ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 10-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 5-10 սեպտեմբեր 2011-ին` Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ շրջանային եւ մեկուսի 18 շրջաններէ 57 պատգամաւորներու եւ 35 հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:

Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ:

Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ հայ սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց լուծման թափ տալու նպատակով: Ժողովը քննեց նաեւ միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակը եւ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ կանոնագրային տրամադրութիւններու կարգ մը բարեփոխումներ եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին ու կայքէջին զարգացման վերաբերող ծրագիրներ:

Պատգամաւորական 10-րդ Ընդհանուր ժողովը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որդեգրեց ՀՄԸՄ-ի յառաջիկայ տասնամեակներու զարգացման ռազմավարական ծրագիրը` համահայկական մօտեցումով (Հայաստան եւ սփիւռք) խոր քննարկումի ենթարկելէ ետք զայն: Այս իմաստով, ժողովը տուաւ հիմնական որոշումներ` հայ երիտասարդութեան ներգրաւման, Հայաստանի մէջ աշխատանքներու ընդարձակման, միութեան կազմակերպական կեանքի արդիականացման եւ արհեստագիտական նորագոյն միջոցներու օգտագործման համար:

Ռազմավարական ծրագիրը առանձին բաժիններով անդրադարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ արժէքներու վերասահմանումի անհրաժեշտութեան, միութենական աշխատանքներու արժեւորման նոր մեթոտներու որդեգրման, հայ լեզուի գործածութեան զարկ տալու միջոցներուն եւ յատկապէս` աշխարհասփիւռ երիտասարդութեան հասանելի դառնալու ձեւերուն: Այս ուղղութեամբ ժողովը յատուկ թելադրանք կատարեց ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան, որպէսզի նախորդ քառամեակին սկսած ռազմավարական ծրագրումի աշխատանքը շարունակէ եւ անցնի որդեգրուած ծրագիրներու գործնականացման հանգրուանին:

Պատգամաւորական 10-րդ ժողովը քննեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակի, 100-ամեակի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման կապուած հարցեր:

Իր աշխատանքներուն աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ քառամեայ նստաշրջանի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ընդհանուր ժողովի դիւանի ներկայութեան կազմուեցաւ կեդրոնական վարչութեան դիւանը բաղկացած հետեւեալներէն.

Գառնիկ Մկրտիչեան – ատենապետ (Լիբանան)
Կարպիս Գապասագալեան – ատենադպիր (Լիբանան)
Միհրան Շիմշիրեան – գանձապահ (Լիբանան)
Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Լիբանան)
Հրաչ Սիսեռեան (Եւրոպա)
Բագրատ Եսայեան (Հայաստան)
Քարլոս Սեֆերեան (Հարաւային Ամերիկա)
Վիգէն Դաւթեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Յակոբ Թիւֆենքճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Հրաչ Մեսրոպեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Արմէն Կետիկեան (Քանատա)
Վիգէն Քորթեան (Աւստրալիա)
Կարպիս Թովմասեան (Սուրիա)

ՀՄԸՄ-ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 10-ՐԴ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles