Յօդուածներ

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

 Ներկայ մը     

 Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան շաբաթօրեայ վարժարանին ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Մայիս16, 2009-ին, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ:  Հանդիսութեան  ներկայ էին Եկեղեցւոյ հովիւԱրժանապատիւ՝ Տէր Նարէկ քահանայ Թրթռեան,  հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Արամ Գազազեան եւ Տիկին Մէյրի Արսլանեան,վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Նայիրի Զօհրապեան, ուսուցչական կազմը ,աշակերտները, ծնողները հարազատներն ու հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Գ. եւ Դ. դասարանի աշակերտներ կ°երգեն
Գ. եւ Դ. դասարանի աշակերտներ կ°երգեն

Հանդէսի յայտագիրը կը շեշտէր հայերէն լեզուի պահպանումի կարեւորութիւնը՝ գրելով, կարդալով  հայերէն խօսելով երբ այսքան հայեր կ’ապրին օտար ափերու վրայ:Բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգով , որմէ ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Ն. Զօհրապեանը: Ան իր բացման խօսքին մէջ ջերմագին բարեմաղթութիւններով, շնորհաւորեց ու գնահատեց ծնողներուն հայեցի կեցուածքն ու գիտակցութիւնը իրենց հայ ազգի նկատմամբ: Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին ,ծնողաց միութեան զոր ձեռք -ձեռքի կը գործակցին ամբողջ տարուան ընթացքին ,եւ որուն արգասիքնէ այս շքեղ հանդէսը:Ապա ծաղկեփունջերով  վարձատրուեցան սիրելի ուսուցչուհիները եւ ծնողաց  մարմնի անդամները ,նուիրուած դպրոցի հոգաբարձութեան անդամներուն  կողմէ, Տոքթ. Արամ Գազազեանին եւ Տիկին Մէյրի Արսլանեանին :  Յայտագրի սկիզբը մանկամսուրի( բողբոջ) եւ կոկոն դասարաններու փոքրիկները գեղազարդ հագուստներով, զուարճալի երաժշտական կտորներու ներքոյ, երգեցին, նուագեցին ու արտասանեցին :Մատղաշ փոքրիկները ուրախացուցին ներկաները իրենց համարձակ արտայայտութիւններով:Անոնք յաջողած էին իրենց բաժնին մէջ շնորհիւ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներ Ովսաննա Ֆէրէճեանի եւ Դալար Արծիւեանի:Յայտագրի  յաջորդ բաժինով նախակրթարանի աշակերտները բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին փունջ մը երգեր ղեկավարութեամբ Տիկին Զէփիւռ Արծիւեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկին Էլիզա Համբարձումեանի :Անոնք երգեցին, «Մեր Հայրենիք», «Ի զէն հայեր», «Ազգ իմ Փառապանծ», «Գետաշէն» եւ «Արիւնոտ դրօշը»:Ետքը դասարան առ դասարան Արեւելահայերէն եւ Արեւմտահայերէն բաժիններով աշակերտները կարգով արտասանեցին ու երգեցին առանձնաբար եւ խումբով:Ուրախութեամբ լեցուեցաւ ներկաներուն հոգիները  տեսնելով այդ գեղազարդ բեմին վրայ Հայ ժողովուրդի յոյսն ու ապագան.-Ձեր վարձքը կատար սիրելի ուսուցչուհիներ Անի Մաթէոսեան, Մարգրիտ Անանեան, Նորա Զոհրապեան, Նուէր Օրանճեան, Տիկին Մարիա Եփրէմեան, եւ երեցկին Անի Թրթռեան:Ժամը հասած էր ամէնէն տպաւորիչ բաժնին ուր բեմ բարձրացան վեցերորդ դասարանի աշակերտները իրենց աւարտականի յատուկ տարազներով:Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ աշակերտ իր հրաժեշտի խօսքը կարդաց :Անոնք  խոստացան մնալ հաւատարիմ աշակերտները Սուրբ Սարգիս Սիւզան եւ ՅովսէփՅակոբեան շաբաթօրեայ վարժարանին:Ապա  գնահատանքի եւ նուէր բաշխելու պահն էր:Մանկապարտէզէն Շահէն եւ Կարէն Ֆէյսլ եղբայրներ ինչպէս նաեւ  նախակրթարանէն Սեւակ եւ Արեւիկ Եփրեմեաններ ամբողջ դպրոցական տարեշրջանին ամէն շաբաթ առանց բացակայութեան  դպրոց յաճախած ըլլալով, ստացան նուէրներ առ ի գնահատանք իրենց պարտաճանաչութեան:Ապրի°ք  երեխաներ:Նոյնպէս նախակրթարանէն չորս աշակերտներ Քրիստափոր եւ Շանթ Մկրեաններ, Սեւակ եւ Արեւիկ Եփրեմեաններ ստացան նուէրներ առ ի քաջալերանք իրենց մասնակցութեան Համազգայինի կազմակերպած մրցոյթին:

Ձախէն աջ՝ շրջանաւարտներ՝,Անի Օրանճեան , Սեւակ Յակոբեան, Քրիստափոր Մկրեան եւ Սեւակ Եփրեմեան
Ձախէն աջ՝ շրջանաւարտներ՝,Անի Օրանճեան , Սեւակ Յակոբեան, Քրիստափոր Մկրեան եւ Սեւակ Եփրեմեան

Նշենք թէ, Քրիստափոր Մկրեանը անընդհատ երեք տարի է ի վեր կը մասնակցի սոյն մրցոյթին եւ միշտ անսխալ պատասխանելով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Ապա  վարժարանի տնօրէնուհին Տիկին Զոհրապեան բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Նարեկ քահանայ Թրթռեանը եւ հոգաբարձուներ Տիկին Մէյրի Արսլանեանն ու Տոքթ.Արամ Գազազեանը որոնք յանձնեցին վկայականներ շրջանաւարտներ՝ Սեւակ Եփրէմեանի ,Անի Օրանճեանի ,Քրիստափոր Մկրեանի, եւ Սեւակ Յակոբեանի:Շրջանաւարտները վարժարանին հոգաբարձութեան կողմէ ստացան  նուէրներ:Նոյնպէս Ծնողաց միութիւնը շնորհաւորելով շրջանաւարտները նուէրներ բաժնեցին երեխաներուն:Հանդէսի աւարտին եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Նարեկ  քահանայ Թրթռեանը իր ոգեւորիչ եւ կրօնաբոյր բառերով բարձր գնահատեց վարժարանին պատասխանատու մարմինները, շնորհաւորեց շրջանաւարտները  ու խոստացաւ Միջնակարգի բաժին  մը ունենալ մօտ ապագային:«Աշխարհի արագընթացին փոփոխութիւններուն հետ, այս կրթօճախները Հայ պահելու միակ միջոցնէ ապագայ սերունդին հայեցի ուսում եւ գիտութիւն հայթայթելը…» ըսաւ ան:Ան աւելցուց թէ Սուրբ Սարգիս Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան Շաբաթօրեայ վարժարանը, Յունուար 2009-էն սկսեալ ունեցաւ Կրօնքի դասապահեր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուներ՝ Տիկին Քրիստին Պետրոսեանին ,  օրդ. Թամար Յարութիւնեանին եւ Օրդ. Ժանէթ Վաննէսեաենին իրենց կամաւոր կրօնքի դասեր դասաւանդած ըլլալնուն պատճառով:Տէր Հայրը ՝շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին փոխ տնօրէնուհիին Տիկին Վիգի Յակոբեանին իր հոգատարութեան համար:Բարեմաղթութիւններով վերջ գտաւ հանդէսը:Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button