Էջմիածինի Եւ Անթիլիասի Մէջ՝ Սուրբ Ծնունդի Առիթով Հայրապետական Պատարագ

0 0
Read Time:4 Minute, 42 Second

 

Յունուար 6-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօները, որոնց նուիրուած Սուրբ պատարագը մատուցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։

Պատարագին ընթացքին կաթողիկոսը «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» աւետիսով ողջունեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ իր քարոզին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Աստուածորդու հրաշափառ Սուրբ Ծնունդը անճառելի խորհուրդ է` մտքին անհասանելի, բայց հաւատքով ճանաչելի եւ ընկալելի: Փրկիչը խոնարհուեց եւ մարմին առաւ նիւթականից դէպի հոգեւորն ու աստուածայինը բարձրացնելու մարդկային սրտերն ու մտքերը»:

Կաթողիկոսը նշեց․- «Աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ ծանր փորձութիւնների ենթարկուեց մեր ժողովուրդը` բռնազաւթուեց եւ հայաթափուեց Արցախը, գրաւուած են մնում Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, տակաւին գերութեան մէջ են եւ անյայտ կորած մեր բազում զաւակներ, Ադրբեջանի կողմից շարունակում են հնչեցուել նորանոր պահանջներ ու սպառնալիքներ: Այսօր մեր երկիրը խռովայոյզ է ներքին խնդիրներով` կեղծիք, անօրինականութիւն, չարակամութիւն, քինախնդրութիւն, արատաւոր երեւոյթներ, որոնք հասարակութեան մէջ պատճառ են դառնում անվստահութեան, անտարբերութեան, թշնամանքի ու պառակտումի եւ յանգեցնում ազգի տկարացման: Այս ամէնին զուգընթաց քրիստոնէական բարոյական ընկալումների եւ ազգային-հոգեւոր աւանդական արժէքների խեղաթիւրումը աղճատում է մեր ժողովրդի ինքնութեան դիմագիծը, թուլացնում ազգային ոգին, ներքաշում դէպի մեղքի, յուսահատութեան որոգայթներ: Սուրբ Ծննդեան խորհրդով մեզ վերստին երկնային հրաւէրն է ուղղւում` ընթանալու սիրոյ, հաշտութեան, արդարութեան տէրունաւանդ ճանապարհով: Այս կոչը իրագործելի է միայն քրիստոնէական կենսակերպով: Այս կոչը իրագործելի է, եթէ անձնական բարեկեցութեանն ու յարմարաւէտութեանը չզոհաբերենք մեր ինքնութիւնը, ժողովրդի անվտանգութիւնն ու հայրենիքի բարօրութիւնը: Չենք կարող ծառայել համընդհանուր բարիքին` տրուելով փառասիրութեանն ու իշխանատենչութեանը եւ առաջնայնութիւն տալով սեփական շահերին: Մենք` որպէս ազգ, լինի հայրենիքում, թէ Սփիւռքում, կը յաջողենք, եթէ միշտ հաւատարիմ մնանք Քրիստոսին, Նրա վարդապետութեանը, ընթանանք Աստծոյ Խօսքի եւ աստուածային կամքի համաձայն, ձերբազատուենք մոլորեցնող ու բաժանարար մարդկային նենգամտութիւնից: Միաբանուենք յանուն մեր պետութեան անսասանութեան եւ անվտանգութեան, Արցախից բռնի տեղահանուած մեր քոյրերի ու եղբայրների նկատմամբ արդարութեան վերականգնման, յանուն մեր ազգի ու հայրենիքի ապահով եւ բարօր յարատեւութեան: Լինենք միմեանց գործակից եւ ոչ` հակառակորդ, լինենք նախանձախնդիր ծառայելու եւ ոչ` դիրքն ու հանգամանքը չարաշահելու մէջ: Տարագիր չդառնանք մեր երկրից, ապրենք ու արարենք մեր հարազատ բնօրրանում», շեշտեց Գարեգին Բ.ը եւ եզրափակոլով՝ ըսաւ.  «Սուրբ Ծննդեան հոգենորոգ այս օրը միասնաբար աղօթք մատուցենք մարդեղացեալ Աստուածորդուն եւ հայցենք, որ առատ լինեն երկնահեղ օրհնութիւնները ազգային ու հայրենական մեր անդաստանում, հաստատուն մնան տէրունաւանդ հաւատքը, յոյսն ու սերը մեր կեանքում: Խնդրենք Երկնաւոր Տիրոջ զօրակցութիւնը մեծ կորուստներ կրած եւ հարազատ բնօրրանից զրկուած արցախահայութեանը: Խնդրենք Ամենակալից, որ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն հաստատուի ողջ աշխարհում եւ հայրենի մեր երկրում: Թող Աստծոյ ամենախնամ Աջը եւ Սուրբ Ծննդեան կենարար շնորհները մշտապէս հովանի լինեն համայն մեր ժողովրդին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն»:

Յաւարտ Սուրբ պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը:

Միւս կողմէն, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, նշուեցան հայրապետական Սուրբ եւ անմահ պատարագ։

Սուրբ խորանին վրայ վեհափառին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին՝ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Շահան արք. Սարգիսեան։

Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Հաւատացեալներու շարքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը եւ դեսպանատան անձնակազմը, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեք հայկական կուսակցութիւններու եւ զանազան միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Պատարագին ընթացքին, «Լոյս ի Լուսոյ» շարականին երգեցողութեամբ, Շահան արքեպիսկոպոսը Միւռոնաթափ Աղաւնին Սուրբ Երրորդութեան խորանէն բերաւ սուրբ խորանը, ուր կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը։ Ապա, վեհափառը ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց Սուրբ Ծննդեան իր հայրապետական պատգամը։

Հայրապետը ըսաւ, որ Մատթէոս աւետարանիչը, խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդին մասին՝ զայն կը բնորոշէ իբրեւ «Աստուած Մեզի հետ» (1։23): Արդարեւ, երկինքէն երկիր իջած, Բեթղեհէմի մէջ ծնած ու աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին եղաւ Աստուծոյ շօշափելի ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: Մարդկային բնութիւն ստանալով ու մարդու փրկութեան Իր առաքելութիւնը իրագործելով՝ Քրիստոս գործնապէս եղաւ մարդուն հետ. Աստուծոյ Որդին դարձաւ Մարդո՛ւ Որդի: Մարդուն հետ նոյնանալով Քրիստոս երկնային արժէքներով պայծառակերպեց մարդուն կեանքը՝ անոր մէջ վերականգնելով Աստուծոյ անկեալ պատկերը եւ Իր խաչով ու յարութեամբ մարդը առաջնորդելով դէպի վերամարդկայնացում. այլ խօսքով, մարդու ազատագրումը մեղքէն ու անոր փրկութիւնը: Ահա՛ խորհուրդը Բեթղեհէմի մէջ յայտնուած Աստուծոյ Որդւոյն: Առաքեալը անդրադառնալով Բեթղեհէմի խորհուրդին՝ կ՛ըսէ, «եթէ Աստուած մեզի հետ է ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. 8. 31): Ահա՛ պատգամը Բեթղեհէմին դարերէն եկող ու յաւիտենականութեան գացող: Աստուած մեզի հետ է՝ եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք: Հետեւաբար, Աստուծոյ ներկայութեամբ զօրացած, ո՞վ կրնար մեզի հակառակ ըլլալ: Եթէ Բեթղեհէմն է իր խորհուրդով ու պատգամով մեր հաւատքին, սիրոյ ու յոյսին աղբիւրը, ո՞վ կրնայ մեր հաւատքն ու յոյսը տկարացնել: Դարեր շարունակ, մեր հաւատքը յոյսով շաղախած եւ մեր յոյսը հաւատքով զօրացուցած մեր ժողովուրդը մնաց պատմութեան արհաւիրքներուն մէջ. հալածանք թէ ցեղասպանութիւն չկրցան մեր ժողովուրդի կեանքէն վանել Բեթղեհէմին հաւատքն ու յոյսը:

Ապա, վեհափառը խօսելով հայ ժողովուրդի ներկայ կացութեան մասին՝ ըսաւ. «Որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդը կարիքը ունի իր հաւատքին ու յոյսին վերանորոգման: Կ՛ապրինք տագնապներով լեցուն անորոշ ու տխուր ժամանակներու մէջ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Հայաստանէն ներս վերջին տարիներուն պարզուած վիճակը, իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, մեր Հայրենիքը կրնայ առաջնորդել նորանոր տագնապներու: Այս գծով, մեր մտահոգութիւնը եւ տեսակէտը բազմաթիւ առիթներով պարզած ենք։ Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանան ու Սուրիա, մեր համայնքները կը շարունակեն դիմագրաւել լուրջ մտահոգութիւններ: Ծանօթ են վերջին շրջանին Լիբանանի մէջ ստեղծուած պայմանները, շարունակուող ընկերատնտեսական տագնապը ու քաղաքական անորոշութիւնը: Մեր սպասումն է, աւելի ճիշդ՝ պահա՛նջքը, որ 9 Յունուարին տեղի ունենալիք խորհրդարանական նիստին ընտրուի հանրապետութեան նոր նախագահը, որուն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանի միասնականութիւնը ամրապնդել, ընկերատնտեսական վիճակը բարելաւել եւ նոր կառավարութեան կազմութեամբ Լիբանանը առաջնորդել դէպի վերականգնում ու զարգացում: Լիբանանի հայ համայնքը, որպէս երկրին գլխաւոր համայնքներէն մէկը, միշտ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը Լիբանանի հզօրացումն է: Դարձեալ ծանօթ է, Սուրիոյ մէջ վերջին ամիսներուն ստեղծուած նոր կացութիւնը: Այնտեղ եւս մեր համայնքը քրիստոնեայ գլխաւոր համայնքներէն մէկն է: Հին դարերէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքը ներկայութիւն եղած է: Սուրիայէն ներս ստեղծուած նոր իրավիճակին գծով Մենք կը զօրակցինք քրիստոնեայ միւս համայնքներու տեսակէտերուն ու սպասումներուն: Քրիստոնեայ համայնքները սովորական իմաստով փոքրամասնութիւններ չեն. անոնք պատմականօրէն մաս կը կազմեն Սուրիոյ ժողովուրդին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ անոնց իրաւունքները յարգուին ու պաշտպանուին, յատկապէս նոր կազմուելիք սահմանադրութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ու պետական կառոյցներու իրենց գործօն մասնակցութեամբ»:

Սուրբ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, վեհափառը ընդունեց հայրենակիցներուն եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles