա­հայ­Գա­ղու­թը“ -Խա­չիկ ­Մու­րատ­եան, “Պաշտ­պա­նեն­ք Ար­ցա­խը“ ևՎա­հանՊա­տաս­եան (Ար­ցախ) “Ար­ցա­խի Տն­տե­սա­կան ­Բար­գա­ւա­ճու­մ եւ ­Մար­տահ­րա­ւէր­ներ“ – Անդ­րա­նիկ­Գաս­պար­եան: Ասոր կող­քին, նա­եւ յա­տուկ զե­կու­ցում տրուե­ցաւ Ար­ցախ­ի Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շր­ջա­նի ­Հիմ­նադ­րա­մի մա­սին: Նա­եւ փո­խան­ցո­ւ­ե­ցաւ այլ զե­կու­ցում մը` Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շր­ջա­նի “Շի­րակ­եան“ Կ.Կ.-ի կայ­քէ­ջի ­մա­սին, Վար­դի­վառ ­Քէ­շիշ­եա­նի կող­մէ:

Իս­կա­պէս հպար­տու­թիւն ներշն­չող երե­ւոյթ մըն է այս բա­նա­կու­մին գա­ղա­փա­րը, ուր 9 կո­մի­տէ­ու­թիւն­նե­րէ ժա­մա­նած շուրջ ին­նի­սուն ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­ներ, մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­ցին:

Անոնք առիթ ու­նե­ցան իրար ծա­նօ­թա­նա­լու, մտքեր փո­խա­նա­կե­ցին եւ մի­աս­նա­բար մշա­կե­ցին ու ծրագ­րե­ցին ներ­կայ եւ յա­ռա­ջի­կայ իրենց գոր­ծունէ­ու­թիւնը, հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցող եւ ճար­տար­ուես­տա­կա­նա­ցող պայ­մա­ննե­րու պար­տադ­րան­քով ստեղծ­ուած, եւ յատ­կա­պէս ներ­կայ իրա­կա­նու­թեան մէջ օրըս­տօ­րէ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան սպառ­նա­ցող կի­զա­կէ­տե­րը, եւ ազ­գա­յին կեանք ցնցող հար­ցե­րը կա­րե­նալ յաղ­թա­հա­րե­լու:

Բնա­կա­նա­բար այս տու­եալ դժուա­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­նալ յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է բո­լոր մար­զե­րէն ներս Հայ­րե­նիք, Ար­ցախ եւ Սփիւռք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը:

Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Կ.Կո­մի­տէն գի­տակ­ցե­լով եւ ար­ժա­նի գնա­հա­տու­մը կա­տա­րե­լով Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ապ­րած ըն­կե­րա­յին դժուա­րու­թիւն­նե­րը, յայ­տա­րա­րեց Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Ար­ցախ հիմ­նադ­րա­մի ստեղ­ծու­մը:

Գնա­հա­տե­լի էր շրջա­նի կո­մի­տէ­ու­թիւն­նե­րու կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը, ներշն­ջել եւ դաստ­ի­ա­րա­կել երի­տա­սարդ­ներ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին-գա­

ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ, տես­լա­կա­նու­թեան եր­թը` իր ազ­գա­յին ելե­ւէջ­նե­րով ու վե­րի­վայ­րում­նե­րով. սա­կայն, միշտ վճռա­կա­մու­թեամբ, հա­մո­զու­մով ու հա­ւատ­քով, թէ հա­յը իրա­ւունք չու­նի ընկր­կե­լու եւ տե­ղի տա­լու, այլ մնա­լու է պատ­նէ­շի վրայ, պայ­քա­րի մար­տու­նա­կու­թեամբ, ոգի­ով ու լից­քով դի­մագ­րա­ւե­լու պար­տուո­ղա­կան ծրա­գիր­նե­րը ու վճռա­կա­մու­թեամբ յաղ­թա­հա­րե­լու բո­լոր տե­սա­կի խո­չըն­դոտ­նե­րը:

Եւ այդ տե­սե­լա­կա­նով լից­քա­ւոր­ուած տաս­ներ­կու նո­րա­գիր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­ներ, Շա­բաթ, Հոկ­տեմ­բեր 8-ի երե­կոյ­եան, “Հա­յաս­տան“ ճամ­բա­րին մէջ կա­տա­րե­ցին իրենց եր­դու­մը խտաց­նե­լով իրենց կո­մի­տէ­ու­թեանց եւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը:

Իս­կա­պէս տպա­ւո­րիչ էր պա­հը. մութ գի­շեր էր, լճա­փին աստ­ղա­ցած երկն­քի տակ ու վիթ­խա­րի ծա­ռե­րուն ներ­քեւ, կան­խաւ պատ­րաստ­ուած խա­րոյ­կի փայ­տե­րուն շուրջ հա­մախմբ­ուած ըն­կեր ըն­կե­րու­հի­նե­րու խան­դա­վառ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու թնդիւ­նով, ամէնայն հանգս­տու­թեամբ կը խան­գար­ուէր գի­շեր­ուայ լռու­թիւնը:
Յան­կարծ մթու­թեան մէջ տաս­ներ­կու նո­րա­գիր երդ­ու­եալ ըն­կեր ըն­կե­րու­հի­ներ վառ­ուած ջա­հե­րը ձեռ­քեր­նին բաձր բռնած տո­ղան­ցե­ցին ու բո­լո­րե­ցին պատ­րաստ­ուած խա­րոյ­կա­փայ­տե­րը ու կռակ տուին անոնց: Պահ մը թուե­ցաւ թէ ժա­մա­նող­նե­րը, հա­յոց աշ­խար­հի Սոս­եաց ան­տա­ռէն կու գա­յին ու կրա­կի չաստ­ուած­նե­րու գուր­մեր էին, որոնք վառ ջա­հե­րով եկան Հայ­կի, Վա­հագ­նի, Արա­մազ­դի, Սա­սուն­ցի Դա­ւի­թի, Առիւծ Մհե­րի, Քրիս­տա­փո­րի, Ռոս­տոմ, Զա­ւար­եա­նի, Արա­բո­յի, Աղ­բիւր Սե­րո­բի, Անդ­րա­նի­կի, Գէ­որգ Չաու­շի, Մա­յիս­եան ան­կա­խու­թեան եւ Արցա­խի ազա­տագ­րա­կան մար­տիկ­նե­րու ար­եա­կան արիւնն ու ոգին սրսկե­լու մեր երակ­նե­րուն մէջ: Այս նո­րա­գիր­նե­րուն կնքա­հայրն էր, յա­տուկ այս առ­թիւ Ար­ցա­խէն ժա­մա­նած, ազա­տագ­րու­թեան հե­րոս եւ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ` ընկ. Վա­հան Պա­տաս­եան:

Ան­գա­մ մը եւս կը գնա­հա­տենք Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Կ. Կո­մի­տէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ “Հա­յաս­տան“ ճամ­բա­րի կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին կա­տա­րած գնա­հա­տե­լի ու գե­ղե­ցիկ եր­կօր­եայ բա­նա­կու­մը:

Յոյ­սով ենք որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի “Հա­յաս­տան“ ճամ­բա­րը ժա­մա­նող ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րու եւ նո­րա­գիր­նե­րու թիւը պի­տի կրկնա­պատկ­ուի, գործ­նա­կան գետ­նի վրայ նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նա­լով մեր ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու անա­ղարտ պահ­պան­ման, եւ Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու իրա­կա­նաց­ման:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles