Ազգի մը գոյատեւման կարեւոր կռուաններէն մէկը դպրոցն է, որուն համար ամէն ջանք պէտք է գործի լծել որ չփակուի եւ նոյնիսկ նորերը բանալու մասին մտածել:
Եթէ կղերականի մը զաւակը որ տարիներ շարունակ հայկական վարժարան յաճախած է (հաւանաբար ստիպման տակ) չէ իւրացուցած իր հայեցի դաստիարակութեան աւանդածը, այն ատեն սպասելի է եւ նոյնիսկ ակնկալելի որ հրապարակաւ տեղական գաղութի մը շաբաթօրեայ վարժարանը փակելու տրամադրութիւնը յայտնէ, պատճառաբանելով անոր նիւթականը հայթայթելու դժուարին աշխատանքը:
Եթէ մեր հաւաքականութեան մէջ շարունակուի ու տարածուի այս ունայն տրամադրութիւնը, մենք ո՞ւր կը հասնինք եթէ ոչ ձուլումի:
Երբ մեր ցեղասպանութեան եւ աքսորի ընթացքին ընտանիքի անդամներ, ի մասնաւորի մայրեր, այդ տաժանելի պայմաններուն կրցան իրենց զաւակներուն հայերէն սորվեցնել, մեզմէ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի, մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ, նիւթական եւ այլ պատճառներով հայ վարժարանի հանդէպ իր անտարբերութիւնը ցոյց տալ եւ դոյզն պատճառով անոր դռները փակելու որոշումը գոյացնել:
Այո՛, կը գիտակցինք երբ փոքրացած գաղութներ, որոնք արդէն իրենց հայկականութենէն պարպուած են, ներքին եւ նիւթական տագնապներու մէջ զոհ կը դարձնեն հայ վարժարանը, բայց երբ հարցը կը պատկանի համաշխարհային տարողութեամբ կազմակերպութեան մը եւ անոր նախանձելի ու բարօր նիւթական վիճակին, դպրոցի մը դռները փակելը անհանդուրժելի եւ հակազգային կեցուածք կը դրսեւորէ:
Իսկ երբ նման կազմակերպութեան մը ատենապետը, Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակի տօնա-խմբութեան առիթով, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ Սեպտեմբեր 23, 2011 Նիւ Եորքի Cipriati սրահին մէջ, կը մեծարուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, որպէս Ազգային շահերի պաշտպանութեան գործում ներդրած նշանակալի աւանդի եւ դրսեւորած անմնացորդ նուիրումի Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութեան ազգանուէր երկարամեայ եւ բեղումնաւոր գործունէութեան համար պարգեւատրում է Հայաստանի Հանրապետութեան պատւոյ շքանշանով եւ անդին կ՛անտեսուի Առաջնորդ Սրբազան մը, որ հայապահպանման եւ ազգապահպանման համար շատ աւելի մեծ նուաճումներ արձանագրած է, այն ժամանակ կը մտածես` դէպի ո՞ւր կ՛երթանք:
ԶԱՐՄԱՅՐ ՍԵԴՐԱՔԵԱՆ
Նիւ Ճըրզի
Ծանօթ.- Յաւելեալ յստակացման համար, կը տեղեկացնենք թէ այս յօդուածագիրը կ՛արտայայտուի Կիպրոսի“Մելգոնեան“
կրթօճախի փակման մասին, որ կատարուեցաւ քանի մը տարի առաջ յանձին Պերճ Սեդրակեանի
(Նիւ Եորքի 20-ամեակի ձեռնարկի մետալակիրներէն մէկը) հովանաւորութեան: