Հոկտեմբեր 6, 2011-ին, Երեւանի Կոմիտասի Այգիին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Հարիւրամեակին նուիրուած յուշարձանին։ Բացման հանդիսութեան ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հայ եւ օտար կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ականներ, որոնց մէկ մասը յատկապէս այս առիթով արտերկրէն ժամանած էր Հայաստան։
Յուշարձանը կը ներկայացնէ հայ կինը, որ իր թեւերուն մէջ կը համախմբէ հայրենիքի եւ արտերկրի հայութիւնը, որոնք կռունկներու տեսքով կը ներկայանան եւ իրենց շրջանակաձեւ թռիչքով կը պատկերեն հայ ժողովուրդի միասնութիւնն ու մէկ ամբողջութիւն ըլլալու իրողութիւնը։ Յուշարձանի հեղինակը հայրենի արուեստագէտ Գէորգ Գէորգեանն է։
Մէկ դար առաջ հիմնադրուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը հայ կանացի հնագոյն եւ ամենատարածուն կազմակերպութիւնն է։ Ներկայիս 27 երկիրներու մէջ գործող եւ աւելի քան 15 հազար անդամ ունեցող միութիւնը սկսած է գործել 1910-ին Նիւ Եորքի մէջ եւ մէկ դար շարունակ ծառայած է հայ ժողովուրդի ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ դաստիարակչական կարիքներուն։ Ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդող տարիներուն հայ որբին մայր ու այրիին նեցուկ եղած Հ.Օ.Մ.-ը, խորհրդային տարիներուն դարձած էր վտարանդի։ 1988-ի երկրաշարժէն ետք նոյնինքն խորհրդային իշխանութիւններու հրաւէրով Հ.Օ.Մ.-ը վերադարձած էր Հայաստան, ուր հիմը դրած իր մարդասիրական բազմաթիւ ծրագիրներուն։ 1987-էն ի վեր Հայ Օգնութեան Միութիւնը անդամ է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին։ 2010-ին միութիւնը նշեց իր հարիւրամեակը աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներու մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներով, որոնց եզրափակումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ։
“Հ.Օ.Մ.-ի յուշարձանը աւելիով պիտի խորացնէ մեր արմատները հայրենի հողին մէջ“,– յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ Անի-Աղաւնի Մինասեանը։ “Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայ գաղութներու մէջ ծառայած է Հ.Օ.Մ.-ը եւ արդէն աւելի քան երկու տասնամեակ է իր մարդասիրական ծառայութիւններով ի մի բերած է հայրենի եւ սփիւռքահայ զանգուածները։ Այդ պատկերը լաւագոյնս կը ցոլայ կռունկները իր թեւերուն մէջ համախմբած հայ կնոջ կերպարին մէջ, որ կանգնած է այսօր մեր դիմաց“,– եզրափակեց ան։ Իր կարգին, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Տէր եւ Տիկին Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններուն, որոնք ստաձնած էին Հայաստանի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի արձանի կանգնեցման ծախսերը։ “Մեծապէս երախտապարտ ենք Պասմաճեան ընտանիքին, որ անկախ տարիներու ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ին կատարած իր նուիրատուութիւններէն ու բազմամեայ կամաւոր ծառայութենէն, սիրայօժար կերպով ստանձնեց արձանի կանգնեցման բոլոր ծախսերը։ Մեր բառամթերքով կը փափաքիմ Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններուն ըսել՝ ձեր վարձքը կատա՛ր“,- ըսաւ ատենապետուհին։