ՀՐԱՇՔ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ…

0 0
Read Time:58 Second

Ազգային վիթխարի յեղաշրջո՞ւմ, հոգեկան անդրդուելի իմացականութի՞ւն, թէ պարզապէս անմեկնելի վճռակամութիւն:
Կարելիութիւններ ու այլընտրանքներ չկային:
Պարզ ու մէկին, հայութեան առջեւ յստակ էր թնճուկը՝ Մա°հ կամ Ազատութիւն…
Այդ օր Մայիս 28, 1918-ին, յաղթական դուրս եկած էր Ազատութիւնը:
Այո° շահած էր Անկախութիւնը, այդ ալ կատաղի եւ երկա¯ր պայքար մղելով:Յաղթանակ մը, որ բնականաբար միայն հրաշքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ:
Այդ օր, ցնցիչ հրաբուխ մըն էր…ցեղին ձայնն էր, որ կը հնչէր, կը զանգէր եւ …կ°ահազանգէր:
Մէկին դէմ կար հարիւր, հազար…Անհաւասար էր պայքարը, սակայն ազգային ապրումներով կլանուած ժողովուրդ մը վերածնած էր:
Արամներու, Դրոներու եւ պատմութեան էջերուն մէջ «խաւարած» լոյսի անծանօթ ասպետներու կերտած ՅԱՂԹԱՆԱԿն է, որ կը տօնենք…
Այդ օր զանգերը կը ղօղանջէին կառուցելու համար՝ նոր պետութիւն, խորհրդարան, բանակ, օրէնք, դատարան, մշակոյթ, լեզու, կրթօճախ, համալսարան:
Կատարուածը՝ ազգահաւաք մըն էր…եւ այս բոլորը, հակառակ գոյութիւն ունեցող սովին, անտուն գաղթականներուն եւ որբերուն, համաճառակ հիւանդութիւններուն եւ տիրող համատարած չքաւորութեան:
Դեռ հազիւ քանի մը տարի առաջ տեղահանուած, ջարդուած ու ճողոպրած…հայորդին չէր յուսալքուած եւ ընդհակառակը Հրեղէն Ձիեր՝ Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի մէջ, պայքարի հինաւուրց եւ խիզախ իմաստութեամբ, արիւնաթաթախ  Նռան Գոյնով…ծնունդ տուած էին Եռագոյնին:
Հրաշալի ստեղծագործութիւն կամ ստեղծագործ հրաշք…որոնք հնարն էին այդ օրուայ «Խենթ»երուն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles