Յարութ Սասունեան
Ցաւօք, այս աշխարհին մէջ կարեւորութիւն կը տրուի միայն դրամին ու ուժին: Միւս բոլոր հարցերը, զորս միամիտ մարդիկ կ՛արժեւորեն, ինչպէս՝ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ մարդու իրաւունքները, ինքնակործան խաբկանքներ են: Հարուստ ու հզօր անհատներ եւ երկիրներ կրնան ընել գրեթէ ամէն ինչ, որ կ՛ուզեն: Զանոնք կրնան կասեցնել միայն աւելի հզօրները: Թոյլերը հզօր գայլերուն ողորմութեան տակ են:
Այս մտածումները միտքս եկան, երբ ե-նամակ ստացայ Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ յախճապակի արձանիկներ արտադրող աշխարհահռչակ «Լլատրօ» (Lladro) ընկերութենէն: Շատեր իրենց տուներուն մէջ ունին «Լլատրօ» ընկերութեան արձանիկներու թանկարժէք հաւաքածոներ: Մարդիկ յաճախ զանոնք նուէր կը տանին։
«Լլատրօ»-էն ստացած ե-նամակս ծանուցողական էր` վաճառելու վերջերս անոր արտադրած յախճապակի արձանիկը, որ կը կոչուի «Ղարաբաղեան նժոյգ»: Նժոյգին պատկերին կից նամակին մէջ բացատրուած էր. «Ղարաբաղեան նժոյգը Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան եւ անոր աննկուն ոգիին խորհրդանիշն է: Մեր նկարիչները զայն պատկերած են յախճապակիով` ընդգծելու այս իւրայատուկ ցեղատեսակին շքեղութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Հետեւելով հնագոյն աւանդութեան` նժոյգը ծածկուած է ղարաբաղեան գորգի յայտնի նախշերով` զարդարուած վառ գոյներով եւ ոսկեգոյն փայլերով: Բացայայտէ՛ք բոլոր մանրամասնութիւնները այս նմուշին, որ տրամադրելի է միայն սահմանափակ քանակութեամբ»:
Վերոնշեալ կարճ պարբերութեան մէջ «Լլատրօ»-ն քանի մը փաստացի սխալներ կատարած է: Նախ՝ ղարաբաղեան ձին չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի խորհրդանիշը, քանի որ Ղարաբաղը (Արցախը) պատմական Հայաստանի մէկ մասն է: Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով՝ «Լլատրօ»-ն կեղծաւորութեամբ կ՛աւելցնէ, որ այս ձին Ատրպէյճանի «մշակութային ժառանգութեան եւ անոր աննկուն ոգիին» խորհրդանիշն է: Չկայ Ատրպէյճանի «մշակութային ժառանգութիւն» հասկացողութիւն, քանի որ երկիրը 100 տարեկանէն քիչ մը աւելի է: Ինծի համար անհասկնալի է նաեւ «Լլատրօ»-ին ակնարկը՝ Ատրպէյճանի «աննկուն ոգի»-ին։ Ուրկէ՞ կու գայ այդ «աննկուն ոգին»: Ատրպէյճան իր կարճատեւ պատմութեան ընթացքին զբաղած է՝ հայ ռազմագերիներու բարբարոսաբար գլխատմամբ, կոտորածներով, ցեղային զտումներով եւ ցեղասպանութիւններով, աւերած է հայկական եկեղեցիներն ու մշակութային յուշարձանները, խեղաթիւրած պատմութիւնը եւ արձանագրած՝ սեփական քաղաքացիներու մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ, որոնց կարգին՝ շինծու մեղադրանքներով լրագրողներու եւ քաղաքական այլախոհներու բանտարկութիւն:
Նկատի ունենալով, որ ես շատ քիչ բան գիտեմ ձիերու մասին, համացանցին վրայ փնտռեցի «Ղարաբաղեան ձի»-ուն մասին: Գտայ հետեւեալը. «Ղարաբաղեան ձիերու ցեղատեսակը կը կրէ ազդեցութիւնը պարսկական ձիերու եւ այլ ցեղատեսակներու, ինչպէս՝ ախալթեքէեան, քապարտական, թուրքմէնական եւ արաբական ձիերը»: Ախալթեքէեան ձին կը ծագի Թուրքմէնստանէն, իսկ քապարտականը` Ռուսիոյ Քապարտա-Պալքարական Հանրապետութենէն: Այդ նախադասութեան մէջ ես չեմ տեսներ որեւէ յղում Ատրպէյճանին:
Այլ ակնյայտ սխալով մը «Լլատրօ»-ն իր ելեկտրոնային նամակին մէջ բացատրած է, որ «Ղարաբաղեան ձի»՝ կը նշանակէ «ոսկեայ ձի», որ սխալ է: «Ղարաբաղ» անունը կազմուած է երկու բառերէ` «ղարա», որ թրքերէնով կը նշանակէ սեւ, եւ «բաղ», որ պարսկերէնով կը նշանակէ այգի: Ուրեմն, Ղարաբաղ կը նշանակէ սեւ այգի:
«Լլատրօ»-ն «Ղարաբաղեան նժոյգ» յախճապակի արձանիկին իւրաքանչիւրը կը վաճառէ 6580 տոլարով: Անիկա «սահմանափակ քանակութեամբ» արտադրութիւն է, ընդամէնը՝ 750 օրինակ: Արձանիկը կը կշռէ 9 քկ, անոր չափերն են` բարձրութիւնը` 43 սմ, լայնքը` 51 սմ, իսկ երկարութիւնը` 20 սմ:
«Ղարաբաղեան նժոյգ» արձանիկը ծանուցելու նպատակով «Լլատրօ»-ն շնորհահանդէս կատարած է Պաքուի Շիրվանշահ պալատի թանգարանին մէջ, ուր Ատրպէյճանի ազգային երաժշտանոցը կենդանի երաժշտական համերգ կազմակերպած էր: Հիւր բանախօսը եղած է Եաշար Կուլուզատեն, որ մեծագոյն թիւով ղարաբաղեան իսկական ձիերու տէրն է:
Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս ներկայացնելու եւ ղարաբաղեան ձիուն ամբողջ աշխարհին մէջ տարածման նպաստելու համար նախագահ Ալիեւը 2022 թուականին Անգլիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ.ին նուիրած է ղարաբաղեան ձի եւ ձիավարժութեան թեմայով երկու քանդակ: Ասիկա արդէն երկրորդ անգամն է, որ թագուհին ղարաբաղեան նժոյգ կը ստանայ Ատրպէյճանէն: Առաջինը եղած է 1956 թուականին:
Նկատի ունենալով, որ «Լլատրօ»-ի ղեկավարները հետաքրքրուած են միայն շահով, ապա հայերը եւ անոնց աջակիցները պէտք է հակազդեն ղարաբաղեան նժոյգի օգտագործման՝ իբրեւ Ատրպէյճանական քարոզչութեան գործիք` պոյքոթի ենթարկելով «Լլատրօ»-ի բոլոր ապրանքներու գնումը: Բողոքները պէտք է ուղարկուին «Լլատրօ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Աննա Ռոտրիկես Նոկէյրասին, որուն ե-նամակի հասցէն է` agonzalez@es.lladro.com:
Չեմ գիտեր՝ գործարարական ի՛նչ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Ատրպէյճանի ղեկավարներուն եւ «Լլատրօ»-ին միջեւ: Ո՞վ քանի՛ տոկոս պիտի ստանայ վաճառքէն, եւ ո՞վ անձամբ պիտի օգտուի ստացուած եկամուտէն:
Զարմանալի է, որ «Ղարաբաղեան նժոյգ» արձանիկները տակաւին սպառած չեն, քանի որ անոնք հրապարակ իջած են քանի մը ամիս առաջ: Նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի ղեկավարները շքեղ նուէրներ կ՛ընծայեն Ատրպէյճան այցելող օտար բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ինչո՞ւ չեն գնած «Ղարաբաղեան նժոյգ» յախճապակի բոլոր 750 օրինակները եւ զանոնք չեն տուած իբրեւ յուշանուէրներ: Համոզուած եմ, որ նախագահ Ալիեւը, որ միլիառատէր է, կրնայ դիւրութեամբ արտօնել ինքնիրեն գնելու բոլոր 750 օրինակները` իւրաքանչիւրը 6580 տոլարով` 4,9 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ: