Դեռ քանի մը օր առաջ, վերանկախացման քսանամեակի հանդիսութիւններէն դուրս մնացած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս գտնուող, ամէնէն միատարր հայաբնակ երկրամասն է Ջաւախքը, որուն հանդէպ կատարուած մոռացութիւններն ու անտարբերութիւնը կը շարունակէ մտահոգել հայորդին:
Վրաստանի խորհրդարանին կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շրջանակային համաձայնագիրին վաւերացումը յուսադրիչ կը նկատուէր, այն առումով, որ շրջանի առկայ խնդիրները վերջապէս կրնային ստանալ արմատական եւ համապատասխան լուծում: Սակայն, տարիներ անցած են եւ ոչ մէկ շօշափելի փոփոխութիւն կարելի եղած է արձանագրել:
Ընկերային-տնտեսական մարզի բարելաւման գծով, ցարդ ոչ մէկ յիշատակելի ծրագիր պատրաստուած է, եւ հետեւաբար աշխատատեղերու բացակայութիւնը, պետական կառոյցներուն մէջ վրացի մասնագէտներու ներկայութիւնը, գիւղատնտեսութեան ծանր վիճակը, ասոր արդիւնք` աղքատութիւնն ու մարդուժի արտագաղթը կը մնան լուրջ ու ահազանգային հիմնախնդիրներ: Նախապէս արդէն իսկ 1950-1970 թուականներուն տնտեսական եւ քաղաքական պատճառներով Ջաւախքի հայ բնակչութիւնը արտագաղթած էր Հայաստան, Հիւսիսային Կովկաս եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրները:
Հոս տեղին է յատուկ մատնանշում մը կատարել, թէ քանի մը տարի առաջ, ռուս զօրքերը շրջանէն դուրս գալով, պատճառ դարձան որ, աւելի քան երեք հազար ընտանիքներ կորսնցնեն իրենց ապրուստը:
Հակառակ բազմիցս կատարուած խոստումներուն, ակնյայտ խտրականութիւն կը կիրարկուի տեղւոյն հայորդիներուն նկատմամբ: Խտրական օրէնքներու կիրարկումով, փոքրամասնութիւնները ներկայացուած են նուազագոյն թիւով կամ ընդհանրապէս բացակայ են: Աւելին, շրջանի թէ՛ ընտրովի եւ թէ՛ նշանակովի մարմինները կախեալ են կեդրոնական իշխանութիւններէն:
Կրթական խնդիրները կը մնան անմխիթար, մինչ վրացական կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ կը տարուի հակահայ քաղաքականութիւն: Այսպէս, բացարձակապէս արգիլուած է հայկական գիրքերու, դասագիրքերու եւ Հայաստանի մէջ արտադրուած գրենական պիտոյքներու մուտքն ու օգտագործումը շրջանէն ներս: Ա՛լ աւելի մտահոգիչն այն է, թէ քաջատեղեակ ըլլալով, այս դրութեան Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ, այս լուրջ հարցերու նկատմամբ, անտարբեր եւ զիջողական դիրք բռնած է:
Հայոց լեզուի հանդէպ վրացիներու կեցուածքն ալ կը մնայ նոյնքան այլամերժ: Անոնք ամէն ճիգ կը թափեն, որ գործավարութիւնը Ջաւախքի մէջ չկատարուի հայերէն լեզուով, բան մը որ կը կատարուի եւ կիրարկուի աւելի քան երկու հարիւր տարիէ ի վեր:
Արդեօք մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի Ջաւախքի հանդէպ որդեգրուած այս մոռացութեան մահացու քաղաքականութիւնը…
Հոկտեմբեր 10. 2011