Պոսթընի “Երազարթ“ հիմնարկը կը տեղեկացնէ թէ վերջերս օժանդակութիւն հայթայթած է Գիւմրիի “Արշակ Բրուտեան“ երաժշտանոցին: Արդարեւ, տաս ջութակ, երկու կիթառ եւ չորս փողային գործիքներ (երկու թրոմպոն, մէկ թրամփէթ եւ մէկ քլարինէթ) տրամադրուած են այս երաժշտանոցին:
“Երազարթ“ հիմնարկի Երեւանի վարիչ պատասխանատու Արման Պատարեանը կապ հաստատելով երաժշտանոցի տնօրէն` Խորէն Վարդանեանի հետ, յանձնած է այս գործիքները:
“Երազարթ“ հիմնարկը, որ շարունակ կը քաջալերէ երիտասարդ եւ ապագայ խոստացող հայորդի երաժիշտներ, գործի լծուած է նաեւ այլ երաժշտանոցները օժանդակել, որոնց կարգին է Երեւանի մօտակայ Քանաքեռավան գիւղի երաժշտանոցը:
Նաեւ, հիմնարկը տրամադրած է նիւթական օժանդակութիւն, երկու աշակերտներու, շարունակելու համար, իրենց 2011-2012 տարեշրջանի ուսումը, Երեւանի պետական երաժշտանոցէն ներս:
“Հայ երիտասարդ երաժիշտներ բազմիցս դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին: Մենք ամէն ճիգ կը թափենք, լուծելու համար կարգ մը հարցեր, որոնց կարգին յատկապէս տրամադրելով բարձր մակարդակի արդի գործիքներ, որպէսզի փոխարինուին հիները: Նաեւ նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրենք, որպէսզի երիտասարդներ շարունակեն իրենց ուսումը“, կը յայտնէ “Երազարթ“ հիմնարկի Պոսթընի գրասենեակի պատասխանատու Նիքոլ Պապիկեան-Հաժժարը:
Նշենք թէ, յառաջիկայ Սեպտեմբեր 24-ին, պիտի կատարուի “Երազարթ“ հիմնարկի դրամահաւաքը, Տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Նինա Ֆստըքճեաններու բնակարանէն ներս: