ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՍԻՐՈՒՆԵԱՆ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 32 Second

Նայիրի Պալանեան

Հայ Ժողովուրդը աւանդապաշտ ու բնապաշտ ժողովուրդ մը եղած է: Պաշտած է բնութիւնը, ծաղիկներն ու անտառները: Մեր բանաստեղծները նոյնիսկ բանաստեղծութիւններ նուիրած են «Սօսեաց Անտառին»  եւ որեւէ լեզուի մէջ «Ճակատագիր» բառը բառացի կերպով ընդունուած չէ, բացի Հայերէնէն: Հայը հաւատացած է, որ անձ մը երբ ծնի, իր բախտը ճակտին վրայ գրուած կ°ըլլայ: Շատ անգամ ալ բնութեան դիմած է, կեանքի գաղտնիքները պարզելու համար եւ վիճակ քաշելու սովորութիւնը հաւանաբար անկէ  կու գայ:
 Գեղամայ, Ուրմիոյ եւ Սեւանայ Լիճերուն միջեւ ապրող Հայ Ժողովուրդը, որուն ընդհանրապէս ապրուստը եկած է հողամշակութեամբ, շատ կարեւորութիւն տուած է բնութեան, որովհետեւ անոր հետ կապուած է իր կեանքը: Հայը ըսած է, եթէ Մարտին ցանես, շատ լաւ՝ մարդու պէս կ°ապրիս, եթէ Ապրիլին ցանես, միայն կ°ապրիս, իսկ եթէ ուշանաս ու Մայիսին ցանես, տարբերութիւն չ°ըներ, ցանես ալ կ°ըլլայ, չի ցանես ալ, որովհետեւ ուշ ես եւ Մայիսին է, որ քու ցանքիդ արդիւնքը պէտք է վայելես: Մայիսին է, որ հողագործին աշխատանքին արդիւնքը յայտնի պիտի ըլլայ: Բերքը արդիւնաբեր է կամ ոչ: Եւ Մարտին ցանուածն է որ իր գլուխը կը պսակէ Մայիսի ամսօրերուն մէջ:
                         «Աղէկ տղան՝ օրօրոցէն,
                           Աղէկ տարին՝ գարնանոցէն»:
Մայիս ամսաբառը լատիներէն մաիւս, մեծ, մեծացում կը նշանակէ եւ ի՞նչ է իսկական իմաստը համբարձում բառին, ամբարձում, վերացում, ամբարում, մեծացում: Յարգելու համար բնութիւնը, որուն հետ իր անմիջական գոյութիւնը կապուած է, յարգած ու աստուածացնելով պաշտած է զայն: Ու մեր նախնիքները, իմաստութիւնը ունեցած են, 301 թուականէն՝ Քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք, մեր հեթանոսական տօներն  ու սովորութիւնները կապած են Քրիստոնէութեան: Համբարձման Տօնին երբ Հայ Ժողովուրդը Աստուածորդւոյն դէպի երկինք համբառնալը կը տօնէ, նոյն ժամանակ կը տօնէ իր գրկին մէջ դարերով զինք պահած բնութեան տօնը: Երբ նախքան Քրիստոնէութիւնը, երիտասարդ աղջիկները ջուր եւ ծաղիկ կը հաւաքէին տուներէն եւ փոքր խճաքարեր կու տային անոր փոխարէն, որ այդ ընտանիքներուն յաջողութիւն բերէր ու ջուրն ու ծաղիկները կը դնէին բնութեան ծոցը, աստղերուն տակ, որ երկինքն ու բնութիւնը բախտերը որոշէ: Քրիստոնէութիւնէն ետք, նոյն ջուրն ու ծաղիկները կը հաւաքուէին 7 Մարիամներու տունէն եւ ջուրն ու ծաղիկները այս անգամ դոյլով կը դրուէին եկեղեցւոյ Խորանին մօտ, որ Աստուած օրհնէ:Ապա վիճակ կը քաշէին:
Զատիկէն մինչեւ Համբարձու, երեկոները կանայք կար չէին ըներ, որպէսզի «հաւկուր չըլլային»: Այսինքն տեսողութիւնին չկորսնցնէին: Համբարձման Չորեքշաբթին «Ծաղկամօր Կիրակին» էր, նորահարսերը Կիրակի կը պահէին, որ Ծաղկամայրը պահէր երախաները՝ «ծաղիկ», «կարմրուկ» կոչուած հիւանդութենէն: Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, Վառվառէ անունով կոյս մըն էր, որ Քրիստոնէութիւն ընդունելուն պատճառաւ հետապնդուած էր իր կռապաշտ հօրմէն: Արեւմտեան Հայաստանէն փախէր, հասեր էր Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը եւ պահուըտէր քարայրներէն մէկուն մէջ: Հայրը աղջկան հետքերով եկած հասած էր ու հովիւները մատնած էին տեղը: Յուսահատ, Վառվառէն մեռնելէ առաջ Աստուծմէ կը խնդրէ, որ «ծաղիկ» եւ «կարմրուկ» հիւանդութիւն ունեցող երախաները իր անունով բժշկուին: Աստուած կատարած է իր խնդրանքը եւ Վառվառէին աղօթող մայրերու երախաները «կարմրուկ» եւ «ծաղիկ» չեն ըլլար: Միաժամանակ Վառվառէն անիծած է զինք մատնող հովիւները, որոնք քարացած են:
Համբարձումը «Կաթնապուրի Օր» ալ կը կոչուի: Զատիկէն մինչեւ այդ օրը (Քառասնոցին)՝ կաթնապուր չէին եփեր, որ կովերուն կաթը չպակսէր: Հինգշաբթի առտու կաթնապուր կ°եփէին եւ առնուազն 7 տուն կը բաժնէին:
Վանեցիները կը պատմեն, որ այդ գիշերը Մհերի Քարայրը կը բացուի եւ Մհերի ձին գանձեր դուրս կը թափէ բաց դռնէն: Կը պատմուի, որ մարդ մը դուռին քովէն անցած ատեն տեսած է որ դուռը բաց է, ներս կը մտնէ, ձին ոսկիով եւ արծաթով կը բեռնաւորէ եւ դուրս կ°ելլէ: Կը նկատէ, որ ձեռքի փայտը ներսը մոռցած է, կը մտնէ առնելու եւ կախարդանքի ժամը անցած ըլլալուն, դուռը կը գոցուի եւ մարդը ներսը կը մնայ: Յաջորդ տարին նոյն ժամանակ դուռը կրկին կը բացուի եւ մարդը ողջ առողջ իր հաւաքած գանձերով դուրս կ°ելլէ:
Համբարձումը, որ աւելի կանանց տօն է, Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Սիրունեան Հայ Կեդրոնին մէջ հաւաքած էր մեծ թիւով կիներ եւ երիտասարդ օրիորդներ: Երեկոյթը կազմակերպուած էր Ֆիլատելֆիոյ Հ.Օ.Մ.ի Անի եւ Արտեմիս Մասնաճիւղերու եւ Տիկնաց Միութեան կողմէ: Հ.Օ.Մ.ի զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետուհիններու՝ ընկ. Գարօլին Շմաւոնեանի եւ ընկ. Վըրճինիա Թուրիկեանի «բարի գալուստի» խօսքերէն եւ վերջինիս Համբարձման մասին անգլերէնով տեղեկութիւններ տալէ ետք, հրաւիրուեցաւ ընկ. Նայիրի Պալանեան, որ հայերէնով բացատրեց  Համբարձման Տօնի իմաստը մեր Ժողովուրդին համար եւ իր խօսքերը վերջացուց ըսելով, «Սիրելիներ, հաւատքը մեր ժողովուրդին համար շատ անհրաժեշտ եղած է: Եկէք այսօր նոյն հաւատքով մօտենանք մեր «Վիճակի Դոյլին»: Աղջնակներ, առաջնորդութեամբ ընկ. Նայիրիին, քաշեցին ներկաներու «վիճակ»ը, որը երբեմն ընդմիջուեցաւ  «Համբարձում Եայլաներով»: Ներկաները զուարճացան զանազան հաճելի խաղերով եւ հիւրասիրուեցան շատ համեղ Հայկական Անուշեղէններով:
 Մեր շնորհաւորութիւնները Հ.Օ.Մ.ի զոյգ մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, որոնք գաղութին պարգեւեցին շատ հաճելի երեկոյ մը եւ ապրեցուցին մեր հայկական աւանդութիւններէն մէկը: Վարձքերնիդ կատար:Ապրի ՀՕՄը:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles