ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԸ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:24 Minute, 1 Second

Ռուբէն Աւշարեան

Ծ․Խ․- Ստորեւ, յապաւումով կը հրատարակենք իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի գնահատական ելոյթը՝ «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ», նաեւ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» հատորներու ներկայացման առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 7-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։

Ինծի համար մեծ ուրախութիւն ու պատիւ է կանգնիլ այս ամպիոնին առջեւ ու այս երեկոյ ձեզի ներկայացնել իւրայատուկ երկու հրատարակութիւններ. 2020-ին հրատարակուած «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» հատորն ու այս տարի լոյս տեսած «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» գիրքը՝ հեղինակութեամբ հանրածանօթ ազգային մտաւորական, հոգեւորական եւ հասարակական գործիչ, Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս եւ Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդի ներկայի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի։ Սոյն գիրքերը հրատարակուած են մեկենասութեամբ Պաթոն Ռուժ (Լուիզիանա) հաստատուած ազգայիններէն տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Հայկուհի Գալթաքճեաններու։
Այս հատորներուն հրատարակութենէն առաջ, Պէյրութի «Արազ» տպարանէն 2014-ին լոյս ընծայուած էր նոյն հեղինակին «Հայրենիքի ազատագրութեան բանակին համոզուած զինուորները» հայերէն հատորը, որ այսօրուան յիշատակուելիք գիրքե-րուն նախնական օրինակն է, իսկ «Զանգակ» հրատարակչատունը 2019-ի մայիս ամ-սուան ընթացքին քաղաքամայր Երեւանի մէջ հրապարակած էր անգլերէնով ան-նախընթաց իրագործում մը՝ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» խորագիրը կրող գիրքը, որ իր տեսակին մէջ չափազանց կարեւոր եւ յաւելեալ ներդրում մըն է ազգային ազատագրական պայքարի պատմու-թեան գիտական սերտողութեան մէջ։
Այս վերջին գիրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենար Լիբանանի մէջ 2019-ի Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, սակայն Լիբանանի քաղաքական թէ ապահովական իրավիճակը այդ ժամանակաշրջանին թոյլ չտուին, որ յիշեալ ձեռնարկը տեղի ունենայ։ Շնորհահանդէսին յետաձգումը բարեբախտաբար առիթ ընծայեց դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանին, որ յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարէ յաջորդող ամիսներուն ընթացքին, որպէսզի առաւել եւս պեղումներ կատարելով՝ նոր յայտնաբերումներ կատարէ եւ յաւելուածով մը հանրութեան հրամցնէ զանոնք Թորոնթոյի Հնչակեան կուսակցութեան բանբեր «Լուսաբաց» ամսագրի փետրուար 2020-ի թիւին մէջ՝ «Խմբանկարի մը պատմութիւնը եւ Ժընեւի ‘Յեղափոխական ընկերութեան’ կազմաւորման թուականը» խորագրին տակ։
Տ. Աբէլ սոյն յաւելուածը ներգրաւելով 2014-ին եւ ապա 2019-ին հրատարակուած գիրքերուն մէջ, լոյս կ’ընծայէ հայերէնով նոր հատոր մը՝ «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» խորագրով, Պէյրութի «Սիփան» հրատա-րակչութենէն։
Ընթերցողներու շրջագիծը աւելի ընդարձակելու եւ աշխարհատարած նոր սե-րունդին աւելի մատչելի դարձնելու միտումով, Տ. Աբէլ այս վերջին հրատարակութիւ-նը լոյս կ’ընծայէ նաեւ անգլերէն լեզուով 2024-ին՝ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» խորագրով, Հալէպի «Կիլիկիա» հրատարակչատունէն։
2020-ի հայերէն տարբերակը ունի 296 էջեր, իսկ 2024-ի անգլերէն գիրքը կը բաղ-կանայ 216 էջերէ։ Երկու գիրքերն ալ հիմնականօրէն կը բաղկանան երեք մասերէ. Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրութիւնը, ապա Քսան կախաղանները զուիցե-րիական մամուլին մէջ, եւ երրորդ բաժինը կ’ընդգրկէ Քսան կախաղանները գերմա-նական մամլոյ ու դիւանագիտական աղբիւրներուն մէջ։ Հեղինակը այս նորատիպ աշ-խատանքին բովանդակութեան տուեալները կը հիմնաւորէ 370 ծանօթագրութիւննե-րու եւ 75 պատմական նկարներու վրայ եւ կ’աւարտէ իր օգտագործած հարուստ աղբիւրացանկով, ապա պատշաճ անուանացանկով մը։
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, աւազանի անունով Հրաչ Օղլուգեան, ծնած է Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասը, որ կ’իյնայ Նահր պողոտայի՝ այս օրերու Արմենիա պողոտայի հիւսիսային կողմը, անջատուելով նոյն պողոտային հարաւային կողմը ինկող իմ ծննդավայրէս՝ Խալիլ Պատաուի թաղէն։ Հակառակ որ մեր բնակարանները ի-րարմէ մի քաի հարիւր մեթր անդին էին, մեր մանկական եւ պատանեկան արահետները բնաւ չեն հանդիպած։ Պատանի Հրաչը արդէն մեկնած էր Սուրբ Էջմիածին ու ես մնացած էի Պէյրութ, հետագային ականատես ըլլալով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթելս։
Առաջին անգամ պատիւը ունեցայ Տ. Աբէլին ծանօթանալու մօտաւորապէս 20 տարի առաջ՝ Փարիզի մէջ։ Այդ օրէն սկսեալ մենք մօտիկ բարեկամներ եղած ենք եւ զանազան առիթներով միասնաբար գտնուած տարբեր երկիրներ։ Հակառակ մեր ունե-ցած մտերմութեան, այս երեկոյ պիտի փորձեմ անաչառ, չէզոք ու անկողմնակալ ներկայացնել Տ. Աբէլի այս վերջին երկու պատմագրական աշխատանքները։
Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրութեան, անոր հիմնադիրներու տարած քաղաքական աշխատանքին եւ Քսան կախաղաններու պատմական ու ազգային-քաղա-քական գործունէութեան արժեւորումն ու մեկնաբանութիւնը անտարակոյս կ’իյնան պատմաբաններու ու պատմագէտներու մասնագիտական ծիրէն ներս, որոնցմէ ընտրանի մի քանին արդէն իրենց կարգին շնորհակալ աշխատանք տարին Երեւանի մէջ՝ 2019-ի մայիս ամսուան ընթացքին ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտին մէջ կայացած շնորհահանդէսին՝ արժեւորելով հեղինակն ու 2019-ի անգլերէն գիրքին բովանդակութիւնը։ Իսկ Լիբանանի մէջ, յունուար 2023-ին, նմանօրինակ շնորհահանդէս մը տեղի ունեցաւ հայերէն հատորին համար, ուր հոգե-ւոր եւ աշխարհական դէմքեր գնահատեցին հեղինակին արժանիքները եւ հանգամա-նօրէն արժեւորեցին Հնչակեան կուսակցութիւնն ու Քսանները։
Մենք սակայն պիտի փորձենք ներկայացնել այս գիրքին բովանդակութիւնը բո-լորովին տարբեր մօտեցումով, բոլորովին ուրիշ դիտանկիւնէ դիտուած։ Պիտի ներկա-յացնենք զայն արխիւագիտական պրիսմակէ դիտուած՝ լուսարձակի տակ առնելով հեղինակին տարած անխոնջ եւ տքնաջան աշխատանքը այս ուղղութեամբ։
* * *
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան կը հաստատուի Ժընեւ 1995 թուականին՝ ստանձնելով Զուիցերիոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։ Ժընեւի համայնքին աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակով, Տ. Աբէլի առաջին հանդիպումներէն մին կ’ըլլայ տեղւոյն հայ գաղութի պատկառելի անդամներէն մէկու մը հետ։ Անոնք կը հանդիպին Ժընեւի համալսարանին հանդիպակաց փողոցին անկիւնը գտնուող Landolt սրճարանին մէջ։ Այս հանդիպման զրոյցին ընթացքին Տ. Աբէլ կ’իմանայ, թէ սրճարանը, ուր կը գտնուէին, ժամանակին եղած էր Ժընեւի համալսարանական ուսանողութեան ամենասիրուած վայրերէն մէկը, ուր 1880-ական թուականներէն սկսեալ ժամանած ու հաւաքուած են տարբեր-տարբեր յեղափոխականներ, ընկերվարականներ, սոցիալ-դեմոկրատներ, ի միջի այլոց՝ նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիր անդամներ։
Տ. Աբէլի ներկայութիւնը Ժընեւի մէջ զինք կը քաջալերէ, որ նախաձեռնէ խորունկ հետազօտական եւ արխիւային ուսումնասիրութեան մը, որու կեդրոնական նիւթը կ’ըլլայ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան Ժընե-ւի մէջ ապրող ու գործող հայ ազգային հասարակական գործիչներու,– որպիսիք էին Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրները,– վաւերագրական աշխատանքները։
Այս գիրքը ուսումնասիրելէ ետք կը հետեւցնենք, որ հեղինակին օգտագործած կարեւորագոյն աղբիւրները հանդիսացած են մի քանի յոյժ կարեւոր յուշագրութիւններ, որոնցմէ գլխաւորներն են Հայաստանի ազգային արխիւներուն մէջէն ձեռք բերուած Հնչակեան կուսակցութեան գլխաւոր հիմնադիրներէն Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեանի «Յուշեր» գործը, որ գրուած է 1918-ին Թիֆլիսի մէջ, եւ կուսակցութեան կարեւոր հիմնադիրներէն Ռուբէն Խան-Ազատի «Հայ յեղափոխականի յուշերից» գործը, որ հրապարակուած է Պոսթընի «Հայրենիք Ամսագիր»-ի 1927–1929 թուականներուն լոյս տեսած թիւերուն մէջ, ինչպէս նաեւ այլ հիմնադիրի՝ Գէորգ Ղարաջեանի գրութիւնները, որոնք լոյս տեսած են 1888 թուականի «Մշակ» թերթի, ինչպէս նաեւ «Երկրի Ձայնը» թերթի 1907–1908 թիւերուն մէջ, նաեւ 1928-ին Թիֆլիսի մէջ հրատարակուած «Ռուբէն Խան-Ազատի հեքիաթները» գրքոյկը։ Գիրքի առաջին մասին բովանդակութենէն մասնաւորաբար կը հետեւցնենք, որ ժամանակագրական եւ պատմական դէպքերու, դէմքերու ու վայրերու արձանագրութեան եւ ուսումնասիրութեան համար դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան հիմնականօրէն ապաւինած է Զուիցերիոյ եւ մասնաւորաբար Ժընեւ քաղաքի պետական սկզբնաղբիւրներուն վրայ։
Մարօ Վարդանեանի «Յուշեր»-էն կ’իմանանք, որ երիտասարդ Վարդանեան Սէյնթ Փիթըրզպըրկ քաղաքը ձգելով կը մեկնի Փարիզ 1886 թուականին, ուր կը ծանօ-թանայ ընկերվարական հակումներ ունեցող կովկասահայ երիտասարդ Աւետիս Նազարբէկեանի հետ, որ արդէն 1884-1885 թուականներուն հաստատուած էր Փարիզ եւ եղած հիմնադիրներէն մին եւ վարիչ քարտուղարը «Փարիզի հայ ուսանողական ըն-կերութեան»։ Մարօ Վարդանեան ու Աւետիս Նազարբէկեան 1886-ին կը փոխադրուին Ժընեւ՝ տեղւոյն համալսարանին մէջ ուսանելու։ Սոյն երեւոյթը կը հաստատէ Ռուբէն Խան-Ազատ իր «Հայ յեղափոխականի յուշերից» գործին մէջ, յիշելով նաեւ կուսակցու-թեան մէկ ուրիշ կարեւոր հիմնադիրներէն Գաբրիէլ Կաֆեանցի ուսանող ըլլալու հանգամանքը Ցիւրիխի համալսարանին մէջ եւ անոր տարած աշխատանքը զինուո-րագրելու համար Հնչակեան կուսակցութեան մնացեալ հիմնադիրները։
Ըստ Տ. Աբէլի, այս յուշագրութիւններէն կ’իմանանք նաեւ, թէ վերոյիշեալ երիտա-սարդները իրենց ընկերներուն հետ 1886-ի կէսերուն արդէն նախնական աշխատանք տարած են հայկական յեղափոխական եւ ընկերվարական կուսակցութիւն մը հիմնե-լու, եւ առ այդ պէտք եղած նախապատրաստական կազմակերպչական աշխատանք-ներ ծաւալած են։ Անոնք նոյնիսկ, ըստ Խան-Ազատի յուշերուն՝ կը գրէ Տ. Աբէլ, նիւթա-կան ապահովելու միտումով «Կովկասեան երեկոյ» մը կազմակերպած են Ժընեւի մէջ ապրող հայ, վրացի եւ ռուս ուսանողներու համար 1886-ի վերջաւորութեան։
Այս հիմնական եւ առաջնահերթ տեղեկութիւններուն հիման վրայ Տ. Աբէլ կը ձեռ-նարկէ առարկայական ուսումնասիրութեան մը՝ պրպտումներ կատարելով 19-րդ դա-րու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան Զուիցերիոյ մէջ լոյս տեսած թերթերէն։ Իր տքնաջան աշխատանքը ի յայտ կը բերէ, թէ այս ժամանակաշրջանին Զուցերիոյ մէջ հրատարակուած են աւելի քան 400 թերթեր, որոնցմէ 116-ը եղած են օ-րաթերթեր։ Այս լայնածաւալ, անհուն ու անհամար էջերուն մէջ լոյս տեսած գրութիւն-ներու ովկիանոսին մէջ Տ. Աբէլի ուսումնասիրութիւնը կը կեդրոնանայ տեղական եւ մասնաւորաբար ընկերվարական հակում ունեցող թերթերուն վրայ։
Ան նաեւ յատուկ ուշադրութեան կ’ենթարկէ Մարսիլիա քաղաքին մէջ լոյս տես-նող Մկրտիչ Փորթուգալեանի խմբագրած ու հրատարակած «Արմէնիա» թերթը, որ օգոստոս 1885 թուականէն արդէն Եւրոպա գտնուող յառաջադէմ հայ երիտասարդու-թիւնը իր շուրջ կը համախմբէր։
Տ. Աբէլի հետեւողական ուսումնասիրութիւններն ու ձեռնհաս աշխատանքը երե-ւան կը հանեն բաւականին կարեւոր նոր ու հետաքրքրական յայտնութիւներ եւ պե-տական արձանագրութիւններ, որոնք անմիջականօրէն կ’առնչուէին հայ ազգային ա-զատագրական պայքարին եւ յեղափոխական աշխատանքներուն հետ։
Մարօ Վարդանեանի «Յուշեր»-ուն եւ Խան-Ազատի «Հայ յեղափոխականի յուշե-րից» գործին վրայ հիմնուելով՝ Տ. Աբէլ մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձնէ «Արմէնիա» թերթի 1886 տարուան երկրորդ կիսուն լոյս ընծայուած թիւերուն վրայ, ուր մէջ-տեղ կու գայ նամակագրութեան երեւոյթ մը Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ Ժընեւ հաստատուած հայ երիտասարդներուն միջեւ, ուրկէ Տ. Աբէլ կ’եզրականացնէ, թէ «Յեղափոխական ընկերութիւն» մը գոյութիւն ունեցած էր Ժընեւի մէջ 1886-ին եւ որուն մաս կազմած էին «Լեռենց»-ը, որ նոյնինքն Աւետիս Նազարբէկեանն էր, ինչպէս նաեւ «Կա-ֆան» ծածկանունով ուրիշ երիտասարդ մը, որ նոյնինքն Գաբրիէլ Կաֆեանցն էր, եւ «Կոռան»-ը, որ Մատթէոս Շահազիզեանն էր։
Այս «Յեղափոխական ընկերութեան» անդամներուն նպատակը, կը գրէ Տ. Աբէլ, հայրենասիրական-յեղափոխական ընկերութիւն մը կազմել էր եւ երթալ Արեւմտեան Հայաստան՝ հայրենասիրական եւ ազատագրական գործունէութիւն ծաւալելու հա-մար։ Պէտք էր ուրեմն Եւրոպայի մէջ համաժողով մը գումարել, որպէսզի կեդրոնա-կան մարմին մը ստեղծուէր՝ համադրելու համար յեղափոխական աշխատանքները։
Առ այդ, Տ. Աբէլ կը թղթատէ «Արմէնիա» թերթի 22 սեպտեմբեր 1886-ի թիւը, ուր էջ 2-3-ին վրայ լոյս տեսած էր Լեռենցի (Աւետիս Նազարբէկեան) «Մէկ առաջարկութիւն» խորագրով յօդուածը, ուր Նազարբէկեան կ’առաջարկէր «ընդհանուր գանձարան»-ի մը ստեղծումը, որուն պատասխանատւութիւնը պէտք է ստանձնէր Մկրտիչ Փորթու-գալեան, մինչեւ որ համաժողով մը գումարուէր եւ կեդրոնական մարմին մը կազմաւո-րուէր։
Փորթուգալեան սակայն «Արմէնիա»-ի 9 հոկտեմբեր 1886 թիւով կը մերժէ նմանօ-րինակ առաջարկ մը՝ հաստատելով Ժընեւի մէջ գոյութիւնը «Յեղափոխական ընկե-րութեան» մը, որ կազմուած էր Նազարբէկեանի եւ իր ընկերներուն կողմէ։
Աւելին, «Արմէնիա»-ի 23 հոկտեմբեր 1886-ի թիւին մէջ Փորթուգալեան կը յայտա-րարէ, թէ Ժընեւի «Յեղափոխական ընկերութեան» անդամները հրատարակելու խնդրանքով «Արմէնիա»-ին ուղարկած են «Յայտարարութիւն» մը, սակայն տպագրել չէր կրնար, որովհետեւ Փորթուգալեանի համար անծանօթ էր յայտարարութեան տակ դրուած «Ընկերութեան անդամներ» ստորագրութիւնը։ Մատթէոս Շահազիզեան ու Գաբրիէլ Կաֆեանց Ժընեւէն անմիջապէս իմաց կու տան, թէ իրենք էին այդ ընկերու-թեան ներկայացուցիչները եւ թէ իրենք Փորթուգալեանին ղրկած էին այդ յայտարա-րութիւնը։ «Յայտարարութիւն»-ը լոյս կը տեսնէ «Արմէնիա»-ի 30 հոկտեմբեր 1886-ի թիւին մէջ, ուր Ժընեւի «Յեղափոխական ընկերութեան» անդամները կը խոստանան իրենց «Ծրագիր»-ը հրատարակել ոչ թէ «Արմէնիա»-ի էջերուն մէջ, այլ նոյն «Յեղափո-խական ընկերութեան» թերթին մէջ, որ պիտի հրապարակուէր մօտ ապագային։ Այս-պէս, կը պարզուի, որ Ժընեւի յեղափոխական խմբակին եւ «Արմէնիա»-ի խմբագիր Մկրտիչ Փորթուգալեանի միջեւ ընդհանուր համաձայնութիւն մը չկար եւ ո՛չ ալ պիտի ըլլար։
Տ. Աբէլ կը գրէ, որ Փորթուգալեան հրատարակելով հանդերձ սոյն ժընեւեան «Յայ-տարարութիւն»-ը՝ կ’աւելցնէ, թէ «Արմէնիա»-ի ընթերցողները մեծ կորուստ մը պիտի չունենային չկարդալով Կոռան, Կաֆան եւ ընկերութեան ստորագրութիւնը կրող յօդուածները «Արմէնիա»-ի մէջ։ Այս խօսքը վիրաւորական համարելով՝ «Յեղափոխա-կան ընկերութեան» 9 անդամներու ստորագրութեամբ «Հայակեր Քամէլիոն» խորա-գրով պարսաւագիր մը կ’ուղարկեն Փորթուգալեանի, զոր այս վերջինը կը մերժէ հրատարակել եւ «Արմէնիա»-ի 1 դեկտեմբեր 1886 թիւով կը պատասխանէ անոնց՝ հաստատելով 9 անհատներու գոյութիւնը։
Այս տուեալներու հիման վրայ Տ. Աբէլ կ’եզրակացնէ, թէ հոկտեմբեր 1886-ին որո-շակի էր, որ Ժընեւի «Յեղափոխական ընկերութիւն»-ը արդէն իսկ կազմուած էր եւ ո-րոշած հրատարակել իր «Ծրագիր»-ը սեփական թերթի մը մէջ։ Ինչ կը վերաբերի 9 ան-հատներու անուններուն, Տ. Աբէլ հետեւեալ ձեւով կը հաստատէ այդ անուններուն շարքը՝ անշուշտ հիմնուելով Ռուբէն Խան-Ազատի յուշագրութեան վրայ.
1. Աւետիս Նազարբէկեան,
2. Մարօ Վարդանեան,
3. Ռուբէն Խան-Ազատ,
4. Գաբրիէլ Կաֆեանց,
5. Գէորգ Ղարաջեան,
6. Քրիստափոր Օհանեան,
7. Մատթէոս Շահազիզեան,
8. Պօղոս Աֆրիկեան, եւ
9. Մկրտիչ Մանուչարեան։
Այս ինը երիտասարդներէն միայն առաջին վեցը կը մնան «Յեղափոխական ընկե-րութեան» մէջ։ Մատթէոս Շահազիզեան անձնասպան կ’ըլլայ, ըստ Ռուբէն Խանազա-տի յուշագրութեան, Պօղոս Աֆրիկեան կը մեկնի Լոզան՝ բժշկութիւն ուսանելու, իսկ Մկրտիչ Մանուչարեան Ժընեւի համալսարանը աւարտելով՝ որպէս իրաւաբան կը վերադառնայ Պարսկաստան։
«Յեղափոխական ընկերութեան» «Ծրագիր»-ը հրատարակելու համար ինքնուրոյն եւ անկախ թերթի մը մէջ, պէտք էր նիւթական միջոցներ ապահովել։ Կրկին Ռուբէն Խան-Ազատի յուշագրութիւններուն վրայ հիմնուելով՝ «Յեղափոխական ընկերու-թեան» անդամները Ժընեւի Schiess անունով գարեջրատան մէջ 22 դեկտեմբեր 1886-ին կը կազմակերպեն «Կովկասեան երեկոյթ» մը (Soirée caucasienne), որուն ամբողջ հա-սոյթը կը յատկացնեն սեփական տպարան մը ունենալու եւ թերթ հրատարակելու գործին։
Տ. Աբէլ, հաստատելու համար այս գործունէութեան իրողութիւնը, կը թղթատէ 1886 թուականէն սկսեալ Զուիցերիոյ մէջ լոյս տեսնող «Journal de Genève» թերթը։ Եւ իրօք, 24 դեկտեմբեր 1886 թուականի թիւի երկրորդ էջին մէջ կը հանդիպի կարճ լրա-տւութեան մը, որ կը հաստատէ Ռուբէն Խան-Ազատի յուշագրութեան մէջ յիշուած «Կովկասեան գիշեր»-ը։ «Journal de Genève» թերթը կ’իմացնէ, թէ 150 անձեր ներկայ եղած են այդ ձեռնարկին, որոնց մեծամասնութիւնը, ըստ լրատւութեան, ռուսերէն կը խօսէին, իսկ մնացածն ալ տարբեր կովկասեան լեզուներ։
«Կովկասեան գիշեր»-էն ապահովուած գումարով, Խան-Ազատի վկայութեամբ, «Յեղափոխական ընկերութեան» անդամները հայկական տառատեսակ ձեռք բերելու համար կը դիմեն Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան։ Սակայն տառատեսակնե-րու ստացումը կ’ուշանայ մինչեւ 1887 թուականի ամառը։
1887-ի առաջին ամիսներուն ընթացքին Ժընեւի «Յեղափոխական ընկերութեան» անդամներէն յանձնախումբ մը կ’ընտրուի «Ծրագիր»-ը բիւրեղացնելու եւ «Յեղափո-խական ընկերութեան» անդամներուն ներկայացնելու՝ առ ի վաւերացում։ Այս յանձ-նախումբին մաս կը կազմէին օրդ. Մարօ Վարդանեան, Աւետիս Նազարբէկեան եւ Գէորգ Ղարաջեան։ Այս ուղղութեամբ գիրքին հեղինակը՝ Տ. Աբէլ, կ’ապաւինի թէ՛ Ռու-բէն Խան-Ազատի յուշագրութեան եւ թէ՛ յանձնախումբի անդամ Գէորգ Ղարաջեանի վկայութեան վրայ, որ հրատարակուած էր Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող «Երկրի Ձայնը» թերթի 20 յունուար 1908-ի թիւին մէջ։
Արդարեւ, այս ժամանակամիջոցին, 1887 տարուան առաջին մի քանի ամիսնե-րուն ընթացքին, «Յեղափոխական ընկերութեան» վեց անդամները խմբային լուսա-նկար մը կ’առնեն, որ հետագային կը տպուի Ռուբէն Խան-Ազատի «Ինչպէ՞ս Է ձեւաւո-րուել Հնչակեան կուսակցութիւնը» յօդուածին մէջ, որ լոյս կը տեսնէ 1916-ին Մոսկուա՝ ռուսերէնով հրատարակուող «Հայկական լրաբեր» թերթին մէջ։ Սոյն «Յեղափոխական ընկերութեան» անդամներն էին.
1. Աւետիս Նազարբէկեան
2. Մարօ Վարդանեան
3. Ռուբէն Խան-Ազատ
4. Գաբրիէլ Կաֆեանց
5. Քրիստափոր Օհանեան
6. Գէորգ Ղարաջեան
Տ. Աբէլ այս ուղղութեամբ հետաքրքրական պատմա-ակադեմական տարակար-ծութիւններու դուռ կը բանայ եօթներորդ հիմնադիրի մը անուան շուրջ։ Ընդհանրա-պէս ծանօթ եղած է բոլորիս, որ եօթը անձերէ կը բաղկանայ Հնչակեան կուսակցու-թեան հիմնադիրներու խմբակը՝ ապաւինելով ընդհանրացած եօթներու ծանօթ նկա-րին, ուր եօթներորդ անձին ինքնութեան մասին բաւականին տարակարծութիւններ կան։ Գիրքի ծանօթագրութիւններէն մէկուն մէջ Տ. Աբէլ հարց կու տայ, թէ 1962 թուին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած «Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան» երկհատո-րի հեղինակ Արսէն Կիտուր առանց պատմագիտական վկայութիւններու ուրկէ՞ «Մանուէլ Մանուէլեան» կամ «Պօղոս Աֆրիկեան» անունները նշած է իբրեւ կուսակ-ցութեան եօթներորդ հիմնադիր անդամ։
Տ. Աբէլ այս ուղղութեամբ կը մէջբերէ հարցական երրորդ անձի մը գոյութիւնը «Լե-ւոն Ստեփանեան» անունով, որ օգտագործուած է շատերու կողմէ որպէս 7-րդ հիմնա-դիրը՝ ապաւինելով 1963-ին Գալիֆորնիոյ մէջ լոյս տեսած Հնչակեան ղեկավարի թոռ-նիկ Լուիզ Նալպանտեանի գիտական աշխատութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Անահիտ Տէր-Մինասեանի, Աշոտ Յովհաննիսեանի, Մկրտիչ Ներսիսեանի եւ Գեղամ Յովհաննիսեանի աշխատութիւններուն վրայ։
Հիմնադիրներու նկարին մէջի եօթներորդ անձին ինքնութեան հանելուկը կը լուծէ Տ. Աբէլ՝ մէջբերելով նոյնինքն հիմնադիրներէն Գէորգ Ղարաջեանի հրատարակած «Ռուբէն Խան-Ազատի հեքիաթները» գրքոյկէն՝ յստակացնելով, թէ այդ խորհրդաւոր անձը Կազիցկի անունով ռուս ուսանող մը եղած է, որ բնաւ կապ չէ ունեցած Հնչակ-եան կուսակցութեան հիմնադրութեան հետ։ Ըստ Ղարաջեանի, կը մատնանշէ Տ. Աբէլ, Կազիցկի միշտ կ’այցելէր Նազարբէկեաններուն եւ նկարահանման ժամանակ պա-տահաբար կամ բարեկամաբար ինքն ալ ներկայ եղած է այդ լուսանկարին մէջ։
