ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՅՈՅՍԻ՜ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ԼՈՅՍԻ՜ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ԻՄ ՆՈ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԶՕ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔ

0 0
Read Time:3 Minute, 11 Second

Գարեգին Քահանայ Պետուրեան

Հայրենիք ունենալու գաղափարը դարեր ու հազարամեակներ շարունակ, կեդրոնական տեղ գրաւած է ժողովուրդներու գիտակցութեան մէջ: Ան դարձած է ապահով կեանք ապրելու ու հաստատուելու օրրան:

Իշխանութիւն եւ պետութիւն ունենալու փափաքը միշտ չարչրկաց է մարդկային միտքը, որպէսզի ան կարենայ տիրել, իշխել, ընդարձակել ու իր ներկայութիւնը փաստել ի մէջ այլ պետութեանց կամ ժողովուրդներու:

Հայրենիք հասկացողութիւնը կը խտանայ նախնեաց թողած հարստութեան տէր մնալու, ներկայ ժողովուրդի ապահովման ու համախմբման եւ գալիք սերունդներուն համար յոյս ջամբող երկիր ապահովելու գաղափարին շուրջ:

Հայ ժողովուրդին համար եւս, գուցէ միւս ժողովուրդներէն ալ աւելի, այս հաստատումը արմատաւորուած է, զօրեղապէս դրսեւորուած ու մեր պատմութեան առաջին օրերէն իսկ այս տեսլականով մօտեցած ենք կեանքին ու անոր մանրամասնութեանց:

Ահաւասիկ այս տարի (2011) հայ ժողովուրդը կը կանգնի պատմութեան այն էջին դիմաց, ուր կը տօնախմբէ իր հայրենիքի Ազատութեան ու Անկախութեան քսաներորդ ամեակը, որ պիտի գրուի ոսկեայ մելանով:

Քսան տարիներ առաջ զոհողութեամբ, քաջութեամբ ու իմաստութեամբ ձեռք բերուած անկախութիւնը, հիմնապէս ճակատագրական դարձաւ հայ ժողովուրդի միլիոնաւոր զաւակներուն համար եւ մինչեւ օրս ու ապագային եւս այս անկախութիւնը իր բերած մարտահրաւէրներով պիտի զգաստ ու պատասխանատու պահէ հայկեան ցեղի սերունդները:

Անկախ Հայրենիք ու պետականութիւն ունենալը այնպիսի առանձնաշնորհում մըն է ժողովուրդի մը համար եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի նման ազգային իւրայատկութիւն ունեցող ժողովուրդի մը համար, անսպառ հարստութիւն մըն է ու լիարժէք ժառանգութիւն միեւնոյն ժամանակ:

Հայրենիքը յոյսի վայր մըն է իւրաքանչիւր հայու համար Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքեան գաղթօճախներ, որպէսզի օր մը մէկտեղուի մեր ժողովուրդը ու շնչէ Մայր Հայրենիքի երկինքին տակ, վայելելով լուսաւոր ու տաքուկ արեւը մեր երկրի, ապրելու Մասիսի ու Արագածի հովանիներուն ներքեւ, խմելու բիւրեղեայ ջուրը հայկական հողի եւ լեցուելու այն ժառանգութեամբ ու աւիշով զոր միայն Հայրենիքին մէջ կարելի է ստանալ:

Հայրենիքի հողը արիւնն է մեր կեանքին, եւ զայն ներարկելու համար հարկ է հայրենական հողին վրայ ապրիլ եւ ուժ ստանալ: Հայութիւնը իր ամբողջական նկարագրային կէտերով, պարտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր հայ անհատի ամէնուրեք եւ ամէն ժամանակ:

Հայրենիքը լոյսն է մեր ազգին, այն լոյսը որ աստուածային գերասքանչ Լոյսի շողերով կը լուսաւորուի եւ անհատնում օրհնութիւններով կ՛ողողուի: Սրբոց արեան գոյնով կը փայլի եւ նահատակ ժողովուրդի կամքով ու տեսիլքով կ՛արտայայտուի:

Լուսաւորչի Կանթեղը կը մնայ միշտ վարուած, որպէսզի կանչէ ու լոյսին հրաւիրէ աշխարհացրիւ իր ժողովուրդը, զանոնք մէկտեղելով հաւատքի երկնքին ներքեւ:

Մեր հայրենիքը Նոր Հայրենիք է, նոր սակայն միշտ հինին ու հինաւուրց ժառանգութեան հաւատարիմ: Նոր աւիշով, շունչով եւ ուժով լեցուն Հայրենիք, որ միշտ կը նորոգէ իր որդիներուն կամքը, կը նորոգէ անոնց ուխտը հանդէպ իրենց հայրենական օճախին: Նոր հայրենիք նոր յոյսերով ու նորասքանչ տեսիլքով, թարմ երազներով ու տենչերով:

Մեր Հայրենիքը հզօր է, նոյնիսկ ի զօրու հզօրագոյն ուժերու դիմաց, որոնք միշտ եղած են ու կը մնան մեզ խաթարող: Սակայն մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի արժանապատուութիւնը երբեք չի ոտնակոխուիր, մեր ժողովուրդը չստրկանար, չի յան

 

ձնուիր ու չազդուիր, այլ ընդհակառակը իր կամքը կը պարտադրէ այլոց եւ իր արժէքով կը հիացնէ ամէն մարդ:

Այսօր հայ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով, հսկայ պատասխանատուութեան մը դիմաց կը գտնուի, նախ պահել, պահպանել ու արժեւորել այս անկախութիւնը, տէրը կագնիլ մեր Հայրենիքին, որ արեամբ գնուած ու ողողուած հողատարած մըն է, մեր նախնիներէն մեզի աւանդուած, որպէս ջահակիրները այս սքանչելի ժողովուրդին:

Երբեք չի ծախուիր մեր Հայրենիքը, չենք զիջիր գուցէ մէկ հատիկ հող, կամ մէկ լոյսի ճառագայթ, մեր պապենական հողերէն, այլ ընդհակառակը, մենք կը պահանջենք բոլոր հայկական բռնագրաւուած հողերը, կը պահանջենք մեր ոտնակոխուած արժանապատուութիւնը, եւ իւրաքանչիւր հայ նահատակի արեան գինն ու արժէքը, որպէս արդարութեան իրագործում:

Հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը ծախու, խորհրդակցելու կամ միջին եզրեր գտնելու խաղ մը չէ ու չի կրնար ըլլալ: Հայը չի դրժեր իր հայրենիքի հանդէպ կատարած ուխտը, չի նուաստանար օտարամտութեան եւ օտարամոլութեան դիմաց, չի տկարանար ու կքիր գուցէ աներեւակայելի ծանր պարագաներու դիմաց:

Այս ոգիով ու իրողութեամբ միայն, մեր Հայրենիքի անկախութիւնը կը հասնի իր ամբողջական հասկացողութեան ու արժէքին: Հայ ժողովուրդը չի դադրիր պահանջելէ արդարութիւնը, որովհետեւ արդարութեան զաւակներ ենք եւ արդարութեան համար կ՛աշխատինք:

Հարենիքը կը պատկանի իր ժողովուրդին, բոլոր հայերուն, ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ, ուստի մեր Հայրենիքը համահայկական գործի ու համայնական աշխատանքի կը հրաւիրէ մեզ` իր զաւակները:

Շնորհաւոր Քսան ամեակ մեր սիրեցեալ Հայրենիք Հայաստանին, մաղթելով ամբողջականութիւն, հզօրութիւն, արեւշատութիւն, միութիւն, յաւերժ անկախութիւն ու յաւիտեան փառքի Պսակ:

 

Գարեգին Քահանայ Պետուրեան

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles