Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10ին, ՀՄԸՄ-ի 10-րդ Պատգամաւորական ժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին եւ ներկայ անդամներէն, Պատգամաւորական Ժողովի դիւանէն եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրէն, այցելեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Ծաղկաձորի մարզահամալիրին մէջ:
Այցելութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուց միութեան վերջին շրջանի աշխատանքները ընդհանրապէս եւ Հայաստանի մէջ կատարած իրագործումները յատկապէս: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ ՀՄԸՄ-ը նախագահ Սարգսեանին ներկայացնէ նաեւՀայաստան-սփիւռք գործակցութեան իր պատկերացումները եւ յառաջիկայի ծրագիրները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով շեշտեց Հայաստանը համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման պետական նախաձեռնութիւններուն եւ դիտել տուաւ, որ հզօր եւ կազմակերպ սփիւռքը լայն կարելիութիւններ կ՛ընծայէ Հայաստանի հզօրացման ու բարգաւաճման: