Ի՞ՆՉՆ Է ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻՆ – Գ. 

0 0
Read Time:8 Minute, 8 Second
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2024-Յունուար 2025
Նախորդ երկու բաժիններով, հպանցիկ եւ ոչ ամբողջական պատկեր մը գծեցինք, փորձ մը եւս ըրինք իրականութիւնը չտեսնող, չհասկցող եւ ընդունմիլ դժկամող հայերուն ցոյց տալու, որ մեր հայրենիքին ունեցած կորուստները անհատնում են եւ անհորիզոն, իսկ գլխաւոր պատասխանատուն ներկայի իշխանական խմբաւորումն է:
Չունինք այն մտածումը, թէ մեր հասցէագրած զանգուածը բթամիտներու, հասկնալու կարողութենէ զուրկ ամբոխ մըն է: Մեր մօտիկ եւ քիչ մը աւելի հեռաւոր անցեալի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հայը ԴԱԺԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ եւ ահաւոր թերիները տեսած եւ հասկցած է թէ՛ Օսմանեան ու Ցարական կայսրութիւններուն, եւ թէ խորհրդային բռնատիրական եւ չարաշահութիւններով հարուստ փուլերուն, ծառացած է ու արդարատենջ պայքար մղած անոնց դէմ: Բռնատէրն ու չարաշահը չեն զատորոշուած իրենց ազգային-քաղաքական պատկանելիութեան հիմամբ, այլ բազմաթիւ հայ համայնավարներ (մասնաւորաբար խորհրդայնացման փուլի առաջին սերունդը) ՏԵՍՆՈՒԱԾ ԵՆ որ նոյնքան վնասարար էին, որքան օսմանցին ու ցարականը: Այդ փուլերուն, բռնատէրներուն դէմ ազատագրական եւ իրաւունքի դրօշ բարձրացնողները վայելած են մեր ժողովուրդի յարգանը, մինչեւ իսկ պաշտամունքի առարկայ եղած են: Նոյն ատեն, չենք կրնար մոռնալ, որ ապազգային եւ ապազգայնացնո՛ղ համայնավարներ իրենց օրերուն համակիրներ ունեցած են, առաւելաբար՝ միահեծան քարոզչութեան ազդեցութեամբ, սակայն նաեւ օրուան դրութենէն շահ ապահովելու տրամադրութեամբ: Փակագծային մօտեցումով կ’արժէ հոս արձանագրել այն, որ երբ ԱԶԳԱՅԻՆ կուսակցութիւններն ու ազգայնական մտածողութիւնը համայնավարներու սկզբնական տարիներուն հաւասարապէս հալածանքի եւ քննադատութեան ենթակայ էին «կարմիր» Երեւանի (եւ զայն հովանաւորողներուն) կողմէ, անիկա ստեղծեց ազգայնական պայքարի բեմ, բնականաբար՝ Սփիւռքի մէջ: Եւ նոյն՝ համայնավարական քարոզչութեան հետեւանքով, ատեն մը ետք այդ բեմին վրայ Դաշնակցութիւնը մնաց գրեթէ առանձին, դարձաւ քննադատութեան գլխաւոր թիրախը (չմտնենք այլ մանրամասնութիւններու մէջ), ինչպէս որ կը պատահի… այսօր. եւ Դաշնակցութիւնը մխիթարուելու պատճառ չունի, երբ կը տեսնէ, որ այսօրուան բեմին վրայ առանձին չէ, հոն են նա՛եւ, ընդդիմադիր այլ կուսակցութեանց եւ խմբաւորումներու կողքին՝ նահատակներու ծնողները, ընտանիքները, Արցախէն բռնի հեռացուածներն ու իրողապէս թողլքուածները…
Յամենայնդէպս, անցեալի փուլերը իրարու հետ բաղդատելը ճիշդ չէ, թէեւ բաղդատելը կրնայ օգտակար ըլլալ, այն իմաստով, որ պիտի օգնէ ներկայի ստապատիր քարոզչութեան ստեղծած եւ տեսողութիւն մթագնող աչքաթաղանդը պատռելու (մեր կեանքին մէջ տակաւին կան բթացեալներ եւ իշխանաւորներուն քարոզչութեան ուռկանին մէջ ԿԱՄՈՎԻՆ բռնուածներ, որոնք կը հաւատան, որ օրինակի համար՝ երկիրը տնտեսական յառաջդիմութիւն կ’ապրի, լաւ պաշտպանուած է, ամէն բան լաւ է, կը ձայնակցին իշխանաւորներու բոլոր սուտերուն տարածման, զանոնք կը բաշխեն արտերկրի օճախներուն):
Արագօրէն չենք ցատկեր յետ-վերանկախացման շրջանի բացթողումներուն եւ թերութիւններուն վրայէն, սակայն մեզի համար, ՀԱՍԿՑՈՂի՛ն համար, աւելի՛ կարեւոր են ներկան եւ յաջորդ փուլերը: Այս ճշմատրութեան գիտակցումը մեր ազգը ո՛չ միան պիտի ազատագրէ անցեալին պատանդը մնալու եւ իշխանութեան կողմէ ԲՈԼՈՐ ՆԱԽԿԻՆՆԵՐԸ հաւասարապէս անընդունելի հռչակելու մոլուցքէն, ինքնանդամալուծումէն, այլեւ պիտի նպաստէ մեր դիմաց տարածուող հորիզոնին պայծառացման, որքան ալ որ այդ հորիզոնը մթագնած ըլլայ ներքին եւ արտաքին՝ մօտակայ եւ հեռակայ արհաւիրքներու մութ ամպերով:
***
Դրական է այն զարգացումը, որ իշխանականներու ենթահողը ըստ էութեան հսկայական մաշում կրած է, թէ՛ ժողովուրդին (մայրաքաղաք ու շրջաններ, առանց մոռնալու Սփիւռքը) եւ թէ քաղաքական շրջանակներու, ներառեալ՝ նոյնինքն ՔՊ-ական եւ ՔՊ-ամէտ ոլորտներու մէջ: Իշխանաւորներու ձախաւերութիւնները, դաւաճանութեան համազօր ընթացքը , պաշտօնի չարաշահումներն ու պետական միջոցներու մսխումները հիմա շատ աւելի տեսանելի են, իշխանաւորներուն հանդէպ վանողականութիւնը շատ աւելի խորացած է, քան, օրինակ, 44-օրեայ պատերազմին անմիջապէս յաջորդող փուլին: Եւ այս տեղաշարժին մէջ, ընդդիմադիրներու պայքարը՝ հրապարակային, խորհրդարանական թէ քաղակական գետիններու վրայ, մեծ դեր ունեցաւ: Հոս ալ անհասկնալի եւ արհամարհելի բան չկայ: Վանողականութեան խորացման մէջ, կրկնենք, կարեւոր դեր ունեցան նոյնինքն այն ՔՊ-ականները, որոնց անհանդուրժելի վարմունքը աւելի՛ ու անվիճելիօրէն բարձր կը հնչէ, հասած է այն աստիճանին, որ նոյնինքն ՔՊ-ականներ կը բացայայտեն խաղքութիւնները եւ կը հեռանան խմբակէն (անոնց ուսապարկին մէջ կուտակուած յանցանքները չեն մոռցուիր, արհամարհելի չեն նաեւ նեղ շահերու հաշուարկները): Չմոռնանք (եւ հասկնանք), որ անցեալ տարիներուն, բազմաթիւ «քալող»ներ արդարօրէն եւ ճակատաբաց լքեցին քայլարշաւը, միացան ընդդիմադիրներու շարքերուն: Անոնցմէ շատեր շահու ակնկալութեամբ չէին միացած «քալող»ներուն, այլ հիմնականին մէջ դժգոհ էին «նախկիններէն», յետոյ, անոնք նո՛յն ոգիով, այսինքն՝ առանց շահու ակնկալութեան միացան ընդդիմադիրներուն եւ բարձրաձայնեցին իշխանականներուն սխալ ընթացքը, դաւաճանական քայլերը: Պատճա՞ռը. անոնք տեսան սխալները, դաժան իրականութիւնը, հասկցան, որ… հասկնալը դժուար չէ եղեր:
***
Քանի հասանք ընդդիմադիրներու պայքարին եւ անոնց դերակատարութեան, պէտք է ընդունինք, որ հոս ալ կայ «անհասկնալի» բան մը, այն՝ որ բազմահանգրուան եւ արդար բողոքները, ալիք-ալիք բարձրանալէ ետք, չհասան (այսօր ալ կը թուին ետ մնացած ըլլալ) բաղձալի արդիւնքին:
Այս՝ տեսակ մը տեղքայլը կամ մինչեւ իսկ որոշ յառաջընթացէ ետք ետքայլերը ունին տրամաբանական բացատրութիւններ, ՀԱՍԿՆԱԼԻ պատճառներ: Կայ քարոզչութեան դաշտին մէջ իշխանականներու անհամեմատ առաւելութիւնը, որ կը հասնի մենաշնորհի (ընդդիմադիրներու տեղեկատուական գործիքները բաղդատաբար սահմանափակուած են), կայ այդ քարոզչութեան ազդեցութեան տակ՝ ընդդիմադիրներո՛ւն հակադրուողներու, բոլորը «նախկին» սեպելով՝ անոնց շուրջ չբոլորուելու «ախտ»ը, կայ նաեւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒՄի ճամբուն վրայ բաւարար յառաջընթացի պակասը (նախկին սիւնակներուն մէջ անդրադարձանք այս վիճակին եւ անտարբերներու, կրաւորական կանգնողներու իրականութեան): Ասոնք անմիջական եւ բացորոշ ազդակներ են: Սակայն կան բազմաթիւ այլ գործօններ, որոնք չեն նպաստեր հայրենքի փրկութեան միտող շարժումներուն, պատճառ կ’ըլլան անոնց ստեղծած ալիքներուն յումպէտս վատնումին: Թուենք մէկ քանին, մի՛շտ կրկնելով Ի՞ՆՉՆ Է ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻՆ, մասնաւորաբար՝ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ:
– Ընդդիմադիրներու միջեւ միացեալ ճակատի մը ամրացման ուշացումը: Անցեալ տարիներուն, մէկէ աւելի հանգրուաններ ցոյց տուին, որ շարժումը հասունցած է, իշխանափոխութեան ձգտողները, մէկդի դրած մասնակի հաշիւները, հեռու կանգնելով «ես պէտք է իշխեմ»ի մրցավազքէն, քաղաքական շատ աւելի հասուն վիճակ ստեղծեցին, սակայն բաղձալին չիրականացաւ: Բոլորն ալ գիտեն, կը խոստովանին ու ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ մէկ կամ միւս կուսակցութիւնը, համախմբումը (խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական) առանձինն անկարող է յանձն առնելու երկրին ղեկը, բոլորն ալ նոյն լեզուն կը խօսին՝ երբ կը ձաղկեն իշխանականներուն ձախաւերութիւններն ու թշնամիին ծրագիրներուն գործակատարը դարձած ըլլալու ընթացքը, սակայն էական հանելուկը կը մնայ անլոյծ, կարծէք թէ «Քորդեան հանգոյց»էն ա՛լ աւելի բարդ ու անբեկանելի հանգոյց մը դրուած է բոլորին առջեւ: Մերթ ընդ մերթ, այս կամ այն ընդդիմադիր ներկայացուցիչ, իշխանութիւններուն դէմ ճակատակիցներու համահունչ քննադատութիւններով ու դատապարտանքներով հրապարակ գալով հանդերձ՝ չի մոռնար իրեն նման մտածող ու դիրքաւորուած այլ ընդդիմադիրներուն ուղղութեամբ մանր նետեր արձակել: Այս վիճակը յայտնի կ’ըլլայ, երբ ոմանք կը սկսին խօսիլ ուրիշները առնուազն անտեսելու ոճով (ձեւով մը անցեալի սեփական ուղղութիւնը արդարացնելու, ճիշդ ըլլալը փաստելու եւ պաշտպանելու ճամբով): Չեն անդրադառնար (արդեօ՞ք), որ նման՝ թերեւս ակամայ դրսեւորումներ հանրութեան կողմէ կ’ընկալուին սխալ մեկնաբանութեամբ, եւ մարդիկ կ’ըսեն. «Ասոնք իրար չեն հասկնար, մէկզմէկու ձեռքը բաւարար ամրութեամբ կամ անկեղծութեամբ չեն բռներ», եւ սա բնականաբար ջուր կը լեցնէ իշխանականներու ջաղացքին: Չենք ուզեր օրինակներ արձանագրել, սակայն հայրենի զանգուածային մամուլին մէջ յաճախ տեսանելի են լիակատար համերաշխութեան տկարութիւնները:
– Ընդդիմադիրներու բաց բեմին եւ քուլիսներուն մէջ, ուշացում, դանդաղում կ’ապրի այլ հրամայականի մը մարմնաւորումը. սա բազմիցս կրկնուած է գրեթէ բոլորին կողմէ («բոլորին»ը չ’ընդգրկեր իշխանութեան համակիր-իշխանամէտ… շինծու ընդդիմադիրները): Այդ ալ, իշխանափոխութեան հրամնայականշուրջ համախոհութիւնն է, ՕՐԷՆՔԻ ՃԱՄԲՈՎ եւ առանց բրտութեան իշխանափոխութիւն բերող՝ ամբողջական եւ միացեալ ԾՐԱԳԻՐի մը, «ճամբու քարտէս»ի մը բիւրեղացումը: Նախորդ կէտին մէջ ակնարկեցինք մասնակի հաշիւներէ հրաժարելու հրամայականին, շատերու այս իմաստով յայտարարութիւններուն (որոնց անկեղծութեան կասկածելու պատճառ չունինք): Նման համապարփակ եւ հեռահաս ծրագիր կարելի է կազմել շատ կարճ ժամանակի մէջ եւ դարձնել հանրութեան սեփականութիւնը: Հայաստան ունի երկրի մը կեանքը դասաւորող եւ մարզերուն բնական գործունէութիւնը երաշխաւորող մասնագէտներու բանակ մը: Ունինք պաշտպանութեան, ապահովութեան, դիւանագիտութեան, տնտեսութեան (իր բոլոր ենթամարզերով՝ առեւտուր, ճարտարարուեստ-արդիւնաբերութիւն, երկրագործութիւն, մինչեւ իսկ զբօսաշրջութիւն), ընկերային հարցերու,  մէկ խօսքով՝ երկրին սիւները հանդիսացող յենարաններուն հմուտ եւ փորձառու մասնագէտներ, որոնց պարտականութիւն պէտք է վստահիլ ո՛չ միայն ԲԻՈԼՈՐԻՆ ԳՈՐԾԱԿՈՒԹԵԱՄԲ նման «ճամբու քարտէս»ի մը պատրասութեան իմաստով, այլ զանոնք եւ նմաններ ներգրաւել երկրի կառավարման վարչակազմերուն մէջ, կեդրոնական եւ մարզային մակարդակներով: Եւ որքա՜ն ընդարձակ են այդ մարզերը, եւ որքա՜ն ձեռքերու կը կարօտին անոնց վերականգնումն ու բնական վիճակի վերադարձը, նոր յառաջդիմութեան, իսկակա՛ն յաջադիմութեան իրականացումը: Իսկ ո՞վ կ’ըսէ, որ այս ու այլ աշխատանքներու մէջ, Սփիւռքը պէտք է նկատել դիտողի-հետեւողի դերով, ինչո՞ւ չվերականգնել Հայաստան-Սփիւռք տկարացած կամուրջները («Ի՞նչն է անհասկնալին»ի շարքին, կանգ չառին Սփիւռքի հետ մայր հայրենիքի կամուրջներուն հասած վնասներուն, իբրեւ հետեւանք՝ այժմու իշխանաւորներու շահատակութիւններուն, շահատակութիւն՝ որ ուղղակի կը յիշեցնէ համայնավարներու վարքագիծը, երբ ոմանք կը յորջորջուէին «հայաստանասէր», իսկ ուրիշներ…: Յետոյ, յայտնի եղաւ իսկական հայաստանասէրն ու սնանկութեան մատնուեցաւ սխալին քարոզչութիւնը, ՆԱԽԱՊԷՍ «ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ»Ն ԴԱՐՁԱՒ ՀԱՍԿՆԱԼԻ, ինքնասրբագրում տեղի ունեցաւ):
– Ժողովուրդին մէջ ի բնէ առաջնորդողի դեր ունեցողներու լռութիւնը կամ կրաւորականութիւնը (նաեւ իշխանութեան հաճելի ըլլալու վարքագիծը, ինչպէս կ’ըլլար… համայնավար իշխանութիւններու օրերուն): Մտաւորականներու, արուեստագէտներու (երգ, նկարիչ, գրող եւ այլն) եւ մասնագիտական տարբեր ասպարէզներու մէջ գործողներ կան, որոնք իրենց գիտելիքներուն եւ հայրենասիրութեան ցոլացումը կը բերեն հրապարակ, արդարօրէն կը ձայնակցին ընդդիմադիրներուն, ճիշդ կը գտնեն իշխանափոխութիւնը՝ թշնամիին ծառայողներուն հեռացումն ու հաշուետուութիւնը: Սակայն այս ալիքը մասնակի է, բաւարար հզօրանք չունի: Եթէ միայն յիշատակենք, որ Արցախեան Շարժումի սկզբնաւորման փուլին, մեր սերուցքը (չթուենք անուանի դէմքերը, որոնց շարքին էին գիտնական ու բանաստեղծ, քաղաքական գործիչ եւ այլք) ինչպիսի՛ միասնականութիւն ցուցաբերեցին եւ դէմ դրին ամենահզօ՜ր խորհրդային իշխանութիւններուն, աչք առին բանտարկուիլ բայց չկոտրուեցան, չքծնեցան.այս քանի մը բառով՝ արդէն բաւարար բան ըսած կ’ըլլանք այսօրուաններէն մեր արդար սպասումին մասին:
***
… Ատեն մը առաջ, բարեկամի մը հետ զրոյցի մը պահուն, անկէ լսեցի հետեւեալը. «Այս ընդդիմադիրները կարծես թէ աւրուած ձայնապնակի վերածուած են, մի՛շտ նոյն քննադատութիւնները կը կրկնեն, ա՛լ ձանձրացանք: Պէտք է նոր բան ըսեն, որպէսզի ժողովուրդը քալէ իրենց կողքին»: Իմ կարգիս իրեն հարց տուի, թէ ինչո՞ւ կրկնութիւն կը տեսնէ ընդդիմադիրներուն բողոքի եւ դատապարտումի արտայայտութիւններուն մէջ, երբ անոնց արդար քննարկումներն ու քննադատութիւնները, դատապարտանքի խօսքերն ու կրկնուող, բազմապատկուող սխալներուն բացայայտումը տեղ չեն հասնիր, հանրութեան լայն խաւերուն կողմէ չեն որդեգրուիր: Եթէ իշխանաւորները ամէն օր նորութիւն մը ունին ձախաւերութեան եւ հայրենիքին ու ազգին հասցուցած վնասներու ճամբուն, ուրեմն ընդդիմադիրները ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի քայլ պահեն այդ նորութիւններուն հետ, բացի անկէ, որ ամէն օր ժողովուրդին իմացութիւնը  մրճահարեն՝ ցոյց տալու, ՀԱՍԿՆԱԼԻ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ իշխանաւորներու վնասարար ընթացքը:
Հիմա արեւու լոյսի չափ յստակ է, անամպ երկինքի մէջ փայլող արեւո՛ւ պէս յստակ, որ ՔՊ-ական իշխանութիւնը ինքզինք մատնած է անկարողութեան (կայ նաեւ թշնամիին գործակալ ըլլալն ու անկէ շահ ապահովելը), հետեւաբար, ընդդիմադիրներուն եւ ամբո՛ղջ ազգին կը մնայ ձեռք առնել փրկութեան ղեկը: Ընդդիմադիրներուն առաքելութիւնը այս իմաստով կրկնակիօրէն ծանր է, սակայն անխուսափելի: Անոր կը մնայ ո՛չ միայն անյապաղ վերջնականացնել փրկարար «ճամբու քարտէս» մը, այլ նաեւ անոր շուրջ հաւաքել բոլոր քաղաքական միաւորներուն, բայց մանաւանդ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՐՈՒ տրամադիր զանգուածներուն, գիտակից եւ իսկապէս քաղաքականացած ժողովուրդին ձեռքերը, ո՛ւր որ ալ գտնուին անոնք, հայրենի հողին վրայ թէ սփիւռքեան օճախներու մէջ: Սա դժուար առաքելութիւն է, սակայն անկարելի չէ: Եթէ անգամ մը եւս դիտենք մեր շուրջ-բոլորը, երբեք ալ դժուարութիւն պիտի չունենանք տեսնելու, որ հոս-հոն երէկ անկարելի կամ անհաւանական նկատուող վիճակներ փոփոխութեան կ’ենթարկուին կարճ ժամանակի մէջ (թէեւ անոնցմէ մաս մը՝ դէպի վատը տանելով): Կը բաւէ, որ մարդիկ միացնեն ձեռքերը, առաւելաբար վստահին սեփական բազկին (ուժ եւ դիւանագիտութիւն), գործեն ծրագրուած եւ հեռատես, շրջահայեաց մօտեցումով:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles