Քսան տարիներ արդէն իսկ թաւալած են այդ թուականէն:
Սեպտեմբեր 21, 1991.- Յիշատակելի եւ անմոռանալի օր…մերթ տարօրինակ, մերթ զգացական…անկասկածօրէն գեր-զգացական: Յետդարձ ակնարկ մը կատարելով, զարմանալի կը թուի այդ օրուան կազմակերպուած հանրաքուէն, ուր Հայաստանի սահմաններուն մէջ ապրող հայորդիները, “այո“ կամ “ոչ“ պիտի պատասխանեն այն հարցումին, թէ արդեօք կ՛ուզե՞ն, որ հայրենիքը ըլլայ անկաշկանդ, գերիշխան եւ անկախ երկիր մը:
Հետզհետէ, տարիները որ կ՛անցնին, այդչափ տարօրինակ կը թուի նման գերիշխող “այո“ին դիմաց, ոչնչութեան մատնուած “ոչ“ մը տեղադրել: Դեռ նոր փուլ եկած էր Խորհրդային Միութիւն կոչեցեալ համայնավար իշխանութիւններու կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ կատարած էր հետեւողական հալածանքներ եւ դաժան չարչարանքներ: Կառոյց մը որ բռնի ուժով, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ “այո“ քուէներ պարտադրած ու հնձած էր, փոխան շինծու քանի մը վտիտ “ոչ“ ընդդիմադիրներու:
Սեպտեմբեր 21, 1911-ի քուէարկութեան կարելի չէր երեւակայել թէ ոեւէ հայորդի “ոչ“ պատասխանէր իր հայրենիքին անկախութեան գաղափարին:
Պատահեցան մեղադրանքներ, սայթաքումներ եւ անհամութիւններ եւ օրին, դժբախտաբար անկախութեան համար հանրաքուէի թուական ճշդող հայրենի իշխանութեան վարիչները փորձեցին անհատական հաշիւները գերադասել: Սակայն, այդ օր ո՛չ մէկ ընթացք կրնար հարիւր առ հարիւր “այո“ն հարցադրումի տակ առնել:
Հարիւր առ հարիւր թեր հանրաքուէին համար խօլ արշաւ եւ արդիւնք մը, որ մարմնաւորումն է թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ ժողովրդավարութեան կամքին:
Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն կարելի չէ բաղդատել Մայիս 28, 1918-ին ճակատամարտներով ու արեան գնով կերտուած անկախութիւնն ու Սեպտեմբեր 21, 1991-ին, ձեւական քուէատուփերով կատարուած վերանկախացման ընտրութիւնը:
Անկախ պետականութիւնը մեր հաւաքական գոյերթին ողնասիւնն է, անքակտելի եւ անփոխարինելի կիզակէտը…ալֆան եւ օմեկան:
“Հայրենիք“