Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անպատիժ Մնալուն Պատճառով Մարդկութեան Դէմ Կրկնուող Զանգուածային Ոճիրները, Արցախի Նման՝  «Սովորական» Եղելութեան Վերածուեցան – «Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս բոլորը պէտք է հիմք ընդունինք` մէկ պարունակի մէջ» (1) Վլատիմիր Փութին – Գ.

2 0
Read Time:6 Minute, 31 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

8 Յունուար 2025

Շար. 3/4

haroutchekijian.wordpress.com

 

«Բնագիրներէն ի՛նչը զանց առնուած է:

«Բնագիրը կը բացայայտէ, որ չէզոք փորձագէտներուն լրութիւնները՝ չըսածները, երեւան կը հանեն անոնց կողմնակալութիւնը, չըսելու հմտութիւնը եւ միտումը: Մեթոտաբանութիւնը պիտի ուսումնասիրէ այս բնագիրներէն զանց առնուած բովանդակութեան էական փաստացի տեղեկութիւնները` բացայայտելով անոնց կողմնակալութիւնն ու նպատակները:

27 Փետրուար 1988-ին սկսած Ատրպէյճանի իշխանութեան եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ հայ քաղաքացիներու սպանդէն օրինակ մը: Ինչպէս լուսանկարը ցոյց կու տայ, զոհերուն շուրջ հաւաքուած ազերիները յուզումի արտայայտութիւններ չունին, իրենց համար անզէն հայեր հաւաքելն ու սպաննելը սովորական արարք է:

 

«Հեղինակները յաճախ կը լռեցնեն քննուած բնագիրներուն ընդհանուր բնաբանը՝ եզրակացութիւններ չհանելով, քանի որ կրնային բացայայտել երկու կողմերուն միջեւ գործողութիւններու եւ մտադրութիւններու տարբերութիւնը՝ անո՛վ իսկ ժխտելով բարոյական համարժէքութիւն դրսեւորելու նպատակը: Օրինակ.

«2020-ին ատրպէյճանցիները վերագրաւեցին այս եօթը շրջանները եւ գրաւեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ մէկ երրորդը՝ դուրս մղելով առնուազն 20 հազար հայ։ Այժմ Ղարաբաղի հայերն են, որ վտանգ կը զգան՝ մտահոգուելով, որ եթէ ռուսական խաղաղապահները չըլլային, անոնք բռնի ուժով բոլորովին պիտի լքէին իրենց տուները: (…) Ատրպէյճանը իր ուժի դիրքերէն կը յուսայ ճզմել ղարաբաղցի հայերուն փափաքը՝ ոչ միայն անջատուելու, այլեւ զրկելու ինքնավար մարզի կարգավիճակէ՛ն ալ»՝ Տէ Վաալ (2):

Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի վկայութիւնը Սումկայիթի եւ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան սպանդին մասին, Վալտայյ Ակումբին առջեւ, որ կը գտնուի նախագահական կայքէջին մէջ (1):

 

«Հեղինակին այս հատուածին մէջ նկարագրածը, ցեղային զտում է, թէեւ կը խուսափի այդ եզրը գործածելէ: Քանի մը պարբերութիւն ետք նկարագրութիւնը
աւելի բացայայտ կը դառնայ, երբ հեղինակը կրկին ցեղային զտում եզրը չգործածեր.

«Ազերի ուժերը հայկական գիւղերուն շուրջ բարձրախօսներ զետեղեցին, նուագելով ազերի քայլերգը եւ հայերէնով վախազդու յայտարարութիւններ սփռելով՝

յանձնարարելով բնակիչներուն, որ իրենց պայուսակները լեցնեն ու հեռանան» (2):

«Այլ առիթներով հեղինակները մօտեցան ցեղային զտում նկարագրելու, սակայն խուսափեցան եզրը գործածել, այսպէս. «…Ղարաբաղի հայերը կը վախնան, որ Ատրպէյճանը այլ ծրագիր չունի, քան՝ իրենց ժողովրդագրական (demographic) մաշումը ահաբեկումի միջոցով» Պրօէրզ (3):

«Պրօէրզի յօդուածը «Ատրպէյճանը կը ծրագրէ՞ երկարաժամկէտ կեցութիւն Հայաստանի մէջ» կը թելադրէ, որ Ատրպէյճանին նպատակն է բնաջնջել Հայաստանը, զանց առնուած է: Յօդուածը կ՚ընդունի Հայաստանը երկու մասի բաժնելու կարելիութիւնը, սակայն չբացատրեր անոր կարեւորութիւնը։ Եթէ Հայաստանը կտրուի, կը կորսնցնէ Իրանի հետ իր սահմանը, որուն հետեւանքը Սիւնիքի բնակչութեան տեղահանումը եւ հայկական տարածքին շրջափակումը պիտի ըլլայ, այնպէս ինչպէս բոլոր տարածքները, որոնք Ատրպէյճանը գրաւեց: Միա՛կ ելք ունենալով Վրաստանը, որ տնտեսապէս կախեալ է Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն: Հետեւանքը ա՛յն է, որ Հայաստանի մէջ անտանելի պայմաններ կը ստեղծուին, Կազայի պաղեստինցիներուն նման, որ հայ բնակչութեան վերջնական արտագաղթին պատճառ կը դառնայ (4):

«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, իրօք, կը քօղարկեն վերոնշեալ ծրագրերը: Արդէն իսկ ստեղծած են (այսպէս կոչուած*) Կօյչա-Զանգեզուր Հանրապետութիւնը եւ անոր կառավարութիւնը, որ կը նախատեսէ կցել Հայաստանի տարածքին կէսը՝ Եուրազիանեթ (5), հակառակ անոր, որ ատրպէյճանական պատմագրութիւնը կը յաւակնի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանն ու ամբողջ պետութիւնը իրը նկատել: Հակամարտութեան այս նկարագրութիւնը «բնականոն համարելը» կը քօղարկէ Հայաստանը իբրեւ պետութիւն ջնջելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մտադրութիւնը՝ ընդգծելով ընդհանուր բնաբանին կարեւորութիւնը։

Այսպէս կոչուած Կօյչա-Զանգեզուր Հանրապետութեան կառավարութիւնը իրենց քարտէսին տակ՝ կարմիր, ժողով կը գումարէ Թուրքիոյ մէջ (5):

 

«Շատ յստակ է, որ վերոնշեալները աննշան իրողութիւններ չեն, որոնք կարելի է զանց առնել շարադրանքէն իբրեւ անտեղի փաստեր: Յօդուածէն այս ապացոյցին զանց առնելը կը հանգեցնէ հակամարտութեան «կարգաւորման», որ յաջողութեամբ կը թաքցնէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մտադրութիւնը՝ ջնջել Հայաստանը իբրեւ պետութիւն։ Ինչպէս ցոյց կու տայ այս օրինակը, ընդհանուր բնաբանն ու ենթահողը՝ մեծ պատկերը նշելը չափազանց կարեւոր են»:

 

«Չէզոք փորձագէտները կ՚օգտագործեն երկու կողմերուն համադրումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտադրութիւնները, վերջնական նպատակները, կամ գործողութիւնները համեմատելու համար, սակայն՝ վերլուծումը տրամաբանական աւարտին չեն հասցներ: Օրինակ՝ հայկական եւ ազերիական հողահաւաքը ամենէն սիրուած նիւթերէն է, որ յաճախ կ՚օգտագործուի համեմատութեան համար: Տրամաբանութիւնը յստակ է՝ երկու կողմերն ալ հողահաւաք կը հետապնդեն, որ
յարմար գործիք կը դարձնէ հակամարտող կողմերուն բարոյապէս համարժէք ըլլալը, ինչպէս նաեւ հեղինակին չէզոքութիւնը ցուցադրելու համար: Սակայն, եթէ հողահաւաքին համեմատութեան ըստ էութեան (պատմական*) քննարկումը կատարէին, անոնց միջեւ հսկայական տարբերութիւնը կը բացայայտուէր»:

Այստեղ իմ կողմէս այս «փորձագէտներուն» պիտի յիշեցնեմ, որ Ատրպէյճանը իր այս բոլոր «հողային» ու «պատմական» ստապատիր յաւակնութիւններով՝ տակաւին 1918-ին ստեղծուեցաւ եւ անկէ առաջ երբե՛ք գոյութիւն ունեցած չէ:

          «Հայկական հողահաւաքը հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Ղարաբաղի անկախութեան վրայ՝ յաւակնելով ԼՂՀ տարածքներուն, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին, Ատրպէյճանի  եօթ շրջաններուն եւ Շահումեանի շրջանին: Առաւել՝ Նախիջեւանի շրջանին՝ յաւակնելով անոր երբեմնի հայ բնակչութեան մեծամասնութեան: Հակառակ իր ծաւալապաշտ բնոյթին, հայկական հողահաւաքը մտադիր չէր ջնջել Ատրպէյճանը իբրեւ պետութիւն։

«Փորձագէտները կը յայտնեն, որ Ատրպէյճանական հողահաւաքը կ՚ընդգրկէ Հայաստանը ամբողջութեամբ՝ տարբեր մակարդակներու վրայ, պետական քաղաքականութեան միջոցով արտայայտուած տրամադրութիւններով, ներառեալ տարրական դպրոցական կրթութիւնով եւ կառավարութեան ուղղակի յայտարարութիւններով: Չէզոք հեղինակները կ՚ընդունին այս, սակայն կը խուսափին զայն համեմատել Հայաստանի հետ: Օրինակ.

««2000-ի վերջաւորութենէն Ատրպէյճանը իբրեւ ազգ, բնորոշուած՝ իր հողերուն վրայ բնակող քաղաքացիներով գաղափարը կը ժխտուի քաղաքական խօսոյթով մը, որ կը յաւակնի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը ազերի «նախնիներուն հողը» նկատել: Այս պնդումները կը դրժեն երկրին ժամանակակից քարտէսը՝ իբրեւ անոր ազգութեան բնօրրանի սահմանում, փոխարէնը՝ ենթադրելով շատ աւելի լայն ատրպէյճանական ցեղային հայրենիք մը, «որ կողմնակի կը տարածուի ամբողջ Հայաստանի տակ», Պրօէրզ (6):

«Հեղինակը կը խեղաթիւրէ երկու հողահաւաք շարժումներուն միջեւ եղած անհաւասարութիւնը՝ օգտագործելով անորոշ եզր մը՝ «Շատ աւելի լայն Ատրպէյճանի հայրենիքը կողմնակիօրէն կը տարածուի Հայաստանի տակ», (a much wider ethnic Azerbaijani homeland extending laterally under Armenia) «Ատրպէյճանի հայրենիքը կը տարածուի մինչեւ Հայաստան»-ի փոխարէն, որ յստակօրէն պիտի սպառնար Հայաստանի գոյութեան:

«Այժմ անդրադառնանք այլ երեւոյթներու, որոնք կանոնաւոր կերպով չեն ըսուիր փորձագիտական վերլուծումներուն մէջ՝ փաստացի տեղեկատուութիւններ:

«Չէզոք հեղինակներուն գործերը յաճախ կ՚անտեսեն համակարգային բռնութիւնները եւ ատրպէյճանական զօրքերուն կողմէ հայ ռազմագերիներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն հանդէպ գործադրուած, յստակօրէն փաստագրուած վայրագութիւնները: Այս վայրագութիւնները ակնյայտ էին 2020-ի պատերազմին ժամանակ եւ կը քաջալերուէին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ, քանի որ զինուորները բացայայտօրէն կը նկարէին եւ տեսերիզով կը տարածէին իրենց վայրագութիւնները ընկերային ցանցերուն միջոցով։

«Օրինակ մը, թէ ինչպէ՛ս փորձագէտները իրենց բնագիրներուն մէջ չեն նշեր վայրագութիւնները։ Պրօէրզի յօդուածը, որ 26 սեպտեմբեր 2022-ին՝ Հայաստանի մէջ լայնածաւալ բռնութեան բռնկումէն երկու շաբաթ ետք գրուած է, ինքնին կրնայ նկատուիլ իբրեւ փաստ: Վայրագութեան միակ ակնարկութիւնը առաջին պարբերութեան մէջ է. «Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններէն ներս կատարած լայնածաւալ յարձակումները ըստ նախնական տեղեկութեանց՝ երկու կողմերէն 286 անձեր սպաննուած են եւ հարիւրներ վիրաւորուած, ընդգծելով Եւրասիոյ մէջ ռուսական ապահովութեան անկումը» (4):

«Այս չոր նկարագրութիւնը կը քօղարկէ ահռելի պատերազմական ոճիրներ, որոնք անմիջապէս տարածուեցան լրատուամիջոցներուն կողմէ: Այս մասին կը յայտնէ նաեւ Տը Կարտիըն թերթը, որ ներկայացուցած է սարսափելի մանրամասնութիւններ (կին զոհերու մասին եւ այլն) (7)։ Լեմքինի հիմնարկը կը հաւատայ, որ «Ատրպէյճանը դանդաղ ցեղասպանութիւն կը գործադրէ հայերուն դէմ՝ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեամբ» (8):

«Չէզոք փորձագէտները զանց առին 2020 Սեպտեմբեր 12-14-ի յարձակումին ժամանակ վեց հայ ռազմագերիներուն տեսախցիկի առջեւ կատարուած հաւաքական մահապատիժը, ապա՝ երկրորդ նոյնպիսի տեսերիզը, մտահոգութիւն պատճառելով հակամարտող կողմերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելու, եւ՝ չէզոքութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Ռազմական ոճիրներու մասին հաղորդելը կը խախտէ հակամարտող կողմերուն միջեւ ուշադրութեամբ սարքուած հաւասարակշռութիւնը:

«Չէզոք լրատուութիւնը յաճախ կ՚անտեսէ ատրպէյճանական քաղաքական համակարգին բռնատիրական բնոյթը՝ անտեսելով վարչակարգի հիմնադիրին եւ անոր զաւկին՝ այժմու կառավարիչին, անձի պաշտամունքը: Այս խուսափումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարոյական համարժէքութեան պատրանք մը կը ստեղծէ, քանի որ ի տարբերութիւն Հայաստանի՝ ազերի քաղաքական վերնախաւը իշխանութեան չորրորդ տասնամեակին կը մօտենայ:

 

 

* Լուսաբանութիւնները, ընդգծումները եւ լուսանկարները հեղինակին կողմէ:

  1. http://en.kremlin.ru/events/president/news/64261
  2. De Waal, T. 2022. Nagorno-Karabakh in the shadow of Ukraine. What Russia’s war means for Armenia and Azerbaijan. Foreign Affairs. https://www.foreignaffairs.com/articles/armenia/2022-05-30/nagorno-karabakh-shadow-ukraine
  3. Broers, L. 2021b. Phoney peace fails to break Armenia-Azerbaijan deadlock. Chatham House.

https://www.chathamhouse.org/2021/12/phoney-peace-fails-break-armenia-azerbaijan-deadlock

  1. Broers, L. 2022a. Is Azerbaijan planning a long-term presence in Armenia? Chatham House.

https://www.chathamhouse.org/2022/09/azerbaijan-planning-long-term-presence-armenia?fbclid=IwAR3tNOi8ehpRcdPxBGQqbVkfRBB6FIL9671n4TPVMYFMoCTqe2DJ-ePEfKU

  1. The rise and fall of Azerbaijan’s ‘Goycha-Zangazur Republic’.

https://eurasianet.org/the-rise-and-fall-of-azerbaijans-goycha-zangazur-republic

  1. Broers, Augmented Azerbaijan? The return of Azerbaijani irredentism.

https://eurasianet.org/perspectives-augmented-azerbaijan-the-return-of-azerbaijani-irredentism

  1. https://www.theguardian.com/world/2022/nov/25/putinsgrip-regional-allies-loosen-again-after-armenia-snub-csto-summit
  2. https://www.lemkininstitute.com/red-flag-alerts/red-flag-alert—azerbaijan-in-the-republic-of-armenia—update-2

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles