Հայաստանի վերանկախացման կամ անկախութեան վերահաստատման քսանամեակի ձեռնարկերը հասան իրենց աւարտին, շաբաթներ շարունակ հետեւողական պատրաստութիւններէ եւ աշխատանքներէ ետք:
Հաւաքներ, գիտաժողովներ, մշակութային բնոյթ ունեցող համոյթներ, ցուցահանդէսներ, յուշանուէրներու բաշխումներ…Այսպէս բեղուն օրեր անցուց Երեւանը:
Յոբելինականներու մասնագէտ է հայորդին եւ ամէնադոյզն առիթն անգամ չի փախցներ նշելու համար որեւէ ամեակ: Անշուշտ տարբեր է իր` հայորդիին անկախութեան ամեակը…այս պարագային քսանամեակը: Անկասկած որ փա՜ռք ու պատիւ կը պարտադրէ նմանօրինակ պատմական թուական:
Այսպէս բացառիկ էր տողանցքն ու երեկոյեան, գեղարուեստական արդի կազմուածներով ներկայացուած հանդիսութիւնը:
Յատկապէս այսպիսի հպարտութեամբ լի եւ երջանկային օրերուն անտեղի է կատարել անհիմն եւ անհեթեթ քննադատութիւններ կամ բամբասանքներ, սակայն երբ բազմիցս կը կրկնուին կարգ մը խոտոր եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթներ, այդ պարագային հարկ է չլռել եւ “ճիշտ մատը ճիշտ վէրքին վրայ դնելով“ արտայայտուիլ, մտահոգութիւններ բաժնել եւ գէթ նոյնիսկ, ցասում փոխանցել:
Այս յիշատակելի քսանամեակին առթիւ, բազմիցս պարգեւատրուեցան զանազան բնագաւառներէ ներս, յաչս հայրենիքի իրենց ներդրումը կատարած բազմաթիւ անձնաւորութիւններ: Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձրագոյն պարգեւներ, շքանշաններ եւ մետալներ ստացան , հայապահպանման գործին մէջ նշանակելի աւանդ ունեցած եւ հայրենիքին զօրավիգ եղած վաստակաշատ անձնաւորութիւններ: Անոնց շարքին էին
զինեալ ուժերու եւ ռազմական կառոյցներու ծառայողներ, դիւանագիտական ասպարէզէն ներս յաջողութիւն արձանագրած դիւանագէտներ, կղերականներ, նաեւ կրթութեան, առողջապահութեան եւ տնտեսութեան մարզին մէջ պատուաւոր կոչումներու արժանացած սփիւռքահայութեան ականաւոր ներկայացուցիչներ:
Շքանշանները թիւով շատ էին, սակայն խոտոր եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթը այն էր թէ.-
Առաջին` յանձնուող կամ աւելի ճիշտը բաշխուող շքանշաններն ու պարգեւները շատ էին:
Երկրորդ` արդար, տրամաբանական ու ամբողջական ձեւով չէր կատարուած այս շքանշանակիրներու ցանկը:
Այսպէս Նկատի ունենալով, վերոյիշեալ երկու կէտերը, անհասկնալի եւ անընդունելի է պետութեան` Հ.Հ. ղեկավարութեան կողմէ, շռայլօրէն բաժնուած այս տիտղոսներն ու շքանշաններու երեւոյթը:
Շատ աւելի արդար ու տեղին է պակսեցնել նմանօրինակ զեխ պարգեւադրութիւններ եւ աւելի՛ն…յաչս միասնականութեան նկատի բոլոր բնագաւառներն ու անոնց ետին գտնուող միութիւնները:
Հարցը չարտասուող նորածինին կաթ չհասցնելու պարագան չէ, այլ կրկնենք լուրջ խոտոր ու ընդվզեցուցիչ երեւոյթն է որ կ՛անհանգստացնէ, նոյնիսկ շքանշաններու անունները կրող անդենականի անմահներ Մեսրոպ Մաշտոցն ու Կոմիտասը:
Հայկական միասնականութիւնը մեր ճիտին պարտքն է, եւ մենք անպայմանօրէն կը փափաքէինք, որ այս հանդիսութիւնները միասնականութիւն բուրէին:
Մինչ այդ, անգամ մը եւս ՄԻԱՍՆԱԿԱՄ վերանկախացման քսանամեակ:
“Հայրենիք“
Սեպտեմբեր 26, 2011