Տ. Աբէլ ապա կը փորձէ ստուգել եւ վաւերագրականօրէն արձանագրել Աւետիս Նազարբէկեանի, Մարօ Վարդանեանի եւ Գաբրիէլ Կաֆեանցի համալսարանական ըլլալու տեղեկութիւնները։ Ան կը դիմէ Ժընեւի եւ Ցիւրիխի համալսարաններու ար-խիւներուն ու տարեգիրքերուն։ Երկար պրպտումները Ժընեւի համալսարանին մէջ սակայն կը հիասթափեցնեն Տ. Աբէլը, ուր ան որեւէ արձանագրութիւն չի գտներ Նա-զարբէկեան կամ Վարդանեան անուներուն տակ, հակառակ որ այլ մասնագիտական գործեր, ինչպիսին է Անահիտ Տէր-Մինասեանի 1982-ի գիտական աշխատութիւնը, կը յիշեն, թէ Նազարբէկեանն ու Վարդանեանը ազատ ունկնդիրներ եղած են Ժընեւի հա-մալսարանին մէջ՝ Նազարբէկեան իրաւագիտութեան եւ Վարդանեան գրականու-թեան ճիւղերու մէջ։
Ինչ կը վերաբերի Գաբրիէլ Կաֆեանցի, Տ. Աբէլ կը պրպտէ Ցիւրիխի համալսարա-նին արխիւները եւ ի յայտ կը բերէ, որ Կաֆեանց եղած է Ցիւրիխի համալսարանի փի-լիսոփայական բաժանմունքի ուսանող։ Այն փաստաթուղթը, որուն վրայ կ’ապաւինի Տ. Աբէլ, յաւելեալ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կ’աւելցնէ, թէ Կաֆեանց ուսումը ընդմիջած էր Զուիցերիոյ կառավարութեան իր դէմ առած հեռացման հրահանգին պատճառաւ՝ աւելցնելով, որ Կաֆեանց ենթակայ էր 24 ժամուան կալանքի՝ Զուիցե-րիոյ տարածքէն հեռանալու հրահագին չենթարկուելուն պատճառաւ։
Այս տեղեկութեան հիման վրայ Տ. Աբէլ կը դիմէ Զուիցերիոյ Դաշնակցային կառա-վարութեան արխիւներուն, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ Ազգային գրադարանին եւ Ժընե-ւի քանթոնի պետական արխիւներուն՝ աւելի լաւ հասկնալու եւ իրապաշտօրէն ար-ձանագրելու համար Կաֆեանցի՝ պետութեան հետ առնչուող հարցերը։ Տ. Աբէլի հե-տազօտութիւնները այս ուղղութեամբ ի յայտ կը բերեն բազմաթիւ վկայութիւններ, ամ-բաստանութիւններ եւ ոստիկանական տեղեկագրութիւններ Կաֆեանցի, ինչպէս նաեւ Աւետիս Նազարբէկեանի մասին։
Տ. Աբէլ կը պրպտէ նաեւ Ժընեւի քանթոնի արդարադատական արխիւները, ուր ի յայտ կու գայ Կաֆեանցի արտաքսման գլխաւոր պատճառը, թէ Կաֆեանց Ժընեւի կեդրոնական պողոտաներէն մէկուն վրայ գտնուող ակնոցավաճառի մը հետ վիճա-բանութեան բռնուելով մահուան սպառնալիք ըրած է անոր։ Ակնոցավաճառին ու քովը աշխատող պաշտօնեային վկայութիւններուն հիման վրայ քրէական թղթածրար մը բացուած է Կաֆեանցի դէմ։ Նոյն թղթածրարին մէջ Տ. Աբէլ կը յայտնաբերէ Կաֆեանցի արտաքսման հրամանագիրը։
Կուսակցութեան կազմաւորման ու ծաւալելիք աշխատանքներուն համար Կաֆ-եանցի ներկայութիւնն ու բերած նպաստը կարեւոր համարելով եւ հակառակ պետա-կան արտաքսման հրահանգին՝ Աւետիս Նազարբէկեան իր Ժընեւի տան մէջ ապաս-տարան կու տայ Կաֆեանցի։
1887 աշնան, երբ հայերէն տառերը կը հասնին Մխիթարեան միաբանութենէն, կ’որոշուի անկախ թերթ մը հրատարակել։ Այդ օրերուն Ժընեւի մէջ հայերէն լեզուի գրաշարի չգոյութեան պատճառաւ Աւետիս Նազարբէկեան կը խնդրէ իր գրաշար բա-րեկամէն՝ Տիգրան Նաւասարդեանէն, որ Փարիզէն Ժընեւ գայ ու շարէ «Հնչակ»-ի 12 էջէ բաղկացած առաջին թիւը, որ լոյս կը տեսնէ Նոյեմբեր 1887-ին։
«Հնչակ»-ի յաջորդ թիւերու գրաշարութեան առնչութեամբ Ռուբէն Խան-Ազատ կը համոզէ իր վրացի բարեկամը՝ Մոնփելիէ քաղաքին մէջ ուսանող Էօժէն Վացաձէն, որ հաստատուի Ժընեւ ու ստանձնէ «Հնչակ»-ի գրաշարութիւնը։
«Հնչակ»-ի երկրորդ թիւը լոյս կը տեսնէ յունուար 1888-ին, որուն մէջ կը հրապա-րակուի խմբագրական մը «Հեռաւոր ու մօտակայ նպատակներ եւ միջոցներ» խորա-գրով, որ հետագային կը դառնայ կուսակցութեան քաղաքական, ռազմավարական, ընկերային եւ ազգային գաղափարախօսութեան մեկնակէտը։ «Հնչակ»-ի երրորդ թիւը լոյս կը տեսնէ փետրուար 1888-ին։
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան կը շարունակէ իր հետազօտութիւնը «Journal de Genève» թերթին մէջ եւ թիւ առ թիւ թղթատելով կը յաջողի 19 ապրիլ 1888-ի թիւի 3-րդ էջին յատակը գտնուող շատ փոքր յայտարարութիւն մը յայտնաբերել, ուր կը յիշուի, որ Աւետիս Նազարբէկեան եւ Մարօ Վարդանով (Վարդանեան) ամուսնացած են։ Տ. Աբէլ կը դիմէ Ժընեւի քաղաքացիական ամուսնութեան 1888 թուականի տոմարին, որուն 175-րդ արձանագրութիւնը ի յայտ կը բերէ Նազարբէկեաններու ամուսնութեան թուականը, բնակութեան վայրն ու հասցէն։ Նազարբէկեաններու ամուսնութեան վկա-յագրէն կը յայտնուի նաեւ, որ ամուսնութեան երկու վկաներն էին Հնչակեան կուսա-կցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Օհանեանն ու «Հնչակ» թերթի գրաշար Էօժէն Վացաձէն։
Նազարբէկեաններու բնակութեան վայրն ու հասցէն վաւերագրելու միտումով Տ. Աբէլ կը դիմէ Ժընեւի օտարահպատակներու կեցութեան արտօնագրի տոմարներուն, որոնցմէ յայտ կու գայ, թէ Աւետիս Նազարբէկեան եւ իր կինը՝ Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեան, Ժընեւի մէջ նուազագոյնը 3 տարբեր բնակարաններու մէջ ապրած են։ Առաջինը՝ Rue des Piton 1, ուր, ըստ Տ. Աբէլի եզրակացութեան, «Հնչակ» թերթը խմբա-գրուած ու շարուած էր։
Նոյն օտարահպատակներու կեցութեան արտօնագրի տոմարներուն մէջէն Տ. Աբէլ կը յայտնաբերէ Նազարբէկեան ամոլին երկրորդ բնակարանը Ժընեւի մէջ, որ մի քանի թաղ անդին Boulevard De la Cluse-ի թիւ 17 շէնքը եղած է։ Իսկ երրորդ ապաստանարան գրանցուած է Rue de Carouge-ի թիւ 68 շէնքը։
Ըստ Տ. Աբէլի հետազօտութիւններուն, Նազարբէկեաններու տարբեր բնակարան-ներուն մէջ յեղափոխական եւ ընկերվարական հայեացքներ ունեցող ղեկավարներ քաղաքական ժողովներ ու հանդիպումներ ունեցած են։ Երեւոյթներ, որոնք Ժընեւի պետական մարմիններու ուշադրութիւնը գրաւած են, ինչպէս նաեւ անոնք դարձած են ռուսական, գերմանական եւ թրքական գաղտնի սպասարկութիւններու հետապնդ-ման թիրախը։
Յայտնաբերուած փաստաթուղթերու կարգին Տ. Աբէլ մասնաւորաբար կը յիշէ զուիցերիական կառավարութեան 5 ապրիլ 1890 թուակիր հրամանագիրը, որ տեղի տալով ռուսական, գերմանական եւ թրքական բողոքներուն՝ երկրէն կ’արտաքսէ 13 տարբեր «ահաբեկիչներ», որոնցմէ մին էր Գաբրիէլ Կաֆեանցը։ Մի քանի տարի ետք Կաֆեանց դիմած է զուիցերիական կառավարութեան, որ կրկին մուտք գործէ երկիր, սակայն մերժուած է։ Գաղտնի սպասարկութիւնները հետեւելով Կաֆեանցի՝ մանրա-մասն զեկոյցներ պատրաստած ու յղած են Զուիցերիոյ կառավարութեան։ Այս փաս-տաթուղթերուն կողքին, Տ. Աբէլ նաեւ կը յայտնաբերէ Աւետիս Նազարբէկեանի հետ առնչուած երկու կարեւոր ոստիկանական տեղեկագրութիւններ, ինչպիսին էր 20 մա-յիս 1890 թուականի Ժընեւի կառավարութեան արդարադատութեան եւ ոստիկանա-կան գրասենեակին նամակը՝ յղուած Զուիցերիոյ դաշնակցային կառավարութեան ընդհանուր կառավարիչին, որ կը գտնուէր մայրաքաղաք Պեռնի մէջ, տեղեկացնելով կեդրոնական կառավարութեան, թէ Աւետիս Նազարբէկեան մշտական գործուն մաս-նակցութիւն բերած է ռուս յեղափոխականներու հետ եւ նոյնիսկ ելոյթ ունեցած է ռու-սական միջազգային համաժողովին, որ կայացած է Ժընեւի մէջ նոյն տարուան մայիս 1-ին։ Յաւելեալ՝ նոյն փաստաթուղթը կ’ամբաստանէ Նազարբէկեանը, որ անօրէն կեր-պով իր մօտ պահած է Զուիցերիայէն նախապէս արտաքսուած Գաբրիէլ Կաֆեանցը։
Այս հատորներուն մէջ Տ. Աբէլ կը շեշտէ, թէ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնա-դիրներուն մասին առատ արխիւային տուեալներ գոյութիւն ունին Զուիցերիոյ պետա-կան արխիւներուն մէջ։ Կը յուսանք եւ, ինչո՛ւ չէ, կ’ակնկալենք, որ Դոկտ Աբէլ քհնյ. Մանուկեան շուտով մեզի հրամցնէ Նազարբէկեանի եւ Կաֆեանցի աշխատանքնե-րուն մասին առանձին-առանձին հատորներ, ինչ որ անուղղակիօրէն ան խոստացած է այս գիրքին մէջ։
* * *
Գիրքին երկրորդ բաժինը կը բովանդակէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած սպանութիւններուն, կոտորածներուն, բռնագաղ-թին եւ ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջման ծրագրին գործադրութեան մասին զուիցե-րիական մամուլին մէջ այդ ժամանակներուն տեղ գտած բազմաթիւ տեղեկութիւններ եւ յօդուածներ։
Զէյթունի ապստամբութեան ու մասնաւորաբար Համիտեան ջարդերուն մասին լրատւութիւնը բաւականին կարեւոր տեղ գտած է ժամանակակից զուիցերիական թերթերուն մէջ։ Ժամանակի եւ գիրքին մէջ տեղի չգոյութեան եւ նիւթին անյարմա-րութեան հասկնալի պատճառներով՝ հեղինակը պէտք եղածին չափ չէ կեդրոնացած այս ժամանակաշրջանին վրայ։ Սակայն լուսարձակի տակ առած է զուիցերիացի ժո-ղովուրդին ունեցած բարեացակամ հետաքրքրութիւնը հայ ժողովուրդի կրած տառա-պանքներուն հանդէպ։ Այդ օրերուն զուիցերիացիք կազմակերպած էին «Հայանպաստ օգնութիւններու զուիցերիական համագումար» անունով կազմակերպութիւն մը, որ Զուիցերիոյ գլխաւոր քաղաքներուն եւ տարբեր բնակավայրերուն մէջ կազմակերպած էր ստորագրահաւաքներ՝ հաւաքելով 430.000 ստորագրութիւն։ Այս ստորագրահաւա-քին նպատակը եղած էր դիմել Զուիցերիոյ դաշնային կառավարութեան, որպէսզի ան Եւրոպայի մեծ տէրութիւններուն միջոցաւ քաղաքական ճնշում բանեցնէ Սուլթան Համիտի վրայ՝ վերջ դնելու համար արեւմտահայութեան դէմ իրագործուող զանգուա-ծային կոտորածներուն։ Նշուած ստորագրահաւաքը կը համարուի Զուիցերիոյ պատ-մութեան մէջ արձանագրուած եզակի եզակի երեւոյթ մը, նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ երկրին բնակչութեան թիւը ճշգրիտ տուեալներով 2.911.233 կը կազմէր։
Այս հարցին եւ ընդհանրապէս արեւմտահայութեան հետ առնչուող զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած բարեսիրական օժանդակութիւններու մանրամասնութիւն-ներուն մասին դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան այլ հրատարակութեամբ՝ ծաւալուն աշ-խատութեամբ անդրադարձած եւ նիւթը դարձուցած է հասարակութեան սեփականու-թիւնը։
Անդրադառնալով 1909-ի Ատանայի կոտորածներուն՝ զուիցերիական մամուլը բաւական տեղ տուած է նկարագրելով աղէտը։ «La Liberté», «Nouvelliste», «Le Jura», «Swiss Libérale» կամ ուրիշ թերթեր լայն ձեւով արձագանգած են հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրագործուած վայրենաբարոյ ջարդերուն։ Սակայն հեղինակը, դարձեալ յարգելի պատճառներով, կեդրոնացուցած է իր պեղումները ընկերվարական հակում-ներ ունեցող «Volksrecht» թերթին վրայ, որ իր 16, 17, 21 եւ 24 ապրիլ 1909 թիւերուն մէջ տեղեկացուցած է, թէ հազարաւոր հայ բնակիչներ ջարդուած են եւ Ատանա քաղաքը գրեթէ մոխիրի վերածուած է։
Ինչ կը վերաբերի զուիցերիական մամուլին մէջ լոյս տեսած Քսան կախաղաննե-րուն մասին տեղեկութիւններուն, Տ. Աբէլ Մանուկեան յատուկ նախաբանով մը կը ներկայացնէ, թէ ովքե՞ր կ’ըլլային այդ Քսանները եւ թէ ինչո՞ւ նահատակուեցան ա-նոնք, ի՞նչ էր անոնցմէ իւրաքանչիւրին անունը, պաշտօնը, անոնց կարեւոր արտա-յայտութիւնները, եւ թէ անոնք ինչպիսի՞ որոշումներ կայացուցած էին Քոսթանցայի մէջ 7 սեպտեմբեր 1913 թուականին գումարուած Հնչակեան կուսակցութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովին։ Ապա ան կը կեդրոնանայ «La Sentinelle» թերթի 6 օգոստոս 1915 թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը վրայ, ուր կը յիշուի Քսաններու նահատակութիւնը կախաղանի վրայ։ Նոյն լրատւութեամբ «La Sentinelle» կը հաղորդէ, թէ հայ յեղափոխական այլ կուսակցութիւններէն, մտաւորականներէն եւ ազգի երեւելիներէն մեծ թիւ մը ձերբակալուելով աքսորուած էր Թուրքիոյ խորերը եւ ապա սպաննուած։
Ուսումնասիրելով նաեւ տարբեր թերթեր՝ Տ. Աբէլ կը յայտնաբերէ, թէ «Berner Tag-wacht» թերթը մէկ օր ետք իր 7 օգոստոս 1915 թիւին մէջ «Դահիճը կ’իշխէ» խորագրով յօդուած մը լոյս ընծայած է ու աւելի մանրամասն անդրադարձած Քսան կախաղաննե-րուն։ Իսկ ընկերվարական «Volksrecht» թերթի 13 օգոստոս 1915 թիւին մէջ ընդարձակ յօդուած մը լոյս տեսած է «Թարմ հողակոյտերու առջեւ – Քսան թրքահպատակ ընկեր-ներու սպանութեան առթիւ» խորագրով, որ աւելի հանգամանօրէն ներկայացուցած է Քսանները, անոնց պատկանած կուսակցութիւնը, գործունէութիւնը, կուսակցութեան մարտավարութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած ու շեշտած է երիտթուրքերու հա-յակործան քաղաքականութեան, Կայսերական Գերմանիոյ մեղսակցութեան եւ միջ-ազգային ընկերվարականներու անպատասխանատու մնալուն հանդէպ հնչակեան քսան ղեկավարներու կախաղան բարձրանալուն։
Այս վերոյիշեալ յօդուածներու բովանդակութիւնն ու հրատարակութեան ժամա-նակը գերմանատառ ու ֆրանսատառ մամուլին մէջ կը մղեն Տ. Աբէլը, որ յաւելեալ պրպտումներու ձեռնարկէ՝ յայտնաբերելու համար յօդուածագիրներու ինքնութիւնն ու անոնց ունեցած կապը կախաղան բարձրացած հնչակեան քսան ղեկավարներուն հետ։ Տ. Աբէլի հետազօտութիւնները այս ուղղութեամբ երեւան կը հանեն, որ յօդուած-ներուն հեղինակը մէկ անձ է՝ Արշեֆֆ Սուրագով կամ Սուրաբով անունով՝ Բ. Պե-տական Տումայի պատգամաւոր մը։ Նմանօրինակ յօդուած մըն ալ լոյս տեսած է «Քսան հայ սոցիալիստներու կախուիլը Թուրքիոյ մէջ» խորագրով՝ Իտալիոյ սոցիա-լիստական «Avanti» անունով թերթի 16 օգոստոս 1915-ի թիւին մէջ։
Տ. Աբէլ բաւական տեղ կը տրամադրէ բացատրելու համար, թէ Սուրագովը կամ Սուրաբովը նոյնինքն Արշակ Գերասիմի Զուրաբեանն էր՝ հայ յեղափոխական պատ-մութեան երեւելի դէմքերէն մին, եւ թէ ան ինչպիսի՛ քաղաքական աշխատանք տա-րած, ի՛նչ պաշտօններ ստանձնած եւ ի՛նչ ներդրում ունեցած էր միջազգային ընկեր-վարական շարժումին մէջ։
Ապա Տ. Աբէլ կը վերլուծէ «Volksrecht» թերթի 13 օգոստոս 1915 թիւին մէջ լոյս տե-սած Զուրաբեանի ստորագրած լայնածաւալ յօդուածը։ Օտարներուն եւ մանաւանդ անգլիախօսներուն աւելի մատչելի ու հասկնալի դարձնելու միտումով՝ Տ. Աբէլ Զու-րաբեանի յօդուածին անգլերէն թարգմանութիւնը կը զետեղէ 2024-ին հրատարա-կուած անգլերէն գիրքին 151–161-րդ էջերուն մէջ։
Գիրքին երկրորդ բաժինը կ’աւարտի յայտնաբերելով «Volksrecht» թերթի 5 յու-նուար 1916 թիւի առաջին էջին մէջ լոյս տեսած «Օգնութեան կանչ մը Հայաստանէն» խորագրով յօդուածով մը, որ ինքնին արտատպում մը եղած էր Զուիցերիոյ վրացի ուսանողութեան նամակի մը՝ յղուած Գերմանիոյ Սոցիալ դեմոկրատ կուսակցութեան ատենապետին, պահանջելով, որ կուսակցութիւնը միջամուխ ըլլար առ որ անկ է՝ կա-սեցնելու համար հայ սոցիալ դեմոկրատականներու եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուր-դին դէմ գործուած արհաւիրքը։ Վրացի ուսանողներու նամակին անգլերէն թարգմա-նութիւնը զետեղուած է գիրքին 165–169-րդ էջերուն մէջ։

* * *
Երրորդ բաժինը այս աշխատութեան կ’ընդգրկէ Քսան կախաղաններու մասին գրուած ու լոյս տեսած յօդուածներ գերմանական մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ նոյն նիւթին վերաբերեալ Գերմանիոյ դիւանագիտական արխիւներուն մէջ երեւան եկած պաշտօնական նամակներ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուին հայկական պատմագիտութեան եւ հանրութեան։ Այս ուղղութեամբ Տ. Աբէլի հետազօտու-թիւնները ցոյց կու տան, որ Գերմանիոյ աւետարանական համայնքին պատկանող «Տի Քրիսթլիխէ Վելթ» թերթի 29 յուլիս 1915 թիւին մէջ հետաքրքրական յօդուած մը կայ ստորագրութեամբ Էվալթ Շթիր անունով անձնաւորութեան մը։ Յօդուածը կը կրէ «Հա-յաստան համաշխարհային պատերազմի մէջ» խորագիրը, ուր Շթիր կ’անդրադառնայ Քսան կախաղաններուն՝ ուղղակի մեղադրելով թուրքերը մարդկութեան դէմ իրագոր-ծած ոճիրի մէջ։ Անշուշտ Տ. Աբէլ չի բաւականանար այս յօդուածին բովանդակու-թեամբ, այլ կը խորանայ ուսումնասիրելու, թէ ո՞վ կ’ըլլար յօդուածագիրը։ Հեղինակին պեղումները կ’առաջնորդեն զինք 1914-ին կազմուած Գերմանա-Հայկական ընկերակ-ցութեան մը, որուն հիմնադիր անդամներէն էին հայասէր Եոհաննէս Լեփսիուս, նոյնինքն Էվալթ Շթիր, ինչպէս նաեւ Աւետիք Իսահակեան։
Ինչ կը վերաբերի գերմանական դիւանագիտական աղբիւրներուն, Տ. Աբէլի հե-տազօտութիւնը ի յայտ կը բերէ 3 կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք անմիջական կապ ունին հնչակեան Քսան կախաղաններուն հետ։ Առաջինը՝ Թուրքիոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հանս Ֆոն Վանկենհայմի 18 յունիս 1915 թուականը կրող հեռագիրն էր ուղղուած կեդրոն՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նա-խարարութիւն եւ Կայսրութեան վարչապետ՝ Թէոպալտ Ֆոն Պեթման Հոլվեկին, որուն մէջ դեսպան Ֆոն Վանկենհայմ կը տեղեկացնէր, թէ ընթացիկ ամսուան 15-ին 20 հայեր մահուան դատապարտուելով կախուած էին Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրա-պարակին վրայ, թէ մահուան դատավճիռը գործադրուած էր առտու կանուխ եւ դիակները անմիջապէս կէս ժամուան ընթացքին վերցուցած էին, որպէսզի ուշադրու-թիւն չգրաւէին։ Դեսպան Ֆոն Վանկենհայմ շարունակած էր իր հեռագիրը տեղեկաց-նելով, թէ բոլոր կախաղան բարձրացողները Հնչակեան յեղափոխական կուսակցու-թեան կը պատկանէին։ Դեսպան Ֆոն Վանկենհայմ իր հեռագրին կցած էր ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած «Lloyd Ottoman» թերթի 17 յունիս 1915 թիւին մէջ լոյս տեսած տեղեկատւութիւն մը, ուր կախաղանի վճիռի գործադրութեան, ժամանակի ու տեղի մանրամասնութեան եւ կախաղան բարձրացած հնչակեան ղեկավարներու անուն-մականունները, ծածկանունները, հայրանունները, ծննդավայրերն ու իւրաքանչիւրին պաշտօնները յիշուած էին։ Անգլերէն թարգմանութիւնը «Lloyd Ottoman» թերթի լուրին կը գտնուի այս գիրքին 184–186-րդ էջերուն մէջ։
Երկրորդ փաստաթուղթը, որ կը յայտնաբերէ Տ. Աբէլ, վերեւը յիշուած հայասէր Եոհաննէս Լեփսիուսի նոյնանման բովանդակութիւն ունեցող 18 յունիս 1915 թուակիր հեռագիրն է Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայէն՝ յղուած Գերմանիոյ արտաքին գոր-ծոց նախարարութեան, ուր Լեփսիուս կը տեղեկացնէր, թէ 20 հնչակեաններ մահուան դատապարտուաած էին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ՝ ահազանգելով, որ նոյն վտանգը կը սպառնար արդէն տեղահանուած դաշնակցականներուն։ Լեփսիուս կը խնդրէր գեր-մանական կառավարութենէն ամէն ճիգ թափել կասեցնելու համար աղէտը։
Իսկ երրորդ փաստաթուղթը, որ Տ. Աբէլ կը յայտնաբերէ իր գիրքին վերջաւորու-թեան, դեսպան Հանս Ֆոն Վանկենհայմի 25 յունիս 1915-ին ուղարկած երկրորդ հե-ռագիր մըն է՝ կրկին ուղղուած Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ուր կը տեղեկացնէր, թէ Թալէաթ փաշայի սպանութեան որոշումը,– որ առնուած էր 20 կախաղան բարձրացած հայերու կողմէ,– եւ գործադրութեան նախապատրաստական աշխատանքները գործի դրուած եղած են Փարիզի մէջ՝ ներքին համաձայնութեամբ մը հնչակեան ղեկավար եւ 21-րդ կախաղանի դատապարտուած անձին՝ Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի եւ պապան ցեղախումբի պատկանող նշանաւոր երիտթուրքերու հա-կառակորդ եւ քրտական ծագում ունեցող Շերիֆ փաշայի միջեւ։ Դեսպան Ֆոն Վան-կենհայմ այս տեղեկութիւնը հիմնաւորած էր երիտթրքական հակում ունեցող «Թա-նին» թերթի մէկ լրատւութեան վրայ։
«Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը Ժընեւի մէջ եւ Քսան կախաղաններու աւանդը» գիրքը կ’աւարտի 22 հնչակեան ղեկավարներու դէմ թրքական դատական ատեանին արձակած մահավճիռի անգլերէն լեզուի թարգմանութեամբ։
Առանձնապէս յուզիչ է հեղինակին «Հուսկ բանք»-ը, որուն մէջ ամենայն յստակութեամբ կը դրսեւորուի Տ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի բիւրեղ հայրենասիրութիւնն ու բո-լորանուէր ազգասիրութիւնը, որոնք հանդիսացած են գերազանց շարժառիթը նման ծանրակշիռ աշխատասիրութեան մը ձեռքբերման։ Սոյն իրողութեան թագն ու պսակը կը կազմեն հեթանոս հայ երգը ոգեղինող բանաստեղծին՝ Դանիէլ Վարուժանի ոգեշունչ խօսքերը, որոնց մէջմերումով կ’աւարտի հատորը.
«Կ’ուզեմ համբուրել այն բոլոր տեղերը, ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց»։

* * *
«Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը Ժընեւի մէջ եւ Քսան կախաղաններու աւանդը» գիրքը իր տեսակին մէջ եզակի ուսումնասիրութիւն մըն է, որ աղբիւրա-գիտական հարուստ նիւթերով տարբեր դիտանկիւնէ կը ներկայացնէ հայ ազգային ազատագրական պայքարի հանգրուանները եւ գիտական պատշաճ որակով անգ-լիախօս ընթերցողին կը ծանօթացնէ այս առնչութեամբ զուիցերիական եւ գերմանական արխիւներուն մէջ գտնուած նիւթերը։
Հասկնալի է, թէ մարդկայնօրէն կարելի պիտի չըլլար ներփակել այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդին մասին լոյս տեսած հարիւրաւոր թերթերու բիւրաւոր յօդուածները, սակայն այս գիրքին միջոցաւ Տ. Աբէլ անուղղակիօրէն հրաւէր կ’ուղղէ նոր սերունդին եւ երիտասարդ պատմաբաններուն, պատմագէտներուն եւ ընկերաբաննե-րուն, որ տակաւին բաւական լուրջ հետազօտական աշխատանք կայ ծաւալելիք այս ուղղութեամբ։
Մենք այս առիթով կը շնորհաւորենք դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը այս արժէքա-ւոր պատմագրական աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն իր ապագայ ծրագրերուն մէջ՝ ակնկալելով իրմէ նորանոր նուաճումներ իր մասնագիտա-կան, ազգային, հոգեւոր եւ մտաւորական ծիրերէն ներս։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